ՀԱՅԿԱԶ ԹՐԹՌԵԱՆ
Ո՞վ ըսաւ, որ թատրերգութիւնները միայն թատերասրահներու բեմերուն վրայ կը բեմադրուին: Ճիշդ է, դերասանները` երբեմն տաղանդաւոր, յաճախ` անտաղանդ, բեմերու վրայ կը խաղան իրենց դերերը: Այսօր, սակայն, իրենք զիրենք աշխարհի տէրերը կարծող նենգ ու անսկզբունք քաղաքագէտները ամբողջ աշխարհը վերածած են թատերաբեմի եւ կը խաղան իրենց յօրինած ու բեմադրած թատրերգութիւնը, ուր հարիւր հազարաւորներ, ըլլան անոնք կին, մանուկ, ծեր կամ երիտասարդ, կը սպաննուին յանուն ժողովրդավարութեան: Յանուն քաղաքակրթութեան, յանուն աւելի բարձր կեանքի ստեղծման կը քանդուին քաղաքներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ, մզկիթներ. կը կողոպտուին թանգարաններ, կ՛ոչնչացուին դարաւոր մշակոյթի կոթողներ, կը ռմբակոծուին հիւանդանոցներ, որբանոցներ, մանկամսուրներ:
Մարդը` տգէտ կամ քաղաքակիրթ, նոյն մարդն է. մէկը սուրով գլուխ կը կտրէ, միւսը ռումբերով շէնքերու աւերակներուն տակ խեղդամահ կ՛ընէ, կը թաղէ իր զոհերը: Մէկը կը գործէ յանուն ալլահին, միւսը` յանուն «ինքնապաշտպանութեան», յանուն «ազգային շահերուն»: Յովհ. Թումանեան զուր տեղը չէ ըսած.
«Բերանն արնոտ մարդակերը էն անբան
Հազար դարում հազիւ դառաւ մարդասպան.
Ձեռքերն արնոտ գնում է նա դեռ կամկար,
Ու հեռու է մինչեւ մարդը իր ճամբան»:
Հայոց ցեղասպանութենէն ասդին քանի՜-քանի՛ ցեղասպանութիւններ գործուեցան ու կը շարունակուին դեռ գործուիլ: Ոչինչ փոխուած է` ո՛չ քաղաքակիրթ աշխարհի, ո՛չ յետամնաց երկիրներու, ո՛չ ալ մանաւանդ Թուրքիոյ պետական մտայնութեանց մէջ:
Այս վերջին ամիսներուն համաշխարհային թատերախաղին չեմ գիտեր քանիերորդ արարը կը բեմադրուի Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ. գլխաւոր դերակատարներն են «Իսլամական խալիֆայութիւն» կոչուած ծայրայեղականներու կազմակերպութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները` իրենց անուանականօրէն համակարծիք համախմբումով: Բեմադրութեան առաջին զոհը դարձան եզիտիները: Հիմա ջարդուելու կարգը եկած է Արաբ Բունարի քիւրտերուն` գլխաւոր մեղսակցութեամբ թուրքերուն եւ լուռ համաձայնութեամբ արեւմտեան եւ արեւմտամէտ դիւանագիտութեան:
Այս բոլորը անշուշտ, իբրեւ մարդ, եթէ կրցած ենք մարդ ըլլալ, կը ցաւցնեն մեր սիրտերը, կը խռովեն մեր հոգիները, կը փոթորկեն մեր միտքերը, մանաւանդ անոր համար, որ լուռ վկայ ըլլալէ բացի` ուրիշ բան մը չենք կրնար ընել: Բայց իբրեւ հայ մարդ (մեր հայ մարդ եղած ըլլալուն չեմ կասկածիր)` չենք կրնար լուռ դիտողի դերով գոհանալ: Թուրքիան կը փորձէ իր գործընկերները, չեմ ըսեր` դաշնակիցները, որովհետեւ ինք «Իսլամական խալիֆայութեան» դաշնակից է արաբական կարգ մը երկիրներու պէս, որոնցմէ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն ներողութիւն խնդրեց ճշմարտութիւնը բացայայտած ըլլալուն համար, համոզել, որ սահմանին վրայ Սուրիոյ մէջ թռիչքներէ զերծ գօտի մը ստեղծել եւ իր բանակները մտցնել Սուրիա, «Սուրիական ազատ բանակ» անունով եւ փորձել տապալել Սուրիոյ օրինաւոր նախագահ Պաշշար Ասատը եւ անոր վարչակարգը: Կը յաջողի թէ ոչ, չեմ գիտեր, ես քաղաքագէտ չեմ, բայց գիտեմ, որ Սուրիոյ հայութեան դժուար օրերը չեն վերջացած: Կարծես մեր պարտքն ալ անոնց նկատմամբ չէ վերջացած: Կարծես, թէ մոռնալու վրայ ենք զանոնք:
Սուրիան չմոռցած` ստիպուած ենք խորհելու Լիբանանի մասին: Համաշխարհային թատերախաղը սկսած է խաղցուելու հոն, բայց տակաւին` քուլիսներու ետին: Քաղաքական բոլոր հոսանքները կը խօսին միասնականութեան, համախոհութեան մասին, բայց բոլորն ալ կը դաւեն իրարու, կը դաւեն Լիբանանին: Նախագահ մ՛իսկ չեն համաձայնիր ընտրել: Լիբանանի կայունութեան, նոյնիսկ գոյութեան միակ երաշխիքը լիբանանեան բանակն է, որ գերմարդկային ճիգով մը կը փորձէ կացութիւնը իր ձեռքը պահել: Բանակին յաւելեալ սպառազինման խոստումները ցարդ կը մնան խոստում միայն: Մինչ այդ Սուրիայէն ծայրայեղական իսլամները ամէն օր սահմանէն ներթափանցումներ կ՛ընեն, բանակին հետ ընդհարումներ կ՛ունենան, բջիջներ կը կազմեն գիւղերու, քաղաքներու մէջ: Ըստ լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Քահուաժիի, սուրիական ծայրայեղական ընդդիմութիւնը ծրագրած է Լիբանանի ճամբով ծով հասնիլ: Ուրեմն, ըստ այս տուեալներուն, Լիբանանի անդորրութիւնը վտանգուած է, այսինքն վտանգուած է նաեւ լիբանանահայութիւնը:
Անշուշտ, Լիբանանի քաղաքացիական 20 տարիներու կռիւներէն պատուով դուրս եկած հայութիւնը, այսօր եւս, զինուած անցեալի փորձառութեամբ, հարկ եղած իմաստութեամբ եւ զգօնութեամբ կը պատրաստուի գալիք անորոշութիւնը դիմագրաւելու: Լիբանանի հայութեան ճակատագիրը կախուած է Պուրճ Համուտէն: Ամբողջ սփիւռքի մէջ չկայ ուրիշ տեղ մը, ուր հայութեան ֆիզիքական գոյութեան ապահովումը իր ղեկավարութեան ձեռքը ըլլայ: Աչքի լոյսի պէս պէտք է գուրգուրալ անոր վրայ: Ամէն ջանք, ամէն զոհողութիւն պէտք է յանձն առնել անոր զուտ հայկական դիմագիծը անեղծ պահելու համար:
Կիլիկիոյ Աթոռին Արամ Ա. հայրապետը Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովին յայտարարեց, որ երկու տարուան պատրաստութենէ ետք որոշած է Սիսի կաթողիկոսարանը իր իրաւատիրոջ վերադարձնելու պահանջով դիմել Թուրքիոյ Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարան: Երկու օր չանցած` Թուրքիան փոխադարձեց իր ոճով եւ իր դաշնակիցներուն ձեռքով պայթեցուց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-համալիրը: Չեմ կարծեր, որ թուրքը այդքանով գոհացուց իր հայատեացութիւնը. այդքանը կաթողիկոսի յայտարարութեան պատասխանն էր. երբ վեհափառը անցնի գործնականին, պէտք է սպասել աւելի վայրագ փոխադարձութիւն: Այս հաստատումը երբեք պէտք չէ ընկալուի իբրեւ ընդդիմութիւն` վեհափառի ծրագիրին: Ամէն իրաւունքի տիրացում ունի իր գինը, որուն պէտք է պատրաստ ըլլալ:
Եթէ խռովութիւնները սկսին Լիբանանի մէջ, վտանգուած են Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը, մեր բոլոր եկեղեցիները, դպրոցները, նոյնիսկ` ժողովուրդը: Թուրքը պիտի փորձէ ընել իր ընելիքը: Յայտարարութիւններով խնդիրներ չեն լուծուիր: Կարելի չէ յոյս դնել Հայաստանի կառավարութեան վրայ, որ հիմնական ոչինչ ըրաւ Քեսապի գրաւման ատեն` բացի երես ճերմկցնելու համար քանի մը աննշան յայտարարութիւններէ, որոնք բնաւ չհետապնդուեցան: Իր տունը չբարեկարգողին, իր զաւակներուն արտագաղթը չարգիլողին վրայ կարելի չէ յոյս դնել: Այնքան ատեն, որ մեր նախագահը չէ բուժուած արեւմտեան քաղաքներու գգուանքը վայելել փափաքելու հիւնադութենէն, այնքան ատեն որ չէ հրաժարած սփիւռքը իր քմայքներուն ենթարկելու փառասիրութենէն, կը մնայ Թուրքիոյ անուղղակի գործակիցը: Սփիւռքը իր գլուխը ի՛ր եղունգներով պէտք է քերէ:
Հայրենամերձ գաղութներու` Լիբանանի կազմակերպ գոյութեան պահպանումը, Սուրիոյ եւ Իրաքի գաղութներու վերակազմակերպումն ու աշխուժացումը կենսական նշանակութիւն ունին ամբողջ հայութեան համար, որովհետեւ անոնք հայ ոգիի ծննդավայրն ու պահանջատիրութեան ակնաղբիւրներն են, առանց որոնց` սփիւռքի միւս գաղութները քիչ մը աւելի արագ փրփուր ու յուշ կը դառնան: