Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայասիրտ Հրանդ Տինքի «Ծակ» Կօշիկները` Ընդդէմ Թուրք Պետական Իրաւական Նենգութեան (19 Յունուար, 2007)

Յունուար 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ        

11915_hrant_dink2Այն վայրկեանին, երբ երբեմնի Պոլսոյ երկինքին տակ դաւադիր ոճիրով եւ անարգաբար գետին կ՛իյնար հայաշունչ գրող մեր տղան:

Այն րոպէին, երբ թուրք ազգայնապաշտ, վախկոտ, մարդասպան ու հայատեաց միտքը կ՛որոշէր լռութեան մատնել հայասիրտ հրապարակագիրը:

Այն միջոցին, երբ ամբողջ մարդկութիւնը ականատեսի վկայութեամբ լոյսին կը   բերէր եւ կը տարածէր ոճիրի ահաւորութիւնն ու զազրելի տեսարանը:

Այն ատեն, երբ թրքութիւնը կրկին կը ցցէր իր ազգայնամոլի, այլամերժի եւ բորենիի դիմագիծը առ ազատ աշխարհ:

Գերեվարուած Արարատի շուքին տակ ապրող եւ սփիւռք դարձած հայ ազգին համար կը պարզուէր քստմնելի տեսարան մը. ազնուականի, բարի մարդու եւ վեհափառ արժէքներու հաւատացողի մաքրագործումը թուրք որջի մէջ եւ մարդկութեան կուրացած խիղճին դիմաց:

Եւ այդ գարշելի սպանութեան եւ լուսաւոր դէմքի մը շիջումին առընթեր, ամբողջ մարդկութեան դիմաց կը պարզուէր դառն պատկեր մը հոգեցունց` հայասէր ու մարդասէր մեր մտաւորականին ու խիզախ գործիչին «ծակ» կօշիկները, որոնցմով իր պոռթկուն ու ցասումը կ՛արտայայտէր մեծն Հրանդ անարատ արեամբ:

Օրին, ի շարս այլ նիւթերու, այս երեւոյթը ունեցաւ իր բազում բացատրութիւնները եւ սեփականութիւնը դարձաւ պատեհապաշտ հաւաքականութիւններու` իբրեւ ողորմելի արտայայտութիւն:

Սակայն, տարիներու թաւալքին հետ միատեղ, քաջ ու յանդուգն Հրանդի «ծակ» կօշիկները եղան այն շառաչիւն ապտակ հասցնող հատու զէնքերը, որոնցմով ան` իբրեւ մերօրեայ նահատակ գրող, կը բարձրաձայնէր յետ մահու իսկ, ընդդէմ թուրք դատաիրաւական ամբողջ համակարգին եւ պետական նենգութեան:

Մատնանշումին ամէնէն վաւերական փաստը ութ տարիներու իրաւական գործընթացներու այլանդակ ձեւակերպումներն են, երբ ամէն քայլափոխի թուրքը իր պետական վատոգի մտածողութեամբ կը փորձէր եւ դեռ պիտի շարունակէ նոյնը ընել` խեղաթիւրելու, շրջելու, խաբելու, ձգձգելու եւ իր իմաստէն պարպելու Հրանդ տինքեան արդար դատավարութիւնը:

Յայտնապէս, դատաիրաւական այս թղթածրարը օր ըստ օրէ աւելի կը ծանրանար հայութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպան ու ջատագով տարբեր հասարակարգերու ուսերուն եւ իբրեւ այդպիսին կը շարունակէ մնալ պոլսահայ գրող, մտաւորական, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ` Հրանդ Տինքի սրբազան դատը:

Դատը` թրքութեան դիմագիծի բացայայտումին:

Դատը` եղբայրական յորդորներու իրական պատկերին:

Դատը` այսպէս ասած փոփոխուող թուրքի մտայնութեան:

Դատը` ստապատիր ու պատեհապաշտ քաղաքական կեցուածքներու:

Դատը` ազատ խօսքի ու վերաբերումի սնանկութեան:

Դատը` հայոց պահանջատիրական ուխտի եւ համարձակութեան:

Դատը` մարդկային իրաւունքի եւ իրականութեան:

Իրականութիւն մը, որ ութ տարիէ թէեւ կ՛ապրի ելեւէջայնի հանգրուաններ, կ՛ենթարկուի հոսհոսային վերաբերումի` թուրք պետական բարձրագոյն ատեաններու կողմէն` լպիրշ քաշկռտուքներու տեղիք տալով:

Այդուամենայնիւ, բացայայտ է, աւելի ճիշդ բացայայտուեցաւ, որ թուրքն ու թրքութիւնը երբեւէ չեն զիջած իրենց հայաջինջ ու հայակուլ ծրագիրներէն, հայոց ազգային արժանապատուութեան ամէն քայլափոխի հարուած հասցնելէ, աճպարար եւ խարդաւանանք միտումներէ, քաղաքական ու տնտեսական որոգայթներէ, պարզապէս թուրք թէ թրքամէտ շրջանակներու եւ ամբողջ մարդկութեան երեսին շպրտելու այն սին հասկացողութիւնը, թէ թուրքը` ըլլայ սելճուք թէ թաթար, օսմանցի թէ քեմալական, նոյն բարբարոսային կազմաւորումն ու հայեացքները ունի եւ պիտի ունենայ ընդմիշտ` յանուն երազուած համաթրքական հասարակարգի ստեղծումին:  

Մեր` հայութեան պարագային, յայտնապէս նման հաստատումի մը հենքը ծնունդ կ՛առնէ այն մօտիկ անցեալի թէ ներկայ ժամանակներու թուրքին կողմէ կատարուած շրջանային թէ միջազգային ոլորտներու մէջ ցեղապաշտ ու այլամերժ գործընթացներու հետեւութենէ եւ ուսումնասիրութենէ, որոնց նկատմամբ հայութիւնը պարտաւոր է ցոյց տալ քաղաքական մտքի հասունութիւն եւ անսասան կամքի արտայայտութիւններ, կարենալ դիմադրելու, պաշտպանուելու եւ ի հարկին ձախողեցնելու հակահայ թաքուն միտումներն ու վատոգի ծրագիրները:

Եւ ճիշդ այս մեկնակէտային հասկացողութենէ թելադրուած` իբրեւ հեռատես եւ քաղաքականացած հայ պետական մտածողութիւն եւ հասարակակարգ, մեր ճիտին պարտքն է, աւելի ուժեղի եւ պահանջատէրի դիրքերէ խօսիլ եւ ազդեցութեան գօտիներ ամրագրել, այլապէս միջազգային բարձրագոյն ամպիոններէ բարձրաձայնելու Հրանդ տինքեան դատական գործընթացի իրաւութիւնը:

11915_13239Փաստօրէն, դատական գործընթացները յանգեցան այնպիսի տեղ, ուր ամբաստանուեցաւ թուրք պետական ուրուային միտքն ու կառոյցը, սակայն, ոչ ոք համարձակութիւնը ունեցաւ յականէ անուանէ դատապարտելու դաւադրութեան թէ նորովի սպանդին ետին կանգնողներն ու ծրագրողները, որոնց թաքուն աշխատանքներուն ծանօթ է ամբողջ մարդկութիւնը:

Բորենիներ` Օկիւն Սամասթներ, Եասին Հայալներ թէ Թունճելներ պարզապէս գործակատարներն էին հրէշային ամբողջ ծրագիրի մը, որուն ականատես եղանք յետ Հրանդեան սպանութեան:

Աւելի՛ն. անցնող տարուան ընթացքին լսելի դարձան նաեւ թուրք պետական բարձրաստիճան մարդոց բացայայտ սուտն ու թշնամանքը, երբ նոյնինքն Էրտողան կը ժպրհէր ըսել, թէ` «Տինքը սպաննած է անոր աշխարհահայեացքը»: Իսկ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի հետախուզութեան վարչութեան նախկին պաշտօնատար Իսմայիլ Փեքին առանց դոյզն խպնանքի եւ լկտիաբար կ՛ըսէր, թէ «Տինքի սպանութեան հետ առնչութիւն ունին օտարերկրեայ գաղտնի սպասարկութիւններ» եւ այլն:

Անաչառ ըլլալու համար հարկ է լոյսին բերել այն ճշմարտութիւնը, որ, եթէ երբեք արժեւորման ենթարկենք Հրանդ Տինքի սպանութենէն առաջ եւ անկէ ետք Թուրքիոյ հասարակական կեանքի ու միջավայրի փոփոխութիւնները, պարզ կը դառնայ, որ Հրանդ Տինք իր արեամբ եւ պայծառ մտածումներով հրդեհեց հոգիներն ու գրգռեց միտքերը, դարձաւ վրիժառու այն տիպարն ու կեցուածքի տէր հերոսը, որով ներշնչուեցան շատեր եւ կախարդուեցան անոր իրաւութենէն:

Եւ Պոլսոյ թաղերն ու հրապարակները յորդեցան իրաւունքի պաշտպան հազարաւորներու բացագանչութեամբ եւ պահանջատէրի շարքերով: Եղան ցոյցեր, ու կազմակերպուեցան հանրահաւաքներ, ականատես եղանք բազում արարքներու եւ ճշմարտութիւն պահանջող կեցուածքներու, այո՛, պահիկ մը ապրեցանք այն երազը, որով ինքզինք կը սնուցանէր մեծահոգի Հրանդ Տինք, եղբայրական տեսնելու հայն ու թուրքը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ազգային մեր առողջ միտքն ու դատողութիւնը կը յուշէ, թէ թուրք պետականութիւնը կը շարունակէ ուրանալ ամէն ինչ որ իր բարբարոսի էութենէն ծնունդ կ՛առնէ:

Ուստի, մտածենք ու գործենք այն ուղղութեամբ, որ պիտի կարենանք հայոց դարաւոր թշնամիին իսկութիւնն ու խենեշ դիմագիծը լոյսին բերել ամէն քայլափոխի, դատապարտել եւ պահանջատիրական մեր ռազմավարութեան հենքը ամրակայենք նման հրէշային կազմաւորումներու դէմ կանգնելու խոր ու նորովի գիտակցութեամբ:

Ճիշդ է, որ Հրանդի սպանութիւնը ազգային կորուստ է, Սամաթիոյ շրջանի հայ մամիկներու դէմ սանձազերծ բռնարարքները (ծեծ, դաշիւնահարում, բռնաբարում) ազգային մեր արժանապատուութիւնը կը խոցէ, այդուամենայնիւ, հայ պետական մտածողութեան եւ հասարակական մտքի զարգացումէն կախեալ է գալիքի մարտահրաւէրները տեսնելն ու ազգային մասշտապով զանոնք դիմակայելը:

Փաստօրէն, Հրանդ Տինքի «ծակ», սակայն արժանապատիւ կօշիկները պիտի շարունակեն խարանել բոլորը անխտիր, որոնց ճակատները թաթախուած են կեղտոտ ջուրերու մէջ, եւ որոնք կը յաւակնին ներկայանալ իբրեւ արդի Թուրքիոյ դերասան ու վատահամբաւ քաղաքական գործիչները:

Հայութիւնը հպարտ է Հրանդի ազգային գիտակցութեամբ, ծառայութեամբ, պայծառամիտի եւ մարդասէրի յատկութեամբ, բայց մանաւանդ` անոր քրտնաջան ու մաշած կօշիկներուն գրաւչութեամբ:

Այս կը թելադրէ ազգային արժանապատուութեան տիրութիւնը:

 

 

 

 

Նախորդը

«Ամօթ Կը Զգամ ». Հրանդ Տինքի Սպանութեան Դատավարութիւնը

Յաջորդը

Յիշատակի Պաշտամունք` Նուիրուած Վեր. Ռոպեր Սարգիսեանին

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?