Հետազօտութիւն` Ցեղասպանութեան Ժամանակ Հայերուն Օգնութեան Ձեռք Մեկնած Թուրքերուն Մասին
Ռաուլ Վալենպերկի միջազգային հիմնադրամը եւ Քլարքի համալսարանի Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան Սթրասլեր կեդրոնի Գալուստեան/Մուքկար ամպիոնը, փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամի հետ նախաձեռնած են մեծ հետազօտութեան մը: armeniangenocide100.org-ի փոխանցմամբ, այս ընդարձակ հետազօտութեան նպատակը այն թուրքերուն եւ քիւրտերուն մասին տեղեկութիւններ հաւաքելն է, որոնք օգնութեան ձեռք մեկնած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն: Ռաուլ Վալենպերկի միջազգային հիմնադրամին հիմնական առաքելութիւնն է բացայայտել փրկութեան եւ համերաշխութեան մասին չպատմուած պատմութիւնները:...



















