Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիսի Դատը Մեր Դատն Է

August 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

10985438_412181922319914_7755176953231118757_n

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուած դատին նշանակութիւնը, կրնայ ըլլալ, ըստ արժանւոյն չէ ընկալուած հայ հասարակութեան կողմէ:

Հայկական հարցի հետապնդման ճանապարհին խիստ կարեւոր անկիւնադարձ մը նշանաւորող այս դատին վրայ պարտաւոր ենք հրաւիրել իւրաքանչիւր հայու ուշադրութիւնը: Դատը քարոզելու, անոր վերաբերեալ լրատուութիւնը պատշաճ հրատապութեամբ ներկայացնելուն մէջ, անկասկա՛ծ, մամուլը իր բաժինն ունի եւ, ուրեմն, այս ուղղութեամբ թերացումին մէջ եւս հայկական մամուլը պէտք է ընդունի իր պատասխանատուութեան չափը:

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնած այս վերջին ցուցական գործողութիւնը` Սիսի կաթողիկոսարանին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու քայլը, թէ՛ իր խորհրդանշական իմաստով եւ թէ՛ հարցի արծարծման հանդէպ հետաքրքրութիւն յառաջ բերելու տեսակէտէն ողջունելի՛ է:

11892477_412182258986547_8545153958737070101_o

Այս քայլերուն պէտք է յաջորդեն եւ կը յաջորդեն ուրիշներ: Բոլոր նախաձեռնութիւնները պէտք չէ մնան Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի ուսերուն վրայ: Նաեւ` այս քաղաքական կարեւոր ձեռնարկի եւ անոր նոյնքան կարեւոր շարունակութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ միջոցները գտնելու պարտաւորութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի կաթողիկոսարանին կամ կաթողիկոսին ճիգերով: Պէտք է դուրս գանք կաթողիկոսարանի նախաձեռնութիւններուն ծախսերը հոգալու մեր մէջ արմատաւորուած «պըրոտոքոլ»-էն, որ կ՛ակնկալէ կաթողիկոսէն անձամբ գտնել հովանաւորներ, կամ կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդներէն` նեղ շրջանակներու մէջ կազմակերպուած հանգանակութիւններով ձեռք երկարել կաթողիկոսութեան:

Սիսի կաթողիկոսարանի դատին համար պէտք է իւրաքանչիւրս իր մասնակցութիւնը բերէ, իր ներդրումը ունենայ` շօշափելի կամ խորհրդանշական: Անհրաժեշտութիւն կա՞յ այս համաժողովրդական մասնակցութիւնը կազմակերպելու, թէ՞ վստահինք ինքնաբուխ շարժումի մը:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Զարթի՛ր, Ո՛վ Սփիւռք

Յաջորդը

Յիշելով Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Լուսահոգի Վեհափառին

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.