Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազնաւուր` Ցնծալու, Երգելու Եւ Պարելու Մղող Արուեստագէտը

Օգոստոս 28, 2015
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

441147_img650x420_img650x420_crop

Բազմաթիւ անգամ Լիբանան այցելած Ազնաւուր տակաւին կը շարունակէ մեծ խանդավառութիւն ստեղծել հանդիսատեսին, մասնաւորաբար երիտասարդութեան մօտ` իր անմահ երգերուն շնորհիւ: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին` Ազնաւուր երիտասարդ է աւելի քան երբեք, եւ մեզ կը հմայէ իր կենսունակութեամբ, կեանքին կառչածութեամբ: Ազնաւուր միշտ կ՛ուզէ աւելին, կ՛ուզէ աւելին ապրիլ, սորվիլ: Ան պիտի շարունակէ երգել ու հմայել, այնքան ատեն որ ողջ է:

Ամբողջ կեանքի մը տեւողութեան երաժշտական ասպարէզին մէջ մեծ կատարողները հազուադէպ են: Կարգ մը արուեստագէտներ աւելի ժողովրդական կ՛ըլլան, 20-էն մինչեւ աւելի քան 90 տարեկանին:  Այսպէս է պարագան Շարլ Ազնաւուրի, այժմ` 91 տարեկան, որ շաբաթ 1 օգոստոսին բացումը կատարեց Պաթրունի միջազգային փառատօնին: Ազնաւուրի վերջին երգահանդէսը Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ 2012 թուականին, Ժունիէի փառատօնին:  Իր կորովը եւ կենսունակութիւնը այն ատեն գրաւած էին հանդիսատեսները, իսկ 1 օգոստոս 2015-ի գիշեր փաստեց, որ իր երաժշտութիւնն ու ձայնը կը մնան յուզական, ազդեցիկ:

Ֆրանքօ-հայկական երգիչը ապշեցուցիչ ասպարէզ մը կերտած է: Գրած է աւելի քան 1200 երգեր եւ համաշխարհային երաժշտութեան վրայ իր ունեցած ներդրումին շնորհիւ շատ կարեւոր  ազդեցութիւն ունի երաժշտութենէն դուրս գտնուող աշխարհին վրայ:

«Անոնք ինկան»-ը, իր ամէնէն աւելի քաղաքական երգերէն մէկը, 1976-ին, որուն համահեղինակը Ժորժ Կառվարենցն է, Հայոց ցեղասպանութեան մասին է: Ազնաւուր Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչն է ՄԱԿ-ի մէջ:

441145_img650x420_img650x420_crop441146_img650x420_img650x420_cropՀիմնուելով Պաթրունի երգահանդէսին վրայ, կարելի է հաստատապէս  ըսել, որ իր համաշխարհային ժողովրդականութեան պատճառներէն մէկը իր կեցուածքն է, անձնաւորութիւնը: Երգահանդէսին  սկիզբը Ազնաւուր զգուշացուց հանդիսատեսները իր աստիճանաբար տկարացող լսողութենէն եւ գոյութիւն չունեցող յիշողութենէն: Ապա նստաւ եւ սկսաւ երգել: Իր ձայնը զարմանալիօրէն անփոփոխ էր, եւ զինք ուղղակի բեմէն լսելը, նոյնիսկ երգերու յօրինումէն 50 տարիներ ետք, հզօր փորձառութիւն մը կը հանդիսանայ:

Այդ է երաժշտութիւնը իրագործելու Ազնաւուրին ձեւը, որ սնուցած է իր երկարատեւ ժողովրդականութիւնը:

Երգիչ-երգահանին ամէնէն ժողովրդական երգերէն մէկն է «Լա պոհեմ-»ը: Առաջին անգամ 1965-ին ձայնագրուած Մոնմարթրի մասին այս երգը, երիտասարդական ազատ եւ արկածախնդրական ոգիի հրայրքով, կը շարունակէ ոգեշնչել նոր սերունդներ:

Ազնաւուր մեղմօրէն կ՛երգէ. «Ես ձեզի կը խօսիմ ժամանակի մը մասին, որ 20 տարեկանէն նուազ եղողներուն համար անծանօթ է»: Իրողութիւնը, որ երգը այնքան ուժեղ կը հաղորդակցի երիտասարդութեան հետ, կը թելադրէ, որ Ազնաւուր ի՛նչ կաթեցուցած է անոր մէջ:

Երիտասարդ ըլլալէ աւելի` կարեւոր է հասուն տարիքիդ գիտակցիլ երիտասարդութեանդ: «Մենք միշտ կը շարունակենք հաստատօրէն», կ՛երգէ Ազնաւուր:

Երգին վերջաւորութեան պատմողը չի կրնար ճանչնալ Մոնմարթրը եւ ան կ՛ողբայ կորուստը հոգիին, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ տեսնել գեղեցկութիւնն ու յոյսը: Կորուստի բնաբանը ակնյայտ է Ազնաւուրի բազմաթիւ երգերուն մէջ:

Ազնաւուրի երգերը ընդհանրապէս յօրինուած են առաջին դէմքով: Այդ երգերը բնաւ չեն մեղադրեր ուրիշները` մսխուած կեանքերու, կամ կորսուած կարելիութիւններու համար, բայց քննութեան կ՛ենթարկեն խօսողը:

Պատճառներէն մէկը, որ իր երգերը այնքան համոզիչ եւ ուժգին կերպով կը խօսին, այն է, որ անոնք ներհայեցութեան, ինքնաճանաչումի կարելիութիւն կ՛ընձեռեն հանդիսատեսներուն, ունկնդիրներուն:

Անոնք նախ ազատութիւն կը հրահրեն: Ազնաւուր մելամաղձոտ երգ յօրինողը չէ:  «Լա պոհեմ»-ի բառերը կը ձգուին դէպի անցեալ, բայց մեղեդիին մոլեգնած վերջին ներդաշնակումները զուարթ են:  Ատիկա խելագարութիւն կը յուշէ, բայց նախ` ապագայի յոյս. համադրութիւն մը, որ յստակօրէն կը բնորոշէ պատանեկան-երիտասարդական կենսակերպը, որուն մասին կ՛երգէ պատմողը:

Դառն, կծող բառերու, արագ կշռոյթով երաժշտութեան եւ երբեք դառն,  կամ պարզապէս վանողական չեղող ձայնային երանգի համադրութիւնը կը կազմէ Ազնաւուրի տարբերակին նշաններէն մէկը:

«Ամէօնէ մուա»-ի մէջ, 1967, պատմողը կը ցանկայ երկրագունդի բոլոր ծայրերը հրապուրել: Ազնաւուրի ազդեցութիւնը գացած է այնքան հեռու, որ իր բառերուն գեղեցկութիւնը յուզած է սրտերը ամբողջ աշխարհի մէջ:

Օգոստոս 1-ի ելոյթը փաստեց, որ Ազնաւուրի երգերը տակաւին հանդիսատեսը կը մղեն ցնծալու, պարելու եւ երգելու:

«Տէյլի Սթար»

Նախորդը

Էյմի Շումըր

Յաջորդը

Թորոսեանի Յուշերը Այսքան Քննարկուեցին, Որովհետեւ Բազմաթիւ Տարբեր Գնահատականների Արժանացան

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?