Ի սկզբանէ էր չարը
եւ չարը թուրք էր:
Չարը մարմնաւորող հրէշը դատարկուած է ցեղային արժանապատուութենէ, զուրկ է գութի եւ խղճի զգացումներէ:
Ան օժտուած է, աշխուժօրէն բանող միայն մէկ զգայարանքով. այդ ալ արիւն խմելու զգայարանքն է: Արիւնախում թուրքին գազանային ոգին ժամանակը իրեն հետ բերած չէ, ան բնածին է. ի սկզբանէ:
Ով է չարը` թուրքը:
Յետադարձ հայեացքով մը, յիշենք ու լոյսի բերենք անոր ծագումը` անցեալը:
Ան խառնուրդ է բազմատեսակ ցեղերու, յատկապէս օղուզ-թուրքմենական ցեղի եւ այլ բարբարոս ու վայրագ ժողովուրդներու:
Միջնադարուն, Միջին Ասիոյ խորերէն խուժելով թափանցեց Փոքր Ասիա ու վերջնականապէս հաստատուեցաւ հոն` իր իշխանութեան տակ առնելով անոր լայնատարած հողամասերը: Ապա աստիճանաբար միաւորեց թրքական վայրագ ցեղերը ու կազմեց թրքական պետութիւն: Հետագային կոչուեցաւ «Օսմանլը»` օսմանցի: Այս տոհմային կամ ցեղային բնոյթ կրող, վերադիրի գործածութեան պատճառը այն էր, որ թուրքը եղած էր հետեւող թրքական սուլթաններու հիմնադիր Օսմանին. հետեւաբար անոր անունով ալ պիտի կոչուէր:
Իսկ դիակներու վրայ հիմնած անոր իշխանութիւնը, կոչուեցաւ Օսմանեան կայսրութիւն, որ եղաւ սուլթանական Թուրքիոյ պաշտօնական անուանումը: Ան կայսրութիւն մը հիմնած ըլլալուն պատճառով դողացուց արեւելքն ու արեւմուտքը: Եւ կրցաւ իր կայսրութեան սահմաններէն ներս ու իր տիրապետութեան ներքեւ ապրող հայերը, ասորիները եւ յոյները հնազանդեցնել իրեն, զանոնք դարձնելով «ռայա»-ներ: «Ռայա»-ն իրեն հպատակ էր, իրաւազուրկ եւ հարստահարութիւններու ենթարկուած:
Այս ժողովուրդները ճնշուած, կեղեքուած ու ծանր տուրքերով ընկճուած կը հեծէին օսմանեան լուծին տակ: Բայց առանձնապէս հայն էր, որ իրաւազրկուած կ՛ապրէր իր մայր երկրին մէջ իսկ:
1908-ին օսմանականութիւնը քայքայուեցաւ` իր տեղը զիջելով փանթրքութեան ու երիտթուրքերու վերածնած փանիսլամականութեան, որոնք աղէտալի հետեւանքներ ունեցան մեր ազգին համար: «Իթթիհատ վէ Թերագգը» կուսակցութիւնը արդէն կը սպասէր յարմար առիթին:
Ի վերջոյ հասաւ իր անմիջական ու գերագոյն նպատակին` ստանձնելով իշխանութիւնը:
Իր ձեռքն էր այլեւս պետութեան ճակատագիրը: Աքցանի մէջ առած սաստկացուց ճնշումը ու հետեւողական կերպով շարունակեց հալածանքները ոչ թուրք ժողովուրդներուն դէմ:
Յարատեւ թալան, աւար ու աւեր, հարկահաւաք, ազատութեան կաշկանդում, պատուի եւ ինչքի յափշտակում, կեղեքիչ պաշտօնեաներ, կրօնափոխութեան հարկադրանք եւ այլն:
Դարեր շարունակ հայը ճաշակեց օտար իշխանութիւններուն եւ մանաւանդ Օսմանեան կայսրութեան լուծին դառնութիւնը:
Ալ բա՛ւ էր:
Հայը բարենորոգումներ աղերսելու հարկադրանքին տակ գտնուեցաւ ու բախեց արեւմտեան տէրութիւններու «յուսոյ դռները», ի զո՜ւր:
Համաշխարհային Ա. պատերազմի այդ թոհուբոհին մէջ ո՞վ պիտի հետաքրքրուէր ու զբաղէր հայոց վիճակով:
Բացայայտ էր, որ այդ հզօր պետութիւններու պատասխանատուներն ու բարձրաստիճան պաշտօնեաները ունէին իրենց հաշիւները, որոնց սիրոյն այս կացութեան հասցուցին մեզ:
Բարենորոգումներ աղերսել, իրաւունք պահանջել.
ի՜նչ յանդգնութիւն:
Ըմբոստ հայը պէտք է կրէր իր պատիժը:
Թուրքը փոխան նորոգումներու, իր չարութիւնը` թրքութիւնը նորոգեց: Ան օգտագործեց պատերազմի ընձեռած հնարաւորութիւնը, ջանք չխնայեց իրականացնելու իր փանթուրանականութեան երազը: Յարմարագոյն առիթն էր, Թուրքիան մաքրագործելու, եւ միանգամընդմիշտ ձերբազատելու ոչ թուրք ցեղերու գոյութենէն, ի մասնաւորի հայ ազգէն` «Թուրքիան միայն թուրքերուն» «Թուրքիան առանց հայերու» նշանաբանով: Եւ գործադրեց «հայասպանութիւն»:
Հայատեաց թուրքին քաղաքական ձգտումն էր արդէն հայաթափել, պարպել հայոց գաւառները իրենց դարաւոր բնակիչներէն եւ անոնց տեղ բնակեցնել թուրք ցեղին պատկանող ժողովուրդ:
Թուրքին հայատեացութիւնը նոր երեւոյթ չէր, եւ չէր ծագած վերջին տարիներուն. ան աւելի հին արմատներ ունեցող երեւոյթ է:
Ոճիրներով հարուստ անոր անցեալը ցոյց կու տայ, թէ իր պատմութեան եւ կայսրութեան ընթացքին չէր դադրած հետապնդելէ հայը:
Փայլուն չէր նաեւ վիճակը միւս քրիստոնեայ ժողովուրդներուն, որոնք անմասն չմնացին այս պատուհասէն, բայց առիւծի բաժինը վիճակուած էր հայուն:
Թէեւ մեր պատմութեան վերիվայրումներու ընթացքին մերթ ընդ մերթ տեղի ունեցած են խողխողումներ, արիւնահեղութիւններ, սպանդներ ու կոտորածներ, բայց այդ զարհուրելի թուականին, ջարդերն ու կոտորածները նմանօրինակ ընթացքով կամ աւելի վատ, շարունակուեցան շաբաթներ եւ ամիսներ, եւ հետզհետէ դուրս եկան տանելի սահմաններէն եւ հուն փոխեցին շատ ժխտական գունաւորումներով:
Անոնց տարողութիւնը անցաւ նախընթաց ջարդերու ու արհաւիրքներու չափն ու սահմանը, եւ առաջին անգամն ըլլալով հասան անիրաւութեան գագաթնակէտին եւ ի վերջոյ վերածուեցան Ցեղասպանութեան:
Ցեղասպանութիւն բառը պատահական կերպով չէ ընտրուած, քանի որ ազգի մը ամբողջական բնաջնջման ծրագիրը, չարակամօրէն կանխամտածուած ու վայրագօրէն ի գործ դրուած էր, գործադրութիւնը ստացաւ ցեղասպանութիւն անուանումը, իսկ անոր հեղինակ թուրքը, ստացաւ ցեղասպան որակումը:
Գլորած է դար մը ամբողջ, որ կը բաժնէ մեզ այդ ահաւոր թուականէն: Թուական մը, որ կը ցնցէ հայութեան էութիւնը:
1915 թուական:
Հայ ազգի լինել-չլինելու ժամանակահատուածը:
Ճակատագրական հանգրուան մը պիտի թեւակոխէր հայը. վտանգուած էր անոր ապագան:
Արթնցաւ արիւնախում չարին մէջի թուրքը:
Պապակած էր, կը տառապէր, կը գալարուէր պիտի նուաղէր: Կլափը բացած արիւն կը պահանջէր` իր զգայարանքին ախորժակին յագուրդ տալու:
Ո՞վ պիտի յագեցնէր արիւնամոլին պապակած հոգին: Այնպիսի ծարաւ կը զգար, որ ամբողջ ազգի մը արիւնը խմեց ու չյագեցաւ:
Յանկարծ անոր դիւային մտքի խառնարանէն խուժեց ու դուրս ժայթքեցաւ, մաղձոտ, թարախոտ ի՛ր թրքութիւնը: Խմել հայոց արիւնը, ոչնչացնել անոր ցեղը, հետքը չձգել հայուն, որ իր գլխուն փորձանքն էր, կողին խրուած սեպը եւ աչքին փուշը:
Ապրիլ 24:
Առաւօտուն աքաղաղը զարմացաւ, գիւղացին չէր լսեր իր կանչը: Յանկարծ խաւարասէր, լուսատեացը անոր ալ հասաւ… արիւնոտ փետուրներ բարձրացան օդը: Տուներու երդիքներէն ա՛լ չբարձրացաւ թոնիրի ծուխը, լաւաշի անուշ բուրմունքը:
Մարեցան հայու օճախին կրակն ու ճրագը: Արօտավայրէն լսուեցաւ հովիւին վերջին մեղեդին. անոր սրինգը գլորեցաւ գետին ու… կարմրեցաւ թախծոտ սրինգը, որ երկար դիտեց իր տէրը ու ըսաւ.
«Ապրի իմ ածողն» արթնցիր տէր իմ «քանի սաղ ես
կրկին խաղայ հետս». բայց.. աւա՜ղ:
«Լուսը բացուեց, բարին բացուե՞ց».
մշակը չգնաց հերկելու իր արտը:
Այդ օրէն եզօն յամառօրէն կը սպասէ ու չի քաշեր արօրը, մինչեւ լսուի գիւղացիին գութաներգը.
«Քաշիր, քաշիր ուսիդ մատաղ եզօ ջան, ախպէր ջան. հո՜ հոռովել:
Կուժն առաւ, ելաւ սարը» նազանի աղջիկը:
Կոտրուեցաւ կուժը, ու կոտորուեցան կոյսերը:
«Սարիցը տուն չեկաւ» Շողեր ջանը:
Չկար վարդավառին «Ա՛յ կիւլիւմ կանչող աղջիկը»
Սոնա եարը:
Անյայտացաւ Մարալ ջանը ու «սիրածին աչքը թաց մնաց»:
Եւ վերջապէս անվերջ հեռացան մեր չինարները:
«Չինար ես, կեռանայ մի, մեր դռնէն հեռանալ մի»:
Հազար ափսոս հայ աղջիկներ, հարսեր, չինարներ:
«Հազար ափսոս Մոկաց Միրզէ»
Հազար ափսոս Կոմիտաս:
«Ապշեցաւ լճակը», այլեւս չէր խայտար հայը:
«Մելամաղձոտ լճակ իմ, քեզ հետ ըլլամ մտերիմ»
ու ըսեմ, թէ հայուն հոգւոյն մէջ արիւնարբու թուրքը նայեցաւ:
«Դաշտի ճամբու մը վրան կամ ստորոտը լերան» կանգնած հիւղը կը սպասէր հայուն ժամանման:
Խեղճ տնակ, ուղեւորդ «ափ մը մոխիր» վերցուց դրանդ սեմէն ու անտունի» քշուեցաւ
«ճիտին պարտքը» վճարելու իր իսկ պարտապանին:
Չմնաց այլեւս «Մեր տուն ձեր տուն դիմաց, դիմաց»
Տլէ եամա՜ն:
Պարտէզին մէջ ծարաւ էր ծիրանի ծառը,
անոր հողը ոռոգեցին իր տիրոջ արեամբ:
«Տեսնում էք ինձ պատել ա
էս անիրաւ արիւն ծով»:
Լռեցին զանգակատուները, մօտ օրէն ղօղանջելու Սարդարապատէն: Լռեց նաեւ Պատարագ մատուցանող քահանային ձայնը:
Կիսեփ մատաղը թափեցաւ գետին:
Մարեցաւ մոմը ու վառեցաւ եկեղեցին, դարձաւ խնկաման բաց երկնքի տակ:
«Մէն մի քարի տակ գետնի դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի» եկեղեցին հայկական: Եւ այդ գաղտնի ճամբայէն, աղօթքները, շարականներն ու սաղմոսները խունկին հետ գուլա՜յ-գուլա՜յ մխացին դէպի երկինք, իրենց հետ տարին խաչը, օր մը անոր խաչօրհնէքը կատարելու ու կրկին բարձրացնելու գմբէթ:
Հրոյ ճարակ դարձան, գոմերու, ախոռներու ու յարդանոցներու վերածուեցան մեր կրօնական ու պաշտամունքի կառոյցները: Իսկ միւս կիսաքանդ յուշարձաններն ու կոթողները, հերթով աւելի եւս կը քայքայուին ժամանակի ընթացքին:
Հայ ժողովուրդը անջատուեցաւ իր ընտրանիէն: Գրական դէմքեր կարմիր լուրեր ղրկեցին իրենց բարեկամներուն:
Դադրեցաւ այբուբենի դայլայլը, բացակայ է թռչնիկը, Քանի կոտրուած էր վանդակը, ու ան թռչած էր անապատ:
Անոր մայրը շալակն առաւ Մեսրոպի գանձը` մշակոյթի «զէնքը», ու զայն տեղադրեց անապատ:
Աւազէ դպրոցին վրայ տղեկը` հետեւելով ճաթռտած ու արիւնահոս մատներու, հեգեց` այբ, բեն, գիմ. եւ ահա վերստին կը դայլայլէր հայ թռչնիկը:
Անապատին մէջ դահիճը կանգնած է զոհին դէմ` զինուածը անզէնին:
Ճիւաղ թուրքը ցեղային մոլուցքով տարուած, աւելի անգո՛ւթ, աւելի վա՛տ ընթացքով, սանձարձակօրէն շարունակեց կոտորածներն ու ջարդերը:
Իր սրբազան նպատակը իրականացնելու եւ աւարտին հասցնելու համար դիմեց գազանաբարոյ միջոցներու: Կենդանին անգամ, որուն կը պակսի բանականութիւն, չէր դիմեր նման միջոցներու յօշոտելու համար իր որսը:
Գազանին սարքած արեան խնճոյքին մասնակից ու մեղսակից եղան, բանտերէն արձակուած ոճրագործներ, մահապարտներ, քիւրտ, թուրք ու թաթար ցեղախումբեր:
Անպատմելի չարչարանքներ եւ աննկարագրելի ոճիրներ գործուեցան հայը բնաջնջելու:
Մահը երանելի էր հայուն համար:
Վարի մեղաւորներու դժոխքին սատանաները զարմացած` վերի անմեղներու դժոխքին մէջ կատարուած սարսափին, հարց տուին, թէ ի՞նչ էր մեղքը այս ժողովուրդին. դիակները միաբերան գոչեցին` «Հա՜յ ենք»:
Արեան խնճոյքը հասած էր իր աւարտին:
Ուռած էր հրէշը ու շնթռկած փռուած էր կարմիր թաց աւազին վրայ, բերնէն արիւն կը վիժէր:
Երերալով հազիւ թէ կրցաւ ոտքի կանգնիլ, ճակատէն արիւն-քրտինք կը թափէր:
Սրբեց արիւնլուայ երեսը, լզեց արիւնոտ շրթները ու քամեց արիւնաթոր թաթերը:
Կոխկռտեց ու քալեց արիւն-քրտինքի վաստակ դիակներուն վրայէն, որոնք քիչ առաջ արիւն արցունք թափելով մահ կ՛աղերսէին իր ոտքերուն ինկած:
Անցաւ ամայացած, անմարդաբնակ գիւղերէն ու գաւառներէն: Երկար ու խորունկ շունչ քաշեց, երբ լսեց իր ոտնաձայնին արձագանգը:
Փառք տուաւ Ալլահին. հիմա արժանի էր դրախտի հուրիներուն:
Խօսք չունինք ըսելու, թուրքը միակ ու աննախընթաց ախոյեանն է ցեղասպանութեան:
Քաղաքակիրթ կոչուած գերուժ պետութիւնները, որոնք ազատութեան ու արդարութեան թունդ պաշտպանողները կը թուէին ըլլալ, չուզեցին լսել մեր ողբը, աղերսանքը:
Գէթ մէկ անգամ չհարցուցին – Կայէ՛ն ուր է եղբայրութիւն, ազատութիւն, հաւասարութիւն հռչակած սահմանադրութիւնդ:
Ողջ աշխարհը պաղարիւնութեամբ դիտեց ամբողջ ժողովուրդի մը արեան ծովը:
Ով որ տեսաւ ու լռեց «ջուխտ աչքերով քոռանայ»:
Ցեղասպանին անպատիժ մնալէն քաջալերուած, ուրիշ արիւնասէրներ ալ ձեռնարկեցին ցեղասպանութեան: Ցեղասպանը անպատիժ է, ու արդարութիւնը հիւանդ:
«Դատերուն մէջ ամէնէն ուշ հասնողը արդարութիւնն է», լոյս իջնէ հոգւոյդ Յակոբ Պարոնեան:
Թուրքին երազն էր «Մէկ հայ թողնել, այդ ալ թանգարանին մէջ» ցուցադրելու, եւ թոռներուն պատմելու հայոց պատմութիւնը: «Ահա՛ հայը, որ կա՜ր ու չկար»: Մուրազդ փորդ մնաց: Ահա՛ այդ հայը, որ ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք Սարդարապատի ճակատամարտին պարտութեան մատնեց թուրքերը եւ կասեցուց անոնց արշաւանքը Երեւան. եւ պետութիւն կազմեց: Հալա՜լ է քեզ հա՛յ ժողովուրդ: Ահա՛ այդ հայը, իր վրիժառու բազուկով բարձրացուց թուր-կայծակին, հասաւ ետին ցեղասպանին, զարկաւ ճակտի փռեց գետին:
Եւ յաչս աշխարհին ցոյց տուաւ հայուն կամքի ուժը:
Աշխարհը պատկառանքով նայեցաւ եւ գլուխ խոնարհեցուց այդ ուժին առջեւ:
Տէ՜, գինի լից ընկեր ջան, ձեր հոգւոյն մատաղ:
Ահա՛ այդ հայը թուրքին պիտի ըսէ «Կենդանի ենք ու սրբացած, կը յիշենք ու կը պահանջենք»:
Ասկէ ետք եթէ կրկին հարկ ըլլայ ստորագրութիւններու, այս անգամ ահա՛ այդ հայը, ինք պիտի առաջադրէ պայմանները եւ ոչ թէ թուրքը:
Ի՞նչ պիտի տային մեզի այդ արձանագրութիւնները, որոնք նպաստաւոր չըլլալէ բացի, խիստ վտանգաւոր էին թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ հայ ժողովուրդին համար:
Միամտութիւն է մտածել, որ Թուրքիան Հայաստանի հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ սկսելու միտումով է, որ կը դիմէ այդ քայլին:
Մենք ազգովին լաւ գիտենք, որ Թուրքիոյ իւրաքանչիւր քայլի ետին թաքնուած սադայէլական նպատակներ կան:
Անոր վաղեմի ծրագիրն է ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը կասեցնելը, եւ աշխուժօրէն կը պայքարի անոր պնդումներուն դէմ, որոնք արգելք կը հանդիսանան իր արշաւին ճամբուն վրայ, եւ կը խոչընդոտեն երկրին յառաջընթացը դէպի Եւրոմիութիւն:
Պէտք չէ մոռնալ, որ միշտ առկայ է հակահայկական քարոզչութիւնը:
Պէտք չէ հաւատանք թուրքին մոլորեցուցիչ խօսքին, Յանուն ի՞նչ բանի հաւատանք քանի անցեալի Օսմանցին տակաւին չէ փոխուած, նոյնն է ինչ որ էր երէկ ու նոյնն ալ պիտի մնայ հետագային:
Բայց հայը այլեւս չէ, ինչ էր երէկ, եւ վաղը նոյնը պիտի չըլլայ ինչ է այսօր:
Բոլորած է հարիւր տարին:
Հայոց ցեղասպանութիւնը շրջանցած է այլեւս զգացական ոլորտը: Լալով, ողբալով յիշողութիւն չի պահուիր:
Աստուծոյ գթառատութեամբ կարելի եղաւ մեղմացնել տարիներու դառնութիւնը. կրցանք կապել մեր վէրքերը, ուղղեցինք մեր ողնայարը ու վերստին կանգնեցանք: Աստուծոյ ղրկած պարգեւը` բալասանը, եղան մեր սերունդները:
Ապրիլ 24-ը սուգի օր չէ այլեւս:
Ապրիլ 24-ը մէկուկէս միլիոն սուրբերու տօն է:
Մենք հպարտանալու բազում տուեալներ ունինք:
Մեր ժողովուրդի դարաւոր հաւատքին ու կամքին շնորհիւ կրցանք գոյատեւել հակառակ բազմաթիւ տառապանքներու, կոտորածներու ու ցեղասպանութեան
Մենք պէտք է անսանք մեր ազգային պատկանելիութեան, այժմէական միջոցներ որդեգրենք` միասնաբար Հայ դատը պաշտպանելու աւելի զօրաւոր թափո՛վ:
Շարունակենք մեր սրբազան գոյերթը, յաջողութեամբ շրջանցենք բոլոր խոչընդոտները եւ ամուր քայլերով կերտենք նոր պատմութիւն:
Թող ցնծայ ողջ հայութիւնը:
Ո՞վ ունի մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներ:
Մեր վերջալոյսը միշտ ալ եղած է արշալոյս:
Եւ միշտ կը լսենք այդ արշալոյսի ոտնաձայնները:
Իսկ այսօր, մեր նահատակներուն կ՛ըսենք.
Օրօր մեր բալաներ, օրօր մեր անգին նահատակներ,
Քուն եղէք ու այլեւս հանգիստ ննջեցէք:
Բարի-ով, չարին յաղթեցիք.
Իմացեալ մահով անմահութեան գացիք,
Ու վերադարձաք սրբացած հոգիներու գալուստով:
Ձեր գալուստը շնորհաւոր, ձեր սրբացած հոգիներուն
Գալուստը մեզի եղաւ պարգեւ ու դարձաւ
ՀԱՅԱԳԱԼՈՒՍՏ: