Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կենսոլորտային Աղէտէն Մինչեւ Քաղաքական Ճգնաժամեր

Օգոստոս 25, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Place-Martyrs-Sako-B_8-24-15

Պէտք է որոնել այն դրդապատճառները, որոնք աշխարհի ամէնէն նշանաւոր լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը յանկարծակիօրէն գրաւեցին կեդրոնական Պէյրութի հրապարակներուն վրայ արձանագրուող իրադարձութիւններուն շուրջ:

Չկայ լրատուութիւն, առանց քաղաքականացուած մօտեցումի. մանաւանդ այն լրատուամիջոցներուն, որոնք ուղղակի թէ անուղղակի կը կրեն այս կամ այն գերտէրութեան հովանաւորութիւնը: Ակներեւ էր անոնց մօտ, ժամանակակից քաղաքացիական շարժումներու զուգորդուող գունաւոր յեղափոխութիւններու համեմատութիւնը: Շարժումները գունաւորելու աշխարհաքաղաքական այս վարքագիծը կ՛երեւի ամէն միջավայրի մէջ, ուր քաղաքացիական թէ քաղաքական շարժառիթներով շարժում կը սկսի:

Նման շարժումներ անուղղակիօրէն հովանաւորելու եւ յաջողութեան պարագային  նոր ձեւաւորուելիք կացութեան մէջ մասնաբաժին ի յառաջագունէ որոշելու այս մօտեցումները միշտ չէ, որ յաջողութիւն կը գտնեն. շարժումները սեւ սպիտակով կ՛աւարտին, երբեմն ալ միայն սեւ գոյնով:

Անշուշտ, աղբահանման հրամայականը շեշտող քաղաքացիական այս երիտասարդական շարժումը միայն նման բնութագրումներով պարզաբանելը արդար պիտի չըլլար: Միջազգայինէն անցնելով ազգային, իրադրութիւններուն հետեւողը նկատած պիտի ըլլայ այս շարժման վերհամայնքայնութիւնը:

Հազուագիւտ է այս երեւոյթը: Յատկապէս փողոց դուրս հանող բողոքի գործողութիւնները շեշտակիօրէն համայնքային դրուածքի վրայ գոյութիւն ունեցող համակարգին համար անպայմանօրէն կ՛ունենային եւ կ՛ունենան նոյն այդ համայնքի մղումներ, այս կամ այն քաղաքական ուժին ձեռագիրը կրող պահանջներ: Ասիկա որոշ ժամանակէ ի վեր համալիբանանեան բովանդակութեան  եւ տարազի համոզումը կը փոխանցէր: Որքան ալ ձախակողմեան գաղափարախօսութեան հետեւողներու աշխուժութիւնը ընդգծուէր, յաճախ ըստ ձեւի ոչ քաղաքական այս դրսեւորումներուն մէջ, այնուամենայնիւ քաղաքական հակումներու եւ պատկանելիութիւններու հարցը երկրորդական էր: Պատկերասփիւռի տեսախցիկներուն, թէ ձայնասփիւռի խօսափողներուն առջեւ կանգնողները որեւէ ձեւով քաղաքական կազմակերպութիւններու ձեռագիրներուն մասին ակնարկութիւն չըրին:

Շարժումը շատ արագ սակայն քաղաքացիականէն անցում կատարեց քաղաքականի: Ի լուր եւ ի տես աղբահանման գործի անլոյծ մնալուն, ցուցարարները ամբողջական պատասխանատուութիւնը նախ բեռցուցին նման ճգնաժամային օրերուն երկրէն դուրս գտնուող ներքին գործոց նախարարի ուսերուն, ապա վարչապետին ու կառավարութեան եւ ի վերջոյ ամբողջ խորհրդարանին վրայ:

Մինչ վարչապետի կիսասպառնալիքը հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստը վերջինը նկատելու վերաշեշտեց կառավարութեան անդամներուն քաղաքական կամք ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը: Այստեղ կային անշուտ պատասխաններ չունեցող հարցադրումներ: Սահմանադրական անորոշութիւնը` նախագահի բացակայութեան, կը մշուշապատէր պատկերացումը, թէ գործող վարչապետի հրաժարման պարագային ի՞նչ կ՛ըլլային իրաւական ընթացակարգի հետագայ քայլերը:

Շարժումին վերհամայնքային բնոյթ ունենալը, եթէ մէկ կողմէ դրական երանգներ կ՛ապահովէ կենսոլորտային առաջադրանքներով սկսած քաղաքացիական շարժումին, միւս կողմէ կ՛ընդգծէ այլ համալիբանանեան գերխնդիրներու նկատմամբ նոյն շրջանակներու ցուցաբերած անտարբերութիւնը: Առեւանգեալ բանակայիններու ճակատագիրին շուրջ գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւնը կրնար համախմբել Լիբանանի ապագայով մտահոգ երիտասարդութիւնը. ի վերջոյ բանակը գրեթէ այն եզակի կառոյցն է, որ վերհամայնքային էութիւն, բնոյթ եւ իրողութիւն պարտադրած է  եւ որուն սասանելիութիւնը կրնայ ճակատագրական հարուած հասցնել արդէն իսկ պետական հաստատութիւններու դատարկութեամբ բնութագրուող այս երկրին:

Աղբահանման լայնածաւալ եւ ամէնէն ազդեցիկ գործողութիւնը անյետաձգելի քայլ է: Պահանջները արդար են. եւ եթէ մէկ կողմէ իրաւապահ մարմիններուն անհամաչափ ուժի կիրարկումը անընդունելի է, միւս կողմէ նաեւ դատապարտելի են ցուցարարներուն խռովարարական քայլերն ու գրգռութիւնները: Երեւոյթներ կան, որոնք յստակ կը համոզեն սադրիչ տարրերու գոյութիւնը այդ ցոյցերուն ընթացքին:

Կառավարութենէն կը սպասուի ամէն ճիգ ի գործ դնել կենսոլորտային աղէտէ փրկելու համար երկիրը: Բնապահպանական այս ճգնաժամի յաղթահարումը առիթ պէտք է ծառայէ նաեւ քաղաքական անլոյծ եւ առկախ մնացած հիմնախնդիրները լուծելու: Ինչպէս որ շարժումը քաղաքացիականէն անցաւ քաղաքականի ,այնպէս ալ լուծումները կենսոլորտայինէն պէտք է անպայման հասնին քաղաքական հիմնական օրախնդիրներուն: Որուն համար ալ արտալիբանանեան կեդրոններու շահարկումները թէ՛ ցոյցերուն եւ թէ՛ կառավարութեան որոշումներուն անհրաժեշտ է , որ բացառուին:

«Ա.»

Նախորդը

«Նոր Սահմանադրութեամբ Մեր Երկրի Խնդիրները Պիտի Լուծուին, Կամ Հիմքեր Պիտի Ստեղծուին Լուծուելու Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Յաջորդը

Մանչեսթըր Եունայթըտ` Անգլիոյ Ամէնէն Սուղ Ակումբը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?