Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Սահամանադրութիւնը` Իրաւական Գերակայ Փաստաթուղթ

Օգոստոս 27, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sahmanatroutioun_8-27-15

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան բարեփոխման նախագիծին մէջ ներառուած իրաւադրոյթներուն շուրջ, յայտնաբար տակաւին բանավէճ պիտի ծաւալի: Մինչ այժմ քաղաքական դաշտի մէջ երեւցած բանավէճը անուղղակի է մեծաւ մասամբ: Հազուագիւտ են քննարկման այն միջավայրերը, ուր յօդուած առ յօդուած, համեմատական տրամաբանութեամբ եւ առաջարկուած փոփոխութեան ունենալիք ազդեցութեանց եւ հետեւանքներուն մասին տեսակէտներ կը բարձրաձայնուին եւ խորքային վերլուծումներ կը կատարուին:

Ինքը` Սահմանադրութիւնը օրէնսդրական փաստաթուղթ է   եւ սահմանադրագիտական մօտեցումը պարտադիր է: Իրաւագիտական հարթութեան վրայ գուցէ նաեւ նեղ մասնագիտական առումով քննարկումներու հանրայնացումը նախ եւ առաջ ակնկալելի է, որդեգրելի գերակայ այս իրաւաթուղթին պետականաշինութեան գործընթացի կայացման մէջ ունենալիք դերակատարութիւնը ճիշդ ըմբռնելու համար:

Ահա այստեղ է, որ քաղաքականացուած մօտեցումը պէտք է նահանջէ: Մինչ այժմ կը բացակային իրաւագիտական քննարկումները , որոնք իրենց տեղը զիջած են բացառապէս քաղաքականին: Բնական է նաեւ, որ քաղաքական բաժինը զուգորդուի, շարժառիթային ազդեցութիւն ունենայ կամ տեսակէտներու արտայայտման ընթացքին ենթաթեքսթային նշանակութեամբ ինքզինք զգալի դարձնէ, այնուամենայնիւ բացառապէս Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը քաղաքականացնելը օգտակար չ՛ըլլար պետութեան հիմքերը հանդիսացող Սահմանադրութեան ընկալման հարցին մէջ:

Հիմնարար երեք սկզբունք կը ներառուի բարեփոխուած տարբերակին մէջ.

Ա. Այսօրուան գործող կիսանախագահական դրութիւնը կը վերածուի կառավարման խորհրդարանական համակարգի:

Բ. Ընտրակարգը բացարձակ անցում կը կատարէ հարիւր առ հարիւր համամասնականի:

Գ. Իշխանութիւն-ընդդիմութիւն իրար հակակշռման մեքենականութիւնը կը յստակացուի, այն առումով, որ ընդդիմութիւնը կ՛ունենայ իրողաիրաւական լծակներ` հակակշռելու իշխանութիւնը:

Այս երեք սկզբունքները տեսականօրէն երկրի յաւելեալ ժողովրդավարացման նպաստող կէտեր են: Ի տարբերութիւն առաջին Սահմանադրութեան, գործող Սահմանադրութիւնը արդէն իսկ սահմանափակած էր նախագահի լիազօրութիւնները` իրաւասութիւններէն որոշակի մաս բաշխելով վարչապետին եւ խորհրդարանին յատկապէս: Քննարկման սեղանին դրուած տարբերակը յառաջիկայ նախագահին կու տայ զուտ արարողակարգային լիազօրութիւններ` երկրի ղեկավարման հիմնական լիազօրութիւնը հաւաքականացնելով եւ զայն վերապահելով Ազգային ժողովին: Իր ընդհանուր գիծերուն մէջ, որոշումներու հիմնական պատասխանատուն կը դառնայ Ազգային ժողովը, իսկ գործադրութեան պատասխանատուն` կառավարութիւնը: Աւելի պարզ բանաձեւումով` որոշողը Ազգային ժողովն է` Ազգային ժողովի նախագահին գլխաւորութեամբ, գործադրողը կառավարութիւնը` վարչապետին ղեկավարութեամբ, եւ արարողապետը` երկրի նախագահը: Գործառոյթներու այս յստակ բաժանումն ու մանաւանդ որոշումներու հաւաքականացումը գլխիվայր կը շրջէ միանձնեայ ղեկավարի դրութենէն բխած ամէն տեսակի անպատեհութիւններն ու ժողովրդավարութեան անյարիր երեւոյթները:

Ընտրակարգի բացարձակ համամասնականացումը հիմնովին կը նպաստէ երկրի քաղաքական դաշտի բիւրեղացման: Փաստ է, որ խորհրդարանական քննարկումներուն չմասնակցողներուն, նիստերուն բացակայողներուն եւ պատուէր-կոճակ մեքենականութեան մէջ տեղաւորուողներուն կարեւորագոյն բաժինը Ազգային ժողով մուտք գործած է մեծամասնական ընտրակարգով: Հարստապետական կարգերու հաստատման ու կայացման իրաւական նկատառելի եղանակ է ընտրակարգի մեծամասնական չափաբաժինը, որ լիարժէք կ՛օգտագործուէր թէկուզ տեսքով անկուսակցական, այնուամենայնիւ իշխող այս կամ այն ուժին հետ սերտաճած սակաւապետութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ: Բնականաբար կարելի չէ ամուր կերպով հաստատել, որ նման կազմաւորումի եւ դիրքերու տէր մարդոց մուտքը լրիւ կ՛արգելափակուի համամասնական ընտրակարգի առաջադրուած ձեւով, այսուհանդերձ պարզ է, որ որոշակի սահմանափակման կ՛ենթարկուի:

Ընդդիմութիւնը պետականութեան մաս կազմող քաղաքական հատուած է: Ընդդիմութեան փոշիացումը, գործընթացներուն վրայ չազդելու այսօրուան պատկերը օգտակար չէ պետականութեան կայացման աշխատանքներուն: Հաշուետուութիւնը, հակակշռելի ըլլալը, ընդդիմութեան տեսակէտին հետ հաշուի նստիլը պետութիւն ղեկավարելու գործին մէջ անհրաժեշտութիւններ են, որոնք կրնան նպաստել կառավարական եւ խորհրդարանական աշխատանքներուն: Միանձնեայ եւ միակուսակցական գերակայութիւնները ոչ միայն յարիր չեն ժողովրդավար հասկացողութիւններուն, այլ նաեւ կը վնասեն յատկապէս համապետական եւ համազգային խնդիրներու լուծման աշխատանքներուն:

Գլխաւոր այս սկզբունքներէն զատ կան նաեւ ընդդիմութեան դերի ազդեցիկութեան նպաստող երկրորդ հանգրուանի դրութիւնը հաստատող իրաւական ամրագրումներ, վերպետական կազմակերպութիւններու անդամակցութեան կամ տարածքային հարցեր արծարծող համաձայնագիրներու կնքման պարագային հանրաքուէի դիմելու պարտադիր իրաւադրոյթներ: Այս միտումները եւս խորքին մէջ արգելակումներ են միանձնեայ եւ միակուսակցական հէնքի վրայ տրուելիք որոշումներու:

Սահմանադրութիւնը պետականակայացման գործընթացին նպաստող ամէնէն հիմնարար իրաւաթուղթն է: Զայն քաղաքականացնելը կամ օրուան իշխանութիւններուն կողմէ նախաձեռնուած ըլլալուն համար անպայման ինքնավերարտադրանքի սահմաններուն մէջ քննարկելը մեղմ ըսելաձեւով չեն բխիր պետութեան շահերէն:

Սահմանադրութեան բարեփոխումները իրաւագիտական քննարկումներու բովէն անցընելը իրաւաչափ հրամայական է: Տեսակէտները, առարկութիւնները, հակադրուիլները օգտակար կ՛ըլլան, եթէ բխին մեր երկրի վաղուան պատկերացումէն եւ ոչ անպայման այսօրուան իշխանութիւններէն եկած ամէն նախաձեռնութեան հակադրուելու քարացած մօտեցումներէն:

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Նախագահ Սերժ Սարգսեանին Հետ

Յաջորդը

Պարսելոնա Կը Բողոքէ Սուարեզի, Ռաքիթիչի Եւ Վերմայելենի Ստացած Դեղին Քարտերուն Գծով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?