Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Պատգամը Հայ Ժողովուրդին. Ողջո՜յն Հայ Ժողովուրդին` Սիսի Դարաւոր Կաթողիկոսարանէն

Օգոստոս 26, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1-sis_8-26-15

Սոյն հայրապետական պատգամը կարդացուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարան ուղղուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան կողմէ:

Խոր յուզումով բայց վերանորոգ հաւատքով, յոյսով ու տեսիլքով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները` Սիսի մեր դարաւոր կաթողիկոսարանէն:

Պատմութեամբ շնչող սրբավայր է այս Կաթողիկոսարանը` Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի լերան լանջին: Արդարեւ, Սուրբ Էջմիածնի մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետով հաստատուած կաթողիկոսարանը, քաղաքական ու ապահովական պայմաններու բերումով, պատմութեան ընթացքին յաջորդաբար փոխադրուելէ յետոյ Դուին, Աղթամար, Արգինա, Անի, Թաւբլուր, Ծամնդաւ, Ծովք եւ Հռոմկլա, 1293-ին հաստատուեցաւ Սիս:

Անցնող դարերուն Սիսի կաթողիկոսարանը իր Սուրբ Սոֆիա Մայր տաճարով, հարուստ մատենադարանով, ձեռագիրներու ու սրբազան սպասներու եզակի հաւաքածոյով դարձաւ հոգեւոր, ազգային ու մշակութային ճառագայթող կեդրոն: Մեր հայրապետներն ու հոգեւորականները, հաւատարիմ Լուսաւորիչներու ու Շնորհալիներու սրբազան աւանդին, իրենց հաւատքի վկայութեամբ ու հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ ամուր պահեցին մեր եկեղեցին եւ անխախտ` մեր սրբութիւնները, արժէքներն ու աւանդութիւնները, հակառակ զիրենք շրջապատող բազմաթիւ ու բազմատեսակ վտանգներուն:

Մեր մէկուկէս միլիոն զաւակներուն կողքին, 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձաւ նաեւ հայ եկեղեցին` իր հոգեւորականներով, հոգեմտաւոր ժառանգութեամբ, բազմաթիւ եկեղեցիներով, վանքերով, կալուածներով ու նաե՛ւ Սիսի կաթողիկոսարանով:

Ինչպէ՞ս չյիշել սա պահուն, երբ աւերակի վերածուած կաթողիկոսարանէն հայրապետական օրհնութեան Մեր խօսքը կ’ուղղենք հայ ժողովուրդին, արտասուալից աչքերով ու դողդոջուն ձեռքերով երջանկայիշատակ Սահակ Խապայեան կաթողիկոսին գրած նամակները Օսմանեան կայսրութեան պատասխանատուներուն` մեր ժողովուրդին դէմ տեղի ունեցող ցեղասպանութիւնը կասեցնելու պահանջքով:

Ինչպէ՞ս չյիշել Օսմանեան կայսրութեան հրահանգը` հեռանալու հայ եկեղեցւոյ խունկով ու աղօթքով օծուն այս պատմական կաթողիկոսարանէն, եւ այնքա՜ն դժուար պայմաններուն մէջ խումբ մը նուիրեալ միաբաններու կողմէ Լուսաւորչի Աջին, սրբալոյս միւռոնի կաթսային, Բարձրբերդի Աւետարանին եւ այլ ձեռագիրներուն եւ եկեղեցական սպասներուն փոխադրութիւնը նախ Հալէպ ու ապա Անթիլիաս:

Աքսորի ու անորոշութեան ճամբան ելլելէ առաջ, Կիլիկիոյ արի հայրապետը Կիլիկեան հողին վրայ գրի առած վերջին սրբատառ կոնդակին ճամբով իր աղօթքը կը բարձացնէր առ Աստուած` ըսելով. «Կ’աղաչեմ զԱստուած հարցն մերոց… որպէսզի Տաւրոսը Մասիսին կապող եւ հայ արիւնով գեղազարդուած ծիածանը ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայութեան համար ըլլայ Աւետեաց երկիրը, ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆ (գլխագրումը` Սահակ Կաթողիկոսին կողմէ) առաջնորդող հրեղէն սիւնը» (Պատմութիւն Կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ, Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոս, 1939, Անթիլիաս, էջ 972): Հայոց տեսլապաշտ հայրապետին հոգիէն ժայթքած մարգարէատեսիլ բառեր…:

Ուրախ լեր քու երանական հանգիստիդ մէջ, սրբազնասուրբ հայրապետ. դարձեալ ազա՛տ է ու անկա՛խ մեր սիրելի հայրենիքը. հզօ՛ր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր առաքելութեամբ ու ծառայութեամբ. եւ աւելի քան երբեք միակա՛մ է ու յանձնառո՛ւ մեր ժողովուրդը իր բռնաբարուած իրաւունքներուն նկատմամբ:

Եթէ կորսնցուցինք հողեղէն Կիլիկիան, շինեցինք սակայն հոգեղէն Կիլիկիան: Եւ սա պահուն, հոգեղէն Կիլիկիայէն միաբանութեան ներկայացուցիչները եկած են խոնարհելու` մեր սրբացեալ նահատակներուն եւ Սիսի կաթողիկոսարանին մէջ հայրապետական գահ բարձրացած եւ մեր ժողովուրդը առաջնորդած հայրապետներուն խնկելի յիշատակին առջեւ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան ներկայացուցիչները եկած են Մեր թելադրութեամբ ու օրհնութեամբ, հայու քրտինքով ու արիւնով թրծուած կիլիկեան հողին ու յատկապէս Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի միւռոնաբոյր հողին վրայ կանգնած` մեր դարաւոր կաթողիկոսարանին վերադարձը պահանջելու եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը վերահաստատելու` հաւատարիմ նահատակներու սրբազան կտակին:

Թող հնչեն ու արձագանգեն հայ կեանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան օրհներգին ապագայատեսիլ բառերը`

«Երբոր բացուին դռներն յուսոյ
Եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ,
Չքնաղ երկիրն մեր Արմենիոյ
Երբ փայլէ իւր քաղցրիկ օրեր,
Երբոր ծիծառն իր բոյն դառնայ,
Երբոր ծառերն հագնին տերեւ,
Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա,
Աշխարհ որ ինձ ետուր արեւ…»:

Յիշել, յիշեցնել ու պահանջե՛լ…: Ահա՛ իւրաքանչիւր հայուն եւ ո՛ղջ հայութեան կեանքի ճշմարիտ ուղին:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

22 օգոստոս 2015

Սիսի Կաթողիկոսարան
Կիլիկիա

 

696466509-848x1024

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Պատանեկան Ճամբարները Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?