Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Զարթի՛ր, Ո՛վ Սփիւռք

Օգոստոս 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՎԷԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ

Երէկ Պէյրութէն Փարիզ փոխադրուեցայ: Ուսանեցայ, աշխատեցայ, գործ հիմնեցի, ամուսնացայ, ընտանիք կազմեցի: Երբ երրորդ զաւակս` Գայեանէն ծնաւ, տուն տեղ ծախեցինք, փոխադրուեցանք Լը Ռենսի, փոխանակ գործիս` դպրոցին մօտ ըլլալու: Բնական բան չէ՞ր, որ իմ փոխարէն` իրե՛նք, երեք բալիկներս չտանջուէին Փարիզի առօրեայ երթեւեկի ահռելի տաղտուկէն: Երբ զաւակներս տասներեք տարեկանին դպրոցը աւարտեցին` մտնելու ֆրանսական դպրոց, Փաթրիսիան խնդրեց պարոն Ադամեանէն, որ շարունակէր հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդումը անձնական դասերով, մինչեւ որ պաքալորէան առնեն: Մեր փափաքը չափազանցութի՞ւն է արդեօք, որ մեր զաւակները, մանկապատանեկան գիրքերէ անդին, տարիներու ընթացքին, վարժուին եւ սիրեն կարդալ Րաֆֆին, Անդրանիկ Ծառուկեանը, կարդան ժամանակակից Պըլըտեանի գործերէն:

Կարեւոր չէ՞ր, որ քաջ Վարդանէն անդին` զաւակներս ճանչնային, հերոսացնէին, իտէալացնէին Մոնթէն:

Դպրոցասէր վարժարան, Լը Ռենսի, Ֆրանսա
Դպրոցասէր վարժարան, Լը Ռենսի, Ֆրանսա

Ձեզմէ ոեւէ մէկը պիտի ընդունէ՞ր, որ իր զաւկին ժառանգելի տան պարտէզէն մէկ քառակուսի մեթրն իսկ զեղչուէր: Ես ինչպէ՞ս ընդունիմ, որ իմ ժառանգ ստացած լեզուս, գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, վարքն ու բարքը, խոհանոցը, ամբողջ մշակոյթ մը կորսուի:

Պէյրութ տարբեր էր: Մեր տան դիմաց կանգնած էր Սուրբ Նշան եկեղեցին: Կիրակի օրերը մեր խոհանոցի պատշգամէն կը հետեւէինք հարսանիքներու «ով եկաւ, ով չեկաւ»-ին: Շաբթուան օրերը, ամէն առաւօտ ժամը ութը տասը անցած, եկեղեցիի կից` Սուրբ Նշան դպրոցի աշակերտները, բակին մէջ զինուորական կարգապահութեամբ շարուած, իրենց դպրոցական օրը կը սկսէին երգելով «Առաւօտ լուսոյ»` օրհնութեամբ լեցնելով մեր ամբողջ շէնքը: Շէնքը` Տէրմէնճեան շէնքը, ինքնին գիւղ մըն էր: Քսաներկու յարկաբաժիններէն միայն մէկուն մէջ, չեմ գիտեր` ինչպէս պատահած էր, ոչ հայ ընտանիք մը կը բնակէր: Կար տունէ տուն պնակներու պարը: Ըստ սովորութեան, երբ յարգի ճաշ մը կամ անուշեղէն մը պատրաստուէր` մանթի, փախլաւա, պէտք էր պնակ մը անպայման ղրկել դրացիներէն մէկուն: Մէյ մը տիկին Սիրվարդին, մէյ մը տիկին Մարիին, մէյ մը երէցկին տիկին Յասմիկին, մէյ մը գեղեցիկ Տիանային: Պէտք էր հետեւիլ եկած պնակներուն, թէ որ մէկը որո՛ւ էր: Պնակներն ալ պարապ չէին վերադարձուեր եւ այսպիսով պնակներու պարը կը դառնար անվերջ: Որո՛ւ պզտիկը ակռայ կը հանէր, որո՛ւ աղջկան ձեռքը կը խնդրուէր, որո՛ւ փորը կը ցաւէր` սաղ շէնքը տեղեակ կ՛ըլլար: Անկէ անդին` չկար: Ընտանեկան հարցեր չկային, կամ ալ մենք տեղեակ չէինք: Ամէն պարագայի, Պէյրութի մէջ այդ ժամանակ ամուսնալուծում գրեթէ գոյութիւն չունէր:

Դպրոցը, Հայ աւետարանական քոլեճը, տունէն տասը վայրկեան անդին էր քալելով: Վեց հարիւր աշակերտ ունեցող դպրոցին մէջ նորէն մէկ հատ ոչ հայ աշակերտ կար, մեր դասարանի խեղճ Նեպիլը:

Մսագործը Վրէժն էր, փռապանը այնթապցի Եղիան: Հագուստ-կապուստ կը գնէինք մեծ շուկայի «Սո՛ւ Էլ Էրմէն» (Հայկական շուկայ) բաժնէն: Միայն սերվիսին մէջ պէտք կրնար ըլլար արաբերէն խօսիլ:

Պէյրութ խօսողը կը խօսէր հայերէն, կարդացողը կը կարդար հայերէն, գրողը կը գրէր հայերէն:

Հոս կարդալ գրելը մոռցիր. եթէ մէկու մը զաւակը հայերէն խօսի, հերոս կը նկատուի:

Միհրան Շնորհօքեան, Օսմանեան բանակին մէջ զինուոր, 1914թ.
Միհրան Շնորհօքեան, Օսմանեան բանակին մէջ զինուոր, 1914թ.

Պէյրութ կային նաեւ մեծ հայրերս, մեծ մայրերս: Միհրան աղան` մեծատուն Շնորհօքեան տոհմէն սերած, ջարդէն ազատած` տեղափոխուած էր Պէյրութ: Երկար տարիներ իրենց եօթը զաւակներուն հետ բնակած էին մէկ սենեակի մէջ: Այդ ժամանակուան պայմաններուն մէջ, երբ օրեր շարունակ տուներնին հաց չէր մտներ,  մեծ հայրս նախապատուութիւն տուած էր զաւակներուն ուսման եւ կրթութեան:

Միւս մեծ հայրս` Սեդրակ Պէզիրկանեան, ջարդի օրերուն մազապուրծ ազատած եղած էր մահէ:

Շրջանաւարտ եղած էր «Այնթապ քոլեճ»-էն, Լիբանան հասնելուն` Ղազիրի որբանոցի գորգի գործատան տնօրէնութիւնը ստանձնած էր: Որբանոցի փակումէն ետք եղած էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցի` Միջին Արեւելքի առաջնակարգ հիւանդանոցին ընդհանուր հաշուապահը: Ղազիր աշխատած տարիներուն իր ձեռքով շինած էր իրենց Էշրեֆիէի տունը, ուր բնակեցան մինչեւ իրենց դէպի Սան Ֆրանսիսքօ գաղթը, 1979-ին:

Կը մտածեմ մեծ հօրս, ինչպէս մեծ մայրս կը կոչէր` պարոն Սեդրակին մասին: Ծնած էր առջի դարու վերջաւորութեան. ճանչցած էր օսմանեան խաւարը եւ համացանցի արագ դարը: Կը պատմէր, թէ դպրոցական շրջանին տան լոյսին իւղը խնայելու համար դասերը կը սորվէր փողոցի լապտերի լոյսով: Գիրք չըլլալուն` ուսուցիչին գիրքերը ընդօրինակած էր: Միշտ եղած էր դասարանին առաջինը: Երեք երկիրներու մէջ ապրած, չորս մշակոյթներու տիրապետած, անգլերէնէ թարգմանած էր տասնեակ մը գիրքեր: Եղած էր սկզբունքի տէր, խօսքի տէր, աշխատասէր, պարտաճանաչ: Ամերիկեան հիւանդանոց աշխատած երեսունհինգ տարիներու ընթացքին ոչ մէկ օր բացակայած էր գործէն, ոչ մէկ օր ուշ հասած: Այդ օրերուն, երբ, ինչպէս մայրս կը պատմէ, գիշերը պէտք էր մոմ վառել` նայելու ժամին եւ գիտնալու, թէ արդեօք արթննալու ժամը հասա՞ծ էր… Կը մտածեմ, թէ որքա՜ն հաւատարմութեամբ իմ ստացած չափանիշներս փոխանցած եմ զաւակներուս:

Մեծ մայրս` Մարիձա մամին, եօթը տարեկանին Ատըեամանէն Տէր Զօրի ճամբան բռնած էր: Գաղթի ընթացքին իր աչքին առջեւ սպաննած էին մայրը, առեւանգած` փոքր եղբայրը: Իր մեծ քրոջ եւ միջնեկ եղբօր հետ մէկ շարքի շարած էին զիրենք, որպէսզի խնայողութեան համար մէկ փամփուշտով սպաննէին երեքը: Սակայն վերջին վայրկեանին ժանտարման բաւարար անմարդկայնութիւն չէր ունեցած սեղմելու զէնքին ձգանը:

Մանկութեանս սնանած ըլլալով մեծ հայրերուս ջարդի պատմութիւններով, մեծ հայրերս, որոնք դէմ յանդիման գտնուած էին մահուան, եւ որոնք մինչեւ իրենց վերջին օրերը լեցուն աչքերով կը պատմէին իրենց հարազատներուն կորուստը, Հայ դատը կը նկատեմ սրբազան դատ: Կը յուզուիմ, կ՛ընդվզիմ, կը պայքարիմ: Այսուհանդերձ, կը խորհիմ, որ ներկայ կացութեան մէջ ազգը ունի ուրիշ հրամայականներ, որոնք անտեսուած են. ուրիշ` աւելի անմիջական եւ աւելի անհրաժեշտ պայքարներ, ինչպէս` սփիւռքի գոյատեւումը, արտագաղթի կասեցումը, հայրենիքի քաղաքա-տնտեսական կացութեան բարելաւման արագացումը:

Մեծ հօրս բուսաբանութեան գիրքը
Մեծ հօրս բուսաբանութեան գիրքը

Անդրադառնալու համար կացութեան` պէտք է ուշադրութեամբ դիտենք անցեալը եւ առարկայականօրէն` ներկան: Տասներորդ դարուն Խրիմի մէջ հայութիւնը տեղւոյն բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմէր: Տասնեօթներորդ դարուն Լեհաստանի մէջ ունէինք երեք հարիւր հազար հաշուող գաղութ: Այդ հայերէն մնացած են միայն իրենց կերտած եկեղեցիները: Յստակ է, որ քրիստոնէական մշակոյթի երկիրներու մէջ մեր շունչը կարճ է: Կ՛ըսուի, թէ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին մէկուկէս միլիոն հայեր արտագաղթած են Հայաստանէն.  եթէ մենք մեր ձեռքը եղած հողին վրայ չենք կրնար մեր ժողովուրդը պահել, ի՞նչ տրամաբանութեամբ եւ որքա՞ն կորովով կրնանք մեր հողերուն պահանջատէր կանգնիլ… Ունինք ոսկեայ ձեռքերով, տաղանդաւոր, ստեղծագործող, զարգացած ժողովուրդ. հայրենիք մը, որ կը վայելէ սփիւռքին նեցուկը: Այսուհանդերձ, մեր աշխատավարձերը աւելի ցած են, քան` Չինաստանի մէջ: Թուրքիոյ միջին եկամուտը մերինին եռապատիկն է: Կը խնդրեմ, որ չարդարանաք` ըսելով, թէ ծով չունինք, թէ` շրջափակուած ենք: Զուիցերիան ալ ծով չունի, Իսրայէլն ալ շրջափակուած է:

Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք այս բոլորին, սակայն որո՞ւ աշխատանքի օրակարգին վրայ են այս նիւթերը, ո՞վ կ՛որոշէ նիւթերու, գործերու առաջնահերթութեան կարգը, եւ որո՞նք են ժամկէտները:

Այսօր ունինք ազգ` բաղկացած հայրենիքէն եւ սփիւռքէն: Սփիւռքը կը ներկայացնէ ազգին 75-80 տոկոսը` թիւով. իսկ եթէ նկատի առնենք տնտեսական ուժը, ան կը ներկայացնէ ազգի հարստութեան 98 տոկոսը: Հաշուելու ձեւը պարզ է. կը բաւէ բազմապատկել իւրաքանչիւր գաղութի թիւը իր երկրի միջին եկամուտով:

Հայրենիքը ունի պետական կառոյց եւ հիմնադրամ: Սփիւռքը ունի ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ միւսը: Տրամաբանակա՞ն է, որ այսքան ուժ մնայ անկազմակերպ:

Հայրենիքը արեան գնով պահեց հողը եւ աւելին նուաճեց: Արեա՛ն գնով: Արցախի պատերազմին հայրենիքէն եւ Արցախէն զոհուեցան հազարաւոր հերոսներ. սփիւռքը տուաւ քսանմէկ զոհ: Այսօր իրաւունք չունինք մեր տեղը նստած` քննադատելու հայրենիքը: Մեզմէ քանինե՞ր իրենց զաւակները ղրկեցին Շուշիի ազատագրման մասնակցելու, մեզմէ քանի՞ «խենթեր» գացին հաստատուելու հայրենիք:

Սփիւռքն ալ իր կարգին մեծ աշխատանք տարաւ եւ յուզիչ յաջողութիւն արձանագրեց հարիւրամեակին առթիւ: Իսկապէս: Սակայն ասոնցմով` հայրենիքի հողի պահպանումով եւ հարիւրամեակի յաջողութեամբ բաւարարուիլը ինքնախաբէութիւն պիտի ըլլար:

Այսօր Գերմանիա ծնած հազարաւոր թուրքեր իրենց հայրենիքը կը վերադառնան, իրենց մայրենին կը սորվին, գործ կը հիմնեն, էսպէս ասած` բիզնես կ՛անեն: Մենք ալ արտագաղթի ճամբան բռնած ենք: Հայրենի՛ք, «Յո՞ երթաս» (1):

Լվովի հայկական մայր եկեղեցին` կառուցուած ԺԴ. -ԺԷ. դարերու ընթացքին
Լվովի հայկական մայր եկեղեցին` կառուցուած ԺԴ.-ԺԷ. դարերու ընթացքին

Յուլիս 11-ին Պիլ Քլինթըն մասնակցեցաւ Սրեպրենիցայի պոսնիացի 8000 զոհերու այսպէս կոչուած «ցեղասպանութեան» նշումին: Թող կոչուի այդպէս, ոչինչ, բայց արդեօք ո՞ւր էր Պիլ Քլինթըն ապրիլ 24-ին: Արդեօք յարմար անձ մը նշանակուա՞ծ էր հեռաձայնելու իրեն եւ ուրիշներու: Որո՞նք են մեր միջոցները: Ո՞վ կ՛որոշէ գործերու առաջնահերթութիւնը:

Ինչո՞ւ «Սի.Էն.Էն.»-ը չանդրադարձաւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, ինչպէս ըրին ֆրանսական հեռատեսիլի կայանները: «Սի.Էն.Է՞ն.»-ն ալ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմէն կախեալ է:

Չենք կրնար մեղադրել յամառօրէն աշխատող մեր ամերիկահայ արժէքաւոր անհատները, իրենց` Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին տասնամեակներէ ի վեր ցուցաբերած աննկարագրութեան համար: Արդարեւ, վերջին չորս նախագահներէն ոչ մէկը յարգեց իր ընտրապայքարի ընթացքին` Ցեղասպանութեան առնչութեամբ կատարած խոստումները: Պէտք է անդրադառնանք սակայն, որ իւրաքանչիւր գործի համար պէտք է տրամադրենք միջոցներ, երբեմն դիմենք մասնագէտներու: Պէտք է նաեւ դուրս գանք մեր գաղութներու` «գիւղ»-ի մտայնութիւնէն: Այսօր աշխարհը մէկ է: Այլեւս սահմաններ չկան: Պէտք է ունենանք մեր` համասփիւռքեան հասարակաց տուեալները, անուանացանկերը, Ամերիկա, Ֆրանսա եւ այլուր գործածենք նոյն տեսերիզները, նոյն գովազդները, օրական գաղափար փոխանակենք, գործակցինք: Այսօր ժողովներ տեղի կ՛ունենան ցամաքամասէ ցամաքամաս, երբեմն ալ նոյն քաղաքին մէջ` «Սքայփ»-ով:

Դիմագրաւելու համար ազգին առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները` անհրաժեշտ է, որ սփիւռքը կառուցաւորուի, օժտուի կառոյցով մը, որ ըլլայ համաշխարհային (global), համակարգուած, կազմակերպուած` իւրաքանչիւր մարզի պատշաճ մասնագէտներով, եւ ի վերջոյ` ֆինանսաւորուած:

Օդանաւային թռիչքներու սկիզբը յայտարարութեամբ կը նշեն ճամբորդներուն, որ արկածի պարագային, ուրիշներու հոգածութիւն ընելէ առաջ, ճամբորդները ապահովեն նախ իրենց թթուածինը: Անհրաժեշտ է, որ սփիւռքը նախ ինքզինքին հոգ տանի, կամ առնուազն չմոռնայ ինքզինքին հոգ տանիլ: Մտահոգուի իր զաւակներով, դպրոցներով, պատրաստէ կրթական ծրագիր, զբաղի սփիւռքի տնտեսական հարցերով, համակարգէ արհեստակցական տարբեր միութիւնները` բժիշկներու, փաստաբաններու, ոսկերիչներու, անոնց ամպիոն տրամադրէ, նախաձեռնէ ուրիշ մարզերու միութիւններու հիմնադրութեան գործին, զբաղի արտաքին քաղաքական հարցերով…

1938 թուականին, երբ Քեսապը Մուսա Լերան հետ միատեղ տրուեցաւ Թուրքիոյ, Արշակ Չօպանեան Փարիզի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան պալատին մէջ, կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան Վատիկանի մէջ, եւ Հռոմի Պապի Սուրիոյ ներկայացուցիչ Ռեմի Լեբրերդ Սուրիոյ մէջ պայքար մղեցին` մինչեւ յաջորդ տարի Քեսապի Սուրիոյ վերադարձուիլը: Այսօր որո՞ւ օրակարգին վրայ է Քեսապի հարցը: Պիտի կարենա՞նք արդեօք պահել Կիլիկիայէն մնացած այս փոքր մասնիկը, այս սրբազան մասունքը: Պիտի կարենա՞նք արդեօք կանգուն պահել Քեսապի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, կառուցուած` 909 թուականին: Պիտի ունենա՞նք իմաստութիւնը կազմելու  մարմին մը, ուժ մը, որ հարկ եղած պարագային բանակցի տարբեր կողմերու հետ, բանակցի Սուրիայէն դուրս` Մոսկուայի, Փարիզի, Պրիւքսէլի, Ուաշինկթընի մէջ, միջազգային ուժերու հետ, Քեսապը ազատ գօտի յայտարարելու, որպէս մերը պահելու համար:

Որո՞ւ օրակարգին վրայ է Մխիթար Աբբահօր մեզի ժառանգ ձգած Սուրբ Ղազարի ապագան:

Արեւմուտքը վստահաբար իր ամբողջ ուժով  պիտի ընդդիմանայ ռուսամէտ նկատուող Հայաստանի Հանրապետութեան թիզ մը հող տալուն:

Ո՞վ, ո՞ր մարմինը պիտի ըլլայ պահանջատէրը Թուրքիոյ դիմաց:

Ո՞վ կը վարէ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը:

Ա՛զգ, «Յո՞ երթաս»:

Մազերս ճերմկցան, այսուհանդերձ, տակաւին սխալներ կ՛ընեմ, տակաւին չեմ հասած իմաստութեան փափաքած չափանիշիս: Չսխալելու համար յաճախ կը ջանամ կիրարկել ուրիշներու յաջող իրագործումները: Մեր առջեւ կայ սիոնական շարժման օրինակը: Ժամանակի մը մէջ, երբ համացանց, հեռաձայն, օդանաւ, նոյնիսկ ելեկտրականութիւն գոյութիւն չունէր, մարդիկ հաւաքուեցան, առանց դիւանակալական  հարցերու մէջ խորասուզուելու, ծրագիր մշակեցին, յաջողցուցին: Դառն պայմաններու մէջ ազգ կազմեցին եւ պետութիւն հիմնեցին:

Ժամանակի ընթացքին յատուկ անհատներ պատմութեան ուղղութիւնը փոխած են, երբեմն դէպի գէշ, երբեմն` դէպի լաւ: Եթէ Սթիվ Ճոպզ ծնած չըլլար, «Էփըլ» համակարգիչները, Այ-ֆոնը գոյութիւն պիտի չունենային. բջջային հեռաձայնները վստահաբար պիտի չըլլային այնպէս, ինչպէս որ են այսօր:

Եթէ Թէոտոր Հերցել  ծնած չըլլար, սիոնական շարժումը եւ հաւանաբար Իսրայէլի պետութիւնը գոյութիւն պիտի չունենային: Պէտք չունինք նոր անիւ մը հնարելու: Օրինակը մեր առջեւն է: Պէտք ունինք միայն մարդոց, որոնք հաւաքուին եւ աշխատին: Մարդիկ, որոնք ըլլան հեղինակութեան տէր, ճանչցուած` իրենց ուղղամտութեամբ, խոնարհութեամբ, անձնուիրութեամբ, իմաստութեամբ… ունենան հաւատք, խանդ, ըլլան ջուրը լակողներ(2):

Ո՞ւր է ձեր հաւատքը: Ինչո՞ւ մեր Արարատը, Սիոն լեռնէն ցած կը տեսնէք: Անոնք ալ քիչ առաջ խեղճ չէի՞ն: Ամբողջ տասնութ դարեր իրենք ալ «փողոցը»` իրենց սփիւռքին մէջ չմնացի՞ն: Անցեալ դարուն աշխատեցան, յառաջ գացին: Ինչո՞ւ չէ` մենք: Մենք իրենցմէ ինչո՞վ պակաս ենք:

Զարթի՛ր ու ցնծա՛, ով Արարատի աղջիկ(3): Մի՛ վախնար, ո՜վ Արարատ, թող ձեռքերդ չթուլնա՛ն, թող որդիներդ հաւաքուին ու զօրանան:

Երէկ Պէյրութէն Փարիզ փոխադրուեցայ: Ամուսնացայ, ընտանիք կազմեցի: Երեք զաւակներս ալ հայ են: Հոգուով, սրտով, մշակոյթով: Կը խօսին, կը գրեն, կը կարդան հայերէն: Կը կարդան վէպ, օրաթերթ:

Երէկ էր, քառասուն տարի առաջ: Վաղը արդեօք թոռներս ալ հայ պիտի ըլլա՞ն: Իմ եւ իմ եղբայրներուս թոռներուն մէջ վստահաբար պիտի ըլլան Ազնաւուրներ, Գրիգորեաններ, Եղոյեաններ: Անոնք ալ պիտի ստեղծագործեն, կերտեն, նուաճեն: Արդեօք անոնք պիտի ըլլա՞ն հայ, պիտի նպաստե՞ն մեր մշակոյթին, մե՛ր հայրենիքին, կամ թէ արդեօք պիտի ըսե՞ն` «Մեծ հայրս հայ էր»:

Սփի՛ւռք, «Յո՞ երթաս»:

Կան մարդիկ, որոնք գեղեցիկ գրիչ ունին, կը գրեն գրականութեան սիրոյն: Ուրիշներ կը գրեն երեւելու համար: Չեմ գիտեր, թէ օր մը առաջինին համար անհրաժեշտ տաղանդը պիտի ունենա՞մ, բայց վստահաբար միւսին ո՛չ ցանկութիւնը, ո՛չ ալ ժամանակը ունիմ:

Կը գրեմ պարզապէս նպատակաւ:

Գրութիւնս կոչ մըն է:

Ընթերցողներ յօդուածներուս առթիւ գրեցին, շնորհաւորեցին: Կրնաք տակաւին գրե՛լ, շնորհաւորել: Կը պատասխանեմ:

Ուրիշներ գրեցին` ողբալու: Կը հասկնամ. հարիւր տոկոս: Գրեցէ՛ք: Կը պատասխանե՛մ: Կ՛ընդունիմ ըլլալ ձեր Լացի պատը:

Կը յուսամ այս անգամ մէկ կամ երկու անձեր պիտի զօրակցին, թելադրութիւններ ընեն: Կամ գոնէ անձ մը պիտի պատասխանէ` «Հոս եմ»: Անձ մը, ճանչցուած իր ուղղամտութեամբ, խոնարհութեամբ, անձնուիրութեամբ, իմաստութեամբ: Անձ մը, որ ունենայ հաւատք, խանդ, ըլլայ ջուրը լակող:

————–

(1) «Յո՞ երթաս» (Quo Vadis) Հենրիք Շայնքիւիչի 1895 թուականի վէպը, ուր լեհ գրողը կ՛արծարծէ ժամանակուան մասնատուած Լեհաստանի հարցերը:

(2) Գիրք Դատաւորաց 7:5

(3) Սոփոնիա 3:14-17

 

 

Նախորդը

Կեանքի Հինգ Կարեւոր Կանոններ Քոքօ Շանելէն

Յաջորդը

Սիսի Դատը Մեր Դատն Է

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?