Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետազօտութիւն` Ցեղասպանութեան Ժամանակ Հայերուն Օգնութեան Ձեռք Մեկնած Թուրքերուն Մասին

Օգոստոս 28, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

orphans_8-28-15

Ռաուլ Վալենպերկի միջազգային հիմնադրամը եւ Քլարքի համալսարանի  Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան Սթրասլեր կեդրոնի  Գալուստեան/Մուքկար ամպիոնը, փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամի  հետ նախաձեռնած են մեծ հետազօտութեան մը:

armeniangenocide100.org-ի փոխանցմամբ, այս ընդարձակ հետազօտութեան նպատակը այն թուրքերուն եւ քիւրտերուն մասին տեղեկութիւններ հաւաքելն է, որոնք օգնութեան ձեռք մեկնած են Հայոց  ցեղասպանութեան զոհերուն:

Ռաուլ Վալենպերկի միջազգային հիմնադրամին հիմնական առաքելութիւնն է բացայայտել փրկութեան եւ համերաշխութեան մասին չպատմուած պատմութիւնները: Իսլամ փրկիչներու հարցը, որոնք ամէն ջանք գործադրած են 20-րդ դարու  սկիզբը  հայերուն փրկելու համար, չուսումնասիրուած ասպարէզ է, որ դեռ պէտք է բացայայտուի, կը նշուի հիմնադրամի կայքին մէջ տեղադրուած զեկոյցի նախաբանին:

«Մեզի համար մեծ պատիւ է մեր ուժերը միաւորել աշխարհահռչակ  թուրք պատմաբան եւ ընկերաբան Թաներ Աքչամի հետ, որ ջանք չէ խնայած` փորձելով իրարու համապատասխանեցնել հայերու եւ թուրքերու պատմածները, ինչպէս նաեւ` Քլարքի համալսարանի  Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան Սթրասլեր կեդրոնի անոր ամպիոնին հետ:

Սա իւրատեսակ փորձ է գտնելու եւ  մեծարելու  այն  բազմաթիւ թուրքերն  ու քիւրտերը, որոնք օգնութեան ձեռք  մեկնած են  իրենց հայ հարեւաններուն, մարդկութեան ամենամութ ժամանակաշրջաններէն մէկուն մէջ:  Վալենպերկի հիմնադրամը նոյնը կ՛ընէ Ողջակիզումին հետ կապուած:

Չարիքի վրայ կեդրոնանալու փոխարէն` մեր ՀԿ-ն  կը ձգտի ընդգծել  այն կիներուն եւ տղամարդոց համերաշխութեան ոգին, որոնք յաճախ վտանգի  ենթարկած են իրենց սեփական կեանքը` միւսներուն փրկելու համար: Սա մեր պարտքն է այդ փրկիչներուն առջեւ եւ ամէնէն առաջ մեր պարտաւորութիւնը` երիտասարդ սերունդի առջեւ, որ պէտք է տեղեակ ըլլայ այս օրինակներուն մասին:

Այս առնչութեամբ իրականացուած հետազօտութիւնը մանրակրկիտ ձեւով եւ ջանասիրաբար իրականացուած է իսլամական  (թրքական եւ քրտական)  նահանգներուն մէջ, ուր տեղի ունեցած են ամենաշատ սպանութիւնները, եւ ուր պատմութիւններուն մեծ  մասը սերունդէ սերունդ փոխանցուած է բանաւոր կերպով:

Ինչպէս խոստացած էինք, ուսումնասիրութիւնը հիմա արդէն հրատարակուած եւ ներկայացուած է հանրութեան դատին, որպէսզի մասնագէտները  եւ հասարակ ընթերցողները կարենան ծանօթանալ ատոր եւ  իրենց կարծիքը յայտնել:

Բարութեան ճանաչումը  մեր առաքելութեան հիմնասիւներէն է,  եւ մենք վստահ ենք, որ այս մանրազնին  ուսումնասիրութիւնը մեզի թոյլ կու տայ նոր անուններ աւելցնել փրկիչներու ցանկին վրայ:

Նախորդը

Թորոսեանի Յուշերը Այսքան Քննարկուեցին, Որովհետեւ Բազմաթիւ Տարբեր Գնահատականների Արժանացան

Յաջորդը

Բրիտանական Թանգարանի «Հնագոյն Թուրքիա» Սրահը Վերանուանուել Է «Անատոլիա Եւ Ուրարտու»

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?