ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Երբ որ միաւորուած է հայ ազգը, նրան յաղթել չի լինի: Այն ժամանակ սէրը շատ էր, մարդիկ միմեանց նկատմամբ սիրով ու հանդուրժողութեամբ էին լցուած, այսօր հանդուրժողութիւն չեմ տեսնում: Յաղթեցինք Աստծով, քանի որ սէրը հէնց Աստուած է»:
ԱՐԿԱԴԻ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
(ԼՂՀ ինքնապաշտպանութեան ուժերի
առաջին հրամանատար)
«Ազդակ», 12-3 -2013
Քաղաքացիական հաւատքի կամ եկեղեցական բարեպաշտի դէմ ոտնձգութիւն չէ, որ կ՛ուզենք կատարել, այլ` ազգային համոզումներու, յորդ ապրումներու եւ անգնահատելի արժէքներու շեշտակի ընդգծումն է, որ ամէն պատեհ առիթի լոյսին կը բերենք, պարզապէս հաստատագրելու հաւատամքի ճշմարտութիւն մը, թէ հայրենիքը իր ջուրով, օդով, հողով եւ բովանդակ հասկացողութեամբ աւետարան մըն է ինքնին, գերազանց նուիրաբերումի եւ գիտակցական մակարդակներու արտայայտութեամբ:
Փաստօրէն, երբ հայոց ժամանակակից պատմութեան էջերուն իր լինելութեան թէ գոյամարտի հրաշագործութիւնները կ՛արձանագրէր արցախահայութիւնը` դէմ դնելով թուրք-ազերի հորդաններու, գիտակից էր ազգային մտածողութեան այս անփոխարինելի արժեհամակարգին:
Արցախը հայրենիք է: Անմասնատելի բաժինն է ան ամբողջական Հայաստանին, որուն ազատագրութեան երազանքը հայոց սրբութիւն սրբոցն է, հաւաքական մեր իտէալներուն ալֆան եւ օմէկան, ներկայի ու ապագայի քաղաքական, գաղափարախօսական թէ ազգագրական խոր համոզումներուն հիմքն է, բայց մանաւանդ գոյութենական մեր պայքարին ամէնէն առողջ, վսեմ, ապահով եւ ամրակուռ օրրանն է:
Հայոց ազգային ազատագրական պայքարի, մարտունակութեան եւ ազգային արժանապատուութեան պահպանպան կանթեղն է Արցախը, որով ամբողջ հայութիւնը միաւորուեցաւ, սէր եւ ոգի ճառագայթեց, եռանդ ու խանդավառութիւն բոցավառեց, իրերօգնութեան եւ իրարմով ապրելու սրբազան ուսմունքը ջամբեց, եւ եղաւ այն եզակի միջավայրը, ուր հայը գերադասեց ինքզինք եւ նետուեցաւ աւարայրեան նորովի դաշտեր, այս անգամ ծունկի բերելու թշնամին, հերոսաբար կռուելու, զարնելու եւ զարնուելու, եւ ապահովաբար գալիք սերունդներուն փոխանցելու, թէ արարատասէր հայութիւնը ճակատագրուած է ըլլալու խիզախ, քաջարի, յանդուգն եւ հայրենասէր, որովհետեւ պարտադրուած կռիւներ մղելու եւ անպայման յաղթելու համար ան պէտք էր վերընձիւղեր ազգային առանձնայատկութիւններու վերոնշեալ կերպերը:
Իսկ արցախեան մարտերու օրագրութիւնը իր վեհափառ ու անկրկնելի սխրանքներու մեծութեամբ եւ բացառիկ նշանակութեամբ պիտի մնան մերօրեայ կեանքի ամէնէն վաւերական նուաճումները, որոնցմով հայութիւնը ճանչցաւ ինքզինք, հաւատաց իր բազուկի ուժին, վաստկեց իր շրջապատի յարգանքն ու երախտագիտութիւնը, վերահասու եղաւ ազգի քաղաքակրթական մակարդակի բարձրացման եւ մուտք գործեց համաշխարհային կարգ ու սարքի տարբեր ոլորտներու շտեմարան` միշտ իւրայատուկ դիմագիծով եւ զարգանալու հաստատակամութեամբ:
Մարտի դաշտի հզօր յաղթանակներէ ետք, Արցախին կը մնար նետուիլ վերաշինութեան եւ բարգաւաճումի երկար, բայց հասանելի ճանապարհ եւ քաղաքական ու պետական կեանքի ձեւաւորումով հասնիլ միջազգային ճանաչումի հանգրուանին:
Այս առումով, արցախահայութիւնը կրկին անգամ փաստեց, որ տարիներու թաւալքին հետ, ամրագրելէ ետք իրողական անկախութիւնն ու ազատութիւնը, իրեն կը մնար այս անգամ նետուիլ վերականգնումի մարտադաշտեր, եւ յանուն ազգային նուաճումներու անշրջանցելի եւ էական գործօններու` վերակառուցել իր պետականութեան հիմերը եւ ստեղծել ժողովրդավարի եւ քաղաքակիրթի յատկութեամբ օժտեալ երկիր մը, հայրենիք ու հայատրոփ աշխարհ:
Այո՛, հայաշխարհ, ուր սրբազան նահատակներու ոգիները կը սաւառնին Մռաւ լերան գագաթին, անոնց սրբակենցաղ աճիւններ կը շարունակեն դաստիարակել եւ ոգեշնչել նորահաս սերունդները, իսկ անոնց սխրանքներուն վեհութիւնը դարձած է ուսմունք եւ հաւատամք, տեսակ մը ազգային աւետարան` արեամբ եւ զոհողութեամբ շաղախուած եւ հաւատարմութեամբ պարուրուած:
Յաղթանակի զինադադարէն ետք (1994), թուրք-ազերի յորդաններ տիւ եւ գիշեր կը նկրտին հոգելլկել եւ բարոյալքել հայոց ազատամարտիկ վեթերաններն ու բանակի հրաշք տղաները, մե՛րթ յարձակելով, մե՛րթ ներթափանցումներ սարքելով եւ այլ առիթներու ուղղակի սպառնալիք տեղացնելով: Սակայն, հայոց քաջարի բանակայիններու զգօն, խելացի ու կայծակնային հակահարուածներու ուժգնութեան դիմաց, կ՛անճրկի նոյն վեհերոտ թշնամին, որ ահ ու սարսափի մատնուած կը ստիպուի փախուստ տալ հայոց աշխարհի սահմաններէն:
Եւ զարմանալի, ինչու չէ հրաշալի մօտեցումով մը, Արցախի հայն ու պետականութիւնը, հակառակ առկայ սահմանային կրակահերթերու թէ ամէն տեսակի սպառնալիքներու, աւելիով կ՛ամրապնդէ իր հայրենիքին հիմերը` տնտեսական, ընկերային, մշակութային, կրթական, քաղաքական թէ ազգագրական բնագաւառներուն մէջ, միշտ յաղթելու եւ յառաջդիմելու խոր հասկացողութեամբ եւ հաւատամքի ընկալումով:
Բնականաբար, Արցախի վերաշինութեան եւ բարգաւաճումին մէջ անմասն չէ ամբողջ հայութիւնը երբ զանազան մարզերու զարգացման առընթեր, հայութիւնը իր որակական ներդրումը կը բերէ հայոց աշխարհի հզօրանքին համար:
Փաստօրէն, հայոց միաւորումին եւ յաղթանակի ապահովման սուրբ առաքելութեան քաջ գիտակից արցախահայութիւնը մերժեց տղայական եւ տեղայնական ամէն նկրտում եւ անկախութեան հռչակման առաջին իսկ օրէն լծուեցաւ սահմանադրական կարգերու հաստատումին, ժողովրդավարական սկզբունքներու առաւել խորացման, ընկերային թէ տնտեսական կեանքի բարելաւման եւ առհասարակ հայասէր միջավայրերու եւ անհատներու ուշադրութեան արժանանալուն:
Իրաւամբ, պատերազմի ճակատներու վրայ յաղթանակներ ապահովելու չափ եւ թերեւս աւելի կարեւոր է հայոց աշխարհի` Արցախ հայրենիքի պետականութեան ամրակայութիւնն ու պահպանումը, դէմ դնելու համար քաղաքական սադրանքներու եւ ազգամիջեան խօլ մրցակցութիւններու, որոնք տիւ եւ գիշեր կը սպառնան նորակերտ պետական կարգ ու սարքերու եւ ազատատենչ ազգերու:
Արցախի 24-ամեայ անկախութիւնը դեռ ունի երկար ճանապարհ հասնելու ազգային տենչերու իրագործման ու մարդկային իտէալներու հասանելիութեան: Այդուհանդերձ, արցախեան հզօր բանակի եւ աննման տղաներու, սպայակոյտի թէ հասարակական գործիչներու իսկ արթուն եւ նուիրաբերողի մօտեցումով, մեր հայրենիքը` Արցախը կը շարունակէ տոկալ եւ բարգաւաճիլ:
Այսօր, սփիւռքահայութեան առաւել ներգործօն, աւելի ուժեղ եւ ուղղակի մասնակցութեան հարցն է, որ պէտք է բարձրաձայնուի` այն առումով, որ հայրենազուրկ հայութեան փայլուն պատեհութիւններ պէտք է ստեղծուին` նախ բարոյահոգեբանական եւ ապա տնտեսական ու գիտական նուաճումներու փոխանցման տեսակէտէ:
Նման հայեցողութիւն կ՛ենթադրէ առաւել կառչածութեան եւ նուիրաբերումի առիթներ ընծայել, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի քաղաքացիական իրաւունքի, պատկանելիութեան եւ հողային սեփականութեան բնագաւառներուն:
Այլ խօսքով, սփիւռքահայութեան իրաւունքն է ունենալ սեփական թիզ մը հող, նուիրուած հայոց երկրի պետութեան կողմէ, ուր առկայ են իրաւական փոխադարձ հաշուետուութիւններ եւ գործընթացներ:
Արցախ աշխարհի վերաբնակեցման ռազմավարական բոլոր ծրագիրները կը մնան յոյժ գնահատելի եւ նպատակաուղղուած, սակայն ընդգծելի կը մնան առաւել ներշնչումի, ներգրաւումի եւ յիշատակելի պայմաններու ստեղծումը, յանուն այլասերումի ենթակայ սերունդներու շտապ փրկութեան:
Միւս կողմէ, ռազմահայրենասիրական ճամբարներու կազմակերպ ու նպատակասլաց աշխատանքի առընթեր, հարկ է առաւել զարկ տալ միութենական բանակումներու թէ այցելութիւններու, որոնցմով աշխարհասփիւռ հայութիւնը պիտի շարունակէ մօտէն ճանչնալ իր հայրենիքը, հերոսներու արծուեբոյն Արցախ աշխարհը:
Եթէ երբեք արցախահայութեան մերօրեայ ծաւալած ազգային ազատագրական պայքարը իր պետականաշինութեամբ հաստատուն կայմն է ազգի լինելութեան, ապա նման վեհափառ աշխատանքի ամէն բարեմասնութիւն կը կազմէ էջերը հայոց աւետարանին, որով պիտի հպարտանանք եւ զօրանանք անտարակոյս: