Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հնութիւն Չէ… Այլ Սրբութիւն

September 1, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

sis-1_9-01-15

«Հայու քրտինքով ու արիւնով թրծուած կիլիկեան հողին ու յատկապէս Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի միւռոնաբոյր հողին վրայ կանգնած` մեր դարաւոր կաթողիկոսարանին վերադարձը կը պահանջենք եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը կը վերահաստատենք` հաւատարիմ նահատակներու սրբազան կտակին»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս

Սիսի պատմական կաթողիկոսարանը լոկ հնութիւն մը չէ… այլ` սրբութիւն:

Աւերակի վերածուած, տարիներ շարունակ անտէր ու անտիրական, նաեւ խոպան այս կաթողիկոսական համալիրը աղիողորմ վիճակի մէջ է:

Համայնատեսարանը ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի՛ կառոյց մը եղած է Նոր վանքը: Տեղւոյն բնակչութիւնը այդպէս անուանած էր Սիսի պատմական կաթողիկոսարանը, որ նախապէս կիլիկեան թագաւորութեան օրերուն, 13-րդ դարաշրջանին կառուցուած էր իբրեւ թագաւորական պալատ` Հեթում Ա.-ի (1226-1269) կողմէ, օժտուելով իր սեփական Սուրբ Սոֆիա տաճարով:

Նոր վանքին, այսինքն կաթողիկոսարանին կառուցումը մտայղացումն էր Կիրակոս Ա. Աջապահեան կաթողիկոսին: Այս վիթխարի շինարարական աշխատանքներուն ազդանշանը տրուեցաւ 19-րդ դարաշրջանի սկիզբները, եւ տեղագրական աշխատանքները ցոյց կու տան, թէ նորակառոյց սրբատեղին հաստատուած է թագաւորական տարիներու Սուրբ Սոֆիա տաճարի աւերակներուն վրայ: Առ այդ, պարզ զուգադիպութիւն մը չէ, որ նորակառոյց տաճարն ալ կոչուեցաւ Սուրբ Սոֆիա:

Պեղելով այս համայնատեսարանը եւ յաւելեալ պրպտումներ կատարելով` տեղին է նշել այս կաթողիկոսարանի համալիրին մանրամասն նկարագրութիւնը` կատարուած Սահակ Բ. կաթողիկոսին (մանրամասնօրէն նշուած «Յուշամատեան» կայքէջին մէջ) կողմէ 20-րդ դարասկիզբին.

sis-2_9-01-15

Այսպէս, հիւսիսային դռնէն մտնելով, ձախին կը տեսնենք քարաշէն մարագ մը եւ ախոռ մը: Ասոնցմէ քիչ անդին կայ երկյարկանի տուներու փոքր թաղամաս մը, որ կը ծառայէ իբրեւ ուխտաւորներու հիւրանոց: Այս վայրին ղամըշլը (եղէգնուտ) անունը կու տան, նկատի ունենալով, որ սենեակները իրարմէ կը բաժնուին եղէգնեայ պատերով: Այս թաղին արեւմուտքը կը գտնուի վանքին խոհանոցը` իր մառանով եւ փուռով: Աւելի հարաւ երթալով` կը հասնինք դարպասին, որ երեք կամարներով փայտածածկ երկար սենեակ մըն է:

Շարունակելով պատմութիւն կերտած համալիրին ուղեւորական այցելութիւնը եւ դէպի հարաւ ուղղուելով կը նկատուի վեհարանը իր իւրայատուկ կառոյցով, որ օժտուած էր ճաշասենեակով, մառանով եւ կաթողիկոսին ննջասենեակով: Ամբողջութեամբ փայտեայ կառոյց մըն էր վեհարանը, ուրկէ ընդհանուր տեսարան մը կը բացուի քաղաքին վրայ:

Այսօր ժամանակը հնչած է վերստին տէր կանգնելու այս հսկայ սրբատեղիին, զայն ձեռք ձգելու համար` մաքառելու, մաքրելու եւ մաքրագործելու:

Թէ՛ հողին եւ թէ՛ անոր դատին վրայ շատ են փուշերն ու տասնեակ տարիներ լքուած եւ չխնամուած բոյսերը:

Թէ՛ հողագործին եւ մշակին բահով ու բրիչով եւ թէ՛ դատաւորին ու փաստաբանին արդարութեան մուրճով ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ եւ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ կայ իրագործուելիք:

Նախորդը

Տրապիզոնի Հայերու Բռնագաղթը. Լուսանկարի Մը Պատմութիւնը

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Բարերար Վահագն Յովնանեան

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.