Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Այն ինչ որ պատահեցաւ շաբաթ երեկոյեան Նահատակաց հրապարակին եւ ապա Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կարելի է անվարան կոչել ժողովրդային ցասումի արդար արտայայտութիւն:
Կարեւոր չէ ցուցարարներուն թիւը: Հարիւրաւոր կրնան ըլլալ անոնք կամ հազարաւոր: Հիմնականը դժգոհութեան բարձրաձայնումն էր: Աւելի ճիշդ` զզուանքի եւ նողկանքի բարկութիւնն էր, որ կը դրսեւորուէր զանազան շրջաններէ եկած, տարբեր համայնքներու պատկանող եւ ամէն տարիքի ցուցարարներուն մօտ, որոնց հասարակաց միացման խորագիրը մարդու եւ քաղաքացիի արժանապատիւ կեանքի ապահովումն է:
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ անպայման հաւատալու, որ քաղաքական ենթահող կամ կուսակցական ուղղուածութիւն չկային կարգ մը ցուցարարներու մօտ: Ճիշդ է, կուսակցական դրօշներ չէին ծածաներ, միակ դրօշը բոլոր դրօշներէն բարձր` լիբանանեան դրօշն էր եւ այդպէս պէտք է մնայ: Կրկնուող լոզունգները այս կամ այն կուսակցութեան գաղափարական կամ քաղաքական բառամթերքին կրնային նմանիլ, կը նմանէին ալ: Սակայն կարեւոր է նշել, որ դժգոհութեանց կատակումի սաստկացող մագլցումն էր ցոյցը, որուն ականատես եղանք բոլորս:
Դժգոհութիւնները բազում էին:
Պահանջները` բազմատեսակ:
Բարձրացուած պաստառները թէ պատկերասփիւռէն արտայայտուողները կը պահանջէին.
– Շրջագայութեան օրէնքի վերանայում
– Քարիւղի եւ կազի արտահանում
– Փտածութեան խորհրդանիշներու պաշտօնանկութիւն
– Գործի եւ աշխատանքի պահանջ
– Աղբերու վերացում-աղբանոցի փակում
– Հիւանդանոցային ապահովութիւն
– Ընտրական օրէնքի վաւերացում
– Ամսականներու յաւելման օրէնքի վաւերացում
– Նախագահի ընտրութիւն
– Նախարարներու հրաժարում
– Վերջ բռնատիրական համախոհութեան
– Վարչակարգի տապալում
– Ապահամայնքայնացում, արդարութիւն, հաւասարութիւն:
– Երեսփոխաններու հրաժարում-խորհրդարանական ընտրութիւններ
– Ելեկտրականութեան եւ ջուրի ապահովում
Եւ դեռ բազում պահանջներ, երեխաներու բերնով թէ երիտասարդներու, պատկերասփիւռի նկարիչներուն դիմաց անպայման ժպտերես երեւնալու կամ մարտաշունչ կոչեր արձակելու տրամադրութեամբ:
Թերեւս տակաւին, ցոյցի մասնակից երիտասարդներէն շատեր իրենց «պարտականութիւնը» կատարած մարդու գոհունակութեամբ, Նահատակաց հրապարակին տունդարձի ճամբուն, գիշերը անցուցին մօտակայ սրճարաններուն կամ գինետուներուն մէջ:
Այս բոլորը, պահանջներու բազմազանութիւնը թէ մնացեալը, ոչինչով կ՛արժեզրկեն կատարուածը:
Թէ այս ցոյցերը իրենց նպատակին պիտի ծառայեն կամ ոչ, ժամանակը կ՛որոշէ:
Թէ այս ցոյցերը կրնան շահագործուիլ տեղական ուժերու թէ օտար դեսպանատուներու կողմէ, վստահաբար:
Հարցը սակայն իր էութեան մէջ համաժողովրդային ցասումի արտայայտութիւնն է, որուն դիմաց կարելի չէ աչք ու ականջ փակել:
Ու բուն խնդիրը` փտածութիւնն է ամէնուրեք:
Ու մենք, ճակատաբաց կրնանք հաստատել, որ իբրեւ կուսակցութիւն թէ համայնքի առաջնորդող ուժ, ոչ մէկ կապ ունինք այդ փտածութեան հետ:
Ո՛չ բաժնեկից ենք ընկերութիւններու, ո՛չ շահաբաժին վերցնող ենք, ո՛չ կաշառք պահանջող, ո՛չ տուրքերէ խուսափող: Իբրեւ լիբանանցի քաղաքացի, լաւագոյն ձեւով կատարած ենք ու կը կատարենք մեր պարտաւորութիւնները:
Ու իբրեւ այդպիսին` անկեղծ ենք ու արդար մեր պահանջներուն մէջ:
Պէտք է վերջ տալ փտածութեան:
Պէտք է քանդել շահակցութեան «սկզբունքը»:
Ու պէտք է լսել ժողովուրդը, երիտասարդութիւնը:
Ճիշդ է, կը յարգուի ազատ կարծիքի եւ ցոյցերու ազատութիւնը:
Ժողովրդավարութիւնը կը պահանջէ նաեւ մի՛ւսը:
Լսե՛լ կարծիքը, գործադրել պահանջները:
Այլապէս, ժողովրդավարութիւնն ալ փտածութեան մէկ տարբերակին կը վերածուի:
Իշխանութիւնները պարտին լսել ժողովուրդը:
Ու այդ կատարեն արագօրէն, անմիջապէս, առանց քաղաքական մեքենայութիւններու:
Քանի դեռ ամբոխները չեն խելագարած: