Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. Թերթը Լեզու Է

Սեպտեմբեր 2, 2015
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Թերթը հաց է: Թերթը դպրոց է:

Բայց թերթը նաեւ լեզու է, գիրի վերածուած լեզու:

Եւ պայման է, որ թերթը իր ամէնէն կատարեալ ու գեղեցիկ ձեւով գործածէ այն լեզուն, որով կը հրատարակուի:

Մարդ միայն թերթ մը շարունակ կարդալով կրնայ սորվիլ ու կատարելագործել իր լեզուն, մայրենի լեզու ըլլա՛յ ան կամ օտար լեզու մը:

Կրնա՞նք ըսել, որ թերթը լեզուի ակադեմիա մըն է: Կրնանք ըսել, եթէ թերթին խմբագիրները կը գիտակցին, թէ իրենց պարտականութիւնն է իր ամենաճիշդ ու ամենագեղեցիկ ձեւին մէջ գործածել թերթին լեզուն: Թերեւս կան թերթեր, որոնք լեզուի կատարելութեան կարեւորութիւն չեն տար, կամ կան խմբագիրներ, որոնք այդ կարողութիւնը չունին, կամ կան խմբագիրներ, որոնք կը նախընտրեն ըլլալ աւելի ցած, բայց աւելի ժողովրդական մակարդակի մը թերթը: Այս թերթերուն համար չէ մեր խօսքը: Խօսքը այն թերթերուն համար է, որոնք իրենց բոլոր լրատուութեանց ու հրատարակութեանց մէջ լեզուն կը գործածեն ամէնէն հարուստ, ամէնէն ճիշդ ու ամէնէն գեղեցիկ ձեւով: Այս թերթերը լեզուի մէկմէկ ակադեմիա են, լեզուի ամպիոն:

Լեզուներն ալ, ինչպէս պետութիւնները կամ ազգերը, պատմութեան մէջ ունին իրենց բախտաւոր կամ անբախտ դիրքերը կամ շրջանները: Բախտաւոր քանի մը լեզուներ կան, որոնք կը տիրապետեն երկրագունդին վրայ, որոնք կը գործածուին ո՛չ միայն այդ լեզուին տէրերուն կողմէ, այլ նաեւ` ուրիշ ազգերու կողմէ: Այսօր անգլերէնը` ամերիկացիներու կողմէ գործածուած անգլերէնը աշխարհի թիւ մէկ լեզուն կը նկատուի: Ամերիկացին գերմաներէն չի գիտեր, ամերիկացին ֆրանսերէն բնաւ չի գիտեր, բայց գերմանացին կամ ֆրանսացին անգլերէն գիտէ: Անգլերէնը տիրապետող լեզու է այսօր: Բայց պէտք չէ կարծել, որ ասիկա յաւիտենութեան համար է: Ասկէ յիսուն տարի առաջ, կամ թերեւս վաթսուն, ութսուն տարի առաջ ֆրանսերէնն էր, որ կը տիրապետէր, անգլերէնը այնքան տարածուն չէր: Հինգ հարիւր տարի առաջ երկրագունդին վրայ ո՞ր լեզուն էր, որ կը տիրապետէր, լեզուագէտները թող ըսեն, բայց անկասկած ո՛չ անգլերէնն էր, ո՛չ ֆրանսերէնը, ո՛չ ալ գերմաներէնը: Լեզուի մը տիրապետութիւնը կա՞ր արդեօք այդ շրջանին այնպէս, ինչպէս այսօր կայ: Հետաքրքրական է: Բայց կրնանք վստահ ըլլալ, որ քանի մը հարիւր տարուան մէջ շատ բան կը փոխուի լեզուի մարզէ ներս ալ: Հինգ հարիւր տարի վերջ ո՞ր լեզուն է, որ պիտի տիրապետէ աշխարհի վրայ: Ոչ ոք գիտէ, ոչ ոք կրնայ գիտնալ: Թերեւս` չինարէնը: Թերեւս` ռուսերէնը կամ ճափոներէնը: Միայն պետութիւնները կամ ազգերը չէ, որ կու գան ու կ՛երթան, կամ կը տիրապետեն ու կ՛իշխեն, լեզուներն ալ կու գան ու կ՛երթան: Անոնք ալ ունին իրենց ժամանակաշրջանները:

Այսօր երկրագունդին վրայ շատ մեծ թիւով մարդիկ չինարէն կը խօսին: Բայց ասիկա ոչ թէ անոր համար, որ չինարէնը տիրապետող լեզու է, այլ անոր համար, որ չինացի ժողովուրդը բազմանդամ ժողովուրդ է: Շատ մեծ թիւով չինացիներ չինարէն կը խօսին, բայց մէկը որ չինացի չէ, չինարէն չի գիտեր: Այս պատճառով չինարէնը տիրապետող լեզու չէ: Այսօր մեծ թիւով չինացիներ անգլերէն գիտեն, բայց ամերիկացիներէն ու անգլիացիներէն ոչ մէկը չինարէն սորվելու պահանջը կը զգայ:

Տիրապետող կամ շատ մարդոց կողմէ գործածուող լեզուներու քովն ի վեր կան միայն քիչերու կողմէ խօսուած ու գործածուած լեզուներ, որոնցմէ մէկն է դժբախտաբար մեր մայրենի լեզուն` հայերէնը: Թէեւ հպարտօրէն կրնանք ըսել, որ հայերէնը աւելի հին լեզու է, քան անգլերէնը, թէեւ հպարտօրէն կրնանք ըսել, որ հազարաւոր տարիներէ ի վեր գոյատեւող ու դիմադրող լեզու է հայերէնը, բայց եւ այնպէս հայերէն լեզուն այսօր Հայաստանէ դուրս քիչերու կողմէ կը խօսուի: Սփիւռքի մէջ նոյնիսկ իր տէրերը` հայերը, հայերէն չեն խօսիր: Հայերէնը այսօր լուսանցքի վրայ մնացած լեզու է: Մանաւանդ որ ունի երկու ճիւղ. արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն: Արեւելահայերէնը Հայաստանի լեզուն է, մասամբ պաշտպանութեան տակ է, կամ` ամէն շրջանակէ ներս գործածուած լեզու, թէեւ` ոչ այնքան լաւ մակարդակով, որքան պէտք էր ըլլար: Բայց արեւմտահայերէնը իր բախտին լքուած է:

Հոս է, որ հայատառ թերթը կը դառնայ կամ պէտք է դառնայ ակադեմական ամպիոն, լեզուի ուսուցման, գործածութեան, տարածման ու պաշտպանութեան կռուան, քարոզիչ` լեզուի մը հիման վրայ կատարուած ամէն գործունէութեան, ինչպէս` գրականութիւն, լեզուագիտութիւն, պատմութիւն կամ ազգային մշակոյթի ինչ-ինչ երեսակներ: Այն ընթերցողը, որ թերթը պիտի կարդայ ամէն օր, ամէն օր անգամ մը եւս պտոյտ մը կատարած պիտի ըլլայ իր լեզուին ոլորտներէն ներս, ամէն օր նոր ճաշակ մը պիտի ստանայ կամ ամէն օր հին ճաշակ մը պիտի թարմացնէ, ամէն օր նոր բառ ու ասութիւն պիտի գտնէ իր դիմաց եւ պիտի ըսէ.

– Ես շատ գեղեցիկ լեզուի մը տէրն եմ:

Լեզուն ազգի մը մեծ հարստութիւնն է: Լեզուներ կան, որոնք կը պատկանին քանի մը ազգերու: Լեզուներ ալ կան, որոնք կը պատկանին միայն մէկ ազգի: Լեզուներ կան, որոնք ունին իրենց սեփական այբուբենը: Հայերէնը գերազանցապէս այն լեզուն է, որ կը պատկանի միայն հայ ազգին ու ունի իր սեփական այբուբենը: Եւ հայերէնը այն լեզուն է, որ, նոյնիսկ եթէ իր տէրերուն կողմէ անտեսուի, հասած է այն ամենաբարձր ոլորտներուն ու կատարելութեան, զոր լեզու մը կրնայ հասնիլ երբեւիցէ:

Եւ հիմա կրկնենք, որ հայատառ թերթը նոյնինքն այդ լեզուն է, այդ այբուբենն է:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի . Մշակոյթի Ոգին` Ստեփանակերտում, Ատելութեան Ոգին` Պաքւում

Յաջորդը

Անկախութեան Հռչակում 2015. Արցախը Մեր Աւետարանն Է (2 Սեպտեմբեր 1991)

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Խոհեր` Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցի Առիթով
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Խոհեր` Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցի Առիթով

Մայիս 19, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Քաղցկեղը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նոր Փուլ, Նոր Մարտահրաւէրներ

Մայիս 19, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Ո՞վ Է Տիրական Ուժը ԱՄՆ-Իրան Բանակցութիւններուն

Մայիս 19, 2025

Comments 1

  1. Gerard REMY says:
    10 years ago

    ԱՅՈ,այո ,այո

    “Ես շատ գեղեցիկ լեզուի մը տէրն եմ:”
    “Եւ հայերէնը այն լեզուն է, որ, նոյնիսկ եթէ իր տէրերուն կողմէ անտեսուի, հասած է այն ամենաբարձր ոլորտներուն ու կատարելութեան, զոր լեզու մը կրնայ հասնիլ երբեւիցէ:”

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?