Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տրապիզոնի Հայերու Բռնագաղթը. Լուսանկարի Մը Պատմութիւնը

September 1, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

drabizon_9-01-15

«100 լուսանկարչական պատմութիւններ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին» յատուկ նախագիծի մը ծիրին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պաշտօնական կայքին մէջ ներկայացուած է լուսանկար մը, որ առնուած է ռուսական զօրքերու Տրապիզոն մտնելէն առաջ եւ փոխանցուած` ֆրանսական «L’Illustration» «Լ՛իլըսթրէշըն» թերթի թղթակից Էռնըսթ Սիմէին:

Ըստ թանգարանի կայքին, տեսարանը կը ներկայացնէ թուրք ոստիկաններու մուտքը հայկական թաղամաս, տուներու խուզարկութիւնն ու կողոպուտը: Այնուհետեւ խումբերով, տղամարդոց մէկ կողմէն, կիներուն ու երեխաներուն` միւս կողմէն, քաղաքի հայ բնակիչները կը տեղահանեն իրենց բնակավայրէն: Այս լուսանկարին մէջ կարելի է նկատել հետաքրքրական դրուագներ. կարաւանի աջ ու ձախ կողմերէն քալող զինուորները կը հարուածեն իրենց զոհերուն: Թուրք սպան մայթին ձերբակալեր է հայ մը, որ կը փորձէր փախչիլ:

Այս լուսանկարը առաջին անգամ հրապարակուած է ֆրանսական «Լ՛իլըսթրէշըն» թերթի 1916 յուլիս 29-ի թիւին մէջ:

1 յուլիս 1915-ին սկսած է Տրապիզոնի բնակչութեան տեղահանութիւնը, որուն հրամանը տրուած էր տակաւին յունիս 26-ին: Բռնագաղթի երթուղին նախապէս որոշուած է` Կիւմիւշխանէէն Մուսուլ: Տեղահանուածներուն մէկ մասը, հիմնականին մէջ` կիներ ու երեխաներ, ջրախեղդ եղած է Սեւ ծովուն մէջ, իսկ միւս մասն ալ սպաննուած է բռնագաղթի ճանապարհին: Թրքական իշխանութիւններու շուրջկալներու ու մարդորսի` մէկ շաբաթ տեւած գործողութիւններուն պատճառով Տրապիզոնի եւ շրջակայ հայկական բնակավայրերու 14 հազար հայ բնակչութենէն մնացած էր ընդամէնը 100 հոգի, իսկ բռնագաղթեալներէն ողջ մնացած էին միայն անոնք, որոնք քիւրտերուն կամ արաբներուն իբրեւ ստրուկ վաճառուած էին:

Տրապիզոնի հայերուն վերջին բեկորները լքած են քաղաքը 1919-1920 թուականներուն` յոյներուն հանդէպ քեմալականներու կատարած բռնութիւններուն ժամանակ:

«® Մինչեւ յուլիս 6 (երեքշաբթի) Տրապիզոնի մօտ 1000 հայկական տուներ դատարկուեցան. բնակիչները արտաքսուեցան: Չէին ալ հարցներ, թէ ո՛վ էր մեղաւոր, ո՛վ էր անմեղ կառավարութեան դէմ սկսած շարժման մէջ: Հայ ըլլալը բաւարար պատճառ էր, որ անոնց հետ որպէս յանցագործ վերաբերէին եւ արտաքսէին»:

Տրապիզոնի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոս

Օսքար Ս. Հէյզըրի զեկոյցը`

դեսպան Հենրի Մորկենթաուին

28 յուլիս 1915

Լուսանկարի աղբիւրը` «Լ՛իլըսթրէշըն», Փարիզ,

29 յուլիս 1916

«100 լուսանկարչական պատմութիւններ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին» գիրքէն

Նախորդը

«Ինչո՞ւ Հրշէջները Չմիջամտեցին Հայկական Եկեղեցիի Ու Գերեզմանատան Հրկիզման Ընթացքին»

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հնութիւն Չէ… Այլ Սրբութիւն

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.