ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Շուշիի բերդին գեղեցկութեամբ եւ անառիկութեամբ հմայուած, անոր մասին լսած պատմութիւններով եւ հերոսական սխրագործութիւններով կլանուած հոգեվիճակի մէջ էի, երբ ինքնաշարժով կը բարձրանայինք ոչ սահուն զառիթափէն: Յանկարծ լրագրողի «տարազ»-ս հագնելու ցանկութիւն մը փայլատակեց մտքիս մէջ եւ պատահաբար ու բարեբախտաբար ժամ մը առաջ հանդիպած երիտասարդ արցախցի վարորդը` Նուէրը խօսեցնելու ճիգ մը ըրի` ներքուստ վստահ ըլլալով, որ պիտի յաջողիմ.
– Այս որքան խորտուբորտ են այս փողոցները, եթէ օրական քանի մը անգամ զբօսաշրջիկ բերես հոս, արդէն ինքնաշարժդ կը փճանայ: Պետութիւնը հաւանաբար պէտք եղածին չափ հոգատար չէ նման կարեւոր կարիքներու նկատմամբ:
Քանի մը վայրկեան տեւած լռութիւնը ստեղծեց այն խաբկանքը, որ բողոքի, ընդվզումի ու դժգոհութեան ալիքը, պետական անձնաւորութիւններուն հասցէին նզովքը պիտի չուշանայ:
Սակայն…
– Ինչ լա՜ւ է, որ այսպէս է, փա՛ռք Աստուծոյ… Գիտե՞ս` պատերազմի ատեն ինչ պատկեր էր հոս, այս փողոցներէն մեր տղոց արիւնը կը հոսէր անդադար, եւ մենք` փոքրերս, որքան կը սարսափէինք այդ պատկերէն, որովհետեւ չէր բացառուած, որ մեր եղբայրներուն եւ հայրերուն արիւնն ալ միախառնուած ըլլար այդ «կարմիր գետ»-ին…

Զղջումի ու ամօթի զոյգ զգացումներով ծանրացած կը նայիմ պատուհանէն դուրս, աւելի՛ն, կ՛ուզեմ ամբողջովին դուրս նետել ես ինծի, կարծէք ամչնալով Նուէրին կողմն իսկ նայելու: Այդ հոգեվիճակէն դուրս գալու ճիգով մը կը փորձեմ վերականգնել անվախօրէն իր ինքնաշարժը վարողին կողմէ իմ դիմացս պարզուած պատկերները, երբ աւելի քան քսան տարի առաջ պատմութիւն ապրած ու կերտած փողոցներուն մէջ, որոնց մասին ժխտական արտայայտութիւն ունենալ համարձակած էի, հայոց նորափառ պատմութիւնը կը գրուէր, այդ ալ` ազատամարտիկներու անբիծ արեամբ:
Զգալով, որ մինչ այդ երկար լռութիւն չպահած ու անվերջանալի հարցումներու տարափով մը զինք խեղդած ըլլալէս ետք ստեղծուած անխօսութիւնը ծանր էր ու քիչ մը նեղացուցիչ, Նուէր կը փորձէ մեղմացնել կացութիւնը.
– Աշխատանք կը տանին, պէտք չէ ուրանալ, արդէն ճամբաներուն մեծամասնութիւնը կուպրապատուեցաւ եւ լուսաւորուեցաւ, այսօր, երբ Շուշի մտնես, հրաշալի պատկեր կը բացուի դիմացդ, պատկեր, որուն ի տես չես կրնար վայրկեան մի իսկ երեւակայել, թէ քսանամեակ մը առաջ որքան տարբեր էր ամէն ինչ, որքան մռայլ ու մոխրագոյն էր Շուշին, մինչեւ որ կերտուեցաւ յաղթանակը, մինչեւ որ ունեցանք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, որ հպարտութեամբ թագադրեց իւրաքանչիւր արցախցի, նաեւ` աշխարհով մէկ սփռուած ամէն մէկ հայ: Տե՛ս, արդէն իսկ շատ լաւ վիճակի մէջ են այս փողոցները, ժամանակ ու հաւատք պէտք է, ամէն ինչ անպայման լաւ պիտի ըլլայ: Այսքան դժուար ու մութ ճամբաներէ քալելէ, Արցախի ազատագրումն ու հանրապետութեան հռչակումը ապրելէ ետք, ալ ի՜նչ գանգատ, ի՜նչ յուսահատութիւն, պէտք է կառչիլ այս հրաշքին…
Տակաւին համարձակութիւն չունիմ խօսելու, տրուած պատասխաններուն զօրութիւնն ու խորքայնութիւնը աւելի ու աւելի անհեթեթ կը դարձնեն հարցումս եւ անոր տուն տուող պատճառը…. Սակայն ենթագիտակիցիս մէջ գոհունակութիւն մը բազմած է, այդ հաստատումները լսելու համար արժէր պահ մը մակերեսային ձեւանալ եւ քու սկզբունքներուդ ու հաւատալիքներուդ հետ առնչութիւն չունեցող նման հարցում մը ուղղել:
Քիչ մը աւելի ինքնավստահ տեղաւորուելով աթոռին վրայ` Նուէր կը շարունակէ.
– Ես այս բոլորին համապատասխան «զինած եմ» ինքնաշարժս, չե՞ս զգար, որ սովորականէն աւելի բարձր է քիչ մը, որպէսզի փոսերուն վրայէն հեզասահ շարժի:
Կը ժպտիմ մեղմ ու քիչ մը ամօթխած:
– Լա՛ւ, քեզի յատկանշական տեղ մը տանիմ, որպէսզի աւելի լաւ հասկնաս միտքերս:

Երկար ու ոլոր-մոլոր ճամբով կը հասնինք այն վայրը, որուն մասին շատերէ եւ բազմաթիւ անգամներ լսած եմ, զգացած եմ անոնց աչքերէն ցայտող հմայքը, երանի տուած եմ ու ծրագրած եմ ալ այցելել, սակայն անակնկալ կերպով յայտնուիլը այլ հոգեվիճակ ստեղծեց, թէեւ նկարներով յաճախ եղած էի հոն, սակայն իսկական պատկերը այլ է:
Ջդրդուզ….
Կ՛իջնենք ինքնաշարժէն, Նուէրը լայն ու յաղթական ժպիտով կը նայի ինծի.
– Բնութիւն չէ միայն ասիկա, այլ մարտնչումի, նուաճումի ու յաղթանակի վկայարան է,- կը հաստատէ:
Հունոտի կիրճին գագաթէն կը դիտեմ դիմացս պարզուած հրաշագեղ պատկերը, Նուէրը կը պատմէ, թէ մեր ազատամարտիկները ինչպէս բարձրացած են հոնկէ ու` ազատագրած Շուշին: 800 մեթր բարձրութենէն Կարկառ գետը տեսնելու հրաւէրին ընդառաջելու համար երբ կը մօտենամ ծայր, ինքնաբուխ զգուշութեամբ մը կը հեռանամ կրկին.
– Հոս իյնալու տեղ չկայ,- կը հանգստացնէ Նուէր,- հոս միայն կարելի է ոտքի կանգնիլ ու հպարտ զգալ:

Յաղթական Շուշիի բոլոր փաստերը ցոյց տալու վճռական վարորդը անկէ ետք զիս կը տանի բարձունք մը, ուր մեր դիմաց կը բացուի Քարինտակը. մեր կանգնած վայրէն ազերիները հրկիզուած անիւներ գլորած են դէպի գիւղ` ահ ու սարսափ ստեղծելով, սակայն Քարինտակը հերոսական կեցուածք ցուցաբերելով` կրցած է արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ իր սխրագործական արժէքը արձանագրել:
Որքա՜ն գեղեցիկ է արցախեան աշխարհը, որքան խորհուրդ կայ ամէն մէկ քարի տակ, ամէն մէկ ծառ ու ծաղիկի մէջ, որքան թանկագին կեանքերու շնորհիւ այսօր առիթ ունինք հպարտ ըլլալու, հզօր զգալու, յոյս ու հաւատք ունենալու արդէն իսկ պատուաբեր ու ինքզինք հաստատած հանրապետութեան վերածուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նկատմամբ….
Ծնրադրելով կը նայիմ երկինք ու բարձրաձայն աղօթելով կ՛ոգեկոչեմ յիշատակը անոնց, որոնք իրենց արիւնը գետի նման հոսեցնելով այս հանրապետութիւնը կերտեցին, այն նուիրեալ նահատակներուն, որոնք Նուէրին նման ժառանգորդներ ծնած են, որպէսզի պատգամը փոխանցուի լիովին եւ հաւատքն ու կամքը ապրին առյաւէտ:


