ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ա.
Խօսքը կը վերաբերի մեր լեզուի զոյգ ճիւղերու մերձեցման, առիթը` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի 2015 թ. յուլիսի 29-30 Երեւանի մէջ կազմակերպած համաժողովը` «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» բնաբանով:
Ափսոս, զուտ առարկայական պատճառներով դժբախտաբար չեմ կրնար ընդառաջել հրաւէրին` ներկայ ըլլալու կարեւոր նախաքայլ մը հանդիսացող այս խորհրդաժողովին, սակայն ներկայ չըլլալ չի նշանակեր` չմասնակցիլ, մանաւանդ որ զիս յուզող մնայուն հարցերէն մէկը կը հանդիսանայ մեր լեզուին վիճակը` այսօր եւ վաղը: Առ այդ, սոյն մտորումները կը յանձնեմ կազմակերպիչներուն ուշադրութեան:
Համաժողովի յայտարարութեան մէջ հետեւեալ ձեւով դրուած են քննարկման ուղղութիւնները.
– Արեւմտահայերէնի պահպանութեան, գործառութեան, ուսուցման, կանոնարկման խնդիրներ,
– Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ.
– Հայերէնի առաջ ծառացած մարտահրաւէրներ:
Այստեղ կ՛ուզեմ արծարծել յատկապէս երկրորդ կէտը` մերձեցման խնդիրը, որ նաեւ գլխաւոր նիւթը կը հանդիսանայ համաժողովին:
Մերձեցո՞ւմ… ինչո՞ւ ոչ, նաեւ ինչո՞ւ` այո՛…
Ի՞նչ մերձեցում: Ինչպէ՞ս մերձենալ, մերձեցնե՛լ:
Մերձեցո՞ւմ, թէ՞ միաձուլում (միթէ կարելի՞ է, կա՞մ` բաղձալի):
Յետոյ ի՞նչ:
Ահա հարցումներ, որոնք կը չարչրկեն մեզ եւ չարչրկած պիտի ըլլան անկասկած խորհրդաժողովի մասնակիցները ոչ միայն անոր ընթացքին, այլ անկէ առաջ ալ, ինչպէս տակաւին պիտի չարչրկեն անկէ ետքն ալ երկար ժամանակ:
Արդարեւ, այո՛, շատերու համար անհասկնալի է այլեւս այս մէկ լեզուին համար` այս փոքրաթիւ ժողովուրդին մէջ ունենալ երկու ճիւղ, ժողովուրդ, որուն գուցէ կէսէն աւելի չի գործածեր այլեւս ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ միւսը այդ երկու ճիւղերէն: Կը դաւանինք (իրապէս կը դաւանի՞նք) «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» կարգախօսը, բայց կը հանդուրժենք, նոյնիսկ շատերս հարստութիւն կը նկատենք երկու ճիւղ, քիչ մնաց պիտի ըսէի` երկու լեզու ունենալը: Բայց ատիկա արդեօք նաեւ մտածել չի՞ տար` երկու (կամ աւելի) մշակոյթներու առկայութեան, ուստի նաեւ երկու (եւ աւելի) ժողովուրդներու գոյութեան մասին: Չկա՞ն այսպէս մտածողներ…
Եթէ ԺԹ. եւ Ի. դարերուն արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի յառաջացումը-զարգացումը, մեկնելով գրաբարէն, միջին հայերէնէն ու գաւառաբարբառներէն, հասկնալի էր` առնչուած ըլլալով մեր ազգի պատմութեան, վերիվայրումներուն, տեղաբաշխումին ու կրած այլազան ազդեցութիւններուն, ներկայ պայմաններուն մէջ կրնայ անհասկնալի դառնալ, քանի որ «արեւմտահայ» ու «արեւելահայ» հասկացողութիւններն ալ չեն համապատասխաներ այսօրուան իրականութեան: Ինչպէ՞ս սահմանել մեր ժողովուրդին այդ հատուածները այսօր: Ահա՛ մարտահրաւէր մը:
Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնեն մեր լեզուի զոյգ ճիւղերը ներկայիս:
Մէկ կողմէ կայ ՀՀ/ԼՂՀ հայկական զոյգ պետութիւններուն մէջ բնակող շուրջ 2,5 միլիոն (պաշտօնական տուեալներով` աւելի, անպաշտօն` պակաս) հայութեան զանգուած մը, որ կը գործածէ գաւառաբարբառանման հայերէն մը, որ հետզհետէ աւելի ու աւելի կ՛աղաւաղուի օտարամուտ բառերու ու դարձուածքներու խճողումով` անփութութեան, մտաւոր ծուլութեան եւ տգիտութեան ի հետեւանք: Այդ հայերէնը խեղճ է ոչ միայն իր բանաւոր տարբերակով (ընդհանրութեան մէջ), այլեւ` իր գրաւոր տարբերակով (նոյնիսկ ուսեալ տարրին մէջ):
Միւս կողմէ` կայ սփիւռքը, հիմա արդէն ըստ ոմանց` «սփիւռքները», ուր կ՛ապրի (կ՛ապրի՞) հայրենիքէն երեք կամ չորս անգամ աւելի (գուցէ սնապարծօրէն չափազանցուած) հայութիւն, կազմուած Մեծ եղեռնէն վերապրած սերունդին շառաւիղներէն, Հայաստանէն կանուխէն, բայց մանաւանդ վերանկախացումէն ի վեր արտագաղթածներէն ու անոնց շառաւիղներէն` տարտղնուած աշխարհի չորս ծագերուն, ներառեալ` նախկին խորհրդային կայսրութեան անծայրածիր տարածքին, ընդգրկելով նաեւ թաքուն հայերը… Գիտե՞նք` ո՛րն է, որո՛նք են այս «սփիւռքներու» հայութեան գործածած լեզուն, լեզուները: Արեւմտահայերէ՞նը, արեւելահայերէ՞նը, թէ՞` ո՛չ մէկը ո՛չ միւսը: Ունկնդրա՞ծ էք խօսուած խառնիճաղանճ լեզուներու խառնաղմուկը (cacophonie):
Եթէ նախկին հայրենաբնակները, մեծ մասամբ, ամենայն արագութեամբ օտար` տեղական լեզունե՛րը կը դարձնեն իրենց հաղորդակցութեան գլխաւոր միջոցը, մանաւանդ` հայկական դպրոցներէն ալ հեռու պահելով իրենց զաւակները (ենթակայական թէ առարկայական պատճառներով), արեւմտահայութեան ալ մնացորդացը, որ կը կազմէր այսպէս կոչուած մեզի ծանօթ «դասական սփիւռքը», հետզհետէ կը հեռանայ հայերէնէն (նոյնպէս ենթակայական ու առարկայական պատճառներով, ներառեալ` խառն ամուսնութիւնները): Առանց երբեք ստորագնահատելու հայապահպանման համար ի գործ դրուած հերոսական ճիգերը, ամբողջ դարու մը ընթացքին ու աւելի, չենք կրնար չափսոսալ, թէ դպրոցական տարիքի հայորդիներու ճղճիմ փոքրամասնութիւն մը միայն հայկական վարժարան կը յաճախէ. իսկ այդ փոքրամասնութեան մէջ ա՛լ աւելի փոքր թիւ մը հայերէնը կը դարձնէ իր առօրեայ լեզուն, մանաւանդ` գրաւոր հայերէնը: Տակաւին, ի՞նչ ըսել համացանցի վրայ հաղորդակցողներուն մասին, որոնք եթէ հայերէն բառեր կը գործածեն, հայերէն տառեր` ո՛չ, ստեղծելով լատինատառ ուղղագրութիւն մը… ըլլա՛յ երկրէն, ըլլա՛յ արտերկրէն:
Այս բոլորը ըսելէ ետք, անմիջապէս վերահաստատեմ, որ մեծապէս գնահատելի կը գտնեմ սոյն համաժողովը հրաւիրելու գաղափարը, նոյնիսկ եթէ անոր կազմակերպման ձեւին մասին ունիմ վերապահութիւններ, որոնց պիտի անդրադառնամ գրութեանս աւարտին:
Բ.
Արդ, եթէ մերձեցման հարց կը դրուի, կը դրուի յատկապէս անո՛նց համար, որոնք տակաւին հայերէն կը խօսին ու կը գրեն, սահմանին այս թէ այն կողմը: Հայութեան մեծամասնութիւնը անհաղորդ է այս հարցերուն, չէ ալ մտահոգուած անոնցմով:
Մերձեցման հիմքերէն մէկը, անկասկած, ուղղագրութիւնն է, միւսը` շարահիւսութիւնը, երրորդը` քերականութիւնը, վերջապէս չորրորդը` բառապաշարը:
Փշոտ է ուղղագրութեան հարցը: Տակաւին ընդդիմացողներ կան հայրենաբնակ մտաւորականներուն մէջ դասական` նախախորհրդային ուղղագրութեան վերադարձին, մինչդեռ երկու ճիւղերու մերձեցումը խոչընդոտող գլխաւոր արգելքն է այդ ընդդիմացումը: Առանց ուղղագրութեան նոյնացման, առանց հիմնականին մէջ դասականին վերականգման որդեգրումին` մերձեցումը իմաստազուրկ կ՛ըլլայ: Այդ վերականգնումը մերձեցում է նաեւ մեր լեզուի հիմքին` գրաբարի՛ն:
Բայց ուղղագրութեան հարցը ուրիշ երեսներ ալ ունի, անկախ 1922-ին պարտադրուած երկուութենէն: Այդ` երկու կամ աւելի ձեւերով գրուող բառերուն պարագան է, որ առկայ է արեւմտահայերէնին մէջ, յաճախ կամակայական կերպով որոշադրուած ըլլալով արեւելահայերէնին մէջ: Ահա մարտահրաւէր մը` ի խնդիր առաջին հերթին այդպիսի բառերու մէկ ու միասնական ուղղագրութիւն մը որդեգրելուն: Այս առնչութեամբ կարեւոր աշխատանք տարած է բժ. Արմենակ Եղիայեան իր պատրաստած «Ուղեցոյց»-ով, որ տակաւին չէ հրատարակուած, եւ որուն խմբագրումին ներդրումս ունենալու պատիւն ու հաճոյքն ունեցայ: Ան մատնանշած է նաեւ հայերէնը ուղիղ գրելու եւ խօսելու առնչուած բազմաթիւ այլ հարցեր, որոնք նոյնպէս կրնան դիւրաւ կանոնակարգուիլ մերձեցման ուրիշ որեւէ այլ քայլ առնելէ առաջ: Օրինակ` գլխագրերու գործածութիւնը բազմեզր յատուկ անուններուն մէջ, թուականներու գրելաձեւի պարագան, դարերու նշումին պարագան, նաեւ` տառադարձութեան հարցը: Ասոնց նման բազմաթիւ հարցեր կան մեր լեզուին մէջ` անորոշութիւններով պատուած, ըլլա՛յ իմաստային, ըլլա՛յ կէտադրական, ըլլա՛յ այլ առումներով:
Շարահիւսութեան հարցը նուազ բարդ չէ: Նախադասութեան մէջ բառերու կարգը ճիշդ գործածելը կ՛ուսուցանուի, բայց դժբախտաբար անտիրութիւն կը տիրէ այս մարզէն ներս ալ: Ահա՛ մարտահրաւէր մը եւս:
Քերականութեան պարագան ալ նոյնը չէ՞: Մեծ տարբերութիւններ չկան երկու ճիւղերուն միջեւ, բայց քերականութեան, յատկապէս բառերու նախադասութեան մէջ ունեցած պաշտօններու կամ առոյթներու եզրաբանութիւնը կը կարօտի յստակացման, պարզեցման, նոյնացման: Անշուշտ դժուար լուծելի կը մնան անձերու առնչուած հայցական հոլով սեռի կամ ուղիղ խնդրի (արեւմտահայերէն` կը յարգեմ ուսուցիչը) եւ տրական հոլով սեռի կամ ուղիղ խնդրի (արեւելահայերէն` կը յարգեմ ուսուցչին) պարագաները:
Շարահիւսութիւն եւ քերականութիւն սերտօրէն կապ ունին խօսակցական լեզուին հետ, ուստի կարելի չէ դիւրաւ եւ պատկան մարմիններու որոշումով նոյնացնել: Այս եւս երկար դաստիարակչական ուղի ունի կտրելիք:
Վերջապէս կայ բառապաշարի հարցը: Հաւանաբար ամէնէն աւելի այս մարզին մէջն է, որ մերձեցումը կրնայ դերակատար ըլլալ` ի հարկէ միշտ սկսելով աշակերտութեան ու լրագրողներուն, գրողներուն, քարոզիչներուն եւ պետական գործիչներուն դաստիարակութեամբ: Ասիկա սակայն ճիգ կը պահանջէ, յատկապէս Հայաստանէն, առաջին հերթին մեր լեզուէն ընդմիշտ դուրս վռնտելով հարիւրաւոր օտարամուտ բառեր, որոնց հայերէն համազօրները կան, եթէ ոչ արեւելահայերէնի բառապաշարին մէջ, գէթ` արեւմտահայերէնի բառապաշարին, որ հինէն աւելի հարուստ է եղած նորակերտ բառերու տեսակէտէն` աշխարհի նոր գիւտերը, գիտական, արհեստագիտական բառերը թարգմանելու տեսակէտէն: Միւս կողմէ` արեւելահայերէնն ալ հարստացած է շատ ու շատ բարեհունչ եւ դիպուկ նորաբանութիւններով, մանաւանդ` գաղափարներու եւ հասկացողութիւններու մարզերուն մէջ, սակայն դժբախտաբար այդ բառերը մնացած են բառարաններուն մէջ միայն:
Ժամանակն է, որ անոնք մատչելի դառնան գրաւոր հայերէն գործածողներուն` Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի:
Մեր լեզուի (եւ ո՛չ միայն արեւմտահայերէնի) վերապրումը կախուած է բազմաթիւ համազգային ազդակներէ, առաջին հերթին` հայրենի իշխանութեան մօտեցումէն, որ պիտի կայանայ մեր լեզուի զոյգ ճիւղերը պետական լեզու հռչակելու մէջ` իր բոլոր անհրաժեշտ հետեւանքներով:
Նախ քան երկու ճիւղերու միաձուլումը, որ կրնայ շատ երկար ժամանակի կարօտիլ, կամ երբեք չիրականանալ, յաղագս մերձեցման` կան անյետաձգելի աշխատանքներ, ինչպէս, օրինակ`
– Հայերէն բացատրական համապարփակ առցանց նոր բառարանի ստեղծում` ընդգրկելով նորաբանութիւնները, զոյգ ճիւղերու բառապաշարը, ուղղագրութիւնը, բացատրուած երկու բարբառներով, արեւմտահայերէն թէ արեւելահայերէն գրականութենէն օրինակներով եւ անհրաժեշտ մանրամասնութիւններով,
– Փոխադարձ ծանօթացում քերականական օրէնքներու,
– Հայերէնի դասաւանդման մերձեցում երկու ճիւղերուն համար՝ ծանօթացնելով երկու բարբառներն ալ` թէ՛ հայրենիքի մէջ, թէ՛ ալ սփիւռքի,
– Ուսուցիչներու պատրաստութիւն` նոյն ուղղութեամբ, որքան որ հնարաւոր ըլլայ:
Այս գործի առիւծի բաժինը պիտի իյնայ հայրենի պետութեան ուսերուն, սակայն սփիւռքն ալ ունի պատասխանատուութեան իր բաժինը` սերտօրէն գործակցելու այս առնչութեամբ, մանաւանդ դպրոցաշինութեան մարզէն ներս` բազմապատկելու ներկայ դպրոցներու թիւը` «Իւրաքանչիւր հայորդի` հայկական վարժարանի մէջ» կարգախօսով: Բնականաբար կը ծագի հայրենիք-սփիւռք վերին համադրիչ մարմին մը յառաջացնելու հարցը, որ կրնայ համաժողովի գլխաւոր նպաստը հանդիսանալ թերեւս:
Այս կէտին վրայ ալ պիտի աւարտեմ այս մտորումները, սակայն շեշտելով, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին նախաձեռնած սոյն համաժողովը ցանկալի էր, որ նախապատրաստական փուլ մը ունեցած ըլլար, ուր ոչ միայն հայրենի այլեւ սփիւռքեան պատկան մարմինները, առաջին հերթին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ապա նաեւ մշակութային միութիւններն ու կրթական գլխաւոր հաստատութիւնները իրենց ներդրումը բերած ըլլային օրակարգի եւ մասնակիցներու ճշդորոշման, կանխաւ կարգ մը թեզեր առցանց ստացած ըլլալով ու որոշ կարծիքներ բիւրեղացուցած` նախ քան համաժողովի կայացումը, ամէնէն արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու համար մեր նիւթական թէ մարդուժի հնարաւորութիւնները:
Հորիզոն, 2015-08-10. -17, -24 (1884-1886)