Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կը Զարմանա՞ն Իշխանաւորները

Սեպտեմբեր 2, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Հսկայական է թիւը լիբանանցի այն քաղաքացիներուն, որոնք զարմանքով դիտեցին անդրհամայնքային ցոյցերու տեսարանները եւ լսեցին ցուցարարներուն երբեմն աղմկոտ, երբեմն պոռթկացող, երբեմն հանդարտ, սակայն ամէն պարագայի` անկեղծ արտայայտութիւնները:

Համայնքային պատմուճանը իրենց ուսերուն կրող իշխանաւորները, կամ արդար ըլլալու համար, համայնքային պատկանելիութիւնը վահանի վերածած իշխանաւորները բնաւ չէին ակնկալեր, որ լիբանանեան բոլոր կողմերէն ու բոլոր համայնքներէն ցուցարարներ գէթ մէկ անգամուան համար քաղաքական իրենց հաւատարմութիւնը մէկ կողմ նետած, կրնային համախմբուիլ բոլոր լիբանանցիներուն արժանապատիւ կեանքը ապահովելու ձգտող պահանջներու շուրջ:

Իրենց շահերուն, շահաբաժիններուն եւ համայնքակեդրոն դիրքերուն բազմած, անոնք չէին ակնկալեր, որ «անդիմագիծ» երիտասարդներ կրնային ժողովրդային շարժում ստեղծել եւ իրենց շարժման ընթացքին մերժել ամէն «հեղինակութիւն»: Վերջապէս, «խափանարար» տարրեր անպակաս պէտք է ըլլային:

Չէ՞ որ յաջողած էին պառակտել բանուորական շարժումը:

Չէ՞ որ յաջողած էին պառակտել ուսուցչական սենտիքաները եւ ուսուցիչներու արդար պահանջներու ձգձգումը ապահովելով մոռցնել տալ զանոնք:

Չէ՞ որ մեծագոյն սենտիքայական շարժումներն անգամ չէին կրնար հազարէ աւելի ցուցարարներ փողոց իջեցնել:

Չէ՞ որ «պիտի ապրինք» կարգախօսը ամէն բանէ վեր էր այլեւս` մոռնալով, որ պէտք է ապրիլ, այո՛, սակայն արժանապատուութեամբ եւ աշխատանքի արդար վարձատրութեամբ:

Չէ՞ որ բաւարար պատճառներ կան ժողովուրդի ամէնօրեայ կենցաղային կարիքները չգոհացնելու համար: Նախագահ չկայ, խորհրդարանը չի գործեր, նախարարաց խորհուրդի նիստ չի գումարուիր:

Իսկ ժողովրդային առողջ ու արդար դժգոհութիւննե՞րը:

Ի՞նչ բան փոխուեցաւ նախագահի գոյութեամբ, խորհրդարանի գումարումով կամ կառավարութեան «աշխատասիրութեան» օրերուն:

Կարելի եղա՞ւ ամսականներու արդար յաւելումի օրինագիծ վաւերացնել: Ո՛չ:

Կարելի եղա՞ւ մենաշնորհներուն վերջ տալ: Ո՛չ:

Կարելի եղաւ վարձքերու արդար օրէնք մը մշակել: Ո՛չ:

Կարելի եղա՞ւ հանրային փոխադրութեան, ընկերային ապահովութեան սնտուկի, հպատակութեան օրէնքի, ընտրական արդար օրէնքի շուրջ որոշումներ կայացնել: Դարձեալ ո՛չ:

Ու այս բոլոր «ո՛չ»-երուն դիմաց, զզուանքի արտայայտութեամբ ժողովուրդը ըսաւ իր խօսքը:

Բաժակը այս անգամ աղբով յորդեցաւ:

Գարշահոտութիւնը գլեց անցաւ ամէն ինչ:

Այո՛, կան ժողովրդային պոռթկումի յստակ պատճառներ: Ինչքան ալ մտածուի, թէ նման շարժումներ կրնան պատրաստուած ըլլալ այլ նպատակներով կամ շահագործուիլ մութ ձեռքերու կողմէ:

1958-ին քաղաքացիական պատերազմ եղաւ Լիբանանի մէջ: Միջազգային համայնավարութեան եւ ամերիկեան կայսերապաշտութեան կռիւին մէկ արտայայտութիւնն էր այդ, որուն «զինուորագրուեցան» լիբանանցիներ: Իրաւազրկուա՛ծ լիբանանցիներ:

1975-ին բռնկեցաւ եւ 15 տարի շարունակուեցաւ մէկ այլ պատերազմ: Օտարներու պատերազմը Լիբանանի մէջ եւ Լիբանանի դէմ: Դարձեալ լիբանանցիները կռուեցան ու զոհուեցան: Դժգոհ քաղաքացին, արդարութեան, հաւասարութեան պահանջով իրաւազրկուած լիբանանցիներ:

Ու պատերազմը շարունակուեցաւ: Դէպքերն ու տագնապները շարունակուեցան: Զրկանքն ու անարդարութիւնը կուտակուեցան: Հարուստը աւելի հարստացաւ ու բարեկեցիկը` թշուառացաւ:

Օրէնքը ոտնակոխուեցաւ ամէն տեղ: Օրէնքը պարտադրուեցաւ միայն բանուորին, պաշտօնեային, օրինապահ քաղաքացիին, տուրք վճարող եւ գողութիւն չկատարող քաղաքացիին հանդէպ:

Զանազան վաճառանիշերով ինքնաշարժի տէր իշխանաւորը չկրցաւ ըմբռնել, որ մարդիկ, պարզ քաղաքացիներ հանրային փոխադրութեան կարիքը ունին:

Շքեղ յարկաբաժիններու եւ «ժառանգ» մնացած պալատներու բնակիչները չկրցան ըմբռնել, որ Պապ Թապպաննէի, Աքքարի, Պուրճ Համուտի, Նապաայի, Խանտաք Ղամիքի, Պեքաայի թէ հարաւի մէջ բազմահազար ընտանիքներ վտանգուած երդիքներով տուներու մէջ կ՛ապրին:

Անձնական օդանաւերով ճամբորդող «բազմազբաղ» իշխանաւորները, քաղաքական թէ տնտեսական «տիտանները» չկրցան հաւատալ, որ կան քաղաքացիներ, որոնք կեդրոնական Պէյրութ կու գան միայն ցոյցի, թաղումի կամ միթինկի համար, այդ ալ այլոց կողմէ վճարուած օթոքարի փոխադրածախսով:

Լիբանանի մէջ գործող հիւանդանոցներուն հաւատք չընծայող իշխանաւորներ բուժումի համար օտար երկիրներու հիւանդանոցները նախընտրելով չկրցան տեսնել, որ հսկայական է թիւը անոնց, որոնք բժշկական դարմանումի մասին իսկ չեն կրնար մտածել կամ զաւակ կը կորսնցնեն հիւանդանոցներու մուտքին:

Ուժասպառ ու հանգիստի կարօտ քաղաքական ղեկավարները, որոնք պարտաւոր կը զգան յաճախ զբօսաշրջութեան զոհողութիւնը կատարելու արտասահմանեան հաճոյավայրերու մէջ, չկրցան տեսնել, որ լիբանանցի քաղաքացիներ երբեմն նոյնիսկ Լիբանանի այլ շրջաններ այցելելու կարելիութիւնը չունի:

Լիբանանեան պանդոկներն ու սրահները անյարմար նկատելով իրենց զաւակներուն պսակը այլ մայրաքաղաքներու մէջ կատարողները մոռցան, չկրցան տեսնել, որ լիբանանցի երիտասարդը ոչ միայն անկարող է ամուսնութիւն կնքելու եւ բնակարան ապահովելու, այլ նաեւ անկարող է թէկուզ եւ իր ամուրիի ծախսերը հոգալու:

Կարելի է շարքը երկարել:

Երկար է շարքը արդէն եւ շա՜տ:

Ու դեռ զարմանա՞լ:

Զարմանալ, թէ ինչո՞ւ ժողովուրդը կը շարժի:

Ու կասկածիլ, թէ այս բոորին ետին մութ ձեռքե՞ր կան:

Այդ մութ ձեռքերը կրնան գործել հո՛ն, ուր առիթը կայ գործելու:

Առնէտը, մանրէն, հիւանդութիւնը աղբին, ճահիճին, փտածութեան եւ բորբոսած միջավայրերու մէջ կ՛ապրին ու կը տարածուին:

Ատենն է, որ իրականութիւնը ճանչցուի:

Համայնքային պատմուճանը, քաղաքական անկայունութիւնը, շրջանային վտանգները կամ նախագահի բացակայութիւնը բաւարար պատրուակներ չեն:

Իշխանաւորները եւ իրենց տնտեսական խորհրդականներն ու շահակիցները պարտաւոր են լսելու ժողովուրդը:

Այլապէս տաճարը պիտի փլի բոլորիս գլխուն, ու յատկապէս անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ ժողովուրդը միամիտ է տակաւին:

 

 

Նախորդը

Զրոյց-Հանդիպում` Սիսի Կաթողիկոսարան Մեկնած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Պատուիրակութեան Հետ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Պիտի Գումարէ Արտակարգ Նիստ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?