Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հունձքի Տօն Եւ Քոյր Հետուիկ Անիսհենզլինի Նուիրուած Յիշատակի Պաշտամունք

October 13, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hountzk_10-09-15

Կիրակի, 4 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հունձքի տօն եւ քոյր Հետուիկ Անիսհենզլինի   նուիրուած պաշտամունք` ներկայութեամբ պատուելիներ Յակոբ Ագպաշարեանի եւ Սեպուհ Թերզեանի, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, ՔԱՀԼ-ի տարեցներուն, ՀՄԸՄ Այնճարի սկաուտներուն, միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու:

Պաշտամունքի ընթացքին պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան ներկայացուց քոյր Հետուիկի կենսագրականը` ընկերակցութեամբ նկարներու ցուցադրութեան: Ան յիշեց քոյր Հետուիկին դերակատարութիւնը Այնճարի հիմնադրութեան առաջին տարիներուն, մասնաւորապէս երբ Այնճարի ժողովուրդը կ՛ապրէր ճգնաժամային օրեր:

Ապա  Զապէլ Քենտիրճեան ներկաներուն հետ կիսեց իր անձնական յիշողութիւնները` կապուած քոյր Հետուիկի նախաձեռնութեամբ Հունձքի տօնին հիմնադրութեան տարուան, եւ թէ ինչպէ՛ս սկիզբ առած է գիւղի բարիքներէն հաւաքելու եւ Ազգային ծերանոցին` ՔԱՀԼ-ի հետ բաժնեկցելու սովորութիւնը:

Այնուհետեւ պատ. Սեպուհ Թերզեան փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան շեշտեց տարեցներուն հոգալու եւ զանոնք յարգելու կարեւորութեանը` ըսելով, որ երբ ընտանիքի անդամներ տան մէջ կը յարգեն տարեցները, անոնք օրինակ կը դառնան իրենց զաւակներուն, որոնք ապագային իրենց կարգին պիտի յարգեն իրենց ծնողները:

Պատ. Թերզեան շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքի անդամներուն եւ բոլոր գիւղացիներուն, որոնք սրտաբուխ կը նուիրեն եւ կը բաժնեկցին իրենց բարիքները ՔԱՀԼ-ի տարեցներուն հետ:

Եկեղեցական պաշտամունքէն ետք տարեց հիւրերուն համար տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն «Ջանից» սրահին մէջ` կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Հոկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Սփիւռքներու Եւ Հայաստանի Տեղատուութիւնները` Ղեկավարումի Տագնապի Հետեւանք

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.