ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Հաւատարիմ իր հիմնադրին` հաւատաւոր մեծ եկեղեցական եւ հետագային կարտինալ եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս- պատրիարք Անտոն Հասունեանին կողմէ հաստատուած կանոնադրութեան, Անարատ յղութեան հայ կաթողիկէ քոյրերու միաբանութեան անդամները իրենց մշտնջենական ուխտը կը կատարեն` խոստանալով «Հնազանդութիւն, աղքատութիւն եւ ողջախոհութիւն»: Իբրեւ մշտնջենական յանձնառութիւն` անոնք միաժամանակ կը խոստանան նուիրուիլ հայ ազգի աղջիկներու, մանաւանդ աղքատ աղջիկներու հոգատարութեան, դաստիարակութեան ու կրթութեան` անոնց ջամբելով կրօնագիտութիւն, բարոյագիտութիւն, կենցաղագիտութիւն, մինչեւ իսկ ձեռարուեստ ու գեղարուեստ` իրենց զանազան ճիւղերով, եւ այս բոլորին ճամբով` քրիստոնէական եւ ազգային դաստիարակութիւն: Չէր սխալած հիմնադիր հայրը` ըսելով, որ` «Որքա՜ն բարիք պիտի ստանայ ազգը Անարատ յղութեան քոյրերու աշխատանքէն»: Արդարեւ, միաբանութեան հիմնադրութենէն 168 տարիներ ետք այդ բարիքին վկայութիւնները բազմաթիւ են եւ աշխարհասփիւռ, հոն ուր կայք հաստատած են տարագիր հայութեան բեկորները` Մերձաւոր Արեւելքէն մինչեւ հեռաւոր Ամերիկաները, անցնելով Եւրոպայէն, իսկ վերջին երկու տասնամեակին` նաե՛ւ նորանկախ Հայաստանի տարբեր, մասնաւորաբար հիւսիսային շրջաններուն մէջ:
Իրենց կրօնաւորական սկզբնական խոստումին մէջ միակ «խախտումը», որ քոյրերը կատարած են, հայազգի աղջիկներու հետ շուրջ չորս տասնամեակներէ ի վեր նաե՛ւ աղքատ մանչերու ընդգրկումն է իրենց առաքելութեան մէջ:
Հայ քոյրերու կրօնաւորական երեք ուխտերուն եւ հայազգի աղջիկներու, ապա նաեւ մանչերու հոգատարութեան, դաստիարակութեան ու կրթութեան նուիրուելու խոստումին հաւատարմութեան պերճախօս մէկ վկայութիւնը կը հանդիսանայ միաբանութեան Տիրամայր Հայաստանի առաքելութեան «Աղաճանեան» ճամբարը, որ Ծաղկաձորի գեղասքանչ ու առողջարար բնութեան ծոցին մէջ 18 տարիէ ի վեր ամրան կը համախմբէ մինչեւ 800-900 երկսեռ մանուկներ ու պատանիներ, 7-16 տարեկան, ինչպէս նաեւ` տարբեր երկիրներէ եկած բազմահարիւր կամաւորներ, կազմակերպութեամբ, մատակարարութեամբ ու վերահսկողութեամբ քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի` խոնարհ ու նուիրեալ, անխոնջ ու շրջահայեաց, խստաբարոյ, բայց հեզահամբոյր մայրապետ մը, շրջապատուած միայն երեք քոյրերով:
Այնպէս` ինչպէս մենք բախտը ունեցանք կատարելու օգոստոսի առաջին շաբթուան ընթացքին, միօրեայ այցելութիւն մը անգամ բաւարար է տեսնելու համար, որ իրաւամբ «ազգը որքա՜ն բարիք ստացած է ու կը շարունակէ ստանալ մայրապետներու աշխատանքէն», ինչպէս կը վստահեցնէր միաբանութեան հիմնադիր հայրը: Այդ աշխատանքին շօշափելի եւ որքա՜ն նախանձելի մէկ օրինակն է միայն «Աղաճանեան» ճամբարը` շրջապատուած պտղատու ծառերով եւ օժտուած աւելի քան 200 մեծ ու փոքր ճամբարականներ ընդունելու համար անհրաժեշտ բոլոր պայմաններով:
Արդարեւ, սովորական (քաղքենիական) հասկացողութեամբ մանուկներու ամառնային հանգստավայր մը, այսպէս կոչուած` colonie de vacances մը չէ ան, ինչպէս նկատեցինք ճամբարէն ներս մեր միօրեայ կեցութեան եւ մեր կատարած շրջայցի ընթացքին, այլ` զրկեալ երեխաներու քրիստոնեայ համերաշխ ընտանիք մը պատսպարող կացարան մը, ընտանիք մը, որուն իւրաքանչիւր անդամը իր մասնակցութիւնը կը բերէ ընտանեկան կեանքին փոխադարձ սիրոյ ու գուրգուրանքի մթնոլորտի մը ներքեւ, եւ ուր երեխան կը գտնէ այն, որուն այնքան կարօտն ունի:
Արդարեւ, ամառուան եղանակին, իւրաքանչիւրը երեք շաբթուան վրայ տարածուած չորս փուլերու ընթացքին ճամբարին մէջ կը հիւրընկալուին ընդհանրապէս աղքատ միջավայրերու երեխաներ եւ մասնաւորաբար մանկատուներու մէջ լքուած մանուկներ, որոնք բառին բուն առումով որբեր չեն, այլ` քայքայուած ընտանիքներու «մոռցուած զաւակներ», ասոնց կողքին` երկրաշարժին պատճառով աղէտահար ընտանիքներու, զոհուած ազատամարտիկներու, սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներու զաւակներ:
Ճամբարէն ներս ամէնէն աւելի տպաւորիչը` կարգապահութիւնը, մաքրութիւնը եւ քրիստոնէաբոյր մթնոլորտն են: Ճամբարային առօրեան կը սկսի սուրբ պատարագով, աղօթքով կամ հոգեւոր երգեցողութեամբ, կ՛աւարտի ժամերգութիւններով: Մինչ այդ, հանգիստը, մարզախաղերը, զբօսանքը, գեղարուեստի ու ձեռարուեստի վարժութիւնները, երգուպարը, ճաշապահերը չեն խանգարեր հոգեւոր դասընթացքներու պահերը, որոնք կը վարեն յատկապէս հրաւիրուած քահանաներ, քրիստոնէականի դասատուներ, մանկավարժներ, որոնք կը դասաւանդեն քրիստոնէութիւն, կը սորվեցնեն աղօթել, վարդարանով աղօթել, սուրբ պատարագի երգեցողութիւն, չմկրտուածները կը պատրաստեն մկրտութեան: «Կը զարմանամ, որ մենք դեռ եւս ունինք այսքան մեծ թիւով չմկրտուած երեխաներ: Գիտեն միայն խաչակնքել, երբեմն` «Հայր Մեր»-ը: Բացի ասկէ` ոչինչ գիտեն ծէսի մասին, աղօթքի մասին: Հաւատքը արմատացած չէ: Ոչ մէկ երեխայ առանց մկրտութեան տուն չի վերադառնար: Կը մկրտուին Ծաղկաձորի առաքելական եկեղեցիին կամ ճամբարի մատուռին մէջ` իրենց ցանկութեան համաձայն», կ՛ըսէ մեծաւորուհին` քոյր Արուսեակը, մինչ կ՛ուղղուինք ճաշասրահ, ուր ճաշասեղաններու շուրջ տեղաւորուած են արդէն 7-16 տարեկան 207 ճամբարականներ, շուրջ 20 օտար կամաւորներ` մեծ մասամբ ֆրանսացի, ուսուցիչներ, երիտասարդ ջոկատավար տղաք եւ աղջիկներ` իւրաքանչիւրը իր «Հռիփսիմէ», «Գայեանէ», «Լուսաւորիչ», «Շնորհալի», «Խորենացի» կոչուած 30-35 հոգինոց ջոկատին գլուխը, Համահայկական խաղերուն առթիւ Հայաստան գտնուող Աւստրալիոյ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլիստները, բարերարներ, հանգստեան կոչուած մայրապետներ: Քոյր Արուսեակին ձեռքի փոքր զանգակին հնչիւնը բաւարար կ՛ըլլայ, որպէսզի կատարեալ լռութիւն տիրէ այս ընդարձակ ճաշասրահին մէջ, բոլորը ոտքի կանգնին եւ ճաշի աղօթքը արտասանեն միաբերան: Մեծաւորուհիին «բարի ախորժակ» մաղթանքը ազդանշանը կու տայ սպասարկութեան, որ հերթով կը կատարեն ճամբարական երիտասարդ-երիտասարդուհիները արհեստավարժ սպասեակներու շնորհքով: Ճաշը կ՛աւարտի դարձեալ քոյր Արուսեակին զանգակի հնչիւնով եւ միաբերան արտասանուած գոհաբանական աղօթքով: Միեւնոյն տեսարանը կը կրկնուի առտու եւ իրիկուն, նախաճաշին եւ ընթրիքին: Քաթըրինկի ընկերութիւն մը միայն պիտի կարենար այսպիսի սպասարկութիւն մը ապահովել, կը մտածենք: Խոհանոցին մէջ ծառայողները վարպետ խոհարարուհիներ չեն միայն, այլ` իսկական տանտիկիններ, որոնք կ՛աշխատին իրենց սեփական զաւակներուն հանդէպ մայրիկներու ցուցաբերած բծախնդրութեամբ: Խոհանոցին, ինչպէս ննջարաններուն, լոգարաններուն, զբօսասրահներուն մաքրութիւնը այցելուին ուշադրութենէն չի վրիպիր:
Ճամբարը ունի իր հանդիսասրահը, որ մեծ եւ մանաւանդ փոքր ճամբարականներուն ամէնէն սիրելի անկիւններէն մէկն է, ուր ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ կը հնչեն նուագը, ասմունքը, երգն ու պարը, կը կատարուին թատերական փորձեր: Իւրաքանչիւրը ցոյց կու տայ իր շնորհը: Հոս, ինչպէս ճամբարային միւս բոլոր գործունէութիւններուն ընդմէջէն, ուսուցիչները կը փորձեն յայտնաբերել իւրաքանչիւր երեխային առանձնայատկութիւնները եւ ասոնց նկատառումով վերաբերիլ:
Ինչպէս նկատեցինք, երեք շաբթուան ընթացքին, ճամբարի իւրաքանչիւր մասնակից, ջոկատավար, խոհարար թէ ուսուցիչ կ՛աշխատի խօսքով ու իր օրինակով փոքրիկներուն փոխանցել իր գիտելիքները, եւ ինչպէս կ՛ըսէ կամաւոր ուսուցիչներէն մէկը, որ եկած է Էջմիածնի շրջանէն, այդ ընթացքին փոքրիկներուն հետ կը սորվին նաեւ իրե՛նք` ուսուցիչներն ու ջոկատավարները: «Մայրապետները եւ վարդապետները մեզի կը սորվեցնեն ինչպէս աւելի մօտիկ ըլլալ Աստուծոյ: Մեզի կը սորվեցնեն ինչպէս մարդը պահել ճիշդ ճանապարհի մէջ», կ՛ըսէ ան:
Հրաժեշտի պահուն ամբողջական դարձնելու համար մեր տպաւորութիւնները, անխոնջ մեծաւորուհին` քոյր Արուսեակ կ՛ըսէ. «Մեր երեխաները շատ ուշիմ են: Հոս շուտով կ՛ընտելանան համատեղ, խմբային աշխատանքին, կը սորվին ընկերասիրութիւն, աշխատասիրութիւն, կարգապահութիւն, մաքրասիրութիւն: Մէջերնին կ՛արթննայ աւելին սորվելու բնական պահանջ: Եւ այս բոլորը` քրիստոնէական դաստիարակութեան ընդմէջէն: Ճամբարը առաջին հերթին քրիստոնէական, ապա նաեւ ազգային, հայրենասիրական, քաղաքացիական դաստիարակութեան միջավայր մըն է: Երեխաները կ՛ուրախանան հոս գտնելով այն ամէն բաները, որոնցմէ զրկուած են ընդհանրապէս: Երեխան կ՛ուզէ կարեւոր զգալ, սիրուած զգալ, ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի առարկայ դառնալ: Կ՛ուզեմ, բայց ափսոս, որ չեմ կրնար ամէն իրիկուն համբուրել բոլոր երեխաները եւ զանոնք անկողին դնել»:
Քոյր Արուսեակը մայրապետ չէ միայն, այլ` բազմահարիւր երեխաներու հոգատար մայր: Այդ հոգատարութիւնը չի սահմանափակուիր միայն «Աղաճանեան» ճամբարին, այլ կ՛ընդգրկէ Տիրամայր Հայաստանի առաքելութեան հովանաւորութիւնը վայելող բազմատասնեակ սաները, որոնք ապաստանած են քոյրերուն մօտ, Գիւմրիի թէ Երեւանի մէջ: Այս հոգատարութիւնը կը կարօտի անշուշտ նիւթական միջոցներու: Այս մասին «Աստուած միշտ կ՛օգնէ» ըսելով` քոյր Արուսեակ մեզի ցոյց կու տայ ճամբարի մուտքին ընդարձակ ցուցատախտակի մը վրայ արձանագրուած բարերարներու անուանացանկը: Միջազգային, առաւելաբար կաթողիկէ կազմակերպութիւններ են, ազնուահոգի անհատներ, գերդաստաններ, որոնք տուած են եւ կը շարունակեն տալ անձնուիրաբար, առատաձեռնօրէն եւ անսակարկ: Կը մտածենք, որ այս անձնուիրումը, առատաձեռնութիւնը եւ անսակարկութիւնը ունին երկու պատճառ` արդիւնք եւ վստահութիւն: Անոնք կը տեսնեն իրենց նուիրատուութեան արդիւնքը, որ բացարձակ վստահութիւն կը ներշնչէ:
Աստուծոյ օգնութենէն ետք, այդ արդիւնքին եւ վստահութեան մէջ կը կայանայ քոյր Արուսեակի ծրագիրներուն յաջողութեան գաղտնիքը:
25 սեպտեմբեր 2015