ՏՈՔԹ. Ս. ԱՏԱՄ
Հայոց օրացոյցի հոկտեմբեր ամսուան ամէնէն աւելի յիշատակուող տօնը Թարգմանչաց տօնն է: Թարգմանչացը հայկական մշակոյթի ընդհանուր տօնն է: Գիրերու գիւտի, հայերէնի թարգմանութիւններու, հայոց լեզուով ստեղծագործութիւններու, հայ դպրոցներու կառուցման ընդհանուր տօնը: Յստակ է, թէ Թարգմանչաց տօնը վառ պահելու ամէնէն ազդու ձեւը հայոց լեզուն պահպանելը, սորվիլը, ծաղկեցնելն է:
Սակայն կայ նաեւ այլ ձեւ մը, որ պատիւ կը բերէ մեր թարգմանիչներուն, որոնք հայոց գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք լծուեցան Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան եւ այդ թարգմանութիւնը եղաւ թարգմանութիւններուն առաջինը, գեղեցկագոյնը, սրբագոյնը, թագուհին եւ կոչուեցաւ «Թագուհի թարգմանութեանց»:
Ո՞րն է թարգմանիչներու յիշատակը փառաբանելու լաւագոյն ձեւը, եթէ ոչ` իրե՛նց իսկ կատարած թարգմանութեան հանդէպ ցուցաբերուող հետաքրքրութիւնը, անոր ծանօթանալու, զայն ճանչնալու տրամադրութիւնը եւ անով հպարտանալը, եւ եթէ ոչ անոնց մեզի որպէս ժառանգ ձգած հարստութիւններու պահապանը ըլլալն է:
Մեսրոպ Մաշտոց, Ղազար Փարպեցի, Մովսէս Խորենացի, Եզնիկ Կողբացի, Անանիա Շիրակացի, Սուրբ Սահակ Պարթեւ եւ այլ ուրիշ թարգմանիչներ եղան հայ մշակոյթի մեր առաջին առաջնորդները, որոնց շնորհիւ այսօր մենք` հայերս հայերէն կը գրենք ու հայերէն կը կարդանք:
Հայոց գիրերու գիւտէն ետք Մեսրոպ Մաշտոցի գրած առաջին նախադասութիւնն է` «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»: Հոս իմաստութիւնը Քրիստոսն է, բանն Աստուծոյ, իսկ հանճարի խօսքերը Սուրբ Գիրքն է:
Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ծնած է Տարօն գաւառի Հացեկաց գիւղը: Սորված է յունարէն, ասորերէն եւ պարսկերէն լեզուները: Հայոց Խոսրով Դ. թագաւորի պալատին մէջ վարած է զինուորական քարտուղարի պաշտօն եւ ճանչցուած է որպէս գիտնական անձնաւորութիւն: Աստուծոյ, ազգին ու եկեղեցիին հանդէպ իր սէրը այնքան վառ եղած է, որ թագաւորական պալատը ձգելով` դարձած է կուսակրօն եկեղեցական եւ նուիրուած է Ս. Աւետարանի քարոզչութեան:
Ս. Սահակի նման` ինքն ալ իր շուրջը հաւաքած է երիտասարդ կրօնաւորներ եւ անոնց հետ շրջած է Հայաստանի զանազան կողմերը` Քրիստոսի լոյսը տարածելու համար: Իր ջանքերը եղած են արդիւնաւոր: Իր քարոզներուն շնորհիւ` Գողթան գաւառի մէջ ջնջուած են հեթանոսական մեղսալի սովորութիւնները եւ մարդիկ աստուածապաշտութեան հետեւած են:
Իր քարոզներուն ընթացքին զգացած է հայ լեզուի համար սեփական գիրերու անհրաժեշտութիւնը եւ ձեռնարկած է հայ տառերու գիւտին: Ի վերջոյ, աստուածային յայտնութեամբ կատարելագործած է իր աշխատանքը եւ ամբողջացուցած` հայոց այբուբենը: Ձեռնարկած է Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան:
Ս. Մեսրոպ առաջին ուսուցիչն է հայ լեզուին եւ հիմնադիրը` հայ գրականութեան: Ինքն է հայերէնը գրաւոր լեզու դարձնող ռահվիրան: Թարգմանչական աշխատանքի կողքին, գրած է շարականներ եւ աղօթքներ:
Մեսրոպ Մաշտոց եղած է հայ ծիսարանի առաջին խմբագիրը, որ հետագային ունեցած է իր յաւելումները: Այդ գիրքը իր անունով կոչուած է «Մաշտոց», որ կը գործածուի մինչեւ այսօր:
Ս. Մեսրոպ Մաշտոց հայ գիրերու գիւտէն ետք հնարած է նաեւ վրացիներուն եւ աղուաններուն այբուբենը:
Հայ հոգեւորականութիւնը 4-րդ հարիւրամեակի ընթացքին արդէն քաջատեղեակ էր քրիստոնէական գրականութեան սեռերուն ու տեսակներուն: Միայն կարեւոր էր, որ անոնք հայացուէին, այսինքն թարգմանուէին հայերէնի: Այս նպատակին պիտի ծառայէին Հայաստանէն դուրս` ասորական եւ յունական մշակոյթի մեծ կեդրոններու մէջ կրթութիւն ստացած այնպիսի հմուտ մտաւորականներ, որոնց կը կոչէին «երէց» թարգմանիչներ: Ասոնցմէ էին` Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս, Յովսէփ Վայոցձորեցի, Ղեւոնդ Երէց, Եզնիկ Կողբացի, Կորիւն, Յովհան Խոստովանող, եւ ուրիշներ:
Թարգմանչաց շարժումը տարածուած է, հայ գիրի գիւտէն անմիջապէս ետք, 405 թուականին, նպատակ ունենալով երկիրը յունական ազդեցութենէն ազատել, հայոց դպրոցներ հիմնելու, քրիստոնէական կարեւոր գիրքերը հայերէնի թարգմանելու, եկեղեցական ծէսերը հայկականացնելու, ինքնուրոյն հայալեզու դպրութիւն սկզբնաւորելու միջոցով: Թարգմանչաց շարժումը նաեւ պետական շահեր ունէր, կը հետապնդէր հայոց գիրերու գիւտով թուլացած Արշակունեաց գահի պաշտօնական գրութիւններու լեզուն յունարէնէն եւ ասորերէն հայերէնի վերածել: Իսկ հայալեզու դպրոցն ու գրականութիւնը, հայալեզու եկեղեցւոյ միջոցով պէտք էր նեցուկ դառնային հայոց պետականութեան ու ժողովուրդի ինքնութեան պաշտպանումին:
5-րդ դարու թարգմանական գրականութիւնը հայ ինքնուրոյն աստուածաբանական, դաւանաբանական, իմաստասիրական ու պատմական եւ այլ գրականութեան ստեղծման համար հիմք է, այս դարին է որ սկսաւ հայ մշակոյթի «Ոսկեդարեան շրջանը»:
Հայ թարգմանչական շարժումի նուաճումներէն մին ալ «Մաշտոցեան դպրոցներ»-ուն հիմնումն է, որոնք դարձան գրականութեան, քաղաքակրթութեան, գիտութեան ու մշակոյթի հետագայ զարգացման, հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման հիմքերը:
Ս. Գիրքի թարգմանութիւնը կարեւոր դեր խաղացած է հայ իմացական կեանքին մէջ: Հայոց մատենագրութիւնը սկսած է այդ թարգմանութեամբ: Ասով է, որ քրիստոնէական ոգին իր աւետարանական ու փիլիսոփայական ողջ տարողութեամբ կը թափանցէ հայ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ, եւ որպէս դասագիրք այբբենարան` կը ձգուի դէպի միւս ազգերու քաղաքակրթութիւնը: Իր պատմութիւններով, երգերով ու քրիստոնէական աւանդութիւններով, Աստուածաշունչը կը ստեղծէ ամուր մտայնութիւն` կեանքի, անցեալի ու ներկայի մասին եւ միաժամանակ յոյս կը ներշնչէ հայութեան տոկալու եւ յարատեւելու:
Հայերէն եկեղեցական լեզուն, որ թարգմանութիւններու միջոցով մշակուելով ու յղկուելով` կը դառնայ գրական լեզու, կը կոչուի ԳՐԱԲԱՐ: Գրաբարը դարերու ընթացքին կ՛ունենայ իր զարգացումը, կը կրէ փոփոխութիւններ, բայց հիմնականին մէջ կը պահպանէ լեզուական այն կառոյցը, որով գրած են հայ առաջին թարգմանիչները: