ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ
Այնճարի մէջ այցելութեան գացած էի մեր ելեկտրական գործերուն մէջ շրջան մը ծառայած Կարօ Պուրսալեանին, բակին անկիւնը տեսայ ճերմակ մազերով կին մը, որ ասեղնագործով կը զբաղէր, մօտեցայ իրեն, տեսայ, թէ տախտակի վրայ ամրացուած կտաւի վրայ գոյնզգոյն գեղեցիկ ծաղիկներ կը հիւսէր: Կինը հետաքրքրութիւնս տեսնելով` սենեակին ներսէն չորս կտոր ամբողջացած ձեռագործներ բերաւ ու սկսաւ բացատրել, որ սա Այնթապի գործ է, միւսը Մարաշի, երրորդ մը Ուրֆայի, ուրիշ մը` Սվազի: Ես բան մը չէի հասկնար Այնթապի, Մարաշի, Ուրֆայի գործ ըսելով, բայց կը հիանայի ձեռագործներու նրբութեան եւ գեղեցկութեան վրայ: Ան ցոյց տուաւ գոյնզգոյն մետաքսէ դերձանով հիւսուած գեղեցիկ թռչունի մը նկարը` յայտնելով, որ այս ձեռագործը Փարիզ պիտի ղրկուի հոն ձեռագործներու ցուցահանդէսի մէջ ցուցադրուելու համար: Հետաքրքրուելով այս բացառիկ կարողութեամբ կնոջ կենսագրականով` սկսայ հարցումներու. ի՞նչ է անունը, ո՞ւր ծնած է, ինչպէ՞ս Այնճար հասած է եւ մինչեւ այսօր ի՞նչ ձեռագործներ աշխատած է:
«Անունս Ժիւլիեթ է, – սկսաւ պատմել ձեռագործի վարպետուհին,- թէ ինչո՞ւ Ժիւլիեթ այդ ալ ուրիշ պատմութիւն: Երբ ես կը ծնիմ, ծնողքս դժուարութիւն կ՛ունենան անուն մը տալու ինծի, կ՛որոշեն փողոցէն անցնող առաջին անձին հարցնել ու ան կ՛ըսէ` Ժիւլիեթ:
Ծնած եմ Պէյրութ, Քարանթինա, 1936-ին, մուսալեռցի Գապագեան ընտանիքին մէջ: Մանկութեան յաճախած եմ Քարանթինայի Մեսրոպեան վարժարանը: 12 տարեկան էի, երբ ձեռքս առի ասեղ եւ դերձան ու առանց ուրիշի օգնութեան, հետեւելով նկարներու, սկսայ կտաւի վրայ աշխատիլ ու նկարազարդել: 14 տարեկանիս արդէն սկսայ մետաքսի վրայ աշխատիլ:
Տարուէ տարի զարգացնելով ասեղնագործութեան արուեստը` հետագային նորանոր նուաճումներ արձանագրեցի: Գործերս այսօր հասած են զանազան քաղաքներ ու երկիրներ, Պէյրութ, Զահլէ, Այնճար, Մուսա Լեռ, Էջմիածին, Ֆրանսա, Ամերիկա, Քանատա: Ընդհանրապէս աշխատած գործերս եկեղեցիի խորանի սեղանի ծածկոցներ էին, սկիհի եւ խաչի թաշկինակներ, եւ ուրիշ կարիքներ, որոնք բոլորն ալ նուէր տուած եմ եկեղեցիներու, իսկ անհատներու համար` մահճակալի, սեղանի, ափսէներու ծածկոցներ, պատի զարդեր, հարսի քող:
1954-ին ամուսնացայ մուսալեռցի Վարուժան Պուրսալեանին հետ եւ վերջնականապէս հաստատուեցայ Այնճար գիւղաւան: Ունեցայ չորս զաւակներ` երկու աղջիկ` Շողիկ եւ Սոնա եւ երկու մանչ` Կարօ եւ Յովիկ: 1990-ին Լիբանանի ներքին պատերազմի վերջին օրերուն բանակի զինուոր Յովիկս, որ Պաապտայի պալատի պաշտպանութեան գիծին վրայ էր, ուրիշ քառասուն զինուորներու հետ կը նահատակուի 22 տարեկանին: Այս ամառ, երբ Այնճարի մէջ բացումը կը կատարուէր քաղաքապետարանի «Դալար» հանրային պարտէզին, որուն մէջ կայ նաեւ աւանդական թոնիրի մը կառոյցը, Ժիւլիեթ իր զաւկին նահատակութեան 25-ամեայ յիշատակին առիթով, իր ձեռքով շինուած թոնիրի համեղ հացէն բոլոր ներկաներուն բաժնեց:
Ժիւլիեթ 1982-1986 Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Այնճարի կեդրոնին մէջ, կիներուն եւ օրիորդներուն կը սորվեցնէ ասեղնագործութեան արուեստը: Հետագային, 1988-էն սկսեալ, 14 տարիներ նոյնը կ՛ընէ Այնճարի «Գարակէօզեան» հաստատութենէն ներս, երկու պարագային ալ ձեռագործի արուեստին հետեւողներու թիւը կը հասնի քսանի:
Թէ ինչպէս Ժիւլիեթին պէս մէկը նուազագոյն ուսումով եւ առանց արտաքին օգնութեան, կատարելութեան կը հասցնէ պատրաստած ասեղնագործերը, զիս մեծապէս զարմացուց: Առաջին ենթադրութիւնս այն է, որ Ժիւլիեթ շատ հաւանաբար ձեռքին տակ ունեցած է ուրիշներու կողմէ պատրաստուած ձեռագործներ եւ կամ ձեռագործի պատկերներ ու զանոնք ընդօրինակած է` հետագային անոնց վրայ աւելցնելով իր յղացումները, շնորհիւ իրեն տրուած աստուածատուր ձիրքին: Գիրքերու մէջ երբ կը դիտեմ հայ կնոջ ձեռքով պատրաստուած հրաշալի ձեռագործի պատկերները, ես ինծի հարց կու տամ` ո՞ւր է գաղտնիքը այս անըմբռնելի յաջողութեան:
Պատմութեան հետքերը մեզի ցոյց կու տան, որ ասեղնագործութիւնը Հայաստանի մէջ զարգացած է շատ հին ժամանակներէ ի վեր: Ն. Ք. 1000 տարուան հնութիւն ունի: Վանի եւ Կարմիր Բլուրի շրջաններէն վերջերս յայտնաբերուած, ոսկի, արծաթ, պղինձ մետաղներու վրայ կ’երեւին կնոջ պատկերներ` ձեռագործով հիւսուած հագուստներով: Այդ օրերէն մինչեւ օրս հայ ժողովուրդը չէ դադրած ձեռագործի արուեստը զարգացնելէ եւ նորանոր հրաշք գործեր արտադրելէ` հակառակ դարերու ընթացքին իր կրած բազմատեսակ հալածանքներուն եւ տանջանքներուն:
Ասեղնագործութեան արուեստը Արեւմուտք` Եւրոպա մուտք գործած է Միջին Արեւելքէն, խաչակիրներուն դէպի Փոքր Ասիա արշաւանքներուն ժամանակաշրջանին (1090-1270): Կիլիկիոյ հայկական իշխանութիւնը ընկերային, առեւտրական եւ զինուորական սերտ կապեր հաստատած էր խաչակիրներուն հետ: Ամուսնութիւններ տեղի կ’ունենային խաչակիր իշխաններու եւ հայոց թագաւորական եւ ազնուական ընտանիքներու դուստրերու հետ, որոնք հետագային իրենց հետ Եւրոպա կը տանէին ձեռագործներ եւ ձեռագործի արուեստը: Կը պատահէր, որ կիներ փախչելու համար մեմլուքներու հալածանքներէն, կ՛ապաստանէին Եւրոպայի աւելի ապահով երկիրներ` իրենց հետ տանելով ասեղնագործի արուեստը: Կարեւոր է յիշել, որ մետաղեայ ասեղը Եւրոպա մուտք գործած է 1300-ական թուականներուն: Մինչեւ 1700-ական թուականներ ասեղնագործի զարդարանքները մենաշնորհն էին Եւրոպայի թագաւորական եւ ազնուական ընտանիքներուն, մինչդեռ ամէն հայ ընտանիքէ ներս ասեղնագործութիւնը հին ժամանակներէն ի վեր կարեւոր զբաղում մըն էր: Հարսը իր օժիտին մէջ անպայման պիտի տանէր ձեռագործ զգեստներ, անկողնի, սեղանի, ծածկոցներ: Հետագային, երեխայի կնունքի հագուստ: Պէյրութի մէջ 1920-ական թուականներուն որբանոցներու մէջ հայ որբուհիներուն ուսման հետ կը ստիպէին, որ ձեռագործ ալ սորվին, որպէսզի արաբներուն մօտ ծառայ չերթան: Նոյն թուականներուն Հալէպի մէջ մի ոմն այնթապցի ձեռներէց գործարար` Եագուպ Հոճա Ուսթագարայեան, 400 հայ գաղթական կիներու իրենց տուներուն մէջ ասեղնագործ կ՛աշխատցնէր ու այդ ձեւով հայ ընտանիքը իր ապրուստը կ՛ապահովէր:
Թէ ինչո՛ւ Միջին Արեւելքի մէջ սկսած էր զարգանալ ասեղնագործութիւնը, պատճառները երկուք էին, առաջին` անհրաժեշտ նիւթին գոյութիւնը, երկրորդ` ստեղծագործ միտքն ու անոր ետին կեցող աշխատող ձեռքը:
Անհրաժեշտ նիւթերը չորս տեսակ էին.
Ա.- Հում նիւթ, կանեփ, վուշ, բուրդ, բամպակ, մետաքս.
Վանի մէջ օգտագործած են ժութը եւ վուշը` շատ հին ժամանակներէ սկսեալ: Անոնցմէ պատրաստած են չուաններ` ծանր քարեր տեղափոխելու, ձկնորսական ուռկաններ, ինչպէս նաեւ` ձեռագործի համար ամենանուրբ դերձաններ: Բուրդն ու բամպակը առատօրէն գոյութիւն ունէին Հայաստանի մէջ: Մետաքսին համար կ՛ըսուի, թէ ասորեստանցիները, երբ Հայաստանի վրայ կը յարձակէին, վերադարձին իրենց հետ որպէս աւար կը տանէին ոսկի, արծաթ, երկաթ ու մետաքսեայ հագուստներ: Արդեօ՞ք այն ատենէն ի վեր Չինաստանէն Հայաստան կը ներածէին մետաքսը: Պատմութիւնը յստակ պատասխան չունի: Չմոռնանք, որ Հայաստանի ամէն կողմ կային թթենիներ, որոնցմէ կը ստացուէր մետաքսը:
Բ.- Ներկեր
Յունական, հռոմէական եւ արաբական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Հայաստանը նշանաւոր էր ներկի արտադրութեամբ: Ներկը կը ստացուէր բոյսերէ (ծաղիկ, պտուղ), անասուններու իւղերէ եւ հանքային նիւթերէ:
Գ.- Գործիքներ, ասեղ, մկրատ, կարթ եւ այլ մետաղեայ գործիքներ.
Հայաստան հարուստ էր երկաթի հանքերով, եւ հայերը գիտէին երկաթէն պողպատ պատրաստել: Առաջին ասեղները կը պատրաստուէին թռչունի ու ձուկի ոսկորներէ: Քրիստոսէ 1000 տարի առաջ, պողպատի գիւտէն ետք, հայերը երբ սկսան մետաղէ ասեղներ պատրաստել, ասեղնագործութեան արուեստը շատ արագ սկսաւ զարգանալ:
Դ.- Որակաւոր փայտ (կաղնի, ընկուզենի)
Որակաւոր փայտը շատ անհրաժեշտ էր ասեղնագործութեան համար, զանազան գործիքներ եւ կազմածներ փայտէ կը պատրաստուէին` ճախարակ, անիւ, ձող, շրջանակ: Հայաստան հարուստ էր կաղնիի եւ ընկուզենիի ծառերով:
Ինչ կը վերաբերի ստեղծագործ հայ մտքի եւ հայ մարդու աշխատասիրութեան, վկայ են աշխարհի զանազան թանգարաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող, դարերու հնութեամբ ասեղնագործներ, կարպետներ ու գորգեր` հայ ձեռքով պատրաստուած: Անոնք զարմանք եւ հիացում կը պատճառեն թանգարան այցելուին: Այսօր Այնճարի Ժիւլիեթը մէկ օրինակն է ստեղծագործ մտքին ու աշխատանքին: 2015-ի սկիզբները Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ձեռագործի ցուցահանդէսին ներկայ եղող «Անատոլու փրես»-ի թուրք թղթակից Այշէն հիացումով կը դիտէր Այնթապի, Մարաշի, Ուրֆայի եւ Սվազի նոր աշխատցուած գործերը ու հաւանաբար միտքէն կ՛ըսէր. «Ահաւասիկ ժողովուրդ մը, որ մեռնիլ չի գիտեր, որքան ալ փորձեն զայն աշխարհի քարտէսին վրայէն ջնջել»:
29 սեպտեմբեր 2015