Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճոնիին (Ճոնի Էօրտեքեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Հոկտեմբեր 10, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Johnny_10-10-15

Եթէ…

Բայց…

«Եթէ»-ներու շարքը արդէն երկար է, բաւակա՜ն երկար:

Գիտե՞ս «եթէ»-ներուն այդ շարքը որքա՜ն կ՛երկարի ինքնաբերաբար, մինչեւ ամէն մտածում, մինչեւ ամէն ցաւ, ընդվզումի ու տխրութեան արտայայտութիւն հասնի այնտեղ, ուր ընկերութիւն մը մէջտեղ եկաւ, ուր մտերմութիւն մը շինուեցաւ:

Ուշացած «երանի»-ները երբեք տեղ չեն ունեցած:

Զղջումը շատո՜նց իմաստազրկուած է ու անօգուտ:

«Կը ներես, եթէ գիշերը հրաժեշտի չկրցայ գալ եւ ցտեսութիւն ըսել. յաջողութիւն, ընկե՛րս` բոլոր քայլերուդ»:

Ամիս մը առաջ` չճամբորդելէս առաջ ղրկած այս նամակդ վերջին քարը դարձաւ մեր հարազատութեան եւ այլ բան պէտք չէր այլեւս ըսել,  թէ այո, դուն իսկական ընկեր ես, ընկերս ես:

«Եթէ, քովդ ըլլայի. «եթէ» հոն ըլլայի. Եթէ, եթէ, եթէ… անիմաստ են:

«Եթէ»-ներուն վրայ կ՛աւելնայ այլ բան, աւելի ուժեղ, աւելի ազդեցիկ. «արդեօ՞ք» հարցումը: Կարծես ամէն մէկ «արդեօ՞ք» հարցումը, որ մարդ ինքնիրեն հարց կու տայ այսօր, սրտէն կտոր մը կը խլէ… եւ ինչպիսի՞ «արդեօք»-ներ անցան միտքէս այսքան հեռաւորութեան վրայ, ընկե՛ր…

Գուժ է, չէ՞:

Գուժ է. պէտք է, որ միշտ հարուածող ըլլայ, միշտ զարնող, վայրագ, վայրենի, գազանատիպ:

Գուժ է, չէ՞, չի՛ կրնար հանդարտ հասնիլ, չի՛ կրնար հասկցնելով գալ, ինչո՞ւ…

Չե՛մ գիտեր. երկվայրկեանի մէջ հասնող լուրը, գալիքին` «հեռու» ըլլալու տրամաբանութեան այնքա՜ն արագ հաշտուած, պէտք է զինուած գայ անզէնին դիմաց, պէտք է պատրաստուած գայ ու հասնի բոլորին` իր դժոխային փառքերով:

Սովորական չէ որեւէ մէկ բան, սովորական կեանք չէ, սովորական լուր չէ, «Աստուած տուաւ, Աստուած առաւ»-ի անիմաստ ինքնահամոզումը չկայ այստեղ, իրաւունք չունի գոյութիւն ունենալու:

«Չսպասած քարդ գլուխ կը ծակէ», կ՛ըսեն:

Տարբեր իմաստով այս անգամ քարի պէսը ծակե՛ց գլուխնե՜ր փշրուած ձեւին պատճառով, ինքզինք բաժնելով, ինքզինք չէզոքացնելով, պայթեցնելով, անհետացնելով:

Ինչո՞ւ սուտ. ինչո՞ւ ինքնախաբէութիւն. ինչո՞ւ:

Արդէն ամբողջ օր մը անցաւ, եւ կը մտածեմ` պէ՞տք էր այդ «ճերմակ սուտը» նետէիր երեսիս…

Ինչո՞ւ մէկ օր առաջ, տակաւին «բան մը չկայ»-ի ու «ամէն բան լաւ է»-ի տրամաբանութեամբ կը խօսէիր. ՄԷԿ ՕՐ ԱՌԱՋ…

Չէ՞ որ ընկերը պէտք էր ընկերոջ հետ կիսուէր ամէն բան, ամէն տեսակ ցաւ, ամէն տեսակ հարց:

Չէ՞ որ ես այն ընկերներէդ էի, որ սակաւախօս ըլլալովդ հանդերձ, բոլոր դժուարութիւններուդ լուծման մասին երկա՜ր գիշերներ անցուցիր հետս, փորձեցինք, յաջողեցանք, ձախողեցանք…

Ինչո՞ւ օր մը առաջ լաւ էր հետդ այդ բոլորը, խնդացինք, կատակեցինք, ճիշդ մէկ տարի առաջ անցուցած մեր օրերը յիշեցինք եւ բան չըսիր, կը խնդայիր կեանքին, նոյն պարտականութեան գիտակից ընկերն էիր, ամէն բան մէկ կողմ դրած` միշտ առաջին գիծի վրայ…

Տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, թէ սխալ էր այդ ձեւի ելքդ այդ բոլորէն. ես դատողը չեմ, ես չէի այդ բոլորէն անցնողը, դուն էիր, այո՛: Բայց տրամաբանութիւնը այլ բան ալ կ՛ըսէ, թէ դուն այդ տղան չէիր, դուն այս տեսակ բանի յանձնուողը չէիր, ընկե՛ր, փաստը` թէ ՈՉ ՈՔ կը մտածէր, թէ  նման բան կրնար պատահիլ, նման ելք, նման դուռ կրնար բացուիլ դիմացդ, չե՛մ գիտեր` դէպի ո՛ւր…

Գիտե՞ս որքան դժուար է երիտասարդ տարիքիդ ձեռքերովդ ընկեր թաղես, ափ մը հող նետես անոր դագաղին վրայ, այս պարագային` բեռ աւելցնես անոր քու չհանգչած մարմինիդ վրայ: Գիտե՞ս, թէ քառապատիկ, տասնապատիկ ցա՛ւ է հրաժեշտի խօսք չըսել, վերջին անգամ չըլլալ հետդ այնտեղ, ուր միշտ էինք, մենք գետնի վրայ, դուն` օդը, վերը… վերջին անգամ ըլլալով գրկել քեզի. սխալ է թերեւս ըսել, թող որ հո՛ն ըլլայի, թող ըլլար նոյնը, հետդ ըլլայի, բոլորին հետ, նոյնը զգայի, չըլլայի ուրիշ, չըլլայի պարագայ, չըլլայի բացառութիւն:

Տարիներու անցուցած քաոսէդ միայն ինքզինքդ ազատեցիր` աւելի վատացնելով ցաւողներուն սիրտը, կորուստի ցաւի գամ մը մխրճելով ընկերներուդ, քեզի սիրողներուն սիրտին մէջ:

Սովորաբար դուն ուրիշ մէկն էիր. քո՛ւ անձնական յատկութիւններովդ, ձեռքիդ պատառը ընկերոջդ հետ կը կիսէիր, ընկե՛րս, գիտցողը գիտէ: Դուն այդպիսին էիր, գովասանքի խօսքեր չեն այս բոլորը. այս բոլորը պարզապէս տողեր չեն, որպէսզի ցոյց տամ, թէ որքան կը ցաւիմ, կամ` որպէսզի մարդիկ զբաղին ինձմով, հետաքրքրուին զգացումներովս: Չէ՛, չէ ընկե՛րս…

Թերեւս այսպէս կը գիտնան, թէ ինչպիսին էիր դուն…

Իսկ բաներ ալ կան, որ դուն պէտք էր գիտնայիր. բայց արդէն ուշ է…

Արդէն անցեալէն կը խօսինք. մօտիկ անցեալ, հեռու անցեալ. անցեալ, յուշ, յիշատակ, ցաւ, կորուստ:

Մէկ, երկու, տասը, յիսուն մարդու ցաւը չես դուն, դուն ամբողջ շրջանի կորուստն ես, «Թեհլիրեան»-ի կորուստն ես երիտասա՛րդ ընկեր, լա՛ւ ընկեր…

Որքան փորձեցի «եթէ»-ն գործածել ու անտեսել:

Չկրցայ «բայց» չդնել…

Բայց կայ, ընկե՛րս, դժբախտաբար…

Անակնկալն ու անսպասելին իրեն հետ «եթէ», «բայց» ու «արդեօք» հարցերու շարանը կը բերէ, ինչ որ  օգուտ չունի այլեւս:

Չէ՞ որ սատանային ուժ տուողն ու ստեղծողը Աստուած է եւ այս սատանային յաղթական փորձն էր, որ վերջ դրաւ քու կեանքիդ…

Վնաս չունի, դո՛ւն ալ երկնքի արքայութեան արժանանաս, ընկե՛րս, մեծ է տեղը, բան չի պակսիր այդքան բարութեանդ ու գթասրտութեանդ դիմաց:

Երէկուան լուրդ երէկուան թուականին վրայ չմնաց, ընկե՛րս, հետս է դեռ, արդէն մէկ օր եղած է եւ չկաս… գիտեմ, վստահաբար ինձմէ աւելի փնտռողներ կան քեզի, դուն ալ գիտես, որ դիւրին չէ ամէն բանը…

Ներեցի, ընկե՛րս, շատո՜նց ներած էի քեզ, որ չեկար, ցտեսութիւն չըսիր:

Դուն ալ կը ներես, որ քովդ չէի, չկրցայ ըլլալ, թերեւս նոյնը պիտի ըլլար, թերեւս… այլ:

Յիշեցնելու պէտք չկայ չէ՞. գիտե՛ս, որ ամէն ինչէ սուղ բան կար եւ անոր համար ամէն ինչ կ՛արժէր ընել եւ այլն… ես այդտեղ եմ, եւ լաւ եմ, եւ ամէն բան լաւ է:

Ինձմէ առա՞ջ հայաստանցի պիտի ըլլաս, ընկե՛ր:

Գիտես, չէ՞, կ՛ըսեն` դրախտը Հայաստան է:

3 սեպտեմբեր 2015

 

Մահէդ 33 օր ետք եւ այս գրութիւնը գրելէս 32 օր ետք կը կարդամ զայն, նոյնն է ամէն ինչ, ամէն զգացում նոյնն է:

Չեմ համոզուած. չտեսայ քեզ. չգրկեցի քեզի. չքալեցի թափօրիդ ետեւէն:

Գերեզմանիդ ծաղիկ մը չնետեցի տակաւին. խունկ մը, մոմ մը չվառեցի շիրիմիդ մօտ եւ չեմ գիտեր` մինչեւ ե՛րբ պիտի չկարենամ այս բոլորը ընել:

Վերջին անգամ չխնդայի՞ր դժուարութեամբ. վերջին անգամ չկատակէի՞ր ամբողջ սրտովդ եւ բառերը ուրախութենէդ ցատկէին լեզուիդ վրայ:

Շատ բան չունիմ աւելցնելիք 5 շաբաթներ ետք:

Համոզուած եմ, որ յուսահատ վիճակիդ մէջ նոյնիսկ, բոլորին հանդէպ պարտաւորութիւններդ կատարած եւ ճակատդ բաց հեռացար մեզմէ…

Հպարտ եմ, որ քեզի պէս ընկեր ունեցած եմ, բոլորս հպարտ ենք:

Գոնէ ամէն բանի աւարտին, յաւերժական քունդ հանգիստ ըլլայ, ընկե՛րս, եւ ինչ որ կեանքին մէջ չունեցար, գտնես եւ ունենաս:

Հողը թեթեւ գայ, սիրելի՛ ընկեր:

Խունկ, մոմ եւ յարգանք անմոռաց յիշատակիդ:

ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ

Արաբկիր, Հայաստան
05.10.2015

Նախորդը

Թարգմանչաց Տօնը Եւ Խորհուրդը

Յաջորդը

«Անհրաժեշտ Է Նոր Մղում Տալ 100 Տարիներու Վրայ Երկարող Հայ-Զուիցերիական Գործակցութեան» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?