Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տէրսիմահայ Երկու Կիներու Դառն Պատմութիւնը

Հոկտեմբեր 13, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱԶԸՄ ԿԻՒՆՏՕՂԱՆ

Aslihan_10-13-15

Ասլըհան Օլկար Պոլսի, Ասլըհան Քիրեմիթճեան ալ Զմիւռնիոյ մէջ նոյն շաբթու մէջ մահացան: Մէկը քրիստոնեայ էր, միւսը` իսլամ: Թաղումներն ալ այդպէս եղաւ: Մէկը հայոց գերեզմանատունը թաղուեցաւ, միւսը` իսլամներու: Ես երկուքին ալ թաղումին ներկայ գտնուեցայ: Նախ 7 սեպտեմբերին Պոլսի Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ Ասլըհան Օլկարը, ապա 11 սեպտեմբերին Զմիւռնիա, Կիւզելեալը թաղի Հաքիմ Էֆենտի մզկիթէն ալ Ասլըհան Քիրեմիթճեանը յուղարկաւորեցինք:

1937-38 Տէրսիմի կոտորածներուն իրենց արմատներէն պոկուելէ առաջ երկուքն ալ հայ ու քրիստոնեայ էին:

Այդ թուականներուն Ասլըհան Քիրեմիթճեան հինգ կամ վեց, Ասլըհան Օլկար ալ եօթը տարեկան էին: Ողջ մնացած էին, բայց չեմ կրնար «փրկուած» էին ըսել: Կոտորածի ամբողջ տառապանքը ամբողջ կեանքի մը տեւողութեամբ ապրեցան: Աքսորուեցան Թուրքիոյ տարբեր քաղաքները: Ասլըհան Քիրեմիթճեան Գոնիայի մէջ թրքացուեցաւ եւ անունը Ֆաթմա կոչեցին: Հոգեզաւակ անուանումին տակ աղախին մըն էր: 13 տարեկանին պարտադրաբար իսլամացուեցաւ եւ ամուսնացուցին 35 տարեկան իսլամ մարդու մը հետ:

Ասլըհան Օլկար Տէրսիմի ջարդերուն կորսնցուց իր ազգականները: Եօթը տարեկան էր, երբ ընտանիքէն վերապրողներու հետ բռնեց տարագրութեան ճամբան: Ընտանիքը դիմադրեց հայ ինքնութիւնը պահելու համար: 12 տարեկանին իսլամի մը հետ ամուսնացուելու վտանգը կանխելու համար ամուսնացուցին իր հօրը տարիքով հայու մը հետ: 12 զաւակ ունեցաւ, որոնցմէ վեցը ապրեցան: Դաժան կեանք մը ապրեցաւ: Վիշտերը իրարու հետ բաղդատելը սխալ է թէեւ, բայց ան բաղդատմամբ իր անուանացանկին` աւելի բախտաւոր է: Վերջապէս ապրած է իր հաւատքով ու մշակոյթով եւ այդպէս ալ պատրաստած` զաւակները:

Վերջին ճամբորդութեան զաւակները զինք յուղարկաւորեցին հայկական ծէսով ու աւանդութիւնով:

Մինչ Ասլըհան Քիրեմիթճեան անարմատ էր եւ անտէր: Շատ աւելի ծանր էր այս: Աղջիկը`  Զէյնեպը, կ՛արտասուէր հեռախօսին միւս կողմը: «Քազը՛մ պէյ, մայրս գնաց, ա՛լ չկայ, թեւ առաւ ու հեռացաւ մեզմէ»: Նոյն գիշեր ճամբայ ելայ դէպի Զմիւռնիա: Ննջեցեալի տան մէջ մահուան վիշտն ու թախիծը կը տիրէր: Ասլըհանի բացատրութիւնով «այդ լրագրող տղան» ըլլալով ծանօթացուցին զիս: Երախտիքով պատմեր է շուրջիններուն` «այդ լրագրող տղան եթէ չըլլար, ես ուրկէ՞ կը գտնէի հարազատներս»: Միշտ կ՛աղօթէ եղեր ինծի համար:

Տան մէջ արմատախիլ ըլլալու, անտէրութեան ծանր մթնոլորտը կար: Կամ ալ ինծի այդպէս կը թուէր:

Ասլըհան Քիրեմիթճեան կենդանի վկան էր Տէրսիմի հայերուն 1937-38 ցեղասպանութեան օրերուն ինչպէս արմատախիլ ըլլալնուն, ինչպէս թրքացուելուն եւ կրօնափոխ դառնալնուն:

Ան այժմ Ֆաթմա Եաւուզ անունով կը հանգչի Զմիւռնիա, Նարլըտերէի գերեզմանը:

Թաղման, երբ բոլորը աղօթք կը մրմնջէին, ես ներքուստ կ՛անիծէի այս վիշտին ու ամօթին հեղինակները:

Կը մխիթարուիմ, որ քահանայի թոռ Ասլըհանի պատմական արժէք ներկայացնող կենսագրութիւնը «Վանքին երեխաները» անուն վաւերագրական ժապաւէնին եւ «Քահանային թոռները» անուն գիրքին նիւթ պիտի դառնայ:

«Ակօս»

 

Նախորդը

Սուրեշին «Ելքի Ճամբան»…

Յաջորդը

Այշէ Կիւնայսու Քննադատեց Սելահէտտին Տեմիրթաշի Ու Ֆիկեն Եիւքսեքտաղի Արտայայտութիւնները, Որոնք Կը Վիրաւորեն Հայերու Ու Միւս Քրիստոնեաներուն Զգացումները

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?