Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Վերահսկուող Աշխարհամարտ

Հոկտեմբեր 9, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

agnarg_10--08-15

Ռուսական զինուորական գործօնի աշխուժացումը սուրիական պատերազմին լայնածաւալ եւ տարատեսակ մեկնաբանութիւններու տեղի տուած է. պատերազմին սերտօրէն զուգորդուած է տեղեկատուականը նաեւ: Միեւնոյն լայնածաւալութեամբ հարուածուող թիրախներու մասին կան հակասական լրատուութիւններ, տեղեկութիւններ, վերլուծումներ: Ոչ միայն բացարձակ, այլ ընդհանրապէս հանգրուանային եզրակացութիւններու յանգիլը նոյնիսկ կրնայ թէական ըլլալ, եւ անհամապատասխան իրողական իրավիճակներուն:

Հաւանաբար անտեղի չ՛ըլլար սակայն տեսանելի երեւոյթներու առնչութեամբ որոշ դիտարկումներ կատարելը: Բնականաբար առաջին մտածումը կ՛երթայ ընտրուած ժամանակին: Ինչո՞ւ հիմա է, որ Ռուսիան կ՛անցնի զինուորական յարձակողականի: Պարզ է, որ ռուսական օդուժը միջազգային կանաչ լոյսեր ստացած է գործի անցնելու: Նման ինքնուրոյն նախաձեռնողականութիւն կրնար անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ, նկատուիլ արկածախնդրութիւն եւ առիթ տալ իրադրութիւններու անվերահսկելի ահագնացումի: Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի ժամանակի առումով իրար խաչուող յայտարարութիւնները միջազգային կանաչ լոյսին մասին մտածել կու տան: Ուաշինկթըն կը յայտարարէր, որ նախագահ Ասատի հրաժարականը անմիջական պահանջ ու առաջադրանք չէ այսօր, մինչ Մոսկուան կը խօսէր նոյն անձնաւորութեան իշխանութեան անցումի հանգրուանին համաձայն ըլլալուն մասին:

Գերտէրութիւններու այս յայտարարութիւնները իրար լրացնող են. մէկ կողմէ կը խօսին իշխանափոխութեան ոչ անմիջականութեան, միւս կողմէ նաեւ ոչ երկարատեւութեան մասին` անուղղակիօրէն ընդգծելով, որ առաջին գերխնդիրը այսօր ՏԱՀԵՇ-ի չէզոքացումն է:

ՏԱՀԵՇ-ի չէզոքացումը սակայն պէտք է ընկալել մասնակի հասկացողութեամբ եւ ոչ ամբողջական: ՏԱՀԵՇ-ի ամբողջական չէզոքացումը եթէ միջազգային ընտանիքին համար առաջնային օրակարգ է, ապա գետնի վրայ արձանագրուող դէպքերը կը ստանան կտրուկ, յանկարծակի եւ համալիր բնոյթ: Նախքան ռուսական կործանիչներու հանդէս գալը, աշխարհը ականատես եղաւ ամերիկեան օդային սահմանափակ յարձակումներու, որոնք նաեւ չունեցան հետեւողականութիւն:

Ռուսական հարուածները թէ՛ օդային եւ թէ՛ ռազմանաւային հեռահար` ճիշդ է, որ ամերիկեան հարուածներու սահմանափակուածութեամբ չեն, բայց նաեւ ամբողջական չէզոքացումի միտող հարուածներ չեն. գէթ այս հանգրուանին: Անշուշտ անհրաժեշտ է իրազեկումը խփուող թիրախներուն, հարուածուող գօտիներուն, մարդկային եւ նիւթական վնասներուն, բայց մանաւանդ գետնի վրայ արձանագրուող կամ չարձանագրուող տեղաշարժերուն:

Ռազմափորձագէտներուն տեսակէտով օդային եւ հեռահար հրթիռակոծումները միտուած են ուղի բանալու Սուրիոյ կառավարական ցամաքային ուժերուն  տեղաշարժուելուն: Առ այս պահը նկատուած են  զինուորական շարասիւներու աշխուժ երթեւեկներ, այսուհանդերձ տակաւին թէական են նոր շրջաններու վերագրաւումները կառավարական ուժերուն կողմէ: Իրադրութիւններու ընթացքը կը յուշէ որոշակի միտում ծովեզերեայ Սուրիան եւ զայն դարպասող տարածքները մաքրազտելու եւ կայունացնելու ընդհանուր ծրագիրի մը գոյութեան:

Կը նկատուի նաեւ մէկ կողմէ քրտական զինեալ ուժերու պատրաստակամութիւն` ողջունելու ռուսական ներգրաւումն ու աջակցութիւն ցոյց տալու կառավարական ուժերուն, ամրակայուող Ալաուիստանին առընթեր պահելու իրողապէս ինքնավար սուրիական Քիւրտիստան մը:

Ռուսական զինուորական միջամտութենէն ետք, յայտնապէս երկրորդ կարգ անցած է իրանեանը, որ հակառակ յայտարարողական մակարդակի վրայ Միացեալ Նահանգներու հետ իր ունեցած ելեւէջային յարաբերութիւններուն, աշխարհաքաղաքական բնոյթի օրակարգերով բանակցային փուլի անցած է Արեւմուտքի հետ:

Անգարայի պահանջով գումարուած ՕԹԱՆ-ի պրիւքսէլեան ժողովը կ՛որոշէր քննարկել ռուսական միջամտութեան լոյսին տակ սուրիական զարգացումները: Այս առիթով նաեւ ՕԹԱՆ-ը կը վերահաստատէր Թուրքիան պաշտպանելու եւ ի պահանջեալ հարկին Թուրքիա զօրք ուղարկելու իր պատրաստակամութիւնը: ՕԹԱՆ-ի այս յայտարարութիւնները հակազդեցութիւն են ռուսական օդուժի Թուրքիոյ նկատմամբ կատարած կրկնակի սահմանախախտումներուն:

Տարածաշրջանին մէջ ռուսական ռազմական գործօնի յայտնուիլը ի վնաս գլխաւոր այլ խաղացողի` Թուրքիոյ է: Առ այս պահը, այն ինչ որ կ՛երեւի` ամերիկեան կանաչ լոյս ստացած Ռուսիան օդային եւ հեռահար յարձակումներով նախ կը բարձրացնէ կառավարական ուժերուն բարոյահոգեբանական իրավիճակը, ցամաքային տեղաշարժերու ճամբայ հարթող գործողութիւններ իրականացնելով կը միտի ամրակայել ծովեզերեայ սուրիական Ալաուիստանը: Մինչ Թուրքիան կը փորձէ յենիլ ՕԹԱՆ-ի վրայ, մերժուած անվտանգութեան գօտի յառաջացնելու իր առաջարկով, առնուազն կը ջանայ սուրիական Քիւրտիստանի վրայ վերահսկողութեան լծակներ պահպանել:

Տեղի ունեցածը պարզապէս համաշխարհային  պատերազմի տարբերակ է. սահմանափակ, համաձայնեցուած եւ վերահսկելի բնոյթով:

«Ա.»

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Սահմանադրական Հանրաքուէի Օր Ճշդուած Է 6 Դեկտեմբերը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?