Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի 70-րդ նստաշրջանի նիստերուն մասնակցելուն զուգահեռ, հանդիպում ունեցած է թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Ըստ «Ակօս»-ի, համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին Տաւութօղլու հերթական անգամ հակահայ ելոյթով հանդէս եկած է:
Խորին շնորհակալութիւն յայտնելով Ամերիկայի թուրք քաղաքացիներուն` ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին դէմ իրենց առած քայլերուն համար` Տաւութօղլու շեշտած է. «Դուք ականատես եղաք, թէ Թուրքիոյ մասին վատ լուրեր տարածելու եւ բացասական ընկալում ստեղծելու համար որքա՛ն ջանքեր գործադրուեցան: Այդ իսկ պատճառով մենք ձեզմէ կ՛ակնկալենք, որ հայկական, հրէական, յունական եւ այլ լոպիներուն դէմ ձեր մղած պայքարին մէջ ձեր գլուխները բարձր պահէք եւ Թուրքիոյ շահերը պաշտպանէք: Մենք կ՛ուզենք, որ դուք պաշտպանէք մեր սուրբ ազգը, որ Չանաքքալէի (Կալիփոլի) պատերազմէն ի վեր բազում զոհողութիւններ ըրած է ազատութեան եւ ապագային համար»: