ՄՈՎՍԷՍ ՍԵԴՐԱԿ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ



Ծնար անիծեալ թուականի մը` Մուսա Լերան գեղատեսիլ լանջերուն, ուր նարինջն ու թուզը դրախտային համ ու բոյր ունէին… կ՛ըսէիր: Վերջին անգամ Խտըրպէկի եկեղեցիին մէջ քեզ մկրտեցին, ու առանց Աստուծոյ տան դուռը փակելու` բարձրացաք լեռ, ուր տեղի ունեցաւ աշխարհը զարմացնող, աշխարհը հիացնող յայտնի հերոսամարտը: Հոն էր հայրդ` Մովսէսը իբրեւ մարտիկ, հոն էր մայրդ` Ծաղիկը իբրեւ չորս երեխաներու խնամակալ, որոնցմէ մեծը` Խաչերը «սուրհանդակներ»-ու խումբին մէջ կը գործէր: Հոն էին բազմաթիւ հայրեր ու մայրեր, բազմաթիւ պարման-պարմանուհիներ, բազմաթիւ նորածիններ, որոնց ազատագրումն ու գոյատեւումը կախեալ էր Մուսա Լերան երիտասարդներու անվրէպ գնդակէն:
Յաղթեցիք դուք: Յաղթեցիք, այդ ալ ինչպէ՜ս, քանի մը հարիւր որսորդ գիւղացիներ փառաւոր յաղթանակ մը արձանագրեցին հազարներ հաշուող խուժանի եւ հազարներ հաշուող արիւնախում կանոնաւոր զօրքի դէմ: Ապա ձեզ փոխադրեցին եգիպտական կիզիչ աւազուտները` Փոր Սայիտ, ուր մէկ կողմէ վրաններու տակ այբուբենը սորվեցաք եւ միւս կողմէ (քանի մը տարի ետք միայն)` երկրորդ փառահեղ յաղթանակը արձանագրեցիք դարձեալ թուրքին դէմ, այս անգամ` Արարայի ճակատամարտին ու արեամբ շահեցաք հայրենիք` Մուսա Լեռ «վերադառնալու իրաւունքը»: Վերադարձաք ու դարձեալ ծուխը բարձրացաւ Մուսա Լերան երդիքներէն: Նոր ու բազում երեխաներ ծնան ու մկրտուեցան Խտըրպէկի եկեղեցիին մէջ: Այս անգամ լեռ բարձրացաք ոչ թէ կռուելու, այլ յաղթանակը տօնելու եւ որսորդութիւն ընելու համար:
«Որսորդը պատրաստ զինուոր է», կ՛ըսէիր: Այդպէս կ՛ուսուցանէր Մուսա Լերան չարքաշ ու անկայուն կեանքը: Աւելի ճիշդը` մեր դարաւոր թշնամին: Արհեստով եղար որսորդ եւ ժողովուրդը մոռցաւ Սեդրակ անունդ ու ճանչցաւ քեզ իբրեւ Որսորդ Սըդդան: Վեց թոռ ունեցար, բոլորն ալ` հրաշալի որսորդներ, բոլորն ալ տղամարդ` պատրաստ զինուորներ: Իսկ հինգ ծոռներէն երեքն ալ տղամարդ են, անոնցմէ մեծը` Թովմասին տղան` Արին, վերջերս Հայաստանի մէջ կայացած համահայկական մարզական մրցումներուն սփիւռքի նշանառութեան առաջինը հանդիսացաւ… Որքա՜ն պիտի հպարտանայիր: Անոնք` թոռներդ ու ծոռներդ (աղջիկներն ալ հետերնին), բոլորն ալ գնդակը ասեղի ծակէն կ՛անցընեն, ինչպէս` բոլոր մուսալեռցի երեխաները: Անոնք բոլորն ալ Մուսա Լերան աւանդութիւնը կը պահեն ու իրենց տան մէջ զինադարանի կողքին, ունին նաեւ գրադարան: Գիր, գրականութիւն ու առհասարակ մշակոյթը սիրող ու պաշտպանող ժողովուրդ է մուսալեռցին:

Հրաշալի պատմող էիր, հայրի՛կ, ես կ՛ըսէի` «ասացող»: Ձմեռները «թանտըրի»` տան կրակարանի շուրջ կը համախմբուէինք, կու գային նաեւ ազգականներու եւ դրացիներու երեխաները, ու դուն հրաշալի հեքիաթներ կը պատմէիր մեզի, կը պատմէիր քու եւ առհասարակ մուսալեռցիներու կեանքէն, ընկերներուդ ու նաեւ հերոսներու կեանքէն: Կը պատմէիր երգիծախառն ու պատկերաւոր այնպիսի կենսունակ ոճով մը, որ կլանուած կը լսէինք ու կը դիտէինք քեզ: Քեզ ճանչցողները կ՛ըսէին, թէ Պետիկը իր պատմելու շնորհը քեզմէ ժառանգած պէտք է որ ըլլայ: Եւ արդեօ՞ք պատահական էին յաճախակի այցելութիւնները ընկերոջդ` մեծատաղանդ գրող Եդուարդ Պոյաճեանի, որ պատմել կու տար եւ հաճոյքով կը լսէր քեզ: Ան աւելի կը խանդավառուէր, երբ պատահաբար ներկայ կ՛ըլլային նաեւ ընկերներդ` Շաննագենց Հայրապետը, Անտոնենց Կապպայտը, Դլիան քեռիիդ տղան` Պատըրը, արաբերէնի մասնագէտ Բաբգէն Զանոյեանը, եւ այլն: Այս վերջինը թէեւ զարգացած մարդ էր, սակայն մոլեռանդ որսորդ էր քեզի պէս: Դուն անոր ընկերակցութիւնը աւելի կը նախընտրէիր, ոչ միայն յաւելեալ բաներ սորվելու համար անկէ, այլ նաեւ` կատարելագործելու համար արաբերէնդ:
Կատակով կ՛ըսէիր, թէ տասնվեց օր դպրոց գացած էիր, սակայն տասնեօթ յանցանք գործած եւ այդ պատճառով ալ դուրս դրուած էիր դպրոցէն: Ճշմարտութիւնը այլ էր սակայն: Հօրդ վաղաժամ մահը պատճառ եղած էր, որ դուն գրաճանաչ չդառնաս: Սակայն շնորհիւ ձայնասփիւռին ու նաեւ Բաբգէն Զանոյեանին, դուն ոչ միայն կրցար արաբերէնդ կատարելագործել, այլ նաեւ որոշ զարգացում ձեռք բերիր: Տեղեակ էիր աշխարհի պատմութեան, աշխարհագրութեան, ժամանակակից անցուդարձերուն: Չես գիտեր ինչո՛ւ յատուկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէիր գիտական նորութիւններուն, յատկապէս` տիեզերական նուաճումներուն հանդէպ: Կը սիրէիր քննարկել աստուածաբանական, մարդկային ու ազգային հարցեր, որոնց նկատմամբ ճշդած էիր քու փիլիսոփայական կեցուածքներդ ու ըմբռնումներդ:

Հպարտ էիր, որ ֆրանսական զինուոր եղած ես ու ծառայած` իբրեւ թնդանօթաձիգ: Նոյնիսկ օդանաւ մը վար առած էր ձեր խումբը ու արժանացած` շքանշանի: Կը յիշե՞ս` որքա՜ն փնտռեցինք շքանշանդ եւ կամ զինուորական թուղթդ, սակայն միայն լուսանկարներդ գտանք: Զինուորութենէն սորված էիր քանի մը նախադասութիւն ֆրանսերէն եւ կարգապահութիւն, որմէ զուրկ էինք մենք` գիւղացի երեխաներս…
Հպարտ էիր նաեւ մեզմով, յատկապէս Պետիկով, որ սկսած էր բանաստեղծութիւն ստորագրել: Շատ կը սիրէիր, որ կարդանք քեզի թէ՛ Պետիկին բանաստեղծութիւնները եւ թէ՛ Պոյաճեանէն պատմուածքներ: Հպարտ էիր նաեւ Պոյաճեանով, յատկապէս անոր համար, որ քու մասիդ պատմուածք մը` «Այնճարի մէկ տղան» գրած էր ու հերոսին անունը պահած էր նոյնը` «Սեդրակ»:
Դժկամութեամբ ղրկեցիր զիս Հայաստան ուսանելու: Չէիր սիրեր համայնավարները, սակայն երբ այցելութեան եկար քովս` Հայաստան ու լսեցիր, որ փողոցին ոստիկանը հայերէն կը խօսի, կառավարական շէնքի վրայ ծածանող դրօշակը եռագոյն թուեցաւ քեզի: «Արմենիա» պանդոկի դիմացն էինք, երբ բացատրեցի, թէ կարմիր կապոյտ կարմիր է ատիկա. առարկեցիր` ըսելով.
– Այսօր երկու գոյն է, սակայն վարի կարմիրը խունացած է, վաղը կ՛ըլլայ իսկական եռագոյն, ու երբ այս թաթարին (ցոյց տալով Լենինի արձանը) փոխարէն` Արամ Մանուկեանի արձանը կանգնեցնեն, կու գաս ու գերեզմանիս վրայ կ՛արձանագրես «Հայաստանը անկախացաւ» այսինչ օրը, այսինչ թուականին: Եթէ պատահի, որ ստիպողաբար Լիբանանէն դուրս ելլէք, կու գաք ու հոս կ՛ապրիք, այս է մեր հայրենիքը: Կը ծախէք Լիբանանի արտերն ու տուները եւ կու գաք հոս, հող եւ տուն կ՛առնէք: Ուրիշներուն երկիրը մեզի հայրենիք չ՛ըլլար, տղա՛ս: Հոն տուն մի՛ կառուցէք օտարներուն համար: Հոս եթէ երկու քար իրարու վրայ դնէք, կը մնայ, մեզի՛ կը մնայ: Օտարութեան մէջ կառուցուածը օտարին կ՛երթայ…
Հօրս աչքերը խոնաւցած էին: Ան վայրկեան մը լռեց, թաշկինակը հանեց, սրբեց արցունքները, խոր շունչ մը քաշեց ու շարունակեց.
– Իմ թոռս արաբ եղեր է, թուրք եղեր է, ֆրանսացի թէ չինացի, նոյնն է ինծի համար: Ազգային գետնի վրայ կորուստը նոյնն է: Երբ թոռներս դադրին հայ ըլլալէ, զիս չեն հետաքրքրեր:
Հայրս դարձեալ լռեց: Ես միայն կրցայ հաւանութիւն տալ իր ըսածներուն, եւ որպէսզի մեր վիճակը աւելի չծանրանայ ու չխորանանք հարցերու մէջ, առաջ անցայ ինքնաշարժ մը ապահովելու, որովհետեւ պանդոկէն դուրս ելած էինք իր ցանկութեամբ Արամ Մանուկեանի շիրիմին ծաղիկ տանելու համար…

Սիրելի՛ հայրիկ,
Այսօր մէկի փոխարէն` երկու հայկական անկախ պետութիւն ունինք: Քու պաշտած եռագոյնը, իսկակա՛ն եռագոյնը կը ծածանի այդ նոյն կառավարական շէնքին վրայ: Լենինը հանած են, սակայն տակաւին Արամ Մանուկեանի արձանը չեն դրած հոն եւ ոչ ալ` անոր տունը վերանորոգած: Օր մը ատոնք ալ կ՛իրականանան: Մենք` զաւակներդ (դժբախտաբար Պետիկը շուտ մեկնեցաւ), նոյնը կը թելադրենք թոռներուդ եւ ծոռներուդ:
Երազանքներդ իրականացած են, հայրենիքի մէջ թէ՛ բնակարան ունինք եւ թէ՛ քանի մը հողամաս: Շիրմաքարիդ վրայ յստակօրէն փորագրուած է Հայաստանի անկախացման տարեթիւն ու ամսաթիւը:
Այո՛, սիրելի՛ հայրիկ, չենք յուսահատած, գեղեցիկ օր մը եթէ ոչ ես, ապա թոռներդ անկասկած կու գան եւ շիրմաքարիդ վրայ կը փորագրեն նաեւ ողջ պատմական Հայաստանի ազատագրման ու անկախացման տարեթիւն ու ամսաթիւը: