Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համահայկական Խորհուրդը Պիտի Փոխարինէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Յանձնաժողովը

October 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը սեպտեմբեր 26-ին Երեւանի մէջ միաձայն որոշում ընդունեց Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելու մասին: Նիստին ներկայ էին նաեւ Հայոց ցեղասպանութԵան հարիւրամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ աշխարհի 40 երկիրներէ` բացառութեամբ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն:

Ձեւաւորուեցաւ 12 անձերէ բաղկացած կազմակերպչական յանձնախումբ մը, որուն կազմին մէջ են Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ներկայացուցիչներ` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի, ՀՌԱԿ-ի, Սոցիալ-դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռուսաստանի հայերու միութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան:

Հաւանաբար անուշադրութեան պատճառով կազմակերպչական յանձնախումբի կազմին մէջ չէ ընդգրկուած Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ: Սակայն բանաձեւին մէջ յստակ սահմանուած է, որ Համահայկական խորհուրդի կազմին մէջ պէտք է ընդգրկուին Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան, սփիւռքի առանցքային կազմակերպութիւններու, պետական կառավարման կարեւորագոյն մարմիններու, հոգեւոր հաստատութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ընդունուած որոշումին համաձայն`

– Համահայկական խորհուրդը պիտի կրէ խորհրդատուական բնոյթ, պիտի ունենայ տարածաշրջանային եւ թեմատիկ յանձնախումբեր եւ տարեկան նիստերը պիտի գումարէ Երեւանի մէջ:

– Խորհուրդը պէտք է իր մնայուն օրակարգին մէջ ընդգրկէ հետեւեալ հարցերը. ա) աշխարհի հայերու վիճակի մասին համապարփակ ամէնամեայ զեկոյցի քննարկումը, բ) Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ անոր հետեւանքներու վերացման առնչուող խնդիրներու քննարկումը, եւ գ) համահայկական բնոյթի ձեռնարկներու համադրումը:

– Խորհուրդը պէտք է իր անդրանիկ նիստը գումարէ Երեւանի մէջ, 2016 թուականի սեպտեմբեր 20-ին:

– Կազմակերպչական յանձնախումբը պէտք է մշակէ եւ մինչեւ 2016 թուականի ապրիլ 15-ը յանձնաժողովի անդամներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներուն առաքէ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման, հիմնադիր կազմի եւ կառուցուածքի մասին որոշման նախագիծը, պետական յանձնաժողովի անդամներուն մասնակցութեամբ կազմակերպէ խորհրդատուութիւններ խորհուրդի հայեցակարգի, կառուցուածքի եւ գործունէութեան կարգի շուրջ, նախապատրաստէ խորհուրդի առաջին նիստը եւ մինչեւ 2016-ի յուլիս 15-ը իրազեկէ յանձնաժողովի անդամներուն առաջին նիստին իրականացման վայրի եւ ժամանակացոյցի մասին:

– Սփիւռքի նախարարը Հայաստանի արտաքին գործոց, մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններու, պետական մարմիններու հետ փոխգործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ պետական յանձնաժողովի կազմին մէջ ներգրաւուած սփիւռքի կառոյցներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերուն հետ խորհրդատուութիւններ կազմակերպելու միջոցով պէտք է նախապատրաստէ «Հայերու վիճակը աշխարհի մէջ» առաջին զեկոյցը, մինչեւ 2016-ի մայիս 1-ը զեկոյցի նախագիծը ներկայացնէ պետական յանձնաժողովի անդամներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներուն` վերջիններուս առաջարկները ստանալու եւ մինչեւ 2016-ի սեպտեմբեր 20-ին կայանալիք նիստը ամփոփելու նպատակով, ինչպէս նաեւ` խորհրդատուութիւններ իրականացնել տարածաշրջանային յանձնախումբերուն հետ` նախապատրաստելով առաջարկներ Համահայկական խորհուրդի հետ վերջիններուս փոխգործակցութեան ընթացակարգերու վերաբերեալ:

Քննարկման ընթացքին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան առաջարկեց, որ ի լրումն Համահայկական խորհուրդին, սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ ձեւաւորուին տարածաշրջանային յանձնախումբեր` 2016 թուականի Հայաստանի Հանրապետութեան 25-րդ տարեդարձին, եւ 2018-ի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակի ձեռնարկներուն կազմակերպման աջակցելու նպատակով:

Իմ խօսքիս մէջ հարցուցի, թէ ինչո՞ւ Համահայկական խորհուրդին մէջ չեն ընդգրկուած հանրութեան ներկայացուցիչներ, որպէսզի հայկական կազմակերպութիւններու անդամ չհանդիսացող հայերու մեծամասնութիւնը ներկայացուած ըլլայ խորհուրդին մէջ: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պատասխանեց, որ իր աշխատակազմը նման գաղափար մը ուսումնասիրած է, սակայն հրաժարած է անկէ` հաշուի առնելով հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներու ընտրութեան բարդութիւնը: Ես նշեցի, որ գոյութիւն ունին մեքանիզմներ հայ համայնքներէն ներկայացուցիչներ ընտրելու համար: Նախագահը խնդրեց, որ կազմակերպչական խորհուրդը նկատի ունենայ նման առաջարկները: Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան եւ նախկին վարչապետ Վազգէն Մանուկեան եւս արտայայտուեցան Համահայկական խորհուրդին մէջ հանրութեան ներկայացուցիչներու հնարաւոր ընդգրկման մասին:

Ինչպէս բացատրած եմ իմ նախորդ յօդուածներուս մէջ, Համահայկական խորհուրդը կը վերացնէ իւրաքանչիւր հայկական ճգնաժամի կամ խնդրի առիթով առանձին յանձնաժողովներ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: Իմ կարծիքով, նախընտրելի է, որ խորհուրդի սփիւռքեան անդամները ընտրուին հայկական համայնքներու մէջ իրականացուող ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով. սա շատ բարդ գործընթաց է, սակայն դրուատանքի արժանի` յաջող իրագործման պարագային…

Եւ վերջաւորութեան, սեպտեմբեր 26-ի նիստին քննարկում չեղաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան դերի մասին Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորումէն ետք: Կազմակերպչական խորհուրդը այս կարեւոր հարցը պէտք է դիտարկէ իր յառաջիկայ քննարկումներուն ընթացքին:

www.TheCaliforniaCourier.com

Թարգմանութիւնը`
Ռուզաննա Աւագեանի

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Չկեղծե՛լ Հանրաքուէն

Յաջորդը

Նախագիծն Յաջողուած Է

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.