Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հայրենիքը ըրած է` ինչ որ ենք, եւ յոռեգոյն չարիքը, որ կրնայ հարուածել մարդը, արմատախիլ ըլլալ է: Թշուառները, ընչազուրկները, սոսկ հայրենիքը ունին, կը հաստատէր Ժան Ժորես: Համաշխարհայնացումը ձեւով մը ծնունդ կու տայ նոր թշուառներու: Մեր անձին հարստութիւնը կազմուած է մեր կապերու բազմապատիկութենէն, կ՛ըսէր Սենթ՛Էկզուփերի: Այս ստացուած ըմբռնումէն մեկնելով է, որ կը բարձրանանք դէպի տիեզերականը, դէպի յաւերժական բարիքները:
«Արմատաւորումը», (L՛enracinement)
Սիմոն Վէյլ (1909-1943, իմաստասէր:
Արմատներէ Հեռացման Չարիքը
Յաճախ պէտք է կրկնել, որ կան սփիւռքներ, երեւութապէս` իրարու նմանող, բայց տեւաբար տարբերակուող, այնքա՜ն հեռու իրարմէ` աշխարհագրական զանազանութեամբ եւ համայնքները բաղկացնողներու այլազանութիւններով, մշակութային եւ քաղաքակրթական:
Փաստ է, որ հասարակաց գաղափարախօսական եւ ռազմավարական առաջադրանքներով չեն գործեր Հայաստանի իշխանութիւնները (կառավարութիւն եւ ընդդիմութիւններ), սփիւռքներու բազմաթիւ եւ բազմանուն վարչութիւնները, որպէսզի դառնան ղեկավարութիւն եւ Հայաստանն ու սփիւռքները դարձնեն իսկական ազգային ինքնուրոյն հաւաքականութիւն: Ոչ ծագումով հայ այս կամ այն անհատներու խմբաւորումներ:
Հասարակացը չ՛ենթադրեր միապաղաղ եւ քարացած նոյնութիւն: Այդ ցնորական նոյնութիւնը սովորաբար կը կոչենք միութիւն` իրաւ կամ շահախնդրուած ցանկութիւններով, որով կը շպարուինք: Միութեան մասին կը խօսինք, գիտնալով հանդերձ, որ բառերու սահմանէն անդին չենք անցնիր: Այս կացութիւնը գոյութիւն ունի զանգուածներու մակարդակին, բայց նաեւ` պետութեան եւ «կազմակերպութիւններ»-ու, որոնք զանգուածներու տարբերութիւնները կը ցոլացնեն իրենց շրջանակին մէջ, չեն յաջողիր անոնց գերանցումը կատարել:
Հակառակ մեր տարտղնումին, անցնող տարիներուն եւ սերունդներու փոփոխութեան, դեռ կան ընտանեկան-ազգականական կապեր եւ յիշատակներ, որոնք նեղ շրջանակի մը մէջ մակերեսային միութեան մը պատկերով կը ներկայանան, տոհմածառի աւանդութիւններ, յիշատակներ, որոնք կը նուաղին, պիտի նուաղին ժամանակի ընթացքին, պիտի գունատին, ինչպէս` պահուած հին լուսանկարները: Այս տոհմածառային միացում-միութիւնը դատապարտելի չէ, վնասակար չէ, բայց ըստ էութեան հասարակաց չըլլալով, ըլլալով մասնակի, գաղափարախօսական հիմք չ՛ըլլար եւ ղեկավարումի չ՛առաջնորդեր, հաւաքական գիտակցութիւնը չի զարգանար: Կը ստեղծուի հոգեբանական մեկուսացման մթնոլորտ, ոչ միայն ընտանիքներու պարագային, այլ նաեւ` «կազմակերպութիւններ»-ու, որոնք ազգին մէջ են որպէս կղզիներ, առանձնացած, իրենց սահմաններով, առանձնացումներով, ինքնապաշտպանութեան նախաձեռնութիւններով եւ ինքնաշնորհուած յաւելեալ իրաւունքներով:
Ի դէպ, հարկ է նշել, որ Հայաստան բնակող ազգական-բարեկամի օգնել լաւ բան է, բայց հայրենիք վերականգնելու առաջադրանքին շատ հեռուէն միայն կ՛առնչուի, ազգային շաղախը չ՛ամրացներ, անհատապաշտական դրսեւորում է:
Երեւոյթ մը կայ, որուն վարժուած ենք այնքան, որ չենք անդրադառնար, բնական կը համարենք: Այսպէս կոչուած դասական միութիւններու-կազմակերպութիւններու անդամները եւ համակիրները «միւս»-ին չեն աջակցիր, անոր ձեռնարկներուն ներկայ չեն ըլլար, եթէ նկատի չունենանք այլապէս յարգելի բացառութիւնները, բայց միամիտ պէտք չէ ըլլալ եւ հասկնալ, որ «ծառը պէտք չէ ծածկէ անտառը» (ֆրանսական ասութիւն): Երեւոյթը կը բացատրուի «հասարակաց»-ի բացակայութեամբ: Կարծրացած սովորութիւններ` նոյնիսկ երբ մեծ առիթներով նոյն տեղերը կը գտնուին մարդիկ, այսինքն` խորհրդաժողովներու եւ տպաւորիչ հանդիպումներու: Իւրաքանչիւրը կը յարգէ իր գծած-ընտրած սահմանագիծը:
Այս անթափանց պատերը գոյութիւն ունին յաճախ նաեւ նոյն կազմակերպութիւններու մէջ: Կարծէք հայ ըլլալ արդէն բաւական դժուար կացութիւն չըլլար: Գիտենք, որ հայ մարդիկ իրարմէ կը զանազանուին իրենց լեզուով, հայախօսները եւ օտարախօսները, տեղացիները եւ դրսեցիները, ինքնաշնորհելով գերակայութիւններ` մէկը միւսին յարաբերաբար: Եթէ խուլ եւ կոյր չենք, ապահովաբար լսած կ՛ըլլանք տարօրինակ արտայայտութիւններ: Հիւսիսային Ափրիկէէն Ֆրանսա վերադարձածները տեղացիներուն կողմէ կը կոչուէին «սեւ ոտքեր» (pieds noirs): Հայեր ալ գտնուեցան, երբեմն հանգամանաւոր, որոնք Միջին Արեւելքէն եկող հայերուն համար ըսին, թէ «ասոնք ալ մեր սեւ ոտքեր»-ն են, կամ «արապ» են: Կեղծ իմաստուններ նման արտայայտութիւնները սրամտութիւն համարեցին` առանց մտածելու զանոնք յառաջացնող դրդապատճառներու եւ անոնց վերացման մասին: Լսել, յիշել, վկայել եւ ըստ այնմ դատափետել` ազգային-քաղաքական իմաստութեան դուռն է: Սովորութիւն չունինք այդ դուռը բախելու:
Ո՞ւր կը վերջանայ սրամտութիւնը եւ ո՞ւր կը սկսի չար մերժումը կամ արհամարհանքը: Այս եւ նման վերաբերումներ ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ սահմանուած շրջանակներու մէջ «հասարակաց»-ը բացակայ է, ընտրովի է: Ճառերու շպարը իրականութիւնները միայն ժամանակաւորապէս կամ ձեւականօրէն կրնայ թաքցնել ինքնապաշտպանութեան կեղծիքով:
Ձեռնարկներ, հանդէսներ, քարոզչութիւն, ինչպէս նորոյթ է ըսել` «լոպիյինկ», դրամահաւաք, Հայաստան երթեւեկ-զբօսաշրջութիւն, ժողովներ եւ խորհրդաժողովներ, պարգեւատրումներ, ամեակներ եւ այլն, հետաքրքրուողներու, մանաւանդ հետաքրքրասէրներու առօրեան կը զբաղեցնեն: Հռետորական զեղումներու մէջ լսուած «միութեան» հասարակաց-էականութեան արժէքները յստակօրէն չեն սահմանուած, ազգային տապանակ ուխտի մը վրայ չենք արձանագրած, անոնցմով չեն առաջնորդուիր մեր անհատական եւ հաւաքական նախաձեռնութիւնները: Այդ արժէքները եթէ յանձնառութիւններու չափանիշ ընդունինք, վստահօրէն հայկական հրապարակը կը նօսրանայ, եթէ չամայանայ:
Արմատախիլ ըրած են մեզ, այսօր շատեր հեռացած են եւ կը հեռանան արմատներէն. միշտ պէտք է յիշեցնել` Հայաստան եւ սփիւռքներ:
«Հասարակաց»-ը Եւ Էականութեան Արժէքները
Գէթ անոնց համար, որոնցմով ազգը կրնայ տեւել, հարկ է սահմանել միութեան հասարակաց-էականութեան արժէքները, անոնց կենսագործման ռազմավարութիւնը եւ մարտավարութիւնը, ստեղծել մարտավարութիւն-միջոցները, եւ մանաւանդ` տալ յանձնառութեան օրինակը եւ փաստը, անձին օրինակով (Մահաթմա Կանտի կամ Նելսըն Մանտելա):
Հասարակ տեղիք պիտի ըլլայ թուել հասարակաց-էականութեան արժէքները: Անոնց մասին կը խօսուի եւ կը գրուի յուզել-յուզուելու եւ այդքանով պարտականութիւն կատարած ըլլալու բաւարարութիւն ունենալու համար: Բեմերը եւ բարձրախօսները արժէքները վարագուրելու միջոցներ են:
Հասարակաց-էականութեան արժէք է այսօրուան եւ վաղուան ՀԱՅԱԲՆԱԿ Հայաստանը:
Առանց «հայաբնակութեան»` Հայաստանը հայոց պատմութեան շարունակութիւն չ՛ըլլար, հայոց հայրենիք չ՛ըլլար:
Կը խօսիմ հայաբնակ Հայաստանի մասին եւ ոչ միայն մէկ քաղաքի, որքան որ հպարտութիւն ներշնչէ այդ քաղաքը, որքան որ ալ կեանքը հաճելի ըլլայ հոն: Այս էական արժէքը այսօր բազմաթիւ ձեւերով վիրաւոր է` բազմաթիւ պատճառներով: Երբեք բաւարար չափով չենք կրկներ Վիգէն Խեչումեանի խօսքը. «… մի քաղաքով ի՞նչ երկիր»:
Հայոց ազգային գաղափարախօսական առանցքը խախտած է, կարծէք` օրակարգ ըլլալէ դադրած են ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆը եւ անոր տրամագծօրէն հակադրուող ԱՐՏԱԳԱՂԹը:
Բացի խօսքէ, ան ալ` հանդիսութիւններու ընթացքին, ի՞նչ կ՛ընենք կասեցնելու համար արտագաղթ-հայրենալքումը եւ ի՞նչ ըրած ենք եւ կ՛ընենք իրականացնելու համար գաղթականացած սփիւռք-հայերու հայրենադարձութիւնը:
Ո՞ր հայկական կազմակերպութիւնը իր հաշուեկշիռներուն մէջ թիւերով կրնայ ըսել, թէ քանի հայերու հայրենադարձութիւնը իրականացուցած է: Միշտ պէտք է յիշել, որ թիւերու լեզուն վիճելի չէ:
Հայաստանի իշխանութիւնները հաշուետուութեան պէտք է կանչել, թէ ի՞նչ ըրած են եւ կ՛ընեն արտագաղթ-հայրենալքումը կանխելու եւ կասեցնելու համար: Կը պատահի՞, որ քննութեան եւ բաղդատութեան առարկայ ըլլան փակուած-լքուած գործարանները եւ խումբ մը անհատներու աստղաբաշխական հարստացումները: Հետեւեալ պարզ հարցումը չ՛ուղղուիր ո՛չ կուսակցութիւններու, ո՛չ մամուլի եւ ո՛չ ալ Ազգային ժողովի անդամներուն կողմէ. «Փակուած-լքուած գործարաններուն եւ ներածման-արտածման մենաշնորհներուն միջեւ ի՞նչ պատճառականութիւն կայ»:
Հայաստան կային` ալիւրի գործարան, շաքարի գործարան, կրաղիւսի եւ շինանիւթի գործարան, հիւսուածեղէնի գործարան, գուլպայի գործարան, ելեկտրական լամբի գործարան, Հայաստան անցեալին որակաւոր կօշիկ կ՛արտադրէր եւ կ՛արտածէր…: Մասնագէտներ կրնան շարունակել ցանկը: Ինչո՞ւ պիտի չբանին այդ գործարանները: Սիսիանի հիւսուածեղէնի գործարանը դատարկ է, անցեալին հոն աշխատած են 1500 գործաւորներ, ինչ որ կը նշանակէ` 1500 ընտանիք, այսինքն` 7500 բնակիչ: Օրինակ մըն էր: Բազմապատկեցէք փակուած-լքուած գործարաններու թիւով, Գիւմրի եւ Երեւան, Սիսիան եւ Աբովեան եւ այլուր: Փոխանակ զբաղելու քաղաքական կոչուած մեծ ու պզտիկ վէճերով` մամուլը ինչո՞ւ հետախուզական աշխատանք չի կատարեր հանրութիւնը լուսաբանելու համար: Սփիւռքներու մամուլը եւս, եթէ քիչ մը նուազ զբաղի մրցակցութիւններու եւ կրկնութեան նմանող եւ յաճախ մանրուք քաղաքական լուրերով, իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ հիմնահարցերու վրայ, աւելի օգտակար կ՛ըլլայ երկրին եւ անոր ժողովուրդին:
Արտագաղթ-հայրենալքումի դէմ դարման է բանող գործարանը:
Ֆրանսա օրէնքներ եւ պատիժներ սահմանեց բոլոր անոնց դէմ, որոնք իրենց դրամագլուխը երկրէն հանած էին հարկէ խուսափելու համար: Մամուլը արձագանգեց երկրէն դուրս գտնուող դրամագլուխի հարցին: Այսօր շատեր իրենց դրամագլուխը կը բերեն Ֆրանսա: Ի՞նչ կ՛ընէ պետութիւնը, ի՞նչ կ՛ընէ ընդդիմութիւնը` իր զանազան խմբաւորումներով: Հեռանկարային քաղաքական կամք պէտք է անելէն դուրս գալու համար, արտաքին օժանդակութիւններով երկիր չ՛ապրիր, հետեւելով նախնականութիւն բուրող երազներու` արտագաղթը կը շարունակուի, վստահութիւն չի վերականգնիր` արգելք հանդիսանալով հայրենադարձութեան:
Արտագաղթ-հայրենալքումի պատճառով երկրէն հեռացածները, նաեւ` մտաւորականութիւն եւ քաղաքական գործիչներ, հոգեբանական փտախտ կը յառաջացնեն արդէն իսկ տեւաբար ապակայունացող սփիւռքներու մէջ, բացասական օրինակ հանդիսանալով:
Հայրենադարձութիւն եւ արձակուրդային զբօսաշրջութեամբ ինքնաբաւարարման ընթացք որդեգրած սփիւռքները, իրենց կարգին, կ՛ապակայունացնեն Հայաստանի բնակիչները` ծնունդ տալով այն տպաւորութեան, որ «դուրս»-ը առատութիւն եւ երջանկութիւն կայ:
Ազգային գաղափարախօսութեան եւ մարդկային բարոյականի բացակայութեան, անպատժելիութիւնը կը դառնայ համակարգ, փտախտ, կաշառակերութիւն, կողոպուտ, հանգամանքի չարաշահում: Վերականգնումի համար, հարկային սպասարկութիւնները, փոխանակ միայն մանրավաճառները ճնշելու, լաւ կ՛ընեն, եթէ լայնածիր քննութիւն կատարեն իւրացումներու, հարստացումներու եւ երկրէն դուրս հանուած գումարներու գծով:
Նման յանդգնութիւն ունեցողը նախ ինք անխոցելի պիտի ըլլայ: Այդ անխոցելիութեան պակասը կը կոչուի փտախտ:
Այս կացութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ այն ատեն որ վարչութիւնները չհսկուին եւ չենթարկուին ղեկավարումի, Հայաստան եւ սփիւռքներ:
Եթէ արտագաղթ կայ, պատճառը, ընթացիկ ընչաքաղցութեան կողքին, յուսալքումն է նաեւ:
Եթէ հայրենադարձութեան հոսանք չկայ, պատճառը ընչաքաղցութեան կողքին, վստահութեան պակասն է:
Երկինքէն Մանանայ Պիտի Չտեղայ
Թէեւ, եթէ ժողովուրդը հետեւի իր բնական ողջախոհութեան, թոյլ չտայ, որ ազգային-քաղաքացիական իրաւունք եւ իրաւասութիւն անտեսուին, ներսը եւ դուրսը, ինք յառաջացնէ որակի եւ որակով ղեկավարում, ընդդէմ մեքենայութիւններու (կոմպինացիա) եւ չարաշահումներու, սփիւռքները եւ Հայաստան կը վերանուաճեն հայկական խորքը, կանգ կ՛առնէ աղէտ-արտագաղթը եւ կ՛իրականանայ ազգաշէն հայրենադարձութիւնը:
Ազգային իրաւութեան տեսիլքին լիցք պէտք է տալ, որ չըլլայ փող ու թմբուկ, հեռանկարային խօսքը պէտք է բեմէն վար իջնէ, ճեղքէ հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանը, լսուի:
Վարչութիւններու անհետեւանք եւ անմիջապէս մոռցուող խօսքը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, դատարկ ջաղացքի չախչախ է, այսինքն` ղեկավարումի տագնապ:
Հանգամանքները կիրակնօրեայ պարեգօտ չեն: Քանի մը անգամ յիշած եմ «Ազնուափայլ»-ի մը խօսքը. «Հիմա ժամանակ եւ դրամ ունիմ, հիմա աթոռ կ՛ուզեմ»: Վարչութիւններ այդ աթոռը տուին եւ կու տան:
Մահաթմա Կանտին կիսամերկ էր, ապարանք չունէր, զբօսանաւ չունէր, Ափրիկէ որսի չէր երթար: Միլիոններու Հնդկաստանը զինք կը լսէր…
Նաեւ բանաստեղծ Վիքթոր Հիւկօ հպարտութեամբ կ՛ըսէր, թէ ինք կարմիր գլխարկ դրած էր հին բառարանին…
Ինչպէ՞ս զանգուածները պիտի վերանուաճուին ազգային իրաւութեամբ:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի ըսէ, որ երկինքէն մանանայ պիտի չտեղայ… Այն ատեն թերեւս աչքի կապանքները կը վերցուին եւ ոտքի քնացնող խօսքը իր տեղը կու տայ գործի ու ղեկավարման:
Արմատախիլ ըրած են մեզ, այսօր շատեր հեռացած են եւ կը հեռանան արմատներէն. միշտ պէտք է յիշեցնել` Հայաստան եւ սփիւռքներ:
Այս հարցը է՞ օրակարգ ղեկավարումի:
8 հոկտեմբեր 2015, Նուազի-լը-կրան
Ինչպէս միշտ, հոյակապ ախտաճանաչում: