Գաղութէ Գաղութ

Ֆրեզնոյի Մէջ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոսութեան 10-Ամեակի Հանդիսութիւն

Ֆրեզնոյի Մէջ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոսութեան 10-Ամեակի Հանդիսութիւն

- Օրհնութեան գիր՝ Հ.Հ. Պատուոյ Հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեանի Ի Ֆրեզնօ Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան մեկնեցաւ Ֆրեզնօ, ուր ներկայ եղաւ շրջանին մէջ գործող Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոսութեան գրասենեակի հիմնադրութեան 10-ամեակին եւ միաժամանակ անոր առաջին Պատուոյ հիւպատոս, իսկ ներկայիս նաեւ Արեւմտեան Թեմի Ազգ. վարչութեան կազմի անդամ՝ Տիար Պերճ Աբգարեանի՝ ազգային ու պետական այս...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Կիպրոս Պաշտօնական Այցելութիւն Լիմասոլի Քաղաքապետարան 5 նոյեմբերին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան, հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Լիմասոլի եւ Փաֆոսի հովիւ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեան, Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Սեպուհ Արմենակեան պաշտօնական այցելութիւն տուին Լիմասոլի քաղաքապետարան: Անոնք դիմաւորուեցան նորընտիր քաղաքապետ Եաննիս Արմեֆտիսի եւ փոխքաղաքապետ Տիմոս Կաչիսի կողմէ: Սրբազան հայրը եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչը հայ...

Շնորհահանդէս` դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ» եւ «The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows» հատորներուն

Շնորհահանդէս` դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ» եւ «The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows» հատորներուն

Կազմակերպութեամբ «Մասիս» շաբաթաթերթին եւ հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի ՍԴՀԿ շրջանի վարիչ մարմինին, հինգշաբթի, 7 նոյեմբեր 2024, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԿԲՄ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի «Հնչակեան կու­սակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ» եւ նոյնին անգլերէն թարգմանու­թեան՝ «The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows»...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Շքեղ Տօնակատարութեամբ Նշուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 106-Ամեակը Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, 3 նոյեմբերին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն: Հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բացման խօսք արտասանեց Շրջանային վարչութեան անդամ  Աբիկ Խաչոյեան, որ յայտնեց, թէ ՀՄԸՄ-ը, շնորհիւ իր...

«Աստուածաշունչ Հայկազեան»  Գիտաժողովը Հասաւ Իր Աւարտին

«Աստուածաշունչ Հայկազեան» Գիտաժողովը Հասաւ Իր Աւարտին

Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքին մէջ` Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ, 31 հոկտեմբերէն մինչեւ 3 նոյեմբեր տեղի ունեցաւ եռօրեայ գիտաժողովը «Աստուածաշունչ Հայկազեան. Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը, հրատարակութիւնները, եւ ազդեցութիւնը» խորագիրով, Մխիթար աբբահօր մահուան 275-ամեակին նուիրուած գիտաժողովը: Գիտաժողովին Եւրոպայէն, Հայաստանէն, Քանատայէն եւ Պոլիսէն մասնակցեցան հոգեւորական ներկայացուցիչներ եւ մասնագէտներ, որոնք իրենց ներկայացումներով հարստացուցին միջազգային սոյն գիտաժողովը: Դասախօսներու շարքին էին` Վահան վրդ. Օհանեան, Սերոբ վրդ. Չամուրլեան,...

Հաղորդագրութիւն.  Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Տարեկան Ժողովը Մոնրէալի Մէջ

Հաղորդագրութիւն. Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Տարեկան Ժողովը Մոնրէալի Մէջ

Առաջին շարք ձախէն աջ` վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, վեր. դոկտ. Սամուէլ Ալպարեան: Երկրորդ շարք ձախէն աջ` վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, վեր. Յովել Միքայելեան, վեր. դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան, վեր. Ալպերթ Փայտեան, վեր. Կալվին Սաղըրեան:Նկարէն կը բացակային` տիկ. Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայն, դոկտ. Նուրհան Հելվաճեան. վեր. Աւետիք Խաչատրեան: Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը Այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին  2 նոյեմբերին ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Սուրիոյ անդամ Աւետիս Տերվիշեան, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յարութ Օգճեան, Լաթաքիոյ յարաբերական յանձնախումբի եւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան Լաթաքիոյ անդամ  Յարութ Գաբրիէլեան եւ Շրջանային վարչութեան անդամներ, նաեւ` ՀՄԸՄ-ի Հալէպի...

Արամ Ա. Եզրափակեց Միացեալ Նահանգներ Կատարած Իր Հովուապետական Այցելութիւնը

Արամ Ա. Եզրափակեց Միացեալ Նահանգներ Կատարած Իր Հովուապետական Այցելութիւնը

Շարունակելով իր հովուապետական այցելութիւնը Պոսթընի մէջ` Արամ Ա. կաթողիկոսը, իւրայատուկ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ Պոսթընի երիտասարդութեան հետ, պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն, որոնք առնչուած էին` հայութեան, երիտասարդութեան, սփիւռքին, Հայաստանին, մեր մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ կեանքին: Ան շեշտեց, որ հայ երիտասարդը, առաւել քան երբեք, պարտաւորութիւն ունի համայնքի եւ եկեղեցական կեանքին մասնակից դառնալու` ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ, այսպիսով ան իր ազգային ինքնութիւնը պիտի ձեւաւորէ ու պատկանելիութիւնը...

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին Հինգ Գիրքերու Շնորհանդէսին Լուսարձակի Տակ Առնուեցան Քրիստոնէական Արժէքներն Ու Ժամանակակից Աշխարհը

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին Հինգ Գիրքերու Շնորհանդէսին Լուսարձակի Տակ Առնուեցան Քրիստոնէական Արժէքներն Ու Ժամանակակից Աշխարհը

Ուրբաթ, 1 Նոյեմբեր 2024-ին ԱՄԺ Տան «Լ․ Շանթ» սրահէն ներս հոծ բազմութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Արք․ Աշգարեանի այս տարուան մէջ հրատարակած հետեւեալ հինգ գիրքերուն՝ «Քրիստոսաբանութիւն», «Բարոյագիտութիւն», «Ճանապարհորդութեան Հացը», «Աստուած Մարդ Յարաբերութիւնը Քրիստոսով․ Մատթէոս Աւետարանի Գլուխներու Բացատրողական» Ա. եւ Բ. հատորներ։ Շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ նախաձեռնութեամբ թեմի Ազգ․ Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրութեան եւ...

Լոյս տեսած է Քարլօ Գինզբուրգի «Պանիրն ու որդերը․ ԺԶ դարու ջաղացպանի մը տիեզերքը» գիրքին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը

Լոյս տեսած է Քարլօ Գինզբուրգի «Պանիրն ու որդերը․ ԺԶ դարու ջաղացպանի մը տիեզերքը» գիրքին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը

Լոյս տեսած է Քարլօ Գինզբուրգի «Պանիրն ու որդերը․ ԺԶ դարու ջաղացպանի մը տիեզերքը» գիրքին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ Գիրքը մաս կը կազմէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»-ին եւ նախագիծին երկրորդ փուլին առաջին գիրքն է։ Գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ, “From Menocchio to Manuzzi: Conversations on Microhistory and the Global” միջազգային գիտաժողովին ընթացքին, հեղինակին՝ Քարլօ Գինզբուրգի ներկայութեամբ։ Գիտաժողովը նուիրուած էր մանրապատմութեան եւ...

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Պարգեւատրուեցաւ «Լապիպ Մատանաթ» Մրցանակով

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Պարգեւատրուեցաւ «Լապիպ Մատանաթ» Մրցանակով

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան խնամակալ մարմինը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ իր ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, հինգշաբթի 17 հոկտեմբեր 2024-ին պարգեւատրուած է «Լապիպ Մատանաթ»-ի յիշատակին յատկացուած մրցանակով: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած  միջազգային Strategic Resource Group (SRG) քրիստոնէական կազմակերպութեան կողմէ հիմնուած այս մրցանակը կը միտի պարգեւատրել անհատներ, որոնք իրենց կեանքով եւ գործունէութեամբ կը սատարեն իրենց շրջանակներու հոգեւոր, ընկերային եւ մշակութային...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Նիւ Եորքի Մէջ` Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Տարեկան Մեծարանքի Հանդիսութիւնը Շաբաթ, հոկտեմբեր 19-ին, Նիւ Եորքի Քուինզ շրջանի «Թերաս ան տը փարք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին տարեկան մեծարանքի 18-րդ հանդիսութիւնը: Օրուան հանդիսավարը Վեհ Պզտիկեանն էր: Ան բեմ հրաւիրեց իր քոյրը` երգչուհի Յուշեր Պզտիկեանը, որ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները մեկնաբանելով`...

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Մեծարեց Իրեն Զօրակցողները

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Մեծարեց Իրեն Զօրակցողները

Կիրակի, 20 հոկտեմբերի երեկոյեան առաւել քան 700 պաշտօնատարներ, հիւրեր եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ներկայ եղան «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկին, որ առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ` մեծարելու այն անհատները եւ հաստատութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ դատի ջատագովման...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Աւստրալիա ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Ներկայացուցիչները Սիտնիի Մէջ 8 հոկտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներ` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Խաժակ Մկրտիչեան եւ Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՕՄ- ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուս Մելքոնեան , որոնք այս օրերուն կը գտնուին Աւստրալիա` ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցի հիմնադրութեան 60-ամեակի տօնակատարութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար, շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ...

«1974-2024, Կիպրոսի Գրաւեալ Շրջաններու Մշակութային Ժառանգութեան Քանդումի 50-Ամեայ Ընթացք » Խորագրով Միջազգային Գիտաժողով

«1974-2024, Կիպրոսի Գրաւեալ Շրջաններու Մշակութային Ժառանգութեան Քանդումի 50-Ամեայ Ընթացք » Խորագրով Միջազգային Գիտաժողով

Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեանի եւ Արժ. Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեանի, ներկայ գտնուեցաւ Քիքքոյի Վանքի Կրօններու եւ Մշակոյթներու Միջազգային Հիմնարկի կազմակերպած «1974-2024, Կիպրոսի Գրաւեալ Շրջաններու Մշակութային Ժառանգութեան Քանդումի 50-ամեայ Ընթացք» խորագրով միջազգային գիտաժողովին բացման հանդիսութեան, "Արխանկելոս" վանքի ժողովասրահին մէջ: Բացման հանդիսութեան ներկայ պաշտօնական անձնաւորութեանց կարգին էին...

Թաթոյեան, Բեգլարեան Եւ Քերքոնեան Հանդիպումներ Ունեցան Ֆրանսայի Ծերակոյտի Եւ Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներու Հետ

Թաթոյեան, Բեգլարեան Եւ Քերքոնեան Հանդիպումներ Ունեցան Ֆրանսայի Ծերակոյտի Եւ Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներու Հետ

8 հոկտեմբերին Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան, Արցախի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան եւ միջազգային հարցերու իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան, Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անահիտ Յակոբեանի ուղեկցութեամբ, Ֆրանսայի ծերակոյտի շէնքին մէջ տեսակցութիւն ունեցան Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազի եւ ծերակուտական Վալերի Պուայէի հետ: Հայկական պատուիրակութիւնը ֆրանսացի դիւանագէտներուն ներկայացուց Ազրպէյճանի յանցանքներու ապացոյցները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ` յատկապէս...

Աւելի Քան 130 Խաչուհիներ Մասնակցեցան  Սօ Խաչի Երկօրեայ Սեմինարին

Աւելի Քան 130 Խաչուհիներ Մասնակցեցան Սօ Խաչի Երկօրեայ Սեմինարին

11 եւ 12 Հոկտեմբերին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջ. Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ միութեան անդամներուն յատուկ երկօրեայ սեմինար մը, որուն մասնակցեցան ՍՕ Խաչի բոլոր մասնաճիւղերէն աւելի քան 130 ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրան Ամպարճեան։ Սեմինարը տեղի ունեցաւ Հալէպի «Սահակ Նալպանտեան» սրահէն ներս։ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Գէորգեանի բարի գալուստի խօսքէն եւ ՀՕՄ-ի Կ. Վարչութեան  ներկայացուցիչ Սիրան...

Թուրքիոյ Մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն Բառերուն Օգտագործման Համար Ձայնասփիւռի Կայանի Մը Հեռարձակումը Կասեցուեցաւ

Թուրքիոյ Մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն Բառերուն Օգտագործման Համար Ձայնասփիւռի Կայանի Մը Հեռարձակումը Կասեցուեցաւ

Թուրքիոյ մէջ գործող ձայնասփիւռի կայանի մը գործունէութիւնը կասեցուեցաւ՝ եթերէն հնչած Հայոց Ցեղասպանութիւն բառերուն համար: Թուրքիոյ զանգուածային լրատուամիջոցները կարգաւորող գերատեսչութիւնը առկախեց Պոլսոյ մէջ գործող կայանին հեռարձակման արտօնագիրը՝ այդ լրատուամիջոցի եթերէն հիւրին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արտայայտած խօսքին համար: Կը նշուի, որ լրատուամիջոցին զրուցակիցը օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը, զոր Թուրքիա պաշտօնապէս կը մերժէ: «Հեռարձակման 30ամեակին միայն մէկ ամիս մնացած է, եւ այս լուրը վերջին...

Կեանքէն Հեռացաւ Ֆրանսահայ Վաստակաշատ Երաժշտագէտ, Յօրինող Եւ Խմբավար Կարպիս Ափրիկեանը

Կեանքէն Հեռացաւ Ֆրանսահայ Վաստակաշատ Երաժշտագէտ, Յօրինող Եւ Խմբավար Կարպիս Ափրիկեանը

Ֆրանսայի մէջ կեանքէն հրաժեշտ առած է վաստակաշատ երաժշտագէտ, յօրինող ու խմբավար Կարպիս Ափրիկեանը, 98 տարեկանին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ» թերթը։ խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի տասնամեակներու վաստակը անկարելի է ամփոփել քանի մը սեղմ տողերու մէջ։ Հոս պիտի գոհանանք միայն յիշեցնելով, թէ անոր անունը եւ յիշատակը անքակտելի պիտի մնան «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբէն, որուն խմբավարութիւնը ստանձնած էր երկար տարիներ եւ մա՛նաւանդ զայն հասցուցած...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Սայաթ Նովայի Նուիրուած Երեկոյ Կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ գրողներու միութեան, 28 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ աշուղական քերթողական արուեստի տիտան Սայաթ Նովայի նուիրուած երեկոյթ: Երեկոն մեկնարկեց Սայաթ Նովայի մասին ժապաւէններէ առնուած հատուածներու ցուցադրութեամբ: Ապա օրուան հանդիսավար Շողեր Գրիգորեան անդրադարձաւ Սայաթ Նովայի սիրային տաղերուն եւ փիլիսոփայական քերթողական արուեստին, որմէ ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Օրուան բանախօս, տաղանդաւոր բանաստեղծ Վազգէն Վանատուր ներկայացուց Սայաթ...

Page 7 of 43 1 6 7 8 43

Արխիւներ