Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
«Քեսապի Տային» Գիրքի Շնորհահանդէս– Գինեձօն
Կազմակերպութեամբ Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղին, 24 օգոստոսին «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տայիի դուստրին` Մանուշակ Սաղտըճեան- Փանոսեանի հեղինակած եւ 2021-ին հրատարակած «Քեսապի Տային» գիրքին շնորհահանդէս-գինեձօնը:
Բարի գալուստի եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Քեսապի պատմութեան մէջ անզուգական եւ եզակի դէմքին` Տայիին նկարագրի գիծերը` որպէս հայրենասէր, անձնազոհ, անշահախնդիր, համեստ, առաքինի եւ նուիրեալ ասպետ` իր ժողովուրդին ու գիւղին:
«Քեսապի Տային» գիրքը ներկայացուց Մարինա Բենդէզեան-Լնդեան, որ անդրադարձաւ գիրքի բաժիններուն եւ բովանդակութեան` շեշտը դնելով գիրքին մէջ տեղ գտած Տայիին` Ովսիա Սաղտճեանին ապրած պատմական դժուարին ժամանակաշրջանին, ինչպէս` Ատանայի կոտորածին, գաղթին` դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ վերադարձին Քեսապ, Ցեղասպանութեան, Հայկական լեգէոնին, Կիպրոսին, Պաղեստինին եւ Արարայի ճակատամարտին, Կիլիկիոյ, Քեսապի եւ անիշխանութեան, ինքնապաշտպանութեան եւ վերականգնումին: Ան անդրադարձաւ նաեւ Տայիի մարդասիրական եւ զոհաբերութեան ոգիին, որուն համար իր հարազատ ժողովուրդը զինք կոչած է «Տայի», որ կը նշանակէ քեռի:
«Քեսապի Տային» գիրքի հեղինակը խօսք առնելով` ներկայացուց գիրքի մտայղացման նպատակը ու աշխատանքի փուլերը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի վարչութեան այս ձեռնարկի կազմակերպման համար:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը:
Ձեռնարկի աւարտին սրտի խօսք ուղղեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան: Ան պատմեց Տայիին մասին իր մեծ հօրմէ լսած պատմութիւնները եւ արժեւորեց օրուան հանդիսութիւնը` որպէս աննախընթաց ձեռնարկ, որ նուիրուած է Քեսապի պահապան հերոսին` Տայիին:
Ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Սրբազան Հայրը Այցելեց Քնէյէ Եւ Եագուպիէ
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Եագուպիէի մէջ 30 օգոստոսի իր հովուական այցելութեան ընթացքին, հոգեւորականաց դասուն եւ Եագուպիէի թաղականութեան ընկերակցութեամբ, այցելեց Քնէյէի լատինաց Ս. Յովսէփ եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հովիւ Ղուկաս Մեսրոպին քահանային կողմէ եւ ծանօթացաւ եկեղեցւոյ պատմականին:
31 օգոստոսին սրբազան հայրը պատուիրակութեամբ այցելեց Եագուպիէի լատինաց Ս. Աստուածածնայ Անարատ Յղութեան եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հովիւ Լուէյ Պշարաթի կողմէ եւ իրազեկ դարձաւ եկեղեցւոյ բաժիններուն եւ պատմականին:
Նոյն օրը առաջնորդ սրբազանը, ընկերակցութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն եւ Եագուպիէի Թաղական խորհուրդին հետ այցելեց Եագուպիէի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի, ուր մօտէն հետաքրքրուեցաւ երկրաշարժին պատճառով եկեղեցւոյ կրած վնասներով եւ յառաջիկային կատարուելիք անհրաժեշտ նորոգութեամբ:
Սրբազան հայրը այնուհետեւ այցելեց եկեղեցւոյ կից գտնուող Ազգային գերեզմանատուն, ուր հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց եագուպիահայ հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Միացեալ Նահանգներ
Հայ Դատի Ամառնային Վարժողական Ծրագիրներ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի այս տարեշրջանի «Լէօ Սարգիսեան» եւ «Մարալ Մելքոնեան – Աւետիսեան» վարժողական ծրագիրներուն մասնակցեցան 11 ամերիկահայ համալսարանական ուսանողներ:
Այս տարուան ծրագիրին մասնակցողներն էին` Մարիա Մուրատեան, Աննա Պապայեան, Լորի Թամզարեան, Վիքթորիա Դանիէլեան, Քրիսթին Շրակեան, Քէյլ ՄաքՀիու, Արեգ Հորուպեան, Անի Ասթուր, Մելինա Մնացականեան, Վարդան Եիլտիզ եւ Տիանա Առաքելեան. վերոնշեալները մօտէն ծանօթացան աշխատանքներուն եւ ունեցան իրենց ներդրումը:
Վեցշաբաթեայ ծրագրին ընթացքին անոնք այցելեցին հարիւրաւոր քոնկրեսականներու գրասենեակներ` պահանջելով, որ Ազրպէյճան ազատ արձակէ հայ գերիները եւ աջակցելով միջազգային նախաձեռնութիւններուն, ներառեալ` Զուիցերիոյ գլխաւորած Արցախի խաղաղութեան նախաձեռնութեան, որ ապահովէ անոնց արժանապատիւ, անվտանգ ու համատեղ վերադարձը:
Ծրագիրի մասնակիցները հանդիպեցան Հայ դատի նախագահ Ճորճ Աղճեանին եւ մօտէն տեղեկութիւններ ստացան Հայաստանի ու Արցախի աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու մասին: Անոնք հանդիպեցան նաեւ պետական, մամուլի եւ քաղաքական աւելի քան քսան գործիչներու, ներառեալ` Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվընզի, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի, Արցախի նախկին ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանի, խորհրդականներ` Չարլի Մահտէսեանի եւ դոկտ. Ռապըրթ Գրիգորեանի, իրաւաբաններ` Ռութ Վեթըրի, Թամար Ալեքսանեանի, Քէյթ Նահապետեանի, հանրային կապերու մասնագէտներ` Էնտի Սուրապեանի, Գարուն Չոլաքեանի, Տէյվիտ Գէորգեանի եւ խորհրդատու Մհեր Սէթեանի:
Մասնակիցները այցելեցին նաեւ Քոնկրեսի գրադարան` ուսումնասիրելու հայկական հաւաքածոն, ուր դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան ցուցադրեց բազմաթիւ յատուկ փաստաթուղթեր:
Նշուեցաւ Ոսկրածուծի Նուիրատուներու Հիմնարկին 26-րդ Տարեդարձը
24 օգոստոսին Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի 26-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց հանդիսավար եւ Ամերիկահայ բժշկական միջազգային ընկերակցութեան նախագահ տոքթ. Վիգէն Սէֆիլեան, որ դրուատեց կեանքեր փրկող այս կազմակերպութեան բարեսիրական գործունէութիւնը, հիւանդներուն պայքարելու ոգին եւ նուիրատուներուն ցուցաբերած աջակցութիւնները:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետներ Սոնա Աշճեան եւ Էյմի Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին գլխաւոր հովանաւորներուն:
Թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան կատարեցին ձեռնարկին բացման աղօթքը: Այնուհետեւ հիմնարկի նախագահ եւ ձեռնարկին գլխաւոր բանախօս տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն խօսեցաւ հիմնարկին կազմաւորման եւ 26 տարիներու փրկարար ջանքերուն մասին` յիշեցնելով, որ 1999-ին հիմնուած հիմնարկը ցարդ ունի առաւել քան 33 հազար արձանագրուած նուիրատուներ, 32 երկիրներէ եւ ցարդ կատարուած ոսկրածուծի պատուաստումներով կրցած է փրկել 44 հիւանդներու կեանքերը: Ան աւելցուց, որ հիմնարկը նաեւ Հայաստանի բժշկական ոլորտին արդիականացման ջանքերուն մէջ յատկանշական ներդրում ունեցած է, եւ այս բոլորը` շնորհիւ հիմնարկին նեցուկ կանգնող համակիրներուն, համայնքին եւ կամաւորներուն:
Ապա ցուցադրուեցաւ հիմնարկին գործունէութեան մասին «Ֆրենտլի Ֆիլմուըրքս» հաստատութենէն բեմադրիչ Կարէն Միրզայեանի պատրաստած վաւերագրական տեսերիզը: Կազմակերպութեան գործադիր վարիչ տոքթ. Սեւակ Աւագեան խօսեցաւ յատկապէս կամաւորներու նոր սերունդին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին, որ կ՛երաշխաւորէ հիմնարկին շարունակականութիւնը: Ան նաեւ ողջունեց Հայաստանի մէջ հիմնարկին գործունէութեան ընդարձակման նպաստած տոքթ. Միհրան Նազարէթեանի ներկայութիւնը ձեռնարկին:
Սոնա Աշճեան արտայայտուեցաւ հիմնարկին վարժողական ծրագիրին մասին եւ ներկայացուց զայն ամբողջացուցած մասնակցողները, որոնք ստացան յատուկ վկայագիրներ: Կազմակերպութեան երիտասարդական բաժանմունքէն` «Նեքսթժեն»-էն, ելոյթ ունեցաւ Խաչիկ Պօղոսեան, որ ներկայացուց «Նեքսթժեն»-ի Քալիֆորնիոյ մէջ ունեցած գործունէութիւնը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մրցանակներու բաշխում, դրամահաւաք, նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Էնսինոյի Երիտասարդական Նոր Կեդրոնի Դրամահաւաքի Ձեռնարկը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ
Կազմակերպութեամբ Հայ մշակութային հիմնարկութեան Էնսինոյի մասնաճիւղին, համահիւրընկալութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին, 24 օգոստոսին տեղի ունեցաւ հիմնարկութեան երիտասարդական նոր կեդրոնին ի նպաստ դրամահաւաքի ձեռնարկ, որուն ընթացքին գոյացաւ աւելի քան 600 հազար ամերիկեան տոլար:
Ձեռնարկին բացման աղօթքը կատարեց Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան` կեդրոնը համարելով համայնքին երազներէն մէկուն իրականացումը:
Մասնաճիւղի խորհրդական եւ իրաւաբան Շանթ Յակոբեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ծրագիրին պատմականը եւ վերջին 15 տարիներուն ընթացքին դիմագրաւուած մարտահրաւէրները եւ արձանագրուած յաջողութիւնները` շնորհիւ համայնքին նեցուկին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ իրաւաբան Կարօ Մատէնլեան դրուատեց համայնքին կամքը եւ միասնականութիւնը` շեշտելով, որ կեդրոնին ծրագիրին յաջողութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ամէն ինչ կարելի է, երբ տեսականին կողքին կայ նաեւ աննկուն կամքը:
Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդի նախկին անդամ Փոլ Գրիգորեան, որ կեդրոնի ծրագիրին առաջին օրերէն եղած է անոր ջատագովը եւ համահովանաւորած է Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդի այն բանաձեւը, որ կեդրոնին վարձակալութիւնը կարելի դարձուցած էր, խօսեցաւ համայնքին կեանքին մէջ Հայ մշակութային հիմնարկութեան կենսական դերակատարութեան մասին` ուրախութիւն յայտնելով, որ ՀԵԴ-ի, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ Հայ դատի անդամները վերջապէս մնայուն տուն մը պիտի ունենան իրենց գործունէութեան բարգաւաճումը ապահովելու համար:
Իր կարգին, Հայ մշակութային հիմնարկութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի ատենապետ Րաֆֆի Սարգիսեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց վարձակալութեան համաձայնութեան ապահովումէն ետք տեղի ունեցած իրադարձութիւներուն մասին: Ան յիշեցուց, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը 1,2 միլիոն տոլարի նորոգութեան գումար մը յատկացուցած էր ծրագիրին` շնորհիւ քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի ջանքերուն: Գումարը դեկտեմբեր 2024-ին ստանձնելէ ետք, նորոգութիւնը յանձնուած է «Նազարեան» ընկերութեան: Սարգիսեան դրուատեց Վարդան Նազարեանը, որ ամբողջ սրտով նուիրուած էր ծրագիրին անձնապէս եւ մօտէն հետեւելով անոր ընթացքին եւ վստահ ըլլալու համար, որ անիկա գոհացում պիտի տայ համայնքի կարիքներուն եւ ակնկալիքներուն: Սարգիսեան եզրակացուց` յայտնելով, թէ պիտի հաստատուի նուիրատուներու անուններու պատ մը կեդրոնին մուտքի սրահին մէջ` իբրեւ երախտագիտութիւն:
Նշենք, որ ծրագիրը ընթացք առած էր 2009-ին, երբ Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մասնաճիւղի ատենապետ իրաւաբան Նարեկ Կիտցինեան այսպիսի կեդրոնի մը պահանջը սկսած էր ներկայացնել Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդին, որմէ ետք, անգործածելի դարձած Էնսինոյի հրշէջներու թիւ 83 կեդրոնը որոշուեցաւ երկարաժամկէտ եւ յարմար պայմաններով վարձակալութեամբ յանձնել Հայ մշակութային հիմնարկութեան: Այդ որոշումէն ետք պէտք եղաւ հարկաւոր արտօնագիրները ապահովելու ժամանակ խլող աշխատանքը իրականացնել զանազան մարմիններէ, եւ յունուար 2025-ին սկսաւ նորոգութեան աշխատանքը:
Դրամահաւաքին ընթացքին ՀՕՄ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղէն Անգինէ Յակոբեան յայտեց, թէ ընկերուհի Շաքարեանի կտակէն 90 հազար տոլար պիտի նուիրուի կեդրոնի ծրագիրին` ի յիշատակ հանգուցեալին թոռ` Հայկ Տիրատուրեանին, որ ցաւալիօրէն մահացած էր իր կեանքին կանուխ 20-ականներուն մէջ:
Ձեռնարկին աւարտին նաեւ յայտարարուեցաւ, որ Կիտցինեան ընտանիքը որոշած է 300 հազար տոլար նուիրել այս նպատակին եւ որոշուած է կեդրոնը կոչել նուիրատուներուն անունով:
Յայտնենք, որ «Հայ մշակութային հիմնարկութեան Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան երիտասարդական կեդրոն»-ին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ մինչեւ տարեվերջ:
Ռոզ Եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի Երկար Տարիներու Նախկին Փոխտնօրէն Յովհաննէս Գարագաշեան Կնքեց Իր Մահկանացուն
Վերջերս իր մահկանացուն կնքեց Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանի կրթական հայ մշակ, փոխտնօրէն, նուիրեալ եւ հաւատաւոր ազգային գործիչ Յովհաննէս Գարագաշեան:
Վարժարանի պատմական տարիներուն` 1981-1997, կրթական տարեշրջաններուն գործած եւ նուիրուած Յովհաննէս Գարագաշեան իր գործօն ներկայութեամբ, արդարամտութեամբ եւ կրթական մշակի անմնացորդ նուիրումով դաստիարակած է յաջորդական հայ սերունդներ, որոնք երէկ հպարտութեամբ, իսկ այսօր կորուստի խոր ցաւով պիտի յիշեն ու արձանագրեն իրենց անցեալի խոհեմ փոխտնօրէն եւ քիմիագիտութեան ազնիւ եւ նուիրուած ուսուցիչ Յովհաննէս Գարագաշեանի հետ իրենց ունեցած ամէնօրեայ փորձառութիւնները:
Երկու տասնամեակներ երկարող դպրոցական առօրեայով, Յովհաննէս Գարագաշեանին հետ մօտէն գործող պաշտօնակիցները, ծնողները եւ աշակերտները անդարձ բաժանումի այս օրերուն, խոր յուշերով ողողուած, պիտի ափսոսան անոր ֆիզիքական կորուստը, սակայն սիրուած եւ յարգուած Յովհաննէս Գարագաշեանի բարոյական եւ կրթական վաստակը տարիներով պիտի մնայ սերունդներու յիշողութեան մէջ:
Սերունդներ դաստիարակած եւ այժմ մեզմէ յաւէտ բաժնուած հաւատաւոր այլ մշակներու հոյլին մաս կազմող Յովհաննէս Գարագաշեանի վառ յիշատակը ակնածանքով պիտի դրոշմուի իր աշակերտներուն եւ պաշտօնակիցներուն յուշի պաստառին վրայ:
Աւստրալիա
ՀՄԸՄ–ի Աւստրալիոյ 25-րդ Ներկայացուցչական Ժողով
ՀՄԸՄ-ի Աւստրալիոյ 25-րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ 30 օգոստոսին` ներկայութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ «Դրօ» Կեդրոնական կոմիտէին ներկայացուցիչին եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիրան Վահրատեանի:
2024-2025 տարեշրջանի շրջանաւարտ վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը լսելէ ետք ժողովը արձանագրեց իր գնահատանքը շրջանաւարտ վարչութեան գործունէութեան:
Այնուհետեւ ժողովը ընտրեց շրջանի 2025-2027 տարեշրջանի հետեւեալ Շրջանային վարչութեան նոր կազմը. Անի Պետրուսի, Աննա Եուսեֆան, Ալեքս Վարեան, Թոնի Ագիլեան, Շահան Փամպուքեան, Յարութ Թաշճեան,Աբրահամ Քաբլանճեան:
Իտալիա
«Պո Արաքս» Մշակութային Ընկերակցութիւնը Նշեց Իր Ամառնային Խտացեալ Դասընթացքին Հիմնադրութեան 40-Ամեակը
Այս ծրագիրը, որ ժամանակի հոլովոյթին հետ եղած է արեւմտահայերէնին համար` համալսարանական մակարդակով, Եւրոպայի առաջին խտացեալ դասընթացքներէն մէկը, ծնունդ առած է հայր Լեւոն Զէքիեանի նախաձեռնութեամբ, Վենետիկի «Քա Ֆոսկարի» համալսարանին մէջ, 1986-ին, յետ երկամեայ փորձի շրջանի մը` Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, որուն տնօրէնութիւնը կը վարէր հայր Լեւոնը (1982-1985): 2016-էն սկսեալ դասընթացքը տեղափոխուեցաւ Վենետիկի պատրիարքարանի «Մարչանում» հիմնարկին կից:
«Պո-Արաքս» ընկերակցութեան բարձրագոյն նպատակը եղած է եւ կը մնայ հայերէնի` յատկապէս արեւմտահայերէնի, հայ մշակոյթի ու պատմութեան աւանդական գանձերը սերմանել եւ փոխանցել նոր սերունդներուն` նոյն ատեն ծառայելով հայ ինքնութեան պահպանման եւ ամրապնդման: Դասընթացքներուն մասնակցած են ոչ միայն աշխարհի զանազան վայրերէ ժամանած հայ երիտասարդներ, այլեւ` օտարազգի մտաւորականներ, որոնք փափաքած են խորացնել իրենց գիտելիքը եւ ընկալումը հայ լեզուի, գրականութեան եւ մշակոյթի:
Օգոստոս 2025-ի յոբելենական դասընթացքին մասնակցեցան երեսուն ուսանողներ` ներկայացնելով տասնհինգ երկիրներ: Քառասնամեակի տօնախմբութիւններուն յատուկ շուք եւ ջերմութիւն տուաւ ներկայութիւնը այն նախկին դասախօսներուն եւ ընթացորդներուն, որոնք տարիներու ընթացքին մասնակցած էին այս դասընթացքին եւ այժմ վերյիշելով իրենց ապրած գեղեցիկ յուշերը` նորոգ զօրաշարժով միացան յոբելենական ծրագիրին: Վերջին տասնամեակին դասընթացքը կազմակերպուեցաւ Վենետիկի պատրիարքարանի «Studium Generale Marcianum» հիմնարկին հետ սերտ գործակցութեամբ` Վենետիկի պատրիարքական Դպրեվանքի պալատին պատմական կամարներուն տակ:
Տարիներու ընթացքին դասընթացքը հիւրընկալած է հմուտ եւ քաջավարժ դասախօսներ: Ծրագիրը բաղկացած է չորս մակարդակներէ: Առաջին երեք մակարդակները լեզուի դասարաններ են, իսկ չորրորդ մակարդակը նախատեսուած է հայերէնին` իբրեւ մայրենի տիրապետողներու եւ հայոց լեզուի ուսուցիչներու մասնագիտական զարգացումը ապահովելու համար: Այս մակարդակը կը նպատակադրէ ո՛չ միայն լեզուական հմտութիւններու բարելաւումը, այլեւ` ընդհանրապէս հայագիտական գիտելիքներու խորացումը:
Յոբելենական տարուան ձեռնարկները նուիրուած էին դասընթացքին 40-ամեայ պատմական հոլովոյթին: Այս յատուկ առիթով հրաւիրուած էր 1986-ի դասընթացքի առաջին տարուան ուսանողներէն հոլանտացի պատմաբան եւ հայագէտ, Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Թէօ Մարթեն Ֆան Լինթ, նաեւ` հայրենիքէն գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Սուրէն Դանիէլեան: Դասընթացքի շրջագիծին մէջ կազմակերպուեցաւ դասախօսութիւններու շարք մը, որ ուղղուած էր արեւմտահայերէնին, հայ մշակոյթին եւ հայկական ինքնութեան փոխյարաբերութիւններուն գիտական քննարկման:
Դասընթացքին մասնակցողները հնարաւորութիւն ունեցան այցելելու Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան մայրավանքը եւ թանգարանը: Իսկ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին օրը մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ անոնք մասնակցեցան ս. պատարագին: Կիրակի, 3 եւ կիրակի 10 օգոստոսին Լեւոն արք. Զէքիեան Ս. պատարագ մատուցեց` ընթացորդներու մասնակցութեամբ, Վենետիկի հայոց պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: