Ուրբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2025-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանը եւ իրեն ընկերակցող հայորդիները։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, պարոն Գույումճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր՝ «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակաբաշխութեան հովանաւորելուն առիթով։
Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթելով պարոն Կիրակոսին, մեծապէս գնահատեց հալէպահայ ուսանողները քաջալերող ուսումնական մրցանակի իր նախաձեռնութիւնը եւ քաջառողջութիւն, երկար կեանք եւ գործի յաջողութիւն մաղթեց անոր։
Հանդիպումին արծարծուեցան զանազան թեմաներ, յատկապէս մշակոյթի, գրական եւ կրթական աշխատանքներու մասին։
Այս առիթով, պարոն Կիրակոսը իր հրատարակած «Յուշագրական Պատառիկներ» գիրքը նուիրեց Սրբազան Հօր։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, իր հրատարակած նոր հատորներէն նուիրեց բարերարին։