Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Հիւրընկալեց Սուրիոյ Նոր Իշխանութեան Հալէպի Քաղաքական Եւ Ապահովական Խորհուրդներու Ներկայացուցիչները
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Ազգային երեսփոխանական եւ Կրօնական ժողովներու դիւանները, Ազգային վարչութեան անդամներն ու յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչները երկուշաբթի, 30 դեկտեմբեր 2024-ի միջօրէին Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հիւրընկալեցին Սուրիոյ նոր իշխանութեան Քաղաքական խորհուրդի Հալէպի ղեկավարութեան պատասխանատու Մոհամետ Մսաթաթն ու ապահովական եւ անվտանգութեան գրասենեակի պատասխանատու Լուէյ Սայէտը, որոնց կ՛ընկերակցէր լատին համայնքի առաջնորդ Հանա Ճալլուֆը: Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ մէջ...




















