Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

October 23, 2025
| Գաղութէ Գաղութ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

21 հոկտեմբեր 2025-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ, Օթթաուա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնիի հետ:

Արամ Ա. կաթողիկոսին կ՛ընկերակցէին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի անդամ եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի պատգամաւոր Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Խորէն Տիմիթեան:

Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետը եւ պատուիրակութեան անդամները երախտագիտութիւն յայտնեցին վարչապետին` իր ծառայութեան եւ քանատահայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար: Քննարկուեցան բազմազան հարցեր` ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը, արցախահայութեան անվտանգութեան եւ վերադարձի իրաւունքի ապահովման գերխնդիրը, Ազրպէյճանի մէջ կամայականօրէն կալանաւորուած հայ գերիներու ազատ արձակման հրամայականը, ինչպէս նաեւ` Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման հրատապ անհրաժեշտութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր դիտարկումները ներկայացուց Միջին Արեւելքի քաղաքական զարգացումներուն վերաբերեալ` անդրադառնալով շրջանի բնակչութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց հետեւանքով ստեղծուած բարդ իրադրութեան: Ան շեշտեց կայունութեան, արդարութեան եւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը` միաժամանակ ընդգծելով միջկրօնական երկխօսութեան դերը` իբրեւ խաղաղութեան եւ համակեցութեան կայուն հիմք:

Վարչապետ Քառնին եւ վեհափառ հայրապետը փոխանակեցին միտքեր սոյն հրատապ նիւթերուն շուրջ` վերահաստատելով Քանատայի եւ հայ ժողովուրդի համատեղ յանձնառութիւնը` մարդկային իրաւանց, արդարութեան եւ խաղաղութեան արժէքներուն նկատմամբ: Հանդիպումը նշանաւորեց կարեւոր փուլ մը Քանատայի եւ քանատահայ համայնքին միջեւ շարունակուող երկխօսութեան մէջ` ընդգծելով այն ամուր յարաբերութիւնը, որ հիմնուած է համատեղ արժէքներու եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Սփիւռքը Իրաւունք Ունի Երկրի Բնակիչ Լիբանանցիներուն Հետ Քուէատուփի Միջոցով Քաղաքական Որոշումներու Կայացման Գործին Մէջ Գործընկերային Դեր Ունենալու»

Յաջորդը

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.