Շուէտի Վեսթերոս Քաղաքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ «ՀՄԸՄ» Ակումբի Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւնը
Շաբաթ 17 Մայիս 2025 թուականին Շուէտի Վեսթերոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀՄԸՄ» ակումբի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը։ Հանդիսութեան մեկնարկը տրուեցաւ երբ ՀՄԸՄ Վեսթերոսի սկաուտները, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ Սթոքհոլմի շեփորախումբին, ակումբի մուտքին շարուած պատիւ առնելով հիւրնկալեցին ժողովուրդին։ ՀՄԸՄ-ի Վեսթերոս մեկուսի շրջանի ատենապետ եղբ. Տիգրան Կէօվշենեան հրաւիրեց Տէր Մկրտիչ քհն. Գրիգորյանին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Յովսէփ Տէր Գէորգեանին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Գազանճեանին...




















