Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

ՀԵԴ-ի Ընդհանուր Ժողովը Սահմանեց Նոր Տարեշրջանի Նպատակները Եւ Ընտրեց Նոր Կեդրոնական Վարչութիւն Մը

18- 21 սեպտեմբերի շաբաթավերջը, ՀԵԴ-ի ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան (ՀԵԴ) 51-րդ Ընդհանուր ժողովը` մասնակցութեամբ շրջանի բոլոր` 12 ուխտերէն ժամանած պատգամաւորներու:

Ներկայ էին նաեւ շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, ՀԵԴ-ի կրտսերներու (պատանեկանի), Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի, ՀԵԴ Ճամբարի վարչութեան, ինչպէս նաեւ Քանատայի ՀԵԴ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ:

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի նախորդ Կեդրոնական վարչութեան եւ տեղական ուխտերու  գործունէութեան, անդամարշաւին զարկ տալու, համայնքին հետ կապերը ամրապնդելու, հայութիւնը եւ ՀԵԴ-ի ուխտերը յուզող շարք մը հարցերու մանրամասն քննարկումներէն ետք, պատրաստուեցաւ 2025-2026 տարեշրջանի գործունէութեան ծրագիրը` նկատի ունենալով Հայաստանի եւ սփիւռքի կենսական կարիքները եւ հայրենիքի հետ կապերու սերտացումը:

Ժողովը շեշտեց, որ ՀԵԴ-ն հաւատարիմ կը մնայ իր հիմնական արժէքներուն, կենսական նկատելով ՀԵԴ-ի դերակատարութիւնը հայութեան քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ: Աւարտին, Ընդհանուր ժողովը ընտրեց 7 հոգինոց նոր Կեդրոնական վարչութիւն մը, որուն անդամներն են` Անի Ղազարեան, Շանթ Ադամեան, Դալար Անտոնեան, Յովիկ Օհանեան, Սագօ Սէրայտարեան, Արփի Ասատուրեան եւ Սեւակ Սարգիսեան:

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբի Կազմակերպած Մեծարանիքի 19-րդ Հանդիսութիւնը

11 հոկտեմբերին Ուաշինկթընի «Ronald Reagan Building & International Trade Center»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած մեծարանքի 19-րդ հանդիսութիւնը:

Օրուան հանդիսավարն էր պետական պաշտօնեայ եւ արտաքին քաղաքականութեան, յատկապէս Եւրասիական հարցերու մէջ մասնագիտացած դոկտ. Ռապըրթ Գրիգորեան, որ միշտ ալ գործակցած է Հայ դատին հետ:

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի նախագահ տոքթ. Արա Չալեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Հայ դատը հայութեան բոլոր իրաւունքներուն վերականգնումը կ՛առաջադրէ` աւելցնելով, որ այժմ հրատապ օրակարգը Արցախի ազատագրումն է եւ արցախահայութեան վերադարձը: Ան շեշտեց, որ արցախահայութեան դատը մեր աւանդական դատին կարեւորագոյն բաղադրիչներն է եւ ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային իրականացման հիմք ունի իբրեւ իրաւաքաղաքական հրամայական` աւելցնելով, որ այդ ինքնորոշման փաստը միջազգայնօրէն հանրայնացնելու, իրազեկելու, ճանաչելի դարձնելու տենդագին աշխատանքին լծուած ենք մենք` Հայ դատի զինուորագրեալներս:

Ռիչմընտի եւ Ուաշինկթընի Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատու Սօսի Պուրուճեան ներկայացուց «Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուող Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահներէն Պրետ Շըրմընը (Քալիֆորնիա, դեմոկրատական)` շեշտելով, որ Շըրմըն անաչառօրէն ի նպաստ Հայ դատին գործող քոնկրեսական մըն է:

Իր կարգին, Շըրմըն հաստատեց, որ Ծերակոյտի Հայկական համախմբումին անունով պիտի շարունակէ երաշխաւորել Հայաստանի ապահովութիւնը, նաեւ ապահովել Արցախի հայութեան վերադարձը եւ կասեցնել Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները: Ան ըսաւ, որ մեր պահանջները առաջնահերթ ու խիստ կարեւոր են եւ գլխաւորաբար կը վերաբերին Հայաստանի ապահովութեան եւ գերիշխանութեան հզօրացման, Ազրպէյճանի զօրքերու Հայաստանէն դուրս բերման, հայ գերիներու ազատ արձակման, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու ապահով վերադարձին, հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան, Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւններու դադրեցման, Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի զէնքի մատակարարման սահմանափակման:

Այնուհետեւ Քրիս Հեքիմեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Տին Շահինեանը, որ գաղութին մէջ կատարած իր հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքին համար մեծարուեցաւ:

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի ընտրական եւ յարաբերական յանձնախումբի պատասխանատու Նայիրի Տիրացուեան ներկայացուց Ցեղասպանութեան դէմ պայքարող շքանշանով պարգեւատրուող` «Լեմքինի ցեղասպանութեան հիմնարկ»-ը, որ ժրաջան կը գործէ յանուն արդարութեան: Հիմնարկին անունով Էլիսա Ֆոն Եոտին-Ֆորկիյ ըսաւ, թէ հիմնարկը բազմիցս դժուարութիւններու եւ անել կացութիւններու առջեւ գտնուած է, ո՛չ միայն թուրք եւ ազրպէյճանցի ներկայացուցիչներու դէմ յանդիման գալով, այլեւ` ներկայ հայ իշխանաւորներու, որոնք հեռու կը մնան իրականութենէն: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնները կը կրկնեն թրքական ժխտողական խօսոյթը, որուն մասին կը նշուի Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկի հրապարակած յայտարարութեան մէջ: Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ, թէ այս մրցանակը կը նուիրէ Արցախին եւ արցախահայութեան:

«Վահան Քարտաշեան» շքանշանը ստացան աւելի քան վաթսուն տարիէ ի վեր Հայ դատին եւ յատկապէս Ուաշինկթընի շրջանին մէջ գործած, Վիեթնամի պատերազմի վեթերաններէն` Փոլ Ճամուշեան եւ Կարօ Արմէնեան, որոնք արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը:

Ապա, Արենի Մարկոսեան տեղեկութիւններ փոխանցեց վարժողական ծրագիրներու մասին, իսկ Արսէն Մարգարով ներկայացուց Հայ դատի յանձնախումբին «Յովիկ Աբօ Սաղտըճեան» յիշատակի «Քեփիթըլ Կէյթըուէյ» ծրագիրը:

Աւարտին, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ դատին անունով խօսք առաւ Ծովինար Համագործեան, որ շեշտեց, թէ պէտք է անպայման կերտել հայրենի եւ համահայկական ազգային առողջ ուժերու համախմբում` վերաթարմացնելով համազգային օրակարգը, նաեւ պաշտպանել Արցախի եւ արցախահայութեան իրաւունքները, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ համաշխարհային բեմերու վրայ:

Նշենք, որ այս ձեռնարկի ընթացքին կատարուեցան աճուրդ եւ նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ դատի յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին: Յիշատակելի էր նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվընզ այս առիթով իր հայութեան վերաբերեալ իր հրատարակութիւններու հաւաքածոն նուիրած էր Հայ դատին:

Յունաստան

ՀՅԴ Յունաստանի «Պատանեկան Միութեան Օր»-ուան Նշում

4 հոկտեմբերին Ֆիքսի «Արամ մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ նշուեցաւ  ՀՅԴ Յունաստանի «Պատանեկան միութեան օր»-ը:

Օրուան հանդիսավար Արմէն Աճէմեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ՀՅԴ պատանեկան միութեան վարիչ մարմինի խօսքը ներկայացուց ժաքլին Աճեմօղլու, որ կատարելով միութեան նպատակներու արժեւորումը եւ ներկայացնելով անոնց իւրայատուկ ազդեցութիւնը հայ պատանիին վրայ, նշեց, որ տարիներու ընթացքին, ՀՅԴ Յունաստանի պատանեկան միութեան նպատակները յստակ մնացած են եւ կը փոխանցուին ժողովներուն ու բանակումներուն ընդմէջէն` շեշտելով, որ մեր միութեան թիրախներն ու արժէքները` հայապահպանումը, հայախօսութիւնը, կարգապահութիւնը, հայեցի դաստիարակութիւնը, ընկերային կապերու սերտացումը հայ պատանիներուն մէջ մնայուն են: Ան ըսաւ, որ հայկական ինքնութիւնը կենդանի պահելը իրենց ամէնօրեայ ջանքն է` աւելցնելով, որ իրենք այս բոլորը կը փորձեն իրականացնել ժողովներու եւ տարբեր նախաձեռնութիւններու միջոցով, ինչպէս` արշաւներու եւ բանակումներու ընթացքին:

Ժաքլին Աճեմօղլու նաեւ անդրադարձաւ ամառնային տարեկան բանակումին` նշելով հարազատ մթնոլորտի ստեղծումը, որուն մէջ պատանիները զարգացուցին իրենց մտային եւ ընկերային կարողութիւնները:

Այնուհետեւ Ծիլա Թութուշեան ստացաւ իր մասնակցութեան վկայագիրը ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի կազմակերպած պատանեկան միութիւններու հայկական գիտելիքներու մրցոյթին:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան յայտնեց, որ ինք եւս պատանի կը զգայ նման հայաբոյր մթնոլորտի մը մէջ: Սրբազան հայրը կարեւոր նկատեց պատանեկան միութեան անդամակցութիւնը` անոր մէջ տեսնելով հոգեկան եւ իմացական ազգային սնունդի կարեւորութիւնն ու մատուցումը: Ան շեշտեց, որ պատանեկանը հայ ինքնութեան դարբնոց մըն է, որուն մէջ կը շաղախուին գիտակից եւ հայրենասէր երիտասարդ սերունդներ:

Ձեռնարկի ընթացքին, ներկաներուն տրամադրուեցաւ միութեան «Արձագանգ» տպագիր պարբերաթերթը: Տասնամեակներ շարունակ լոյս տեսնող այս հրատարակութիւնը եղած է անցեալի ու ներկայի պատանիներու արտայայտութեան բեմը, որուն մէջ յօդուածներ, միտքեր եւ ապրումներ կը ցոլացնեն պատանեկան մտածողութեան ներաշխարհը:

Հայաստանի Վերանկախացման 34-րդ Տարեդարձի Նշում Աթէնքի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, վերջերս փիրէայի քաղաքապետական թատրոնին մէջ պաշտօնապէս նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 34-ամեակը, համերգով եւ ընդունելութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, որ անդրադարձաւ տարածաշրջանի զարգացումներուն եւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Ան յատուկ նշումներ կատարեց հայ եւ յոյն բազմաոլորտ գործակցութեան մասին, տալով այն կարեւոր բնագաւառները, որոնց շուրջ կը զարգանան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

գեղարուեստական բաժինը հայ եւ յոյն երաժշտական աւանդութեան իւրայատուկ ներկայացում էր: Ելոյթ ունեցան Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած քանոնահար նարեկ Գազազեան եւ դաշնակահարուհի Անահիտ Տիլբարեան, որոնք մեկնաբանեցին ծանօթ մեղեդիներ եւ հայկական երաժշտութեան յատկանշական նուագներ:

Ֆրանսա

Կարպիս Ափրիկեանի Անունը Կրող Հրապարակ` Փարիզի Սրտին Մէջ

15 հոկտեմբերին Կարպիս Ափրիկեանի մահուան առաջին տարելիցի օրը, Փարիզի 9-րդ թաղամասին մէջ բացուած է հրապարակ` անուանի ֆրանսահայ յօրինողին անունով: Այս նախաձեռնութիւնը յարգանքի տուրք էր անոր մշակութային մեծ վաստակին եւ յիշատակի յաւերժացման:

Բացման արարողութեան մասնակցած են դիւանագիտական, քաղաքային, մշակութային եւ համայնքային ներկայացուցիչներ, ներառեալ դեսպան Արման Խաչատրեանը եւ ափրիկեանի ընտանիքի անդամները:

Դեսպանը նշած է, որ Ափրիկեանը կարեւոր դեր ունեցած հայ եւ ֆրանսական երաժշտական ժառանգութեան տարածման գործին մէջ: Անոր անունը Փարիզի սրտին մէջ կը դառնայ հայ-ֆրանսական մշակութային բարեկամութեան խորհրդանիշ:

Իրան

«Սուրբ Կոյս Մարիամ» Մեթրոյի Նոր Կայարանի Բացում

Վերջերս Թեհրանի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Սուրբ Կոյս Մարիամ» անունով մեթրոյի նոր կայարանին:

Կայարանը կառուցուած է ի պատիւ Իրանի հայ համայնքին եւ կը գտնուի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ մօտ:

Նոր կայարանը զարդարուած է քրիստոնէական խորհրդանիշերով, որոնք կը ներառեն Մարիամի եւ Յիսուսի պատկերներով որմնանկարներ եւ բարձրաքանդակներ, ինչպէս նաեւ ճարտարապետական տարրեր, որոնք ոգեշնչուած են հայկական քրիստոնէական ժառանգութենէն:

Սոյն նախաձեռնութիւնը համակարգուած է Թեհրանի հայ համայնքին հետ` իբրեւ մայրաքաղաքի մեթրոյի ընդլայնման մաս: Կառավարութիւնը նախագիծը ներկայացուցած է իբրեւ մշակութային տուրք` նուիրուած հաւատքներու միջեւ միասնութեան:

«Իրանի Հայ Գեղանկարիչները» Գիրքի Շնորհահանդէս

Նախաձեռնութեամբ Իրանագիտութեան կեդրոնին, «Արտակ Մանուկեան»-ի անուան ազգային թանգարանին եւ գիրքի հրատարակիչ «Նեգար» հրատարակչութեան, 7 հոկտեմբերին Իրանագիտութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Իրանի հայ գեղանկարիչները» գիրքի շնորհահանդէսը:

Օրուան հաղորդավար Արփի Ալաւերտեան ընդգծեց, որ հայերը եւ իրանցիները ունին  բազմաթիւ ընդհանրութիւններ` ծէսերու, սովորութիւններու եւ մշակութային ասպարէզներուն մէջ` աւելցնելով, որ  խաղաղ գոյակցութեան շնորհիւ  ստեղծուած են արժէքաւոր կոթողներ:

Օրուան առաջին բանախօսն էր Իրանագիտութեան հիմնադրամի նախագահ դոկտ. Ալի Աքպար Սալեհի, որ ընդգծեց, որ նման նախաձեռնութեան նպատակն է ներկայացնել այն հայ հայրենակիցները, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են երկրի մշակոյթի, գեղարուեստի, գիտութեան եւ հասարակական աշխատանքներու բնագաւառներուն մէջ: Դոկտ. Սալեհի հաստատեց, որ իրանահայ համայնքը, իբրեւ ամուր ու հաստատակամ սիւն մը եւ ստեղծագործ ընթացք, անբաժանելի մասնիկն է երկրի վաղեմի քաղաքակրթութեան, եւ պատմութիւնը վկան է այս անքակտելի կապին:

Շարունակելով իր խօսքը` դոկտ. Սալեհի կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Իրանի մէջ հայկական մշակութային կոթողներուն, ինչպէս Ս. Թադէոս Առաքեալի վանքին եւ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքին` ընդգծելով, որ անոնք միայն մշակութային կոթողներ չեն, այլ նաեւ կը նկատուին երկու ժողովուրդներու անքակտելի կապերուն վկաները:

Երկրորդ բանախօսն էր Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յակոբեան: Ան իր ելոյթի ընթացքին կարեւորութեամբ ընդգծեց իրանահայութեան դերը Իրանի մէջ` նշելով, որ այդ ներդրումը ոչ միայն իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունեցած է Իրանի մշակութային ու գիտական կեանքին մէջ, այլեւ` անժխտելի նշանակութիւն ունեցած է Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններու առումով:

Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ` Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահուերդեան ելոյթ ունենալով կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ եւ իրանցի ժողովուրդներու դարաւոր խաղաղ գոյակցութեան եւ փոխյարաբերութեան:

Ելոյթ ունեցան նաեւ «Ամիրքապիր» համալսարանի ելեկտրագիտութեան ամպիոնի դասախօս փրոֆ. Գէորգ Կարապետեան, իրանցի շահնամէագէտ եւ համալսարանի դասախօս դոկտ. Ճալալէտտին Քազազի, համալսարանի դասախօս, գեղանկարիչ, արուեստագէտ, ճարտարապետ դոկտ. Սիմոն Այվազեան, Իրանի ուսողութեան ազգային ակադեմիայի նախագահ փրոֆ. Մկրտիչ Թումանեանի որդին` դոկտ. Արա Թումանեան, «Արտակ Մանուկեան» ազգային թանգարանի վարչութեան անդամ Իրեն Աբնուսեան, «Նեգար» հրատարակչութեան տնօրէն դոկտ. Ամիր Մոհամմատ Տաւուտի Փուր:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Աւարտին կատարուեցաւ գիրքի շնորհահանդէսը:

Հայ Մշակոյթի Տօնակատարութիւններու Շրջագիծին Մէջ` Պարթեւ Յակոբեանի Արուեստի Գործերու Երկօրեայ Ցուցահանդէսը

Նախաձեռնութէամբ «Սիփան» միութէան Արուեստից բաժանմունքին, Հայ մշակոյթի օրուան առիթով 11 հոկտեմբերին Հայ մշակութային «Սիփան» միութեան «Նայիրի» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ ճարտարապետ Պարթեւ Յակոբեանի արուեստի հաւաքածոյի ցուցահանդէսին:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Պարթեւ Յակոբեանի արծաթի վրայ քանդակները, գորգերու համար գծուած նախշերը եւ ուրարտական խորհրդանիշերով ու նախշերով գծագրուած ցուցանմուշները, նաեւ իր քրոջ կտորի վրայ ասեղնագործութիւնները, որոնց շարքին` ուրարտական զարդանախշերով աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ իր դստեր` Թալին Յակոբեանի գեղանկարները:

Ատրպատական

Թաւրիզի «Տաթեւ» Պարախումբը 12-րդ Տարին Ըլլալով Հմայեց Հանդիսականները

Նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի, 9 հոկտեմբերին Թաւրիզի Ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տաթեւ» պարախումբի 12-ամեակին նուիրուած համոյթը:  Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Նայիրի Դիլանեան, որ ակնարկ մը նետեց անցնող 12 տարիներու զոհողութեան, որ յանձն առած էր ՀՕՄ-ի վարչութիւնը` նուիրեալ ծառայութեանը եւ անձնական մեծ ներդրումով` անուանի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Կարինէ Մանուչերեանի: Դիլանեան նաեւ ընթերցեց այս առիթով ուղարկուած շնորհաւորական ուղերձները: Ան պատմական ակնարկ կատարելով անցնող տարիներու աշխատանքին, նշեց անուանի գեղարուեստական ղեկավարներ Վանուշ Խանամիրեանը, Գագիկ Գինոսեանը, իսկ ներկայիս Կարինէ Մանուչերեանը:

 

 

 

 

Նախորդը

Խաղաղութեան Ուղերձ Կրող Հագուստը

Յաջորդը

Առանց Մշակոյթի Չկայ Ապագայ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին
Գաղութէ Գաղութ

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?