Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 25, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Իտալիա

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակին Նուիրուած Համերգ

Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրման 325-ամեակի ծիրին մէջ 7 սեպտեմբերին Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան մայրավանքին մէջ կայացաւ «Միասին» համահայկական հասարակական կազմակերպութեան  նախաձեռնած «Հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը եւրոպական տաճարներուն մէջ» խորագրով նոր մշակութային ծրագիրը` ներկայութեամբ Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ եւ Մխիթարեան միաբանութեան վանահայր Լեւոն արք. Զէքիեանի, միաբանութեան հոգեւոր հայրերուն, Իտալիոյ տարբեր քաղաքներէն հայ եւ իտալացի ուխտաւորներու:

Արժանթինաբնակ երաժիշտ Գագիկ Գասպարեան, ընկերակցութեամբ երգեհոնի վրայ Զոյա Թուխմանովա Կարապետեանի, մեկնաբանեց Կոմիտասի, Ներսէս Շնորհալիի, Գրիգոր Նարեկացիի, Մխիթար Այրիվանեցիի ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ եւրոպական հոգեւոր երաժշտութիւն` արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին: «Միասին» համահայկական հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Գէորգ Չիչեան շնորհաւորեց Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրման 325-ամեակը` կարեւոր նկատելով երեք դար շարունակ անխոնջ կերպով հայ հոգեւոր մշակոյթը պահպանելու, զարգացնելու եւ համաշխարհային գիտական մտքին ներդաշնակ ներկայացնելու միաբանութեան առաքելութիւնը, եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց համագործակցութեան առաջարկը ընդունելու, ջերմօրէն հիւրընկալելու, համերգը կազմակերպելու եւ միջմշակութային երկխօսութիւնը խրախուսելու համար:

Գէորգ Չիչեան գնահատական խօսք ըսաւ նաեւ ծրագրի նախաձեռնողներ արժանթինաբնակ երաժիշտ, մշակութային-հասարակական գործիչ Գագիկ Գասպարեանին եւ Անթոնիօ Սարաֆեանին` տարիներ շարունակ հայկական մշակոյթը աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ արժանապատուօրէն ներկայացնելու եւ տարածելու համար:

Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ եւ Մխիթարեան միաբանութեան վանահայր Լեւոն արք. Զէքիեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց Գագիկ Գասպարեանին, «Միասին» համահայկական հասարակական կազմակերպութեան եւ կարեւոր նկատելով նման ձեռնարկները` յոյս յայտնեց, որ տուտուկի հոգեթով մեղեդիները օր մը անպայման եկեղեցիներուն մէջ ս. պատարագի անբաժան մասը կը դառնան:                                                            Այնուհետեւ Մխիթարեան միաբանութեան յուշամետալով պարգեւատրուեցան Գագիկ Գասպարեանը եւ «Միասին» համահայկական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գէորգ Չիչեանը:

Աւարտին «Միասին» համահայկական հասարակական կազմակերպութեան շնորհակալագրեր եւ յուշանուէրներ յանձնուեցան Մխիթարեան միաբանութեան, մայրավանքի վանահայր Գէորգ վրդ. Սարգիսեանին եւ Զոյա Թուխմանովա Կարապետեանին, իսկ Գագիկ Գասպարեան խորհրդանշաբար տուտուկ յանձնեց Մխիթարեան միաբանութեան:

Միացեալ Նահանգներ

Հայ Կրթական Հիմնարկութեան 75-Ամեակ Ձեռնարկը Գոյացուց 1,1 Միլիոն Տոլար

Ներկայութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, 7 սեպտեմբերին «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կրթական հիմնարկութեան 75-ամեակի ձեռնարկը, որ պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ` գոյացնելով աննախընթաց 1,1 միլիոն տոլար գումար մը, որ պիտի տրամադրուի կրթութեան եւ աշխարհի տարածքին հայ ուսանողներու նեցուկ կանգնելու` Հայ կրթական հիմնարկութեան առաքելութեան իրականացման:

Շուրջ 600 հիւրերու եւ համակիրներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին հիմնարկութեան հեղինակաւոր մրցանակներուն արժանացան  Ռուբէն Վարդանեան եւ Վիքթորիա Զոնապենտ` «Կրթական տեսլականի տէր», Վահէ Յակոբեան` «Կեանք մը սպասարկութիւն» եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի պատուոյ նախագահ դոկտ. Քրիսոսթոմոս Մեք Նիքիաս` «Կրթութեան կատարելագործում», որոնց իրագործումները եւ յաջողութիւն կերտելու պատմութիւնները մեծապէս տպաւորեցին ներկաները:

Երեկոյին հանդիսավարն էր «Էմմի» մրցանակի թեկնածու դերասան Կրեկըրի Զարեան, իսկ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ հռչակաւոր երգչուհի Նունէ Եսայեան:

Հայ կրթական հիմնարկութեան 75-ամեակի ձեռնարկի համաատենապետ Սանտրա Գալեմքերեան դիտել տուաւ, որ իրենց գործունէութեան 75-րդ տարուան ընթացքին 1,1 միլիոն տոլարի տպաւորիչ աջակցութիւն ստանալը համեստացնող եւ քաջալերող իրականութիւն մըն է եւ վստահաբար պիտի զօրացնէ հիմնարկութեան գործունութիւնը` սկսելով կրթանպաստներէն, հասնելով STEM ոլորտի կրթական ծրագիրներու ընդարձակումին, կրթական ոլորտին մէջ յառաջդիմելու նոր առիթներ ընծայելով հայ ուսանողներուն:

Յայտնենք, որ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950-ին` կրթական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին:

Քանատա

Հայաստանի Անկախութեան 34-րդ Տարեդարձի Նշում Լաւալի Քաղաքապետարանէն Ներս

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Լաւալի քաղաքապետարանին, 15 սեպտեմբերին քաղաքապետարանէն ներս հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը:

Ձեռնարկին ներկայ էին` Լաւալի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի քաղաքապետ Սթեֆան Պուայիէն, որ շնորհաւորեց տեղւոյն հայ համայնքը եւ ընդգծեց հայերու կարեւոր դերակատարութիւնը քաղաքի հասարակական եւ մշակութային կեանքին մէջ: Քաղաքապետը նաեւ յիշեցուց, որ Լաւալը Քանատայի մէջ առաջին քաղաքն էր, որը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ Լաւալի մէջ տեղադրուած յուշարձանը կը յաւերժացնէ այդ պատմական իրադարձութիւնը:

Իր կարգին, Քեպեք նահանգի Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Լեւոն Աֆէեան շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետարանին` Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը նշելու համար: Ան ընդգծեց հայ համայնքին աշխուժ ներկայութիւնը եւ անոր ունեցած կարեւոր ներդրումը` Լաւալի կեանքէն ներս, շեշտելով քաղաքապետարանի ցուցաբերած բարեկամական վերաբերումը եւ հայութեան նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութիւնը: Հիւպատոսը նաեւ անդրադարձաւ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ իրականացուած ծրագիրներուն:

Լաւալի քաղաքապետարանի միջմշակութային հարցերու պատասխանատու Ալին Տիպ առանձնացուց հայ համայնքին աւանդը քաղաքի բազմամշակութային միջավայրի հարստացման գործին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց լաւալաբնակ հայ համայնքին` անոր նուիրուածութեան եւ Լաւալի հասարակական կեանքէն ներս ունեցած նշանակալի ներդրումին համար:

Այնուհետեւ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սեդա Թոփուզեան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւած է, սակայն այդ դժուարութիւնները յաջողած է յաղթահարել եւ լիարժէքօրէն ներկայութիւն է Լաւալի մէջ: Ան նաեւ աւելցուց, որ նման ձեռնարկներ ոչ միայն կ՛ամրապնդեն համայնքներու միջեւ կապերը, այլեւ կը նպաստեն համերաշխ եւ համախմբուած հասարակութեան մը ձեւաւորման:

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Լաւալի Յուշարձանը Տեղադրուեցաւ Նոր Վայրի Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Լաւալի «Խաչելութիւն, Յարութիւն, Վերածնունդ» խորհրդանշող եւ «Յոյս» կոչուող յուշարձանը, որուն հեղինակն է քանատահայ քանդակագործ Արտօ Չաքմաքճեան, այժմ վերջնականապէս կը տեղադրուի Լաւալի կեդրոնական եւ աւելի տեսանելի վայրի մը մէջ` Parc des Coccinelles, հասանելի թէ՛ հայ համայնքին, թէ՛ հանրութեան, լիարժէքօրէն ծառայելով իր առաքելութեան` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ուրացման դէմ պայքարին:

Նոր կայքի որոշումը կայացած էր քաղաքապետարանի եւ Լաւալի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն միջեւ` փոխադարձ համաձայնութեամբ: Լաւալի քաղաքապետութիւնը պիտի ստանձնէ նոր վայրին մէջ տեղադրուած յուշարձանի պահպանման եւ հոգատարութեան պատասխանատուութիւնը: Յուշարձանին վրայ արձանագրուած յուշագրութիւնն ու մակագրութիւնը պիտի մնան անփոփոխ:

Մոնրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Քանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Կազմակերպած «Կրթութեան Եւ Անհատական Զարգացման Տօնակատարութիւն»-ը

Կազմակերպութեամբ Քանատայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, 14 սեպտեմբերին Մոնրէալի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Կրթութեան եւ անհատական զարգացման տօնակատարութիւն» ոգեշնչող երեկոն, որուն պատգամաբերն էր այդ առթիւ յատուկ Լիբանանէն հրաւիրուած, Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ եւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի տնօրէն վեր. Յակոբ Աքպաշարեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ կամաւորաբար ծառայող Սալբի Ներսէսեան: Ան դիտել տուաւ, որ Քանատայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան առաքելութիւնն է հայ ժողովուրդին ֆիզիքական եւ հոգեւոր կարիքներուն հասնիլ աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ, աւելցնելով, որ ընկերակցութիւնը իր ծննդեան օրէն կ՛օժանդակէ շարք մը կրթական, աւետարանչական, նպաստի, ընկերային ծառայութեան, եկեղեցւոյ եւ մանկական խնամքի հոգատար ծրագիրներու:

Օրուան պատգամաբեր վեր. Յակոբ Աքպաշարեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց նախ լիբանանահայ վարժարաններու դիմագրաւած մարտահրաւէրները` ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական պայմաններու բերումով, ապա յայտնեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Լիբանանի մէջ հայկական վարժարանները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` միշտ վառ պահելով յոյսը, յատկապէս` մեր հայ աշակերտներուն մօտ: Ան նկարագրեց Հայ աւետարանական համայնքին տարած գործունէութիւնը Այնճարի մէջ` իր եկեղեցիով, Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանով, եւ յատկապէս գիշերօթիկով, որ բնակարան, ապահովութիւն եւ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ կ՛ապահովէ ընտանեկան ծանր եւ խոցելի պայմաններու մէջ յայտնուած հայ երեխաներուն ոչ միայն Այնճարի, այլեւ` Լիբանանի տարածքին ապրող մեր հայորդիներուն:

Վերապատուելին մանրամասնօրէն անդրադարձաւ գիշերօթիկին եւ վարժարանին կողմէ տարուած աշխատանքներուն եւ նոր ծրագիրներուն, որոնցմէ յատկապէս նշեց «Ուի նիտըլ» ձեռագործական ծրագիրը, «Սիտց աֆ հոփ» հողամշակութեան ծրագիրը եւ «Համեղ» անուշեղէնի պատրաստման ծրագիրը, ինչպէս նաեւ յայտարարեց, որ շուտով մեկնարկը կը կատարուի իրենց նոր` «Հիլինկ հարպըր» ծրագիրին, որ կը միտի աշակերտներուն մատուցել զգացական եւ հոգեմտաւոր մասնագիտական խորհրդատուութիւն:

Քանատայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ Րաֆֆի Շնորհօքեան, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վերապատուելիին անոր տուած սպառիչ բացատրութեան համար, ապա Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտներէն Կարին Սիմոնեան տուաւ իր վկայութիւնը դպրոցին մասին, որմէ ետք Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Քանատայի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան խօսք առնելով` շեշտեց ընկերակցութեան մշտական աջակցութիւնը Այնճարի մէջ իրագործուած բոլոր ծրագիրներուն, ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն` մաս կազմելու եւ սատարելու յատկապէս «Հիլինկ հարպըր» նոր ու կենսական ծրագրին:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ ցուցադրուեցաւ Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին տեսերիզ մը:

Իրաք

Խաչվերացի Տօնը Պաղտատի Մէջ

Ներկայութեամբ իրաքահայ թեմի նախկին առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի, 14 սեպտեմբերին  Խաչվերացի տօնին առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Պաղտատի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագը մատուցեց Առէն  քհնյ. Մարտիրոսեան` մասնակցութեամբ Սեպուհ քհնյ. Պաղտասարեանի: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ անդաստանի կարգ եւ  աւանդութիւն դարձած ռեհանի օրհնութիւն:

Իրան

Հայաստան-Իրան Կրթութեան Ծիրին Մէջ 2025-2029 Թուականներու Համագործակցութեան Յուշագիրի Ստորագրութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ արհեստագիտութեան նախարար Հոսէյն Սիմայի Սարրաֆի հետ` ներկայութեամբ ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեանի, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յակոբեանի, ԵՊՀ նախագահ Յովհաննէս Յովհաննէսեանի, Բրիւսովի պետական համալսարանի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեանի, Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան  պատուիրակութեան այլ անդամներու:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը շեշտեցին կարեւորութիւնը Հայաստանի եւ Իրանի բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ անոնց ամրապնդման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերըուն: ԿԳՄՄ նախարարը հաստատեց, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան այցը Հայաստան նոր խթան կը հանդիսանայ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման համար:

Ընդգծելով բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնը` կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին ջանք չխնայելու երկկողմ կապերու խորացման նպատակով:

Ժաննա Անդրէասեան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան ծիրին մէջ իրականացուող բարեփոխումները` ընդգծելով, որ անոնք որակական փոփոխութիւններու յանգեցնող գործընթացներ են: ԿԳՄՄ նախարարը անդրադարձաւ «Ակադեմական քաղաք» ծրագիրին` նշելով, որ անիկա հանրային միջավայր ու մթնոլորտ վերափոխող նախագիծ է, որ կը նպաստէ Հայաստանի մէջ համալսարանական կրթութեան արդիականացման, միջազգային մրցունակութեան բարձրացման եւ ժամանակակից գիտահետազօտական միջավայրի ապահովման:

Անդրէասեան նաեւ տեղեկացուց, որ վերջին տարիներուն երկրի կառավարութիւնը էապէս բարձրացուցած է գիտութեան ոլորտի ֆինանսաւորումը, եւ ներկայիս կը սերտուի նաեւ «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» նոր օրէնքի նախագիծը, որով օրէնսդրական հիմքեր պիտի դրուին նաեւ օտարերկրացի գիտնականներու հետ համատեղ նախաձեռնութիւններու եւ դրամաշնորհային ծրագիրներու մասնակցութեան համար:

ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեան կարեւոր նկատեց նաեւ Իրանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ հայագիտութեան զարգացման հեռանկարները` շեշտելով, որ երկու երկիրներու ընդհանուր պատմական անցեալը, ինչպէս նաեւ իրանահայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը կ՛ընձեռեն հայագիտութեան զարգացման հնարաւորութիւններ: Նախարարը յայտնեց, որ հայագիտութեան զարգացման նպատակով Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պիւտճէէն կը ֆինանսաւորուի տարբեր երկիրներու համալսարաններու մէջ հայագիտական կեդրոններու գործունէութիւնը, առաջարկելով դիտարկել նաեւ իրանական համալսարաններէն մէկուն մէջ նմանօրինակ կեդրոնի հիմնադրութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Իրանի համալսարաններու վկայականներու փոխճանաչման կարեւորութիւնը: Կողմերը քննարկեցին դասախօսներու եւ գիտնականներու փոխանակման, կրթական եւ գիտական համատեղ ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնները:

Հանդիպման աւարտին երկու երկիրներու նախարարները ստորագրեցին ՀՀ ԿԳՄՄ եւ ԻԻՀ գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ արհեստագիտութեան նախարարութիւններու միջեւ կրթութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան 2025-2029 թուականներու փոխըմբռնման յուշագիրը: Փաստաթուղթով կը նախատեսուի` կրթական համակարգերու վերաբերեալ տեղեկատուութեան փոխանակում, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու միջեւ ուղղակի կապերու հաստատում, դասախօսական կազմի փոխայցելութիւններու քաջալերում, ուսումնական ծրագիրներու փոխանակում եւ այլն:

Կողմերը համոզում յայտնեցին, որ յուշագիրը նոր հնարաւորութիւններ պիտի բանայ ինչպէս երկու երկիրներու համալսարաններուն, նոյնպէս ալ ուսանողներու, շահագրգիռ այլ կողմերու համար:

Ֆրանսա

Մանուշեաններու Որմնանկարը Նիսի Մէջ

11 սեպտեմբերին բացումը կատարուեցաւ Նիսի հայաշատ թաղամասի մուտքին` Մատլէն պողոտայի շէնքերէն մէկուն ճակատին գծուած Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններու որմնանկարին:

Շէնքը կը պատկանի Քոթ տ՛Ազիւրի Բնակարաններու վարչութեան եւ նախաձեռնութիւնն ալ իրենցն է, իսկ որմնանկարին հեղինակն է «Արթմոր», որ սոյն հսկայական գործը աւարտած է միայն մէկ շաբաթավերջի ընթացքին

 

 

 

 

 

Նախորդը

Մեծեր Ծնած Մեծերը. Սանամ Մկրտչեան

Յաջորդը

Տոմս. Սահման Խախտելը Արդարացում Չունի

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 11, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?