Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնը Քանատա

Հոկտեմբեր 29, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ շաբաթներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութիւն տուաւ Քանատայի հայոց թեմին ու Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան հայոց թեմերուն:

– Հինգշաբթի, 16 հոկտեմբերին Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Մոնրէալի Ս. Յակոբ մայր եկեղեցի: Եկեղեցական արարողութենէն ետք Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան ողջունեց եւ պատմական որակեց սոյն այցելութիւնը, որովհետեւ կը նշուի վեհափառի ընտրութեան եւ գահակալութեան 30-ամեակը, հաստատելով, որ 30 տարիները յատկանշուեցան ծառայութեամբ ու նուիրումով` ուղղուած Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին, եւ անոնց ընթացքին շարունակական վերելք արձանագրեց Հայ եկեղեցին եւ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:

Ապա կաթողիկոսը իր պատգամը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին: Ան ըսաւ, որ սոյն հովուապետական այցելութեան որպէս ընդհանուր բնաբան եւ պատգամ` ընտրած է «Եկէ՛ք միասնաբար վերակենսաւորենք մեր համայնքային կառոյցները» լոզունգը: Վեհափառը բացատրեց, որ կառոյց` կը նշանակէ եկեղեցի, դպրոց ու համայնքային բոլոր կազմակերպութիւնները, միութիւններն ու կեդրոնները, որոնք միասնաբար կը կազմեն ու կը կազմաւորեն մեր համայնքը: Ան շեշտեց, որ պէտք է հաւատքը ապրիլ, զայն գործով թարգմանել եւ անոր հետ շաղախել մեր կեանքը, աւելցնելով, որ այս գիտակցութեամբ կոչուած ենք վերանորոգելու ու վերակենսաւորելու մեր համայնքային կեանքը: Անդրադառնալով Հայաստանի ներկայ կացութեան` Արամ Ա. ըսաւ, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի դիմագրաւած ներքին թէ արտաքին մարտահրաւէրներու, տագնապներու ու խնդիրներու վերաբերեալ յստակ ու հետեւողական կերպով պարզած է իր տեսակէտը: Այս ծիրէն ներս պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութեան ներկայ վատառողջ վիճակը եւ անոր առնչուած հոգեւորականներու թէ աշխարհականներու ձերբակալութիւնները դատապարտած է եւ նոյնիսկ անուղղակի փորձեր կատարած է կացութեան հանդարտեցման ու հարցերու լուծման: Դատապարտած է նաեւ ազգային արժէքներու հանդէպ մօտեցումներու ու արժեչափերու խախտումը եւ ապազգային մթնոլորտի ստեղծումը: Կաթողիկոսը կոչ ուղղեց` միասնաբար, երկխօսութեան ճամբով հեռու պահելու Հայաստանը ինքնաքանդումի վտանգէն:

– Ուրբաթ, 17 հոկտեմբերին «Հայ կեդրոն»-ի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ` ի պատիւ վեհափառ հայրապետին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գարեգին ծ. վրդ. Շխրտըմեան: Թեմի Ազգային իշխանութեան ատենապետ Ծովիկ Թերզեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ երեսուն տարիներու ընթացքին հայութիւնը դիմագրաւեց բազում մարտահրաւէրներ, բայց նաեւ` ուրախութիւններ ու յաղթանակներ, որոնց մէջ զգալի էր վեհափառին հայրական ներկայութիւնը, որուն խօսքը մեզի համար եղաւ խրատ, աղօթքը` զօրութիւն, նուիրումը` օրինակ, որոնցմով սորվեցանք, որ հաւատքով ու միասնականութեամբ կարելի է յաղթահարել ամէն տեսակ դժուարութիւն:

Թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան հաստատեց, որ վեհափառին 30-ամեակը նշելը իւրաքանչիւրիս համար աննկարագրելի ուրախութիւն եւ իսկական պատիւ է` հաստատելով, որ կաթողիկոսը ծառայեց հաւատքի առաքելութեան տեսլականով ու գործեց աննկուն կերպով եւ հանդիսացաւ հոգեւորականի իսկական տիպար Եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին ուղղուած ծառայութեան մէջ:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խօսելով մարդու արժէքին ու դերակատարութեան մասին` ըսաւ, թէ մարդն է, որ կը շինէ իրեն վստահուած այս աշխարհը, միաժամանակ մարդն է, որ կը քանդէ զայն, երբ հաւատարիմ չէ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած պատասխանատուութեան, նոյնպէս մարդն է թէ՛ պետութիւնը, թէ՛ Եկեղեցին, համայնքը եւ կառոյցները շինողն ու քանդողը: Ան շեշտեց, որ ներկայիս, մեր ներկայ իրականութեան մէջ, մեր համայնքային, ազգային ու եկեղեցական կեանքէն ներս շինող, կերտող ու ծառայող մարդու, նոյնպէս խոհեմ ու հեռատես ղեկավարութեան կարիքը ունինք, աւելցնելով, որ արժէքներու անկում կայ մեր շուրջը: Կաթողիկոսը շեշտեց, որ Հայաստանը կարիքը ունի վերականգնումի, նոյնիսկ` փրկութեան, եւ հարկ է համախմբում ու համախոհութիւն` ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներու շուրջ, համազգային օրակարգի մը շուրջ: Ապա, անդրադառնալով ծառայութեան կարեւորութեան, որպէս տիպար օրինակ, վեհափառը յիշեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ Քանատա ու Հայաստան համայնքային, կուսակցական ու պահանջատիրական մարզերէն ներս առանցքային դեր ստանձնած է, ինչպէս նաեւ Քանատայի թեմի կազմաւորման մէջ կարեւոր նպաստ բերած է: Ան հաստատեց, որ մեր կառոյցներու կենսաւորման մէջ կարեւոր նպաստ ունին նաեւ մեր բարերարները: Այս ծիրէն ներս ան անդրադարձաւ Գէորգ Չաթալպաշեանին ու Գառնիկ Եագուպեանին, որոնք Սուրբ Էջմիածինի ու Անթիլիասի մէջ, նաեւ` Սուրիոյ, Լիբանանի ու Հայաստանի, իրենց կարեւոր բարերարութիւններով մեծ նպաստ բերած են մեր Եկեղեցւոյ պայծառութեան ու ազգին վերակառուցման աշխատանքներուն:

–  Կազմակերպութեամբ Քանատայի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական ընտրութեան եւ օծման  30-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր գեղարուեստական յայտագիր:

Համերգին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ազգային երեսփոխան Համբիկ Գարայեան, որ լուսարձակի տակ առաւ վեհափառ հայրապետին երեք տասնամեակներու վրայ տարածուած նուիրեալ ու անզուգական հովուապետական ծառայութիւնը:

Օրուան բանախօսն էր «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան: Ան ըսաւ, որ Արամ Ա. վեհափառի գահակալութեան 30 տարիները եղած են բեղմնաւոր աշխատանքի, սիրոյ ու նուիրումի տարիներ, եւ այսօր կը նշէ իր գահակալութեան 30-ամեակը` նոր մարտահրաւէրներով, երբ հայրենազրկութեան արհաւիրքը կը կրկնուի այսօր Արցախի մէջ, երբ` մեր ինքնութեան ու ազգային արժէքները քայքայման ու կորուստի վտանգին տակ կը գտնուին, երբ` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ դէմ հալածանք կը գործադրուի, երբ` պատմութեան դասագիրքերը ապազգային կողմնորոշումով կը վերաշարադրուին, երբ` մինչեւ իսկ Հայոց ցեղասպանութեան հիմնահարցը կը նսեմացուի, երբ` Հայոց ցեղասպանութեան իրաւատիրութեան նսեմացումով հարուածը կը հասցուի ազգի հաւաքական պատմական յիշողութեան: Ան հաստատեց, որ կաթողիկոսը պատմական Հայաստանի, այսօրուան վերանկախացած Հայաստանի եւ Արցախի իրաւունքներուն համար աննահանջ, անյողդողդ ու անվկանդ պայքարած է:

Բաբգէն արք. Չարեան ելոյթ ունենալով` ըսաւ, որ վեհափառը մեր թեմերուն նոր աւիշ ու նոր արիւն ներարկեց` ի խնդիր մեր համայնքային կեանքի վերանորոգման, դպրեվանքին աննախադէպ պայծառութիւն տուաւ, քրիստոնէական դաստիարակութեան հաւատքի առաքելութեան զարկ տուաւ, միջեկեղեցական ու միջկրօնական շարժումին նոր շունչ ու ոգի ներմուծեց, համազգային մշակութային շարժումը հիմնովին վերանորոգեց:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին` դիտել տուաւ, որ անցնող 30 տարիներու շրջանը կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ եղան թէ՛ տագնապի եւ թէ՛ իրագործումներու տարիներ: Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Հայաստանի դիմագրաւած տագնապներն ու վերիվայրումները մեծապէս ազդեցին այդ առաքելութեան վրայ  եւ մնայուն ներկայութիւն դարձան կաթողիկոսութեան կեանքին ու գործունէութեան մէջ: Վեհափառը նկատել տուաւ, որ անցնող 30 տարիները նաեւ իրագործումներու տարիներ եղան, աւելցնելով, որ քրիստոնէական դաստիարակութեան առընթեր, կրթական, մշակութային, ընկերային, պահանջատիրական, միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարզերէն ներս յատկանշական իրագործումներ կատարուեցան: Շարունակելով իր խօսքը` կաթողիկոսը ըսաւ, որ այս ծիրէն ներս Հայաստանն ու Արցախը յատուկ տեղ գրաւած են Անթիլիասի առաքելութեան մէջ: Ան ընդգծեց, որ Անթիլիասի ծառայութիւնը եղաւ ու կը մնայ գերազանցօրէն համապարփակ ու համազգային, եւ այդ ծառայութիւնը իր ուղղութիւնը կ՛առնէ հայրենիքին ու ազգին գերագոյն ու ընդհանրական շահերէն ու իտէալներէն:

– Շաբաթ, 18 հոկտեմբերին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իրեն ընկերակցող շքախումբին հետ հասաւ Թորոնթօ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գարեգին ծ. վրդ. Շխրտըմեան: Ան ըսաւ, որ վեհափառին ոգեղէն տեսիլքը հիւսուեցաւ շատերու հաւատքին, միտքին ու գործին, աւելցնելով, որ իր շունչով սերունդներ թրծուեցան, նկարագիրներ կռանուեցան, համոզումներ կռփուեցան, Եկեղեցին նոր տեսիլք ու հոգեւոր շունչ առաւ, նոր զարթօնք ապրեցաւ, նոր ու միջազգային բեմերու վրայ բարձրացաւ, հայ գիրն ու դպրութիւնը ծաղկեցաւ, եւ ազգային պահանջատիրութեան ու արդարութեան ձայնը եղաւ աւելի հնչեղ ու ներդաշնակ:

Քանատայի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան ատենապետ Ծովիկ Թերզեան հաստատեց, որ վեհափառ հայրապետի ղեկավարութեամբ, մեր Եկեղեցին եղաւ ո՛չ միայն աղօթքի տուն, այլեւ` հաւատքի, ազգային ինքնութեան ու համախմբումի վայր: Օնթարիօ նահանգի երեսփոխան Արիս Պապիկեան կարդաց նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտի նամակը, ուր ան իր խոր գոհունակութիւնը կը յայտնէ վեհափառին այցելութեան առիթով: Ան անդրադառնալով աշխարհին դիմագրաւած դժուարութիւններուն` յիշած է վեհափառ հայրապետին ունեցած կեդրոնական դերը միջեկեղեցական յարաբերութեանց աշխուժացման եւ միջկրօնական երկխօսութեան խորացման մէջ: Օնթարիոյի մէջ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս Գրիգոր Փոսթաճեան Լիբանանի պետութեան ու կառավարութեան յատուկ շնորհաւորանքը յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան 30-ամեակին առիթով:

Աւարտին վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ անցնող 30 տարիները սովորական տարիներ, չեղան, այլ`  հաւատքի ու յոյսի, կամքի ու տեսիլքի, տագնապի ու պատերազմի, աշխատանքի ու իրագործումի տարիներ, եւ այդ 30 տարիներու առաքելութիւնը խտացուց «ծառայութիւն» բառին մէջ: Վեհափառը շեշտեց, որ ծառայութի՛ւնը եղած է իր կեանքի իմաստ, նկարագիր, խորք, բովանդակութիւն, ուղղութիւն ու նպատակ տուողը, աւելցնելով, որ հոգեւորականին կեանքը անձնակեդրոն, ինքնակեդրոն, ինքնանպատակ կեանք չի՛ կրնար ըլլալ, այլ ան կ՛ապրի, կը գործէ, կը ծառայէ նուիրական նպատակի մը համար:

– Կիրակի, 19 հոկտեմբերի առաւօտուն Արամ Ա. կաթողիկոս ուղղուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ` ձեռամբ հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի: Վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամով յիշեցուց մեր կեանքի կարեւոր արժէքները` Եկեղեցին, անոր կողքին գործող հայ դպրոցը եւ մեր հայրենիքը: Ան շեշտեց, որ այս երեք սրբազան արժէքները պէտք է մնայուն ներկայութիւն ըլլան մեր մտածումներուն ու գործերուն մէջ` դառնալով մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի ամուր հիմքերը:

Նոյն օրը նշուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 30-ամեակը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Խաժակ Գուլաճեան, որ ըսաւ, թէ վեհափառ հայրապետին 30-ամեայ գահակալութեամբ, Սուրբ Աթոռը եւ Սուրբ Աթոռին ընդմէջէն անթիլիասական դիմագիծը փառաւորուեցաւ եւ հովուապետական գաւազանը ծաղկեցաւ` Արամ Ա. վեհափառին եկեղեցաշինութեամբ, նուիրումով, նախանձախնդրութեամբ, աներկիւղ կամքով, ազգային ու հոգեւոր կեանքի բարեզարդումով եւ մշտարթուն հովուութեամբ: Գուլաճեան իր խօսքին մէջ լայն տեղ տուաւ վերջին օրերուն տեղի ունեցած դէպքերուն նկատմամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համազգային հարցերու շուրջ յայտնած յստակ կեցուածքին:

Թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան ընդգծեց, որ վեհափառը մեր ժամանակակից պատմութեան ճակատագրական եւ անկիւնադարձային պահերուն, իբրեւ քաջ հովիւ եւ հմուտ ղեկավար, հայ ազգը առաջնորդեց դէպի խաղաղ ափեր:

Վեհափառը իր խօսքին մէջ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց` առաջնորդ սրբազանին, թեմի Ազգային վարչութեան, համայնքային կեանքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ ներկաներուն: Ան ըսաւ, որ նման պահեր յիշեցումի, յիշատակի, անցեալին նայելու, որոշ դէպքեր ու դէմքեր յիշելու առիթներ են, բայց երբ կը փորձենք անցեալին նայիլ իրապաշտ մօտեցումով, պէտք է անցեալը քննենք իր շրջագիծէն ներս` անցեալի ժամանակներու, պայմաններու, կացութիւններու ու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ, շեշտելով, որ անցնող 30 տարիները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան մէջ նոր էջ բացող տարիներ եղան: Հակառակ տագնապներուն` Սուրբ Աթոռը իր առաքելութիւնը անվեհեր ձեւով շարունակեց:

Վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ տարեդարձները միայն անցեալին նայելու առիթներ չեն, այլ ապագային նայելու` ապագայատեսիլ ու նպատակասլաց մօտեցումով: Անդրադառնալով հայ կեանքը յուզող ներկայ իրադարձութիւններուն` վեհափառը հաստատեց, որ հայրենիքը կ՛ընթանայ դէպի ինքնաքանդում ու սփիւռքը` դէպի ինքնամաշում, եւ հարկ է առաջքը առնել այս վտանգին` համահայկական ճիգով: Հայրապետը վերանորոգումի անյետաձգելի հրամայականը շեշտելով` ըսաւ, որ այս կացութեան դիմաց մենք կարիքը ունինք նոր ղեկավարներու, նոր մօտեցումներու, նոր կեցուածքներու, նոր արիւնի եւ նոր աւիշի, որոնք պիտի գան մեր երիտասարդներէն, որոնք ներկայ աշխարհը կը ճանչնան եւ անոնց մօտեցումը այսօր բոլորովին տարբեր է, աւելի իրատես են ու աւելի գործնական:

Վեհափառը հաստատեց, որ  Հայաստանի փրկութեան ու վերականգնումին մէջ սփիւռքին դերը առաջնահերթ է, եւ այս պատճառով, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն, սկսանք սփիւռքի վերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի գործընթացին, քանի Հայաստանի հզօրացումը պայմանաւորուած է սփիւռքի հզօրացումով: Իր խօսքին մէջ կաթողիկոսը լուսարձակի տակ առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութիւնը` շեշտելով, որ  Անթիլիասը մեր ժողովուրդին հաւաքական կեանքին մէջ մայր էջին վրայ, առանցքային դերակատարութիւն ունեցող ներկայութիւն է` իր խօսքով ու գործով: Ան շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, մէկ նպատակ ունի` հայրենիքի փրկութիւն, հայրենիքի հզօրացում, հայրենիքի վերականգնում ու վերածաղկում, որ պէտք է սկսի սփիւռքով: Մեր գաղութները, ամէն տեղ, վերականգնումի գործնական ընթացքի մէջ են, եւ այս գործընթացին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերը առանցքային է: Այս գիտակցութեամբ կը գործէ մեր Սուրբ Աթոռը` մեր թեմերուն աջակցութեամբ:

– Թորոնթոյի մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Ռամկավար ազատական կուսակցութեան նախագահ Մայք Խարապեան:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու մեր ժողովուրդին Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն: Այս ծիրին մէջ Խարապեան առաջարկեց, որ ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի վերին ներկայացուցիչներու միջեւ դարձեալ հանդիպում մը նախաձեռնէ, յիշեցնելով, որ տարիներ առաջ վեհափառին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած նման հանդիպումներ դարձած էին մեծապէս օգտաշատ` միջկուսակցական գործակցութեան իմաստով: Ան միաժամանակ շեշտեց, որ համասփիւռքեան օրակարգերու, ինչպէս` Ցեղասպանութեան, Արցախի եւ ընդհանրապէս Հայ դատին, ինչպէս նաեւ ներգաղութային գործակցութեան օրակարգերու շուրջ կազմակերպուած նման հանդիպում մը մեծապէս կրնայ նպաստաւոր դառնալ:

Վեհափառ հայրապետը ողջունելով նման առաջարկ մը` շեշտեց միջկուսակցական գործունէութեան կենսական անհրաժեշտութիւնը մեր պատմութեան ներկայ ճակատագրական ժամանակներուն մէջ:

– Երեքշաբթի, 21 հոկտեմբերին, կազմակերպութեամբ Թինտէյլ  համալսարանին եւ Քանատայի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, Նիկիոյ Տիեզերական Ա. ժողովի (325) 1700-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիսութիւն մը` յիշեալ համալսարանի սրահին մէջ: Հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կողքին, ներկայ էին համալսարանի դասախօսներն ու ուսանողները:

Համալսարանի նախագահ դոկտ. Մարճորի Քըր ողջունեց վեհափառ հայրապետին ներկայութիւնը` յիշեցնելով առաջին հանդիպումը, որ ունեցած էր վեհափառին հետ երկու տարի առաջ, երբ ան Թորոնթոյի համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տուած էր յունիս 2023-ին:
Օրուան հանդիսավար, համալսարանի բարձրագոյն ուսմանց տեսուչ դոկտ. Մայքըլ Քրաուս իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Նիկիոյ հանգանակի ոգիով, մեր ներկայութիւնը այսօր միջեկեղեցական ներկայութիւն է, աւելցնելով, որ Թինտէյլ համալսարանը ինքզինք կը նկատէ որպէս միջեկեղեցական մեծ համայնք` իր մէջ ներառելով աւելի քան 90 յարանուանութիւններ:   Ապա համալսարանի շրջանաւարտ Տարօն սրկ. Հալլաճեան ներկայացուց վեհափառ հայրապետը` մասնաւորաբար լուսարձակի տակ առնելով անոր միջեկեղեցական շարժումին մէջ ունեցած տասնամեակներու վաստակն ու կարեւոր դերակատարութիւնը:

Վեհափառ հայրապետին դասախօսութենէն առաջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթք, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին դասախօսութեան ներկայ բոլոր օտար եկեղեցականները, իսկ շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ յայտնելով Նիկիոյ Տիեզերական Ա. ժողովին կարեւորութիւնը` շեշտեց, որ այս ժողովը իր հաւատոյ հանգանակով եւ Եկեղեցւոյ կանոնական կեանքին առնչուած որոշումներով յատուկ տեղ կը գրաւէ համաքրիստոնէական կեանքին մէջ, ինչպէս երէկ, նաեւ` այսօր: Ապա անդրադառնալով յատկապէս Նիկիոյ հաւատոյ հանգանակին` վերլուծեց անոր առանցքային կարեւորութիւնը` որպէս աղբիւր քրիստոնէական միութեան, քրիստոնէական հաւատքի ուղղափառութեան եւ Եկեղեցւոյ կանոնական հիմնական սկզբունքներուն: Վեհափառը շեշտեց կարեւորութիւնը վերաքննութեան ենթարկելու Նիկիոյ հաւատոյ հանգանակին հիմնական սկզբունքները` ներկայ ժամանակներու աստուածաբանական նոր մտածողութիւններու լոյսին տակ, մէկ կողմէ նշելով հասարակաց յայտարարները եւ միւս կողմէ` տարբերութիւնները, ընդգծելով Նիկիոյ հաւատոյ հանգանակին հիմնական ուղղութեան հաւատարիմ մնալու հրամայականը:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?