Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Մէջ «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակի Բաշխումը Կատարուեցաւ

Սեպտեմբեր 28, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ եւ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի, Շաբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2025-ին, քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի կողմէ հաստատուած «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակի բաշխումը կատարուեցաւ, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս։

Սրբազան հօր կողքին ներկայ գտնուեցան Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան,  Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, քուէթահայ բարերար տէր եւ տիկին Կիրակոս Գույումճեան եւ իրենց դուստրն ու հարազատները, Ուսումնական Խորհուրդի անդամներ, հալէպահայ երկրորդական վարժարաններու հոգաբարձութիւններու եւ կրթական մարմիններու ներկայացուցիչներ, տնօրէններ, մրցանակին արժանացող ուսանողներն ու իրենց ծնողները։

Մրցանակաբաշխութեան յայտագիրը սկսաւ «Տէրունական Աղօթք»-ով:

Բացման խօսք արտասանեց Մարինա Պօղիկեան յայտնելով, որ քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեան 8-րդ տարին ըլլալով կը շարունակէ քաջալերել հայ ուսանողները եւ «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակը շնորհել 12-րդ կարգի պետական քննութիւններուն հալէպահայ վարժարաններուն մէջ առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահոված հայ ուսանողներուն, մրցակցութեան առողջ մթնոլորտ ստեղծելով անոնց միջեւ։

Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բարերարին, որ շարունակ հայ ուսանողները յառաջ կը մղէ՝ ուսման մէջ նոր մակարդակներ նուաճելու:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան մրցանակակիր ուսանողները։ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանի շրջանաւարտ Արփի Գրտանեան ասմունքեց Լեւոն Կիւզէլեանի «Երբ Որ» բանաստեղծութիւնը։ Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանի շրջանաւարտ Արմիկ Պապօղլեան քանոնով նուագեց Բալեանի «Կակաչներ»-ը։ Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրդ. վարժարանի շրջանաւարտ Գէորգ Գասիս ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի թարգմանած «Եթէ» բանաստեղծութիւնը։

Այնուհետեւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի ձեռամբ եւ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի մասնակցութեամբ՝ «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պարգեւատրուեցան հալէպահայ վարժարաններուն մէջ բարձրագոյն նիշերը ապահոված հետեւեալ երեք շրջանաւարտները՝

Ա. Գէորգ Գասիս  2682/2700 (Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրդ. վարժարան)

Բ. Արփի Գրտանեան 2681/2700 (Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարան)

Գ. Արմիկ Պապօղլեան 2674/2700 (Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարան)

Անոնք ստացան նաեւ բարերարին «Յուշագրական Պատառիկներ» նորատիպ գիրքէն օրինակներ։

Այս առիթով մրցանակակիրները յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքն ու անկեղծ զգացումները արտայայտեցին:

Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց վարժարաններու տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն։ Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին բարերար Կիրակոս Գույումճեանին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ իրենց ծնողներուն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ այս առիթով Հալէպ ժամանած «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակի հիմնադիր, բարերար Կիրակոս Գույումճեան, որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն ըսաւ․ «Մրցանակին նպատակը մեր աշակերտները մղելն է՝ բարձրագոյն համալսարաններ հասնելու եւ մրցակցութեան ոգին արթնցնելու անոնց մէջ, որովհետեւ դարը գիտութեան եւ կրթութեան դար է, ուստի մեր երիտասարդները պէտք է հասնին ուսման բարձր մակարդակներու, որպէսզի բարձրանալով իրենց հետ ազգը, համայնքը եւ հայրենիքը եւս բարձրացնեն։

Ուրախ եմ որ տարիներ շարունակ այս մրցանակը իր նպատակին ծառայեց եւ դրական անդրադարձ ունեցաւ հալէպահայ եւ քուէթահայ աշակերտութեան վրայ։ Անոնք ամէն տարի կրկնապատիկ աշխատանք կը տանին, կը սորվին ու կը մրցակցին՝ արժանանալու  այս մրցանակին։

Նախկին հալէպահայ մըն եմ, որ երախտապարտ եմ այս գաղութին, եւ իմ օժանդակութիւնը կ՛ուզեմ բերել ծննդավայրիս նոր սերունդներուն, որպէսզի անոնք յառաջանան ու հասնին ուսման բարձրագոյն մակարդակի՝ օգուտ բերելու թէ՛ իրենց սեփական կեանքի որակին, թէ՛ շրջապատին»։

Ապա, ան շնորհաւորեց առաջնակարգ շրջանաւարտները եւ անոնց ուսուցիչներն ու ծնողները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին՝ մրցանակաբաշխման հանդիսութիւնը հովանաւորելուն համար։

Ընթերցուեցաւ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր․ Դոկտ․ Յարութիւն Սելիմեանի այս առիթով յղած շնորհաւորական խօսքը, ուր Վերապատուելին նախ շնորհակալութիւն կը յայտնէր այս «գեղեցիկ եւ գնահատելի «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակի նախաձեռնութեան համար», ապա կը նշէր. «Ձեր այս ոգեշնչող քայլը ոչ միայն կ’արժեւորէ ուսանողներուն ջանքը, այլեւ կը դառնայ խթան իրենց ուսման ճանապարհին, աւելի նոր նուաճումներ արձանագրելու համար։

«Այս առիթով կը շնորհաւորեմ բոլոր գերազանց աշակերտները, որոնք հպարտութիւն առթեցին իրենց դպրոցին, համայնքին եւ հալէպահայութեան։ Անոնց յաջողութիւնը մեր բոլորին յաջողութիւնն է»։

Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի․ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան իր կարգին շնորհաւորեց առաջնակարգ  շրջանաւարտները եւ յորդորեց ըլլալ երախտապարտ իրենց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք իրենց լաւագոյնը տուին, որպէսզի իրենց զաւակներն ու աշակերտները բարձրագոյն ուսման հասցնեն։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ներկաներուն, յայտնելով, որ մրցանակաբաշխութեան այս պահը ուրախութեան կողքին շնորհակալ եւ երախտապարտ ըլլալու պահն է բարերար Կիրակոս Գույումճեանին, որ մրցանակին ճամբով իր պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը կատարեց հայ ուսանողութեան խթան հանդիսանալու եւ անոնց միջեւ առողջ մրցակցութեան ոգին արթնցնելու։

Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ եկեղեցիէն ետք դպրոցը ամենանուիրական հաստատութիւնն է, որուն պահպանման համար Բերիոյ Հայոց Թեմը որեւէ ճիգ չի խնայեր։ Ապա շնորհաւորեց մրցանակակիր ուսանողները, մաղթելով, որ այս մրցանակը մղիչ ուժ հանդիսանայ իրենց եւ իրենց դասընկերներուն, որպէսզի առաւել կերպով կառչին ուսման։ Ան շնորհաւորեց ուսանողներուն ծնողները, վարժարաններու հոգաբարձութիւնները, տնօրէնները եւ բոլոր անոնք, որոնք յոգնեցան ուսանողներուն առողջ կերտումին համար։

Մակար սրբազան բարձրօրէն գնահատեց մրցանակաբաշխութեան հիմնադիր բարերար Կիրակոս Գույումճեանը, օրհնեց անոր ընտանիքին եւ մաղթեց, որ իր նման բարերարներուն թիւը շատնայ։

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Զեփիւռ Է. Րէիսեան, յիշելով որ նախորդ տարիներուն մրցանակի արժանացած Ճեմարանի շրջանաւարտները այսօր Հալէպի բժշկական, դեղագործական եւ երկրաչափական համալսարաններու առաջին դիրքերը կը գրաւեն, ինչ որ արդիւնք է նպատակասլաց աշխատանքի եւ ցոյց կու տայ, թէ քաջալերանքը յաւելեալ  խթան մըն է բոլոր ուսանողներուն համար։

Մրցանակաբաշխութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

Աւարտին, յիշատակի լուսանկարներ առնուեցան եւ կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ։

Նախորդը

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Քուէթահայ Բարերար Կիրակոս Գույումճեանը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Խաղաղութեան Վաշխառուները Եւ Խաղաղութիւն Բառի Իմաստին Նենգափոխումը

RelatedPosts

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Քուէթահայ Բարերար Կիրակոս Գույումճեանը
Գաղութէ Գաղութ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Քուէթահայ Բարերար Կիրակոս Գույումճեանը

Սեպտեմբեր 27, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 25, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?