Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Թատերական Երեկոյ` Քեսապի Մէջ
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ թատերական յանձնախումբին, 3 օգոստոսին Քեսապի «Սարդարապատ» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ «Սէրը ճամպրուկի մէջ» («Թաքսի-թաքսի») կատակերգութիւնը:
Բացման խօսքով թատերական յանձնախումբի անդամ Միրնա Տեկիրմէնճեան-Տեմիրճեան ըսաւ, որ Համազգայինը 97 տարուան իր հարուստ պատմութեան ընթացքին, նպատակ ունենալով պահել, պահպանել եւ փոխանցել հայ լեզուն եւ մշակոյթը, հիմնեց դպրոցներ, թատրոններ, երաժշտախումբեր եւ միջոց չխնայեց սերմանելու հայեցի դաստիարակութիւն եւ գեղարուեստական ճաշակ, շեշտելով, որ քեսապցին միշտ յատուկ ուշադրութիւն ընծայած է թատրոնին` որպէս կարեւորագոյն մշակութային ազդակի, բեմականացնելով եւ ներկայացնելով բազմաթիւ թատերախաղեր թէ՛ Քեսապի եւ թէ՛ Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ` ի պատիւ նուիրեալ եւ մշակութասէր միութենականներու:
Թատերախաղի բեմադրիչ Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց թատրերգութեան բովանդակութիւնն ու պատգամը` դիտել տալով, որ «Սէրը ճամպրուկի մէջ» թատերախաղը կը պատկանի հայ թատերական արուեստի ամէնէն յայտնի կատակերգութիւններուն:
Անդրադառնալով թատերախաղի նիւթին` Մելքոնեան ըսաւ, որ հեղինակը կը ներկայացնէ երկու թերի ընտանիքներ, որոնց մէջ կը պակսին` սէրը, հաւատարմութիւնը, անկեղծութիւնը, փոխադարձ յարգանքն ու համերաշխութիւնը, եւ գերադաս կը համարուին նիւթապաշտութիւնը եւ աւելորդ ձեւակերպութիւնը` նահանջի մատնելով իսկական արժէքները, աւելցնելով, որ այս ներկայացումը իւրայատուկ կոչ մըն է մեր բոլոր աշխարհացրիւ հայրենակիցներուն` տէր կանգնելու մեր աւանդին եւ չտկարանալու այլասերման, արժեզրկման, ինչպէս նաեւ մեզ ինքնութենէ ու ազգային պատկանելիութենէ շեղող տարատեսակ փոթորիկներուն դիմաց: Ան պատգամ մըն է` ամուր մնալու մեր արժեհամակարգին մէջ, ուղղելու մեր թերութիւնները եւ այնպիսի սկզբունքներ ու արժէքներ փոխանցելու, որոնք մեր գոյութեան հիմքը կը հանդիսանան:
Բեմադրիչը իր խօսքի աւարտին շեշտեց, որ մեր ազգային պարտաւորութիւնն է ամուր պահել մեր ընտանիքները, որովհետեւ ամուր պահել ընտանիքը` կը նշանակէ ամուր պահել ազգն ու հայրենիքը: Մեր առաքելութիւնն է հայու վեհ նկարագիրն ու ինքնութիւնը թրծել նոր սերունդներու մատղաշ հոգիներուն մէջ, որովհետեւ անոնք են մեր յոյսն ու լոյսը, մեր պատուաբեր ներկան ու ապագան:
Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ թատերախաղը, որ արժանացաւ ներկաներուն գնահատանքին եւ քաջալերանքին:
Ելոյթի աւարտին Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիւլահեան եւ մասնաճիւղի ատենապետ Մանասէ Մանճիկեան բարձր գնահատելով բեմադրիչ Նայիրի Մելքոնեանի տարած հսկայ աշխատանքը` զայն պարգեւատրեցին յուշանուէրով մը:
Հանդիսութեան աւարտին Եսայի վրդ. Էօրտէքեան գնահատեց վարչութեան եւ յանձնախումբին տարած ծանր աշխատանքը` յաջողցնելու այս ձեռնարկը, քաջալերեց բեմադրիչն ու դերակատարները` շարունակելու ազգանուէր եւ մշակութային նման աշխատանքներ, մաղթելով յարատեւ յաջողութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ:
«Կիլիկիա» Երգչախումբի Համերգ
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, 6 սեպտեմբերին «Սարդարապատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կիլիկիա» երգչախումբին համերգը` ղեկավարութեամբ` մայեսթրօ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Եւա Պետրճիքեանի (Ա. բաժին) եւ Շողեր Օհանեան-Քահքեճեանի (Բ. բաժին):
Օրուան հանդիսավար Լարա Պետուրեան հրաւիրեց Ալիք Քորթմոսեանը` կարդալու բացման խօսքը: Քորթմոսեան անդրադարձաւ երգի եւ երաժշտութեան կարեւորութեան` որպէս հայ մշակոյթի անքակտելի մասնիկներու:
Ան շեշտեց, որ Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, տեւաբար կանգնեցաւ քեսապահայութեան կողքին` հայ մշակոյթով լիցքաւորելու անոր կեանքը:
Այնուհետեւ «Կիլիկիա» երգչախումբը երկու բաժինով ներկայացուց հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգերու փունջ մը:
Համերգի աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի ատենապետ Մանասէ Մանճիկեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց` վարչութեան անդամներուն, «Երգ ու պար» յանձնախումբին, երգչախումբի ղեկավարին, դաշնակահարներուն եւ երգչախումբի անդամներուն, որոնք այս դժուար պայմաններուն բոլոր խոչընդոտները արհամարհած` իրենց տոկուն կեցուածքով եւ երկամսեայ ժրաջան աշխատանքով բեմ բարձրացան եւ լաւագոյնը ներկայացուցին ժողովուրդին: Ապա ան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Արամ Արամեանը, որպէսզի յուշանուէրով մը պատուեն երգչախումբին ղեկավարը:
Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Եսայի վրդ. Էօրտէքեան եւ «Պահպանիչ»-ով փակեց համերգի երեկոն:
Միացեալ Նահանգներ
Մահացաւ «Յառաջ»-ի Նախկին Խմբագիրներէն Հրանդ Աճեմեան
31 օգոստոսին Կլենտէյլի մէջ 84 տարեկանին կեանքին հրաժեշտ տուաւ սփիւռքահայ բազմավաստակ մտաւորական դոկտ. Հրանդ Աճեմեան, որ Լիբանանի հայ գաղութէն անցած է Իրան, Ֆրանսա, ապա հասած է Լոս Անճելըս, ուր վերջնական կայք հաստատած էր:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքը եւ Նշան Փալանճեան Ճեմարանը յաճախելէ ետք, ան հետեւած է Սպահանի համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասընթացքներուն, ապա` Փարիզի «Սորպոն» համալսարանի Ֆրանսական արդի գրականութեան ու արեւելագիտութեան դասընթացքներուն, ուրկէ վկայուած է իբրեւ դոկտոր:
Եղած է` հայագէտ, հրապարակագիր, խմբագիր, կրթական բեղուն մշակ եւ երգչախումբի ղեկավար:
1977-ին Հրանդ Աճեմեան մաս կազմեց «Յառաջ»-ի խմբագրական կազմին` օգնելու համար Արփիկ Միսաքեանին, որ յանձն առած էր խմբագրութեան պատասխանատուութիւնը: Աւելի ուշ ան քանի մը տարիներ «Յառաջ»-ի մէջ պաշտօնավարեց իբրեւ խմբագիր` մինչեւ 80-ականներու կէսերուն իր Միացեալ Նահանգներ մեկնիլը:
Կլենտէյլի Շամլեան Ազգային վարժարանին մէջ ան նուիրուեցաւ ուսուցչութեան` մատղաշ սերունդին ջամբելով հայ գիրի եւ գրականութեան սէրը, նոյն ատեն լայնօրէն աշխատակցելով տեղւոյն հայ մամուլին: Ան նաեւ գրաբար եւ հայ գրականութիւն դասաւանդած է Լա Վերն համալսարանի Հայ-ամերիկեան քոլեճին մէջ:
Հրանդ Աճեմեան հեղինակ է նաեւ առաւել քան տասնեակ մը գիրքերու: Անոնցմէ վերջինը «Հայ եկեղեցւոյ շարակնոցը եւ այլ ծիսամատեանները» խորագիրը կրող աշխատասիրութիւնն էր:
Յունաստան
Թեմի Երեսփոխանական Ժողովը
Շաբաթ, 6 եւ կիրակի, 7 սեպտեմբերին, Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Յունաստանի հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովը` մասնակցութեամբ 40 հոգեւոր եւ աշխարհական պատգամաւորներու: Ժողովը իր աշխատանքներու ծիրին մէջ քննեց շրջանաւարտ Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի երկամեայ գործունէութիւնը, ապա որոշումներ մշակեց յաջորդ երկամեակի գործունէութեան մասին: Աւարտին ընտրուեցան նոր Ազգային վարչութիւնը եւ Կրօնական ժողովը` երկու տարուան համար:
Պոլիս
Ուխտագնացութիւն Դէպի Աղթամար
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, կիրակի, 7 սեպտեմբերին, նախագահութեամբ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ Բ. արք. Մաշալեանին, տեղի ունեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ 13-րդ ուխտագնացութիւնը:
Պատարագին ներկայ էին Պոլիսէն եւ արտասահմանէն ուխտաւորներ: Ուխտագնացութեան մասնակցեցաւ եւ պատարագեց Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան:
Նախքան Տէրունական աղօթքը, պատրիարքը քարոզեց` իբրեւ բնաբան ունենալով Քրիստոսի խաչափայտը եւ Աղթամարի Ս. Խաչ տաճարի շինութիւնը:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Հայ եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Աղթամարի երբեմնի կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներու հոգիներուն համար, ապա գլխաւորութեամբ պատրիարքին, հոգեւորականներու թափօրը առաջնորդուեցաւ բակ, ուր կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան:
Իրան
Օրհնուեցաւ Իրանի 56-րդ Համահայկական Խաղերու Ջահը
Իրանի 56-րդ շրջանի Համահայկական խաղերու առիթով, 5 սեպտեմբերին «Արարատ» մարզաւանի Սուրբ Խաչ մատուռին մէջ օրհնուեցաւ խաղերը խորհրդանշող ջահը:
ՀՄ «Արարատ» կազմակերպութեան Մարզական միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող Իրանի Համահայկական խաղերու 56-րդ շրջանի ջահի օրհնութեան արարողութիւնը կատարեց Արիստակէս քհնյ. Շահմիրեանը, իսկ ջահը պիտի կրէ ՀՄԱԿ-ի վեթերան պասքեթպոլիստ, Իրանի հաւաքականի նախկին անդամ Նորիկ Մկրտչեանը:
Կրօնական արարողութեան աւարտին ջահակիր Նորիկ Մկրտչեանը մատուռի մուտքի մօտ ջահը փոխանցեց ՀՄԱԿ-ի Մարզական միութեան վարչութեան նախագահ Արփի Սարգիսեանին, որ, իր կարգին, զայն փոխանցեց կազմակերպութեան վարչութեան նախագահ Սոֆի Ջաղարբէգեանին, որ ջահը տեղադրեց մատրան մէջ, մինչեւ խաղերու բացման օրը:
Ապա յանուն Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի` օրհնութեան խօսք արտասանեց Արիստակէս քհնյ. Շահմիրեան: Ան մաղթեց, որ ջահի օրհնութեան արարողութեամբ մարզիկներու սրտին, մտքին եւ հոգիին մէջ կը բոցավառին ազգային եւ հոգեւոր այն արժէքները, որոնց միջոցով մենք մինչ օրս գոյատեւած ենք, նաեւ 56 տարիներ շարունակ «Արարատ»-ի մէջ կազմակերպուած են խաղեր, որոնց միջոցով ոչ միայն մրցակցութեան, այլեւ ընկերասիրութեան, ընկերութեան եւ ազգասիրութեան ոգի փոխանցուած է մեր մատաղ սերունդին:
10 սեպտեմբերին Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Իրանի 56-րդ Համահայկական խաղերուն:
Սոյն խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 6 քաղաքներէ 350 մարզիկներ, որոնք պիտի մրցին ֆութպոլի, պասքեթպոլի, թեթեւ աթլեթի, թենիսի, փինկ-փոնկի եւ ճատրակի խաղերուն: Խաղերը շարունակուեցան մինչեւ 18 սեպտեմբեր:
Իրանի Ազգային Գրադարանի Եւ Արխիւի Մէջ Բացուեցաւ Հայկական Անկիւն
Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իրանի Ազգային գրադարանին եւ արխիւին մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ Հայկական անկիւն մը, ուր ցուցադրուած են Հայաստանի պատմութեան ու մշակոյթի մասին շուրջ 60 գիրքեր, որոնց մէկ մասը նուիրած է ԿԳՄՄ նախարարութիւնը, իսկ մնացեալը` հայկական պատուիրակութեան անդամները:
Նախաձեռնութիւնը իրագործուած է Մատենադարանի առաջարկով: Բացման հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին` ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանը, ԵՊՀ եւ Բրիւսովի համալսարաններու նախագահները եւ այլ պաշտօնեաներ:
Ձեռնարկի ընթացքին ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր, որ կը նախատեսէ հայերէն եւ պարսկերէն ձեռագիրներու համատեղ ցուցադրութիւններ ու գիտական ծրագիրներ: