Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Հոկտեմբեր 2, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Պուլկարիա

Ուխտագնացութիւն ՀՅԴ Հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի Շիրիմին` Մահուան 120-Ամեակին Առիթով

Վերջերս ՀՅԴ Պուլկարիոյ կառոյցի անդամներն ու համակիրները` Փլովտիվէն, Վառնայէն, Սոֆիայէն եւ Ռուսէէն,  հաւաքուեցան Սոֆիայի կեդրոնական գերեզմանատան մէջ՛ նշելու Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ անոր երիտասարդ ընկեր Վռամշապուհ Քենտիրեանի հերոսական մահուան 120-ամեակը:

Պուլկարիոյ թեմի հոգեւորականներ  Հրաչ քհնյ. Մուրատեան եւ Տիրայր քհնյ. Հաթաւեան կատարեցին հոգեհանգստեան կարգ, որմէ ետք ներկաները արտասանեցին Տէրունական աղօթքը:

Հրաչ քհնյ. Մուրատեան ելոյթ ունենալով` ըսաւ, որ ասիկա ոչ միայն Պուլկարիոյ մէջ ապրող դաշնակցականներուն համար սրբազան վայր է, այլեւ` աշխարհի տարածքին բոլոր կուսակցականներուն համար, որովհետեւ իր գաղափարներով Քրիստափոր Միքայէլեան դարձաւ այն սերմը, որ արմատաւորուելով` պտուղ տուաւ: Ան հաստատեց, որ 120 տարի ետք այս սերմը կը շարունակէ պտուղ տալ, որուն  վկայութիւնը բոլորին ներկայութիւնն է հոս, ինչպէս նաեւ` Դաշնակցութեան աշխուժ գործունէութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ` սփիւռքի եւ Հայաստանի: Ասիկա կը վկայէ, որ Քրիստափոր Միքայէլեան եւ անոր համախոհները` կուսակցութեան համահիմնադիրները, դարձան ազատութեան գաղափարի ջահակիրները:

Տիրայր քհնյ. Հաթաւեան, իր կարգին, ըսաւ, որ անոնք, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին իրենց ժողովուրդի ազատութեան համար, ընդմիշտ իրենց անունները գրեցին մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ան վստահեցուց, որ նոյնիսկ 100 տարի ետք յաջորդ սերունդները կը շարունակեն յարգանքի տուրք մատուցել մեր ազգային հերոսներուն, աւելցնելով, որ անոնք մեզի համար ոգեշնչման աղբիւր էին` ապրելու եւ աշխատելու որպէս արժանի հայեր:

Պուլկարիոյ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի համանախագահ Վարդանուշ Թոփաքպաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց այն հայերուն, որոնք համայնավարութեան տարիներուն գաղտնի եկած էին մաքրելու եւ խնամելու այս երկու գերեզմանները, նաեւ` այն հայրենակիցներուն, որոնք նոյնպէս գաղտնի բերած են իրենց զաւակները այստեղ` անոնց ցոյց տալու գերեզմանները, ուր կը հանգչին մեր ժողովուրդի իսկական զաւակները: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Դաշնակցութեան, որ կը շարունակէ վառ պահել Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ Վռամշապուհ Քենտիրեանի յիշատակը:

ՀՅԴ Պուլկարիոյ «Պետրոս Սերեմճեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սահակ Չաքալեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Քրիստափորը հայ ժողովուրդի համազգային զարթօնքի եւ Հայաստանի ազատագրման մեծ պայքարի անշեղ առաջամարտիկն է, աւելցնելով, որ ան իր անձնական օրինակով, անսասան կամքով նոր սերունդներուն դիմաց բացաւ գաղափարական եւ քաղաքական տոկուն պայքարի ուղին` խորհրդանիշը ըլլալով այն աներեր հաւատքին, որ նոյնիսկ անհաւասար ուժերուն դէմ հնարաւոր է յաղթել: Չաքալեան շեշտեց, որ դարերով գերութեան ու յուսահատութեան մէջ խեղդուած հայ ժողովուրդէն ան կերտեց պայքարող հայուն տեսակը` ազատութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի համար մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու ոգիով եւ պատրաստակամութեամբ:

Ուխտագնացութեան աւարտին ներկաները ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ զետեղեցին երկու հերոսներու շիրիմներուն վրայ:

Սուրիա

Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» Մասնաճիւղին Կազմակերպած Հայոց Լեզուի Ուսուցման Սեմինար

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի վարչութեան, ներկայութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Եւա Մանուկեան-Սելիմեանի, Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան, Հալէպէն ժամանած Հայագիտական հիմնարկի տնօրէն Սիլվա Ճապաղջուրեանի, Հայագիտական հիմնարկի դասախօս մեթր Մարիա Գաբրիէլեանի, Համազգայինի վարչութեան եւ վարժարաններու ուսուցչաց կազմին, 11 սեպտեմբերին ընթացք առաւ հայոց լեզուի ուսուցման եռօրեայ սեմինարը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան ատենապետ Յասմիկ Պօզոյեան-Կարապետեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց սեմինարին նպատակը:

Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան խօսքը արտասանեց տոքթ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան, որ շեշտեց հայոց լեզուի գործածութեան անհրաժեշտութիւնը սփիւռքի մէջ` պահելու մեր ինքնութիւնը եւ կապը մեր մշակոյթին ու պատմութեան հետ:

Լեւոն վրդ. Եղիայեան գնահատեց Համազգայինի կազմակերպած սեմինարը` շեշտելով, որ առանց հայ դպրոցին եւ եկեղեցւոյ` կը կորսնցնենք մեր ազգային նկարագիրը, ուստի պէտք է մեծարենք հայ ուսուցիչը եւ բծախնդիր ըլլանք մեր լեզուին նկատմամբ:

Սեմինարի ծրագիրը վարեց Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս մեթր Մարիա Գաբրիէլեան:

Երեք օրերու ընթացքին դասախօսը առիթ ունեցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ներկայացնել օգտաշատ ծրագիրը` շեշտելով ուսուցչութեան վսեմ առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ` ազգային արժէքներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Ծրագիրը կ՛ընդգրկէր` ուսուցիչի առաքելութեան, մայրենիի ուսուցիչի յատկանիշերուն, հայոց լեզուի քերականութեան, ուղղագրութեան, խօսակցական եւ գրական լեզուի հարցերուն, ազգային արժէքներու համակարգի, դիւանական աշխատանքի, հայերէնի դասաւանդման մեթոտներուն, դասապատրաստութեան եղանակներուն, հայերէնի դասապահը սպասելի դարձնելու գաղտնիքներուն, ուսումնառութեան գործընթացին մէջ արհեստագիտութեան ազդեցութեան եւ պատիժի ու խրախուսանքի մասին դասախօսութիւններ, զրոյցներ, գրավարժութիւններ եւ առնչակից աշխատանքներ:

Սեմինարին մասնակցեցան` ազգային վարժարաններու ուսուցչաց կազմերը, Գամիշլիի, Տէրիքի եւ Հասիչէի ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՍԵՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԶՊՄ-ի պատանիներ:

ՍՕԽ-ի Գամիշլիի «Արցախ» Մասնաճիւղը Նշեց Խաչվերացի Տօնը Եւ ՀՕՄ-ի 115-Ամեակը

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան, 16 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ մեծաշուք տօնակատարութիւն` նուիրուած Խաչվերաց տօնին եւ ՀՕՄ-ի 115-ամեակին:

Հանդիսութեան ներկայ էին` ՍՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան անդամ բժշկհ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ՍՕԽ-ի Գամիշլիի երէց ընկերուհիներ, Հասիչէի «Լոռի» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ հոծ բազմութիւն մը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետ Հուրի Փաշայեան-Սարգիսեան, որ անդրադարձաւ խաչի զօրութեան: Ան շնորհաւորեց ՀՕՄ-ի 115-ամեակը` շեշտելով անոր բարեսիրական վսեմ եւ նուիրեալ առաքելութիւնը, աւելցնելով, որ միութիւնը այսօր 27 տարբեր երկիրներու մէջ գործող իր միաւորներով եւ հազարաւոր անդամներով կը շարունակէ երթը` միշտ պատրաստ օգնութեան հասնելու հոն, ուր կարիք ստեղծուած եւ պահանջ ներկայացուած է:

Արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ՀՕՄ-ի պատմականը` յիշելով, որ սկզբնական շրջանին ան ճանչցուած էր որպէս Հայ կարմիր խաչ անունով, եւ խաչը քրիստոնէութեան համար խորհրդանիշ է փրկութեան, յոյսի եւ եկեղեցւոյ հիմքն է:

Լեւոն վրդ. Եղիայեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ՍՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի աշխատանքն ու գործունէութիւնը շրջանէն ներս` որպէս օրինակ նուիրուածութեան եւ անկոտրում կամքի, մաղթելով իրենց եւ ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին յաւելեալ բարգաւաճում:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Ղնեմիէի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

Տնօրինութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, Ս. Գէորգ զօրավարի տօնի նախօրեակին, 19 սեպտեմբերին, Ղնեմիէ հայկական աւանի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ ս. պատարագով յիշատակուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

Այս առիթով քարոզեց Մանուկ վրդ. Պարիխանեան, որ անդրադարձաւ հաւատքի կարեւորութեան` դիտել տալով, որ այնպէս ինչպէս սուրբերն ու մարգարէները հաստատ մնացին Աստուծոյ հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքին վրայ, նոյնպէս Ս. Գէորգ զօրավար դէմ դնելով բոլոր չարիքներուն` պահեց իր հաւատքը մինչեւ վերջ:

Հայր սուրբը անդրադարձաւ երկու տեսակ հաւատքի: Առաջինը գործնական հաւատքն է, որ բարեգործութիւն կատարելով կ՛արտայայտուի: Երկրորդը այն հաւատքն է, որ մեղքին եւ չարին դէմ բարի պատերազմ մղելով կ՛արտացոլայ:

Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կատարուեցաւ աւանդական մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք:

Միացեալ Նահանգներ

 Ռուբէն Վարդանեանին Կինը` Վերոնիքա Զոնապենտ, Մեծարուեցաւ «ԱՅՈՒԱ»-Ի Կողմէ

Հայ կիներու միջազգային միութիւնը` «ԱՅՈՒԱ», 8 սեպտեմբերին տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին մեծարեց Պաքուի մէջ անօրէն կերպով բանտարկուած Ռուբէն Վարդանեանի կինը` Վերոնիքա Զոնապենտը, անոր յանձնելով կազմակերպութեան «Կրթական ոլորտին մէջ ազդու ներդրում» մրցանակը:

Ելոյթներ ունեցան Տիեն Քապրալոֆ եւ Ալիս Պետրոսեան, որոնք լուսարձակի տակ առին Զոնապենտի յատկանշական բարեսիրական եւ կրթական միջազգային գործունէութիւնը, յատկապէս` Հայաստանի կրթականի մարզի բարգաւաճումը ապահովելու գծով:

Իր կարգին, Զոնապենտ շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատուին համար:

Հայաստանի Անկախութեան Նշում

17 սեպտեմբերին Սան Ֆրանսիսքոյի կից գտնուող Քոլմա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նշումը:

Քաղաքապետարանին առջեւ տեղի ունեցած արարողութիւնը սկսաւ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն կատարումով` Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական ազգային վարժարանի աշակերտներուն կողմէ, որմէ ետք ելոյթներ ունեցան քաղաքապետ Քեն Կոնզալես եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Արցախ քհնյ. Պատոյեան`  շեշտելով ազգային ինքնութեան եւ մշակոյթին պահպանութեան կարեւորութիւնը:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի աշակերտներէն Արէնի Արապանթեան:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Հայ–Ամերիկեան Թանգարան

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ներկայացուցիչ իրաւաբան Կարօ Մատէնլեանի, մասնակցութեամբ տոքթ. Արմէն Չալեանի, իրաւաբան Դրօ Գրիգորեանի, Պետիկ Գազանճեանի եւ իրաւաբան Արմէն Յովհաննէսեանի, որ նաեւ մաս կը կազմէ թանգարանի վարչութեան, 17 սեպտեմբերին այցելեց Հայ-ամերիկեան թանգարան, որ ներկայիս կը կառուցուի Կլենտէյլի մէջ:

Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան դրուատեց ՀՅԴ-ի 135-ամեայ ծառայութիւնները, որոնց շարքին է Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքին կազմակերպումը եւ բարգաւաճման ապահովումը:

Յիշեցնենք, որ սեպտեմբերի առաջին կիսուն Հայ-ամերիկեան թանգարանը եւ մշակութային կեդրոնը տեղեկացուց, թէ արդէն իսկ ամբողջացած է շինարարութիւնը կառոյցին մասամբ ապակեպատ «Հազարաշէն» տանիքին, որուն շնորհիւ այս պատմական շինութեան կառուցման կարեւոր հանգրուան մը եւս կ՛իրականացուի:

ՀՅԴ-ի վեթերան անդամներէն թանգարանին գործադիր ատենապետ Պերճ Կարապետեան պատուիրակութեան ներկայացուց թանգարանին հակիրճ պատմականը եւ անոր անցած փուլերը` աւելցնելով, որ կառուցումը պիտի ամբողջանայ 2027-ին:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դիմաւորողներուն մէջ էին նաեւ թանգարանի վարչութեան փոխատենապետ Զաւէն Գազազեան, որ Կարապետեանի եւ պատուիրակութեան հետ թանգարանին տարածքին զանազան վայրերը այցելեց` տեղեկութիւններ տալով թանգարանին մէջ ցուցադրուելիք նմուշներուն եւ հոն տեղի ունենալիք ցուցադրութիւններուն մասին:

Նշենք, որ ՀՅԴ ծրագիրին առաջին օրէն իսկ իր գործնական ներդրումը ունեցած է եւ մաս կազմած է անոր Հոգաբարձական խորհուրդին:

Երկյարկանի Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:

Ալպեր Եւ Թերրի Պէզճեան Ամոլը Կը Պարգեւատրուի Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Շքանշանով

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկան վերջապէս ունեցաւ իր կեդրոնը, որուն իրագործման համար հիմնական նպաստ բերաւ Ալպեր եւ Թերրի Պէզճեան ամոլը` իր իշխանական նուիրատուութեամբ: Առ ի գնահատանք մշակոյթի եւ կրթութեան տարածման մէջ իրենց կատարած նիւթական մեծ ներդրումին` անոնք պարգեւատրուեցան Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան շքանշանով` ձեռամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Արեւմտեան Ամերիկայի ներկայացուցիչ դոկտ. Տիգրան Պապիկեանի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան  ատենապետ Մանուկ Չուխաճեանի: Ներկայ էր նաեւ Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Յովիկ Սերայտարեանը:

Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Յովիկ Սերայտարեանի գրասենեակին մէջ:

Միացեալ Էմիրութիւններ

 Սրբազան Հայրը Ընդունեց Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատուիրակութիւնը

22 սեպտեմբերին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան, ներկայութեամբ Տուպայի եւ հիւսիսային Էմիրութեանց հովիւ Արամ Ա. քհնյ. Տէյիրմէնճեանի, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գրասենեակին մէջ ընդունեց Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ Նիւ Տելհի եւ Ա. Մ. Էմիրութեանց առաջնորդ Եոհանոն մար Տիմիթիոս եպիսկոպոսը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին զոյգ առաջնորդները քննարկեցին շրջանէն ներս դիմագրաւուած մարտահրաւէրները եւ փոխադարձ գործունէութիւնը` զոյգ առաջնորդներու միջեւ:

Ատրպատական

Հայաստանի Վերանկախացման 34-Ամեակի Առիթով Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն

21 սեպտեմբերին, Լիլաւայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագի ընթացքին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան օրհնեց եռագոյն դրօշը: Իր քարոզին մէջ սրբազանը վեր առաւ ընտանիքի սրբութեան գաղափարը եւ մեծ ընտանիքի նմանցուց հայոց ազգը: Ան շեշտեց ազգային ու հայրենական բոլոր դժուարութիւններու վաղանցուկ ըլլալը` յոյս յայտնելով, որ մեր մեծ ընտանիքը` հայոց ազգը, վերստին պիտի միացնէ իր հաւաքական ուժը` յաւիտենական կորուստէ փրկելու համար մեր պապենական բոլոր հողատարածքները:

Նախորդը

Քանդակի Մը Պատմութիւնը. «Գրքասէրը»

Յաջորդը

Մարդկութեան Խիղճը` Կազայի Մոխիրներուն Մէջ

RelatedPosts

Հալէպի Մէջ  «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակի Բաշխումը Կատարուեցաւ
Գաղութէ Գաղութ

Հալէպի Մէջ «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակի Բաշխումը Կատարուեցաւ

Սեպտեմբեր 28, 2025
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Քուէթահայ Բարերար Կիրակոս Գույումճեանը
Գաղութէ Գաղութ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Քուէթահայ Բարերար Կիրակոս Գույումճեանը

Սեպտեմբեր 27, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?