Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 9, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» Մասնաճիւղին Կազմակերպած Հայոց Լեզուի Ուսուցման Սեմինար

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի վարչութեան, ներկայութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Եւա Մանուկեան-Սելիմեանի, Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան, Հալէպէն ժամանած Հայագիտական հիմնարկի տնօրէն Սիլվա Ճապաղջուրեանի, Հայագիտական հիմնարկի դասախօս մեթր Մարիա Գաբրիէլեանի, Համազգայինի վարչութեան եւ վարժարաններու ուսուցչաց կազմին, 11 սեպտեմբերին ընթացք առաւ հայոց լեզուի ուսուցման եռօրեայ սեմինարը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան ատենապետ Յասմիկ Պօզոյեան-Կարապետեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց սեմինարին նպատակը:

Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան խօսքը արտասանեց տոքթ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան, որ շեշտեց հայոց լեզուի գործածութեան անհրաժեշտութիւնը սփիւռքի մէջ` պահելու մեր ինքնութիւնը եւ կապը մեր մշակոյթին ու պատմութեան հետ:

Լեւոն վրդ. Եղիայեան գնահատեց Համազգայինի կազմակերպած սեմինարը` շեշտելով, որ առանց հայ դպրոցին եւ եկեղեցւոյ` կը կորսնցնենք մեր ազգային նկարագիրը, ուստի պէտք է մեծարենք հայ ուսուցիչը եւ բծախնդիր ըլլանք մեր լեզուին նկատմամբ:

Սեմինարի ծրագիրը վարեց Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս մեթր Մարիա Գաբրիէլեան:

Երեք օրերու ընթացքին դասախօսը առիթ ունեցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ներկայացնել օգտաշատ ծրագիրը` շեշտելով ուսուցչութեան վսեմ առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ` ազգային արժէքներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Ծրագիրը կ՛ընդգրկէր` ուսուցիչի առաքելութեան, մայրենիի ուսուցիչի յատկանիշերուն, հայոց լեզուի քերականութեան, ուղղագրութեան, խօսակցական եւ գրական լեզուի հարցերուն, ազգային արժէքներու համակարգի, դիւանական աշխատանքի, հայերէնի

դասաւանդման մեթոտներուն, դասապատրաստութեան եղանակներուն, հայերէնի դասապահը սպասելի դարձնելու գաղտնիքներուն, ուսումնառութեան գործընթացին մէջ արհեստագիտութեան ազդեցութեան եւ պատիժի ու խրախուսանքի մասին դասախօսութիւններ, զրոյցներ, գրավարժութիւններ եւ առնչակից աշխատանքներ:

Սեմինարին մասնակցեցան` ազգային վարժարաններու ուսուցչաց կազմերը, Գամիշլիի, Տէրիքի եւ Հասիչէի ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՍԵՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԶՊՄ-ի պատանիներ:

Եգիպտոս

Հայ Կարիքի Խաչի Հիմնադրութեան 95 Եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Գործունէութեան 115-Ամեակներու Նշում

Հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի, նախագահութեամբ Սոնիա Տատուրեանի, 25 սեպտեմբերին Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. Եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կարիքի խաչի հիմնադրութեան 95-ամեակի եւ Հայ օգնութեան միութեան գործունէութեան «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար, 115 տարի անխոնջ նուիրում» բնաբանով 115-ամեակի նշում:

Օրուան հանդիսավար Թամար Քէօհնէլեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ հրաւիրեց ՀԿԽ-ի երկարամեայ անդամուհի Սոնա Պայրամեանը` բացման խօսքով ներկայացնելու վարչութեան պատգամը եւ Գահիրէի Հայ կարիքի խաչի 95-ամեայ գործունէութեան ճանապարհը:

Օրուան բանախօսն էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն յատուկ հրաւէրով ժամանած ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեանը, որ անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան, տարած աշխատանքներուն, ժողովուրդին ծառայութեան մէջ միութեան ունեցած դերակատարութեան ու արժէքին. ան լուսարձակի տակ առաւ յատկապէս ՀՕՄ-ի 115 տարիներու գործունէութեան նպատակն ու անոր հաւատարիմ մնալու կարեւորութիւնը:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Հանդէսի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց սրբազան հայրը, որ իր շնորհաւորական խօսքին մէջ շեշտեց բարեսիրական գործունէութեան կենսական նշանակութիւնը` թէ՛ հայրենիքին եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքին:

Միացեալ Նահանգներ

 Մուսա Լերան Հերոսամարտին Նուիրուած Յոբելենական Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ «Մուսա Լեռ» միութեան, 20 սեպտեմբերին Փասատենայի «Ճիվելեկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ մեծ հանդիսութեամբ նշուեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 110-ամեակը:

Օրուան բանախօս Նորթրիճի համալսարանի հայագիտութեան բաժնի տնօրէն դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան մանրամասնօրէն ներկայացուց մուսալեռցիներուն պատմութիւնը եւ հերոսամարտէն դրուագներ:

Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ  մուսալեռցիները ունին իւրայատուկ նկարագիր, պատմութիւն եւ պայքարի յատուկ մարտունակութեան հոգի եւ շեշտեց, որ ներկայիս Ամերիկայի մէջ մեր գոյութեան սպառնացող տարբեր մարտահրաւէրներ կան, հետեւաբար պէտք է ուշադիր ըլլալ, որ մուսալեռցի հերոսներու հպարտ ու մարտունակ ոգին յաջորդ սերունդներուն հոգիին մէջ չմարի:

«Մուսա Լեռ» միութեան ատենապետ, ձեռնարկի կազմակերպիչներէն Վրէժ Գէորգեան խօսք առնելով` նշեց, որ միութեան հիմնական նպատակներէն է պահպանել եւ փոխանցել մուսալեռցիներու անկոտրում ոգին` օգնելով աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ հաստատուած մուսալեռցիներուն:

Այնուհետեւ Փասատենայի «Լեռնավայր» կոմիտէի կողմէ տրամադրուած սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խրախճանք` ներկայութեամբ աւելի քան երեք հարիւր մասնակիցներու, որոնք համախմբուած էին մուսալեռցիներու իւրայատուկ ինքնութեան ու աւանդոյթներու շուրջ:

Արցախահայերուն Նուիրուած ՀՕՄ–ի «Յոյսի Օճախներ» Ծրագիրի Հանգանակային Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան «Յոյսի օճախներ» յանձնախումբին,  21 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ հանգանակային ձեռնարկը` հիւրընկալութեամբ Հրայր եւ Էմմա Կարապետեան ամոլին, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 80 հազար ամերիկեան տոլար` տեղահանուած արցախահայ գիւղացի ընտանիքներու Շիրակի մարզին մէջ տուներ ապահովելու համար:

Բացման խօսքը արտասանեց յանձնախումբի անդամներէն Այտա Տիմէճեան, որ դիտել տուաւ, թէ «Յոյսի օճախներ» ծրագիրին նպատակը պատեր եւ տանիք տրամադրել չէ միայն, այլ նաեւ` ապահովութիւն, որովհետեւ տունը սէր է, խաղաղութիւն եւ նոր սկիզբ: Ան շեշտեց, որ արցախահայերը չեն կորսնցուցած իրենց արժանապատուութիւնը եւ վերադարձի յոյսը:

Շրջանային վարչութեան փոխատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան, որ յանձնախումբին կապն է, ներկաներուն յիշեցուց, թէ ՀՕՄ-ը առաւել քան 30 տարիներ կանգնած է արցախահայութեան կողքին` աւելցնելով, որ 2023-ին ՀՕՄ-73րդ Համահայական պատգամաւորական ժողովին ընթացքին Արեւմտեան շրջանը 100 հազար ամերիկեան տոլար հանգանակել խոստացած էր այս ծրագիրին համար:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պատրաստուած ծրագիրի տեսերիզին ցուցադրութենէն ետք: Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան յիշեցուց, որ ՀՕՄ-ը Ցեղասպանութենէն ետք կիրարկեց որբահաւաքի «Մէկ ոսկի, մէկ որբ» ծրագիրը, իսկ մէկ դար անց, արցախահայութեան բռնագաղթին հետեւանքները մեղմացնելու համար իր անմիջական օգնութիւնը տրամադրելէ ստեղծեց «Յոյսի օճախներ» ծրագիրը` երկարատեւ օգնութիւն տրամադրելու համար: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՕՄ-ի 115-ամեակի տօնախմբութեան առիթով Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղին մէջ տեղի պիտի ունենայ ծրագիրին պաշտօնական բացումը: Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Թեհրան

ՀՄՄ «Նայիրի» Միութեան Նորակազմ Երգչախումբի Անդրանիկ Համերգ Եւ Եդուարդ Քէշիշեանի Թարգմանած Ու Հեղինակած Գիրքերու Ներկայացում

Նախաձեռնութեամբ Հայ մշակութային «Նայիրի» միութեան Արուեստից բաժանմունքին, 29 սեպտեմբերին միութեան «Սուքերեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Եդուարդ Քէշիշեանի հայերէնի թարգմանուած եւ իր հեղինակած գիրքերու ներկայացում-շնորհանդէսը եւ միութեան նորակազմ երգչախումբին անդրանիկ ելոյթը:

Միութեան անունով Լիլիթ Բարսեղեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ թարգմանիչ Եդուարդ Քէշիշեանի կենսագրական տուեալներուն նշելով, որ ան մեծ սէր ունենալով ազգային-հասարակական եւ մշակութային աշխատանքներուն նկատմամբ` 1981 թուականին անդամակցած է ՀՄՄ «Նայիրի» միութեան Արուեստից բաժանմունքին եւ սկսած է աշխատանք տանել թատերական բնագաւառին մէջ` որպէս դերասան, ապա` բեմադրիչ: Ան հաստատեց, որ Եդուարդ Քէշիշեան մասնակցութիւն բերած է ազգային-հասարակական աշխատանքներուն մէջ, աւելցնելով, որ գրականութեան նկատմամբ ունեցած սէրը զինք մղած է թարգմանական աշխատանքներու:

Գիրքերու ներկայացման աւարտին հեղինակը նշեց, որ իր աշխատանքին նպատակն է հայ ընթերցողներուն ծանօթացնել պարսկական գրականութիւնը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՄՄ «Նայիրի» միութեան վարչութեան եւ Արուեստից բաժանմունքին, նաեւ` իրեն հետ համագործակցած բոլոր անձնաւորութիւններուն:

Ապա բեմ բարձրացաւ ՀՄՄ «Նայիրի» միութեան նորակազմ երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Ժիլպերթ Կարապետեանի,   եւ ներկայացուց ազգային-ժողովրդական երեք երգ:

Աւարտին միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սէրուժ Օհանեան գնահատեց թարգմանիչ Եդուարդ Քէշիշեանի աշխատանքը, որ միշտ հետաքրքրուած է գրականութեամբ եւ իր կարելին ըրած է ազգային-հասարակական աշխատանքներուն մէջ: Օհանեան նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց միութեան նորակազմ երգչախումբին եւ անոր ղեկավարին:

Նոր Ջուղա

 «Լեւոն Շանթ» Թատերախումբը Ներկայացուց «Ակամայ Բժիշկ» Կատակերգութիւնը

Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան հիմնադրութեան 70-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ 23 եւ 24 սեպտեմբերին միութեան Մշակութային միաւորի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը բեմականացուց Մոլիերի «Ակամայ բժիշկ» կատակերգութիւնը` բեմադրութեամբ Հապիպ Նարիմանիի:

23 սեպտեմբերին ձեռնարկին ներկայ էին` Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան արք. Քէչէճեան, Իրանի Իսլամական խորհրդարանի մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Գեղարդ Մանսուրեան, ազգային մարմիններու, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի, ազգային վարժարաններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները:

Թատրոնի դերակատարներն են` Ժոզէֆ Գրիգորեան, Զարենուշ Աղուրեան, Հրաչ Տէր Յովհաննէսեան, Հայդուկ Վարդեւան, Մարինէ Հայրապետեան, Կարօ Յովսէփեան, Լինա Մանուկեան, Անահիտ Իսմայիլեան, Արթուր Բաղրամեան եւ Դանիա Յովսէփեան:

Ուղղաթիռի Վեթերան Օդաչու Գնդապետ Արտեմ Մելիքեանի Յուշերու Գիրքի Շնորհահանդէս

Նախաձեռնութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի դիւանին, Սրբազան պաշտպանութեան շաբթուան առթիւ, 24 սեպտեմբերին, Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ուղղաթիռի վեթերան օդաչու գնդապետ Արտեմ Մելիքեանի յուշերու գիրքին շնորհահանդէսը:

Պատգամաւորական ժողովին անունով Զարեհ Ղարախանեան անդրադարձաւ պատերազմի տարիներուն իրանահայութեան դերակատարութեան` շեշտելով, որ պատերազմի դաշտին վրայ իրանահայ զաւակներու սխրագործութիւնները կարելի է վերագրել քրիստոնէական հաւատքի հիմքին մէջ տեղ գտած նահատակութեան, զոհաբերութեան եւ անձնուրացութեան մշակոյթին:

Խօսքերով հանդէս եկան` «Ուաթան Փուր» կեդրոնի հրամանատար գնդապետ Նուրի, Սպահանի նահանգապետ Մահտի Ճամալինեժատ, Արտեմ Մելիքեանի զինակից վեթերան գնդապետ Քալանթարի եւ Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ.Գեղարդ Մանսուրեան:

Գնդապետ Նուրի գնահատելով պատերազմի ութ տարիներու ընթացքին Իրանի մէջ միաստուածութեան կրօններուն դաւանող ժողովուրդներու կողմէ դրսեւորուած համախմբուածութիւնը եւ համակեցութիւնը` անդրադարձաւ գնդապետ Մելիքեանի գործունէութեան, աւելցնելով, որ ան ոչ միայն աւելի քան 3000 ժամ թռիչք արձանագրած է իր աշխատանքային անցեալին մէջ, այլ նաեւ յետպատերազմական ժամանակաշրջանին որպէս հմուտ ուսուցիչ` կրտսեր օդաչուներուն սորվեցուցած է անհրաժեշտ հիմունքները: Գնդապետ Նուրին նաեւ տեղեկացուց, որ ամիսներ առաջ` իսրայէյեան յարձակումներուն ժամանակ, Արտեմ Մելիքեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է ռազմական ուղղաթիռները անվտանգ վայր տեղափոխելու համար, ընդգծելով, որ ան չափազանց հայրենասէր անձնաւորութիւն է:

Նահանգապետը անդրադարձաւ նաեւ պարտադրեալ պատերազմի շարք մը նահատակներուն եւ անձնուրացներուն, որոնց շարքին` նաեւ հայեր, ապա դրուատեց օրուան հերոսը` շնորհակալութիւն յայտնելով անոր, որ անձնազոհ եւ անխոնջ կեցուածքով լծուած է Իրանի մայր հողի պաշտպանութեան գործին:

Գնդապետ Քալանթարի, որ 30 տարի եղած է Արտեմ Մելիքեանի զինակիցը, նշելով անոր յատկութիւնները` յատկապէս շեշտեց, որ ան տիպար օրինակ է միասնականութեան եւ անձնազոհութեան, աւելցնելով, որ գնդապետը մասնակից եղած է բազմաթիւ կարեւոր ռազմական գործողութիւններու:

Դոկտ. Գեղարդ Մանսուրեան ընդգծելով իրանահայերու դերակատարութիւնը, թէ ինչպէ՛ս պատմութեան ընթացքին, առանցքային իրադարձութիւններու ժամանակ, ըլլալով իրենց իսլամ եղբայրներու կողքին, ջանք չեն խնայած երկրի պաշտպանութեան ուղղութեամբ, ան շեշտեց, որ իրանահայերը անբաժանելի մասն են Իրանի, ի մասնաւորի` Սպահանի հասարակութեան: Ան դրուատեց գնդապետ Արտեմ Մելիքեանը` շեշտելով, որ ան ամբողջ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք` որպէս յանձնառու, հայրենասէր եւ պատասխանատու զինուորական, չէ զլացած երկրի համար լաւագոյնը կատարելու գործին մէջ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գիրքին շնորհահանդէսը, որմէ ետք յուշանուէրներ յանձնուեցան գնդապետ Արտեմ Մելիքեանին եւ իր կնոջը, ինչպէս նաեւ` պարտադրեալ պատերազմի հայ նահատակներու հարազատներուն եւ անձնուրաց Սուրէն Յակոբեանին:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն:

Յայտնենք, որ ձեռնարկին զուգահեռ կազմակերպուած էր լուսանկարներու ցուցահանդէս` վանքի արխիւատան նկարներէն, պատերազմի ժամանակաշրջանի թեմայով:

Ատրպատական

Ատրպատականի Հայոց Թեմի Թանգարանի  Դասաւորման Աշխատանքներ

23 սեպտեմբերին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Գագիկ Ջորջեան եւ անդամներ Ալեն Սայեադեան ու Վարդան Կարապետեան «Մելիք Թանգեան» թանգարանին մէջ ընդունեցին պետական թանգարանի ընդհ. պատասխանատու դոկտ. Եազտանին եւ նոյն կառոյցի հնութեանց պահպանման պատասխանատու դոկտ. Հատատին, որոնք ժամանած էին յատուկ առաքելութեամբ:

Սրբազան հայրը ողջունելով պետական հիւրերը` գոհունակութիւն յայտնեց, որ բոլոր արձանագրութիւնները իրենց աւարտին հասած են Ազգային առաջնորդարանին վերադարձնելու համար թանգարանի գոյքերու պատասխանատուութիւնը:

Դոկտ. Եազտանի մասնագիտական բացատրութիւններ տուաւ ներկաներուն, յատկապէս` թուագրուած մեծածաւալ իրերու վերանորոգութեան եւ վերադասաւորման ընթացքին մասին: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ թանգարանի ընդհանուր տնօրէնուհի Սիլվա Աշըղեան, որ պետական արտօնագրով պիտի հետեւի վերադասաւորման աշխատանքին` օգնական ունենալով Վահիկ Բարոյեանը` որպէս պատասխանատու աշխատանքներուն:

Դոկտ. Եազտանին ուղղութիւններ տուաւ վերաշինութեան կարօտ գործերուն մասին:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ մօտէն հետեւելու բացատրութիւններուն, եւ բոլոր ներկաներուն կողմէ յոյս յայտնուեցաւ, որ մինչեւ յառաջիկայ տարեսկիզբ աշխատանքներու առաջին փուլը աւարտած կ՛ըլլայ, գէթ թանգարանի շէնքի առաջին յարկի կահաւորմամբ ու դասաւորումով:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ռուբէն Զարդարեան Ուսուցիչ-Մանկավարժը Եւ Հրապարակագիրը

Յաջորդը

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Զիատ Ռահպանի Նուիրուած Նախաձեռնութիւն

RelatedPosts

Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ

Հոկտեմբեր 8, 2025
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Հոկտեմբեր 2, 2025
Հալէպի Մէջ  «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակի Բաշխումը Կատարուեցաւ
Գաղութէ Գաղութ

Հալէպի Մէջ «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակի Բաշխումը Կատարուեցաւ

Սեպտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?