Արամ Շուժունեան Գանատայի Արտաքին Գործոց Գերատեսչութեան Քաղաքական Հարցերու Համակարգող Նշանակուեցաւ
Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի գանատահայ Արամ Շուժունեանը նշանակեց Գանատայի արտաքին գործերու գերատեսչութեան քաղաքական հարցերու համակարգող։ Արամ Շուժունեան, արդէն երկու տարիէ ի վեր Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան գրեասենեակի պաշտօնատարներէն էր։ Արամ Շուժունեան Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ է։ Մոնթրէալի համալսարանին մէջ հետեւած է քաղաքական գիտութիւններու ճիւղին։ Եղած է համալսարանի հայ ուսանողական միութեան ատենապետ ինչպէս նաեւ անդամակցած է ՀՅԴ Արմէն...




















