Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 4, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ 

Յունաստան

ՀՅԴ Յունաստանի Պատանեկան Միութեան 60-Ամեակի Նշում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինին, 15 յունիսին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի մարզադաշտին մէջ նշուեցաւ միութեան 60-ամեակը:

Օրուան հանդիսավար Արմէն Աճեմեան ներկայացուց  ձեռնարկին նպատակը, ապա Վարիչ մարմինին խօսքը արտասանեց Ժաննա Յովսէփեան: Ան նկատել տուաւ, որ տարիներու ընթացքին շատ բան փոխուած է, սակայն կայուն եւ անփոփոխ մնացած է միութեան նպատակը, որն է` պատրաստել հայկական մթնոլորտի մէջ հայ պատանիներ, քաղաքական եւ ընկերային զգացումներով, հայրենասէր  երիտասարդներ, պատասխանատու վարչութեան եւ խումբի մը անդամներ, ստանձնելով պարտականութիւններ, հասկնալով պատասխանատուութեան կարեւորութիւնն ու արժէքը եւ այսպէս զարգացնելով կարգապահութիւնը:

Պատանիներու անունով ելոյթ ունեցաւ Ալեքս Բարսեղեան: Ան ըսաւ, որ պատանեկանի միջոցով սորված են մարդ արարածի համար կարեւորութիւնը բարեկամութեան եւ համերաշխութեան ոգիին, իրարու հետ գործակցիլ, խումբի անդամ ըլլալ եւ պարտականութիւններ ունենալ, աւելցնելով, որ այս բոլորը արժէքներ են, որոնք շատ կարեւոր են եւ մեզ կը պատրաստեն ապագային համար:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր ՀՅԴ Յունաստանի պատանեկան միութեան գործունէութիեան 60-ամեայ ուղին:

Սուրիա

Սուրիոյ Խորհրդարանի Ընտրութիւններու Գաղութի Միասնական Թեկնածու Փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեանի Այցելութիւնները

Կիրակի, 23 յունիս 2024-ին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանին այցելեց Սուրիոյ խորհրդարանի օրէնսդրական 4-րդ նստաշրջանի ընտրութիւններու ազգի միասնական թեկնածու փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան եւ ստացաւ սրբազան հօր օրհնութիւնը:

Սրբազան հայրը խրախուսեց թեկնածուն` ստանձնելիք ծանր պատասխանատուութեան առնչութեամբ եւ ամենայն բարիք ու յաջողութիւն մաղթեց անոր:

Ան նաեւ այցելեց Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր.դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին եւ ստացաւ անոր օրհնութիւնը: Վերապատուելին յորդորեց թեկնածուն` խանդ ու կորովով ընթանալու եւ իրեն վստահուած նուիրական յանձնառութիւնը լաւագոյն ձեւով կատարելու:

24-26 յունիս 2024-ին Մարիա Գաբրիէլեան, ընկերակցութեամբ Ընտրական կեդրոնական մարմինի անդամներուն, հանդիպումներ ունեցաւ հալէպահայ կազմակերպութիւններու գերագոյն մարմիններուն հետ:

Հարազատ ու թափանցիկ մթնոլորտի մէջ քննարկուեցան համայնքը հետաքրքրող տարբեր հարցեր եւ երկրի իրավիճակին առնչուած խնդիրներ:

Հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին միասնական թեկնածուին:

Բոլոր հանդիպումներուն ալ շեշտադրուեցան միասնականութեան սկզբունքի կիրարկման անհրաժեշտութիւնն ու համագործակցութեան կարեւորութիւնը` յանուն բոլորին համար առաջնային ազգային շահերու ու նպատակներու հետապնդման ու անոնց իրականացման ջանքերու սատարման:

1 յուլիսին Մարիա Գաբրիէլեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի հետ, ստացաւ անոր հայրական ջերմ մաղթանքներն ու օրհնութիւնը:

Բրիտանիա

«Հայկական Ազգագրական Պատկերներ` Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» Գիրքի Ներկայացում–Քննարկում

Կազմակերպութեամբ Լոնտոնի Համազգայինին, 21 յունիսին «Նաւասարդեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ` տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքի ներկայացում-քննարկումը:

Ձեռնարկի  բացման խօսքը արտասանեց  Համազգայինի ատենապետ Հրաչ Պօղոսեան, որ նաեւ ներկայացուց գիրքի հեղինակին կենսագրական գիծերը:  Այնուհետեւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան խօսեցաւ գիրքին մէջ տեղ գտած սփիւռքահայ տարբեր գաղութներու իր այցելութիւններու եւ հանդիպումներուն մասին եւ իր յօդուածներուն մէջէն ներկայացուց սփիւռքահայ տարբեր գաղութները եւ անոնց տարբերութիւնները` վեր առնելով այն իրականութիւնը, որ սփիւռքը այլազան եւ գունաւոր է, եւ իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր իւրայատկութիւնները, որոնք կը տարբերին իրարմէ անկախ անկէ, որ հայկական են: Դոկտ. Ճէպէճեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ անհրաժեշտութիւնը` զանոնք զօրացնելու:

Հատորի խմբագիր դոկտ. Արտա Ճէպէճեան ներկայացուց գիրքը եւ անոր բովանդակութեան արժէքն ու կարեւորութիւնը` ազգային ինքնութեան եւ մայրենիի պահպանման համար:

Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան, դրուատեց գիրքին արժէքը, ուր սփիւռքահայ իրականութիւնները ոչ միայն կը ներկայացուին, այլ նաեւ կը կամրջուին իրարու հետ:

Դոկտ. Հրաչ Գույումճեան խօսեցաւ գիրքին բովանդակութեան մասին եւ վեր առաւ սփիւռքահայ իրականութիւնները եւ անոնց մարտահրաւէրները:

Աւարտին տեղի ունեցաւ  հատորի մակագրումը:

Իրան

«Իրանի Հայկական Եկեղեցիներ» Գիրքի Պարսկերէն Հրատարակութեան Շնորհահանդէսը

22 յունիսին Թեհրանի Հայ հասարակական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի Պատմական եկեղեցիներու կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Շերլի Աւետեանի «Իրանի հայկական եկեղեցիներ» գիրքի պարսկերէնով հրատարակութեան շնորհահանդէսը: Հատորը հրատարակուած է «Նայիրի» հրատարակչատան կողմէ` մեկենասութեամբ Վահէ Ահարոնեանի:

«Նայիրի» հրատարակչատան տնօրէն Արտոյտ Զոհրապեան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ գիրքի բովանդակութեան եւ տպագրական հարցերուն` ընդգծելով, որ հակառակ հրատարակչութեան ոլորտի դժուարութիւններուն` նմանօրինակ գիրքերի հրատարակումը իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունի հայ-իրանական պատմական կապերու մէջ: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էին իրանահայ համայնքի պատմա-կրօնական ու մշակութային ծէսերն ու եկեղեցիները: Գիրքի հեղինակ դոկտ. Շերլի Աւետեան ելոյթ ունենալով` խօսեցաւ գիրքի բովանդակութեան եւ երկարամեայ աշխատանքին մասին, ընդգծելով, որ գիրքը նուիրած է իր ծնողներու յիշատակին: Ան ընդգծեց, որ գիրքի պարսկերէն տարբերակը կը նուիրէ գիրքի հովանաւոր Վահէ Ահարոնեանի հանգուցեալ հօր`  բարերար Լեւոն Ահարոնեանի յիշատակին եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնց համագործակցութեամբ հնարաւոր դարձաւ գիրքին հրատարակութիւնը: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Ս. Թադէոս առաքեալ վանքի տանիքի վերանորոգման աշխատանքներու մասին տեսերիզ մը:

Իրանի մշակութային ժառանգութեան նախարարութեան այդ օրերու փոխնախարար  Թալեբեան խօսք առնելով` կարեւորեց դոկտ. Շերլի Աւետեանի դերը Իրանի մէջ հայկական ճարտարապետութեան մասին իրազեկութիւնը զարգացնելու առումով:

Սահակ քհնյ. Խոսրովեան փոխանցեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի օրհնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց դոկտ. Աւետեանին:

Կապանի մէջ Իրանի հիւպատոս Ապետինի Վարամինի բարձր գնահատեց դոկտ. Շերլի Աւետեանին բծախնդիր եւ հետեւողական աշխատանքը` ընդգծելով անոր երկու կարեւոր իւրայատկութիւնները` պատասխանատուութեան զգացումը եւ մասնագիտական մօտեցումները: Ան հաստատեց, որ նմանօրինակ աշխատանքները, ինչպէս` Հայաստանի պատմական եկեղեցիներու գծով այսպիսի աշխատանք մը, մեծապէս կը նպաստեն Իրան-Հայաստան սերտ յարաբերութիւններուն: Իրանի Իսլամական խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեան կարեւորեց նման փաստագրական գիրքերու հրատարակութիւնները, որոնք առիթ կ՛ընծայեն ծանօթանալու երկրի պատմութեան, ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է հովանաւորել գիտահետազօտողներուն, հեղինակներուն եւ հրատարակիչներուն` շարունակելու իրենց կարեւոր քայլերը, որոնք օգտակար կը դառնան Իրանի մէջ աւելի լայն ծանօթացման հայկական պատմամշակութային կոթողներու հետ:

«Ծառայութեան Ճանապարհին» Խորագիրը Կրող Ձեռնարկ` Նուիրուած Նահատակ Նախագահին Եւ Անոր Ուղեկիցներու Յիշատակին, Նաեւ` 14-րդ Նախագահական Ընտրութիւններուն

Նախաձեռնութեամբ Թեհրանի ու հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի եւ համագործակցութեամբ «Ճելուէ» մշակութային կեդրոնին, 23 յունիսին Իրանի Հայ արհեստաւորներու միութեան «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ծառայութեան ճանապարհին» խորագրով ձեռնարկ` նահատակ նախագահի եւ անոր ուղեկիցներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ` 14-րդ նախագահական ընտրութիւններու առիթով:

Օրուան հաղորդավար Արտոյտ Զոհրապեան անդրադարձաւ Իրանի 13-րդ նախագահ եւ անոր ուղեկիցներու նահատակութեան, որուն յաջորդեց տեսերիզի ցուցադրութիւն դոկտ. Ռայիսիի եւ արտգործնախարար դոկտ. Հոսէյն Ամիր Ապտուլլահեանի կատարած աշխատանքներուն մասին: Ձեռնարկին ելոյթ ունեցողները կոչ ուղղեցին ժողովուրդին` խուռներամ շարքերով մասնակցելու ընտրութիւններուն: Անոնք նաեւ իրենց վշտակցութիւնը յայտնեցին նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին եւ անոր ուղեկիցներու նահատակութեան առիթով:

Արա Շահվերդեան  իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նահատակ նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին եւ անոնց ուղեկիցներուն կատարած աշխատանքներուն: Պատգամաւորը կարեւորեց 13-րդ կառավարութեան արտաքին քաղաքականութիւնը եւ ընդգծեց, որ 14-րդ նախագահական ընտրութիւններուն համար առաջադրուած 6 թեկնածուներէն ոեւէ մէկը եթէ ընտրուի, թող շարունակողը հանդիսանայ Իրանի արտաքին քաղաքականութեան անխախտ ուղիին:

Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Գեղարդ Մանսուրեան կարեւորեց ժողովուրդի մեծամասնութեան մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ նախագահը եւս անխախտ շարունակէ նահատակ նախագահին ճանապարհը` յանուն Իրանի հզօրացման:

Միացեալ Նահանգներ

Եուրէճեաններու 25.000 Տոլարի Նուիրատուութեամբ ՀՕՄ–ի Ընկերային Ծառայութեան Կեդրոնը Կը Նորոգուի

24 յունիսին բարերարներ Ճեք եւ Զարիկ Եուրէճեանները այցելեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Շրջանային վարչութեան Ընկերային ծառայութեան կեդրոն, ուր դիմաւորուեցան Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեանի եւ վարչութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ գործադիր վարիչ  Ժասիկ Ջառահեանի եւ Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի վարիչ Շուշիկ Աւագեանի կողմէ:

Բարերարները ականատես դարձան վերջերս իրենց կատարած 25.000 տոլարի նուիրատուութեան շնորհիւ կեդրոնին մէջ կատարուած նորոգութիւններուն եւ արդիականացման, որոնք մեծապէս գնահատուեցան ՀՕՄ-ի անձնակազմին եւ կեդրոնի յաճախորդներուն կողմէ:

Համայնքին եւ այլ երկիրներու մէջ իրենց բարերարութիւններով ծանօթ տէր եւ տիկին Ճեք եւ Զարիկ Եուրէճեանները երկար տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնին ՀՕՄ-ի առաքելութեան` օգնութիւն հասցնելու կարիքաւորներուն, ներգաղթողներուն եւ  ցած եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն:

Իր արդիականացած կեդրոնով ՀՕՄ-ը առիթը պիտի ունենայ ընդարձակելու իր սպասարկութիւնները:

Վրաստան

 «Միասնական Հայեացք Սամցխէ–Ջաւախեթիին» Փառատօնի Ընթացքին Ստեղծուեցան Աւելի Քան 40 Նկարչական Գործեր

Յունիս 21-23 Ջաւախքի մէջ տեղի ունեցաւ «Միասնական հայեացք Սամցխէ-Ջաւախեթիին» խորագրով հայ-վրացական 3-րդ բացօթեայ փառատօնը:

Ձեռնարկը կեանքի կոչուեցաւ «Աջակցութիւն Ջաւախքին» հիմնադրամին, Հայաստանի եւ Վրաստանի Նկարիչներու միութիւններու եւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ջանքերով:

Երեւանէն, Թիֆլիսէն եւ Ջաւախքէն փառատօնին մասնակցող հայ եւ վրացի արուեստագէտները շրջեցան Ջաւախքի նշանաւոր պատմական մշակութային եւ գեղատեսիլ վայրերը` (Ապուլ լեռ, Խերթվիզ բերդ, Փարւանա լիճ եւ այլն) եւ կտաւին յանձնեցին իրենց տպաւորութիւնները:

Ստեղծուած մօտաւորապէս 40 նկարչական գործերուն ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկային:

Ֆրանսա

Ֆրանսական Յայտնի Ամսագրին Մէջ Լոյս Տեսաւ «Տիգրանակերտ, Հայկական Յիշողութիւնը Վտանգի Տակ» Յօդուածը

Համլեթ Պետրոսեանի եւ Մարինա Տէտէեանի համագործակցութեամբ, Ֆրանսական յայտնի «Le spectacle du monde» ամսագրին մէջ լոյս տեսաւ «Տիգրանակերտ. հայկական յիշողութիւնը վտանգի տակ» յօդուածը: Այս մասին յայտնեցին Monument Watch-էն:

«Տիգրան Մեծ թագաւորին անունով պատմական այս քաղաքը հայկական եւ եւրոպական մշակոյթի գոհար է, որ այսօր բռնագրաւուած է Ազրպէյճանի կողմէ եւ կանգնած` անհետացման վտանգին առջեւ»:

 

 

 

Նախորդը

Ո՞ր Տարիքին Կարելի Է Երեխան Տունը Առանձին Ձգել

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Երրորդ (Եւ Ճիշդ) Բացատրութիւնը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?