Գաղութէ Գաղութ

Կեանքէն Հեռացած Է Ակադեմիկոս Ռիչըրտ Յովհաննէսեան

Կեանքէն Հեռացած Է Ակադեմիկոս Ռիչըրտ Յովհաննէսեան

10 յուլիսին Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ 90 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ աշխարհահռչակ գիտնական, Հայաստանի ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս, Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի հիմնադիր եւ առաջին վարիչ, «Հայաստանի Հանրապետութիւն» կոթողային քառահատոր աշխատութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան ու պատմական հայրենիքի վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Ռիչըրտ Գ. Յովհաննէսեանը: Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Հայաստանի արտաքին գործոց առաջին նախարար, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հայրն...

Յունաստանի Համազգայինի «Նայիրի» եւ «Նանոր» Պարախումբերը՝ Միջազգային Փառատօներու Մասնակից

Յունաստանի Համազգայինի «Նայիրի» եւ «Նանոր» Պարախումբերը՝ Միջազգային Փառատօներու Մասնակից

ՄԱՐԻԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ՏԱՄԱՏԵԱՆ ­Հա­մազ­գա­յի­նի թղթա­կից «­Նա­յի­րի» (­Զէվ­ղո­լա­թիօ) ­Յու­նի­սի 17-18ը «­Զէվ­ղո­լա­թիո­յի հո­գե­ւոր տա­նիք» պա­րի եւ ե­րաժշ­տու­թեան 27-րդ ­մի­ջազ­գա­յին «Է­լէն ­Լի­միա­տի» փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցեց ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բը։ ­Յու­նի­սի 17-ի ա­ռա­ւօ­տեան մաս­նա­կից­նե­րը ճամ­բայ ե­լան դէ­պի ­Կորն­թո­սի ­Զէվ­ղո­լա­թիօ գիւ­ղը՝ ա­ւան­դա­կան ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու փա­ռա­տօ­նին։ Ե­րե­կո­յեան, «Բ­րա­հա­մի» փակ մար­զաս­րա­հում, տե­ղի ու­նե­ցաւ ներ­կա­յա­ցու­մը, որ­տեղ «­Նա­յի­րի»ն ­հան­դէս ե­կաւ չորս պա­րե­րով՝ «­Շա­լա­խօ», «­Մո­կաց հարս­ներ», «­Շի­րա­կի», «Ար­ցախ»։ ­Փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցում էին նաեւ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Լեհաստան Փրոֆեսէօրի Կոչում` Արա Սայեղի 14 յունիսին Վարշավայի նախագահական պալատին մէջ դոկտ. Արա Սայեղ ստացաւ փրոֆեսէօրի կոչումի անհատական պատիւը` նախագահ Անտժէյ Տուտայի կողմէն, համաձայն Ակադեմական աստիճաններու եւ գիտական կոչումներու մասին օրէնքի 25-րդ հատուածին, որ կ՛ըսէ, թէ Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահն է, որ փրոֆեսէօրի կոչումներ կը շնորհէ բարձրագոյն կրթութեան ակադեմական գիտական գիտաշխատողներուն, համալսարաններու դասախօսներուն, արուեստի եւ այլ գիտութիւններու ոլորտի գիտաշխատողներուն:...

Հայ Աւետարանական Համայնքը Օժտուեցաւ Ժամանակակից, Նորակառոյց  Համայնքապետարանով Մը

Հայ Աւետարանական Համայնքը Օժտուեցաւ Ժամանակակից, Նորակառոյց Համայնքապետարանով Մը

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, 3 յուլիսին տեղի ունեցաւ համայնքի նորակառոյց համայնքապետարանին բացումը` մասնակցութեամբ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի քարտուղարին, Հալէպի նահանգապետի ներկայացուցիչին, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոսին, խորհրդականին, Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեան գնդապետին, քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքապետներուն, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչներուն: Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ եւ վարժարանին...

Մհեր Եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեաններ․ Համակ Կեանք Մը Ճեմարանին Հետ

Մհեր Եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեաններ․ Համակ Կեանք Մը Ճեմարանին Հետ

Ո՛չ հեռաւորութիւնը, ո՛չ տարիները, ոչ ալ առօրեայ կեանքի հեւքը կրցած են խզել Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեաններուն կապը իրենց սիրելի վարժարանին՝ Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանին հետ։ «Ճեմարանը մեզ կերտեց որպէս մարդ, ի զուր չէ երբ կ՛ըսուի, որ ան մեր գոյութեան ու մարդակերտումի հիմնական յենարաններէն է Սփիւռքի մէջ։ Ես  կազմաւորմանս մէջ շատ բան կը պարտիմ Ճեմարանին։ Օտար ափերու վրայ Ճեմարանի շունչն...

Ս․ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի Վախճանման 850 Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ «Ս․ Ներսէս Շնորհալի» Ամէնամեայ Մրցանակի Պարգեւատուութիւն։

Ս․ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի Վախճանման 850 Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ «Ս․ Ներսէս Շնորհալի» Ամէնամեայ Մրցանակի Պարգեւատուութիւն։

Չորեքշաբթի, 28 Յունիս 2023ին, Ս․ Վարդանանց եկեղեցւոյ «Ս․ Ներսէս Շնորհալի» սրահէն ներս, գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով մը նշուեցաւ Ս․ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850 ամեակը։ Հանդիսութեան ներկայ էին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը, Տէր եւ Տիկին ԱՍՊԵՏ Կիրակոս Գույումճեանը, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, Ք.Ա.Վ.-ի Տնօրէնը ու Հոգաբարձութեան ներկակացուցիչները, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ։ Երեկոյի հանդիսավար Վարժարանիս Փոխ Տնօրէն՝...

Ազգ. Առաջնորդարանի Ճամբով 1.3 Միլիոն Տոլար Կը Տրամադրուի Ազգ. Վարժարաններու Կրթական Ծրագիրներու Արդիականացման

Ազգ. Առաջնորդարանի Ճամբով 1.3 Միլիոն Տոլար Կը Տրամադրուի Ազգ. Վարժարաններու Կրթական Ծրագիրներու Արդիականացման

Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի ծաւալուն առաքելութեան մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն Ազգ. վարժարաններու ընդարձակման, բարեզարդման, արդիականացման եւ կրթական նոր մեթոտներով հարստացման հեռանկարները, որոնք կեանքի կը կոչուին մատղաշ հայ նոր սերունդները գիտակից հայ-քրիստոնեաներ պատրաստելու նպատակով: Այս ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 27 Յունիս 2023-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի ճամբով մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար տոլար ($1,300,000) տրամադրուեցաւ Ազգ. վարժարաններու պատասխանատու մարմիններուն, վասն այս գործոց յաջողութեան:...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ողջոյնի Գիրերը՝ Գանատայի Եւ Յունաստանի Վարչապետներուն

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ողջոյնի Գիրերը՝ Գանատայի Եւ Յունաստանի Վարչապետներուն

Քանատայի հայոց թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութենէն Մայրավանք վերադարձին, Վեհափառ Հայրապետը ողջոյնի յատուկ նամակ մը յղեց Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին եւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման գծով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ Գանատայի հայութեան նկատմամբ անոր կատարած դրական արտայայտութիւններուն համար: Յայտնենք, որ շուրջ երկու շաբաթներ առաջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցած էր վարչապետին հետ, նախ՝ առանձին եւ ապա՝...

Հայասէր Զօրավարի Մը Կորուստը

Հայասէր Զօրավարի Մը Կորուստը

2 ­Յու­նի­սին, Ա­թէն­քի մէջ իր աչ­քե­րը փա­կեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Զի­նեալ ու­ժե­րու նախ­կին ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար, զօ­րա­վար ­Մի­խա­յիլ ­Քոս­թա­րա­քոս։ Ան ծնած էր 1956-ին եւ իր ու­սու­մը կա­տա­րած էր ­Յու­նաս­տա­նի սպա­յից վար­ժա­րա­նին մէջ։ Այ­նու­հե­տեւ, տի­րա­ցած էր կա­րե­ւոր պաշ­տօն­նե­րու իր զի­նո­ւո­րա­կան աս­պա­րէ­զէն ներս, ինչ­պէս նաեւ իր ու­սու­մը ընդ­լայ­նած էր Ա­թէն­քի Ի­րա­ւա­բա­նա­կան հա­մալ­սա­րա­նին եւ ա­ւե­լի յե­տոյ ստա­ցած էր մա­գիստ­րո­սի տիտ­ղոս քա­ղա­քա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ուս­մանց մէջ։ 2011-15...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Լոս Անճելըսի Վերահսկիչներու Խորհուրդի Անդամ Լինզի Հովարթի Հետ 14 յունիսին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու 3-րդ ընտրատարածքը ներկայացնող գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Լինզի Հովարթի հետ, իր գրասենեակին մէջ, քննարկելով ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: Ներկայացուցիչները Հովարթին տեղեկութիւններ տուին շրջանի հայութեան հետզհետէ աճող կարիքներուն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Քանատահայութեան Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Քանատահայութեան Հետ

- 10 յունիս 2023-ի առաւօտուն Արամ Ա. վեհափառ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Օնթարիոյի մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հետեւելով կաթողիկոսին 2023 տարուան հռչակագիրին` Թորոնթոյի մէջ եւս կազմակերպուած էր «Սփիւռք» աշխատանքային հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերակազմաւորել սփիւռքը: Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր քաջալերել ինքնաճանաչողութիւնն ու երկխօսութիւնը` սփիւռքին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ «Միասնաբար Արցախի Համար» Խորագիրով Երթ Կլենտէյլի Մէջ Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդական դաշնակցութեան, հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ համայնքային տարբեր կազմակերպութիւններու, 1 յունիսին Լոս Անճելըսի հայ համայնքի հարիւրաւոր անդամներ համախմբուեցան Կլենտէյլի մէջ` հայրենիքի տարածքային ամբողջականութեան եւ Արցախի անկախութեան համար: Մասնակիցները Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանէն ուղղուեցան դէպի Հայաստանի  հիւպատոսարան: Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին համայնքային ներկայացուցիչներ, որոնք դատապարտեցին Արցախի ժողովուրդը ազերի...

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

Հա­ղոր­դագ­րու­թիւն

Շա­բաթ, 10 եւ Կի­րա­կի, 11 Յու­նիս 2023-ին, Ա­թէն­քի մէջ գու­մա­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան Յու­նաս­տա­նի 85-րդ Շր­ջա­նա­յին ժո­ղո­վը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քի զա­նա­զան շրջան­նե­րու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը եւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըն­կե­րը։ Ժո­ղո­վը քննեց անց­նող եր­կա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ծա­ւա­լը ու հա­մա­պա­տաս­խան գնա­հա­տում­ներ կա­տա­րեց։ Յա­ջոր­դա­բար, օ­րա­կար­գի ընդգր­կուն մա­սե­րով, ժո­ղո­վը քննու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձուց կազ­մա­կերպ­չա­կան, Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման եւ քա­րոզ­չու­թեան, մա­մու­լի, ազ­գա­յին գա­ղու­թա­յին կեան­քի կա­րե­ւոր բնա­գա­ւառ­նե­րը եւ ո­րո­շում­նե­րու յան­գե­ցաւ։...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն։ Շքախումբին մաս կը կազմէին. Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանը, Գաւազանակիր՝ Հոգեշնորհ Տ. Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համա-ատենապետ՝ Պրն. Գրիգոր Մահսէրէճեանը։ Վեհափառ Հայրապետը...

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ձեռամբ Հալէպահայ Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեանի «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակը Յանձնուեցաւ Պաքալորիայի Պետական Լրացուցիչ Քննութիւններուն Հալէպի Հայկական Վարժարաններուն Մէջ Բարձրագոյն Երեք Նիշերը Ապահովող Շրջանաւարտներուն

«Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակ

Ուրախութեամբ կու գանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնելու, թէ քուէթաբնակ հալէպահայ  բարերար Կիրակոս Գույումճեան նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պիտի պարգեւատրէ պաքալորիայի պետական քննութիւններուն Հալէպի հայկական վարժարաններուն մէջ առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահովող հայ աշակերտները: Պետական լրացուցիչ քննութիւններուն արդիւնքները յայտարարուելէ ետք, պիտի կատարուի յիշեալ մրցանակին բաշխումը՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի...

Արցախի Կողքին Զօրակցական Հաւաք՝ Աթէնքի Մէջ

Արցախի Կողքին Զօրակցական Հաւաք՝ Աթէնքի Մէջ

Հ.Յ.Դ. Հայ. Դատի Յանձնախումբի Կազմակերպութեամբ Ար­ցա­խի կող­քին զօ­րակ­ցա­կան հա­ւաք՝ Ա­թէն­քի մէջ Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին վրայ սպառ­նա­ցող ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան լոյ­սին տակ, հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շրջա­գի­ծէն ներս Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը կաս­կա­ծի տակ դնող զար­գա­ցում­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի կող­մէ՝ Ար­ցա­խը նե­րառ­նե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի «հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան» մէջ կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն առն­չու­թեամբ՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը կազ­մա­կեր­պեց ժո­ղովր­դա­յին զօ­րակ­ցու­թեան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութիւն Կու Տայ Քանատա

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութիւն Կու Տայ Քանատա

- Շաբաթ, 3 յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ Լաւալի Պոն Փասթերօ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` ձեռամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, եւ որուն հրաւիրուած էին օտար հոգեւորականներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ հաւատացեալներ: Իր պատգամին մէջ Արամ Ա. փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ մէկտեղած է իր զաւակները, ապա ողջունեց բոլոր հոգեւորականներու...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քանատա 43 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն 43 նորագիրներ համալրեցին ՀՅԴ Քանատայի կառոյցի շարքերը: Անցնող ամիսներուն 43 նորագիրներ, հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին ծառայելու դաշնակցականի երդումը տալով, միացան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Քանատայի կառոյցի շարքերուն: Դաստիարակչական յատուկ ծրագիրը բոլորած ըլլալով` նորագիրները համալրեցին Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան», Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան», Համիլթընի «Վռամեան», Վանքուվըրի «Սիմոն Վրացեան», Քեմպրիճի «Արամ-Դրօ» կոմիտէութեանց եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ»...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Հիւպատոսարան

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Հիւպատոսարան

Երկուշաբթի, 5 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Հիւպատոսարան։ Շքախումբին մաս կը կազմէին.- Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Գաւազանակիր՝ Հոգեշնորհ Տ. Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Մոնթրէալի մէջ Պատւոյ Հիւպատոս՝ Պրն. Լեւոն Աֆէյեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համա-ատենապետ՝ Պրն. Գրիգոր Մահսէրէճեանը, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային...

Page 15 of 43 1 14 15 16 43

Արխիւներ