Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Նորընտիր Երեսփոխանին Այցելութիւնները
* Սուրիոյ խորհրդարանի նորընտիր երեսփոխան, փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան այցելեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանին:
Երեսփոխանը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին` ամբողջական զօրակցութեան համար եւ խօսեցաւ համագործակցական ծրագիրներու սերտողութեան մասին: Սրբազան հայրը իր օրհնութիւնը տալով` շնորհաւորեց երեսփոխանին ընտրութիւնը, կարեւոր համարեց համագործակցութիւնը եւ հեզասահ ու բեղուն աշխատանք մաղթեց անոր:
* Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան «Ս. Ներսէս Շնորհալիի 850-ամեակի Յաւերժութեան» յուշանուէրով պարգեւատրեց մեթր Մարիա Գաբրիէլեանը` ազգային ծառայութեան եւ վաստակին համար: Ան իր հայրական օրհնութիւնը շնորհեց եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց երեսփոխանին:
Մարիա Գաբրիէլեան, իր կարգին, յայտնեց իր ջերմագին շնորհակալութիւնը եւ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը:
* Մարիա Գաբրիէլեան այցելեց նաեւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին: Երեսփոխանը շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքապետին` ամբողջական զօրակցութեան համար եւ խօսեցաւ համագործակցական ծրագիրներու սերտողութեան մասին:
Վերապատուելին շնորհաւորեց երեսփոխանին ընտրութիւնը, կարեւոր համարեց համագործակցութիւնը եւ հեզասահ ու բեղուն աշխատանք մաղթեց անոր:
* 24 յուլիսին նորընտիր երեսփոխանը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսարան եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանի եւ ՀՀ մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ գնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեանի հետ:
Սուրիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Գէորգեանի եւ Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան անձնակազմին անունով ՀՀ հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան շնորհաւորեց մեթր Գաբրիէլեանը Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուելուն առիթով: ՀՀ մարդասիրական խումբի պատասխանատուն, իր կարգին, շնորհաւորեց երեսփոխանը եւ բարի երթ մաղթեց անոր աշխատանքներուն:
Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցաւ Հայաստան-Սուրիա խորհրդարանական յարաբերութիւններու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:
Ներկաները անդրադարձան ՀՀ մարդասիրական խումբի նուիրական աշխատանքին եւ պետական թէ հասարակական շրջանակներու մէջ վաստակած բարի համբաւին: Խօսուեցաւ նաեւ երկրի ընդհանուր իրավիճակին եւ հայ համայնքը հետաքրքրող ընկերային համընդհանուր նիւթերու շուրջ: Հիւպատոսը յոյս յայտնեց, որ երեսփոխանը ճիգ չի խնայեր երկու երկիրներու խորհրդարանական յարաբերութիւններու առաւել աշխուժացման առնչութեամբ:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՕՄ–ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանի 99-րդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովը
Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի 99-րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 19-21 յուլիսին, Պըրպենքի Հայ կեդրոնին մէջ:
Ժողովին բացումը կատարեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան, ապա Զարեհ վրդ. Սարգիսեան կարդաց այս ժողովին առիթով Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին ուղերձը: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խորհրդական եւ շրջանի կապը` Ժարմէն Միրզախանեան, ներկայացուց Կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան առաջին տարուան տեղեկագիրը` բացատրելով պաստառի վրայ ցուցադրուած ծրագիրները, եւ դրուատեց ՀՕՄ-ի անդամներուն նուիրումը ծրագիրներու իրականացման մէջ:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Լեւոն Պարոնեան բարձրօրէն գնահատեց ՀՕՄ-ի ազգանուէր աշխատանքը:
Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Վիքի Մարաշլեան, որ շնորհակալական եւ գնահատական խօսք ուղղեց իր գործընկերներուն, մասնաճիւղերուն եւ անդամներուն, նաեւ` գրասենեակի անձնակազմին: Այնուհետեւ ընթացք առաւ ժողովը, որուն օրերը անցան յոյժ գործնական, շինիչ առաջարկներով եւ առողջ քննարկումներով: Ընթացաւարտ վարչութեան աշխատանքը նկատուեցաւ «գնահատելի»: Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան ժողովին ընթացքին հարցի մը քննարկումին ընթացքին յիշեց, որ Արցախէն Հայաստան ապաստանած կիներու քաղցկեղը համեմատաբար աւելցած է: Ժողովը ինքնաբուխ նուիրատուութիւններու անցաւ եւ Շրջանային վարչութեան լրացումով 50 հազար տոլար հանգանակուեցաւ ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր ու մանկան» առողջապահական կեդրոնի եւ ծննդատան մամոկրաֆիի գործիքի մը ի նպաստ կանխազգուշական քննութիւններ կատարելու համար:
Պատգամաւորական ժողովը ամէն հարցի լուծում չունէր, բայց իր կարելին ըրաւ վաւերացնելու նախահաշիւ մը, որ ՀՕՄ-ի 115-ամեակը հանգամանօրէն տօնախմբուի, տաք ճաշի ծրագիրները շարունակուին, տուներ եւ ագարակներ տրամադրուին արցախցի ընտանիքներուն, կրթաթոշակներ տրամադրուին հերոսներու զաւակներուն եւ ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ շարունակուին ընկերային եւ հոգեբանական ծառայութիւնները շրջանին մէջ:
Ժողովի աւարտին 2024-2026 շրջանի համար ընտրուեցաւ հետեւեալ 9 անձերէ բաղկացած Շրջանային վարչութեան կազմը. Քրիսթինա Ամիրեան-Խանճեան, Վիքի Մարաշլեան, Էօժենի Շամլեան-Արոյեան, Ռիթա Հինդլեան, Մարալ Գույումճեան-Մանուկեան, Քնարիկ Աւետիսեան, Հայկօ Օվայեան- Պարսամեան, Սիրուն Պետիրեան եւ Թալին Գայայեան:
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը Կը Նախաձեռնէ Իր Սեփական Շէնքի Գնման
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը հասած է Կլենտէյլի հայահոծ շրջանին մէջ իր սեփական շէնքին գնման հանգրուանին: Նշեալ կեդրոնը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ Համազգայինի գործունէութեան առաւել ծաղկման եւ բարգաւաճման: Միութեան նպատակն է, որ Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող գեղարուեստական միաւորները` գրական, թատերական, երգչախումբ, պարախումբ, կերպարուեստի եւ աւանդոյթներու, համախմբուին մէկ ծածկի տակ, իրենց փորձերը եւ ձեռնարկները, ելոյթները եւ դասախօսութիւնները համակարգեն իրենց տան մէջ, նաեւ ընթացք տան նոր ծրագիրներու եւ հետզհետէ ընդարձակեն աշխատանքային իրենց հորիզոնները` իրենց կարեւոր նպաստը բերելով հայ մշակոյթի զարգացման եւ տարածման ընդհանուր գործին:
Շրջանային վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ, որ Համազգայինի առաքելութեան հաւատացողներ եւս մասնակից ըլլալով իրենց ուրախութեան` չզլանան իրենց նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը յայտնելու Շրջանային վարչութեան ծրագիրներուն, որպէսզի գալիք հայ նոր սերունդներ եւս առիթը ունենան հայկական ոգիով ու բարձր մշակոյթով լեցնելու իրենց եւ իրենց սիրելիներուն կեանքերը:
Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ՀՕՄ–ի Պատրաստած Արեւմտահայերէն Տեսանիւթերը
Հայ օգնութեան միութեան Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը սկսաւ հրապարակել իր նախաձեռնութեամբ պատրաստուած արեւմտահայերէն տեսանիւթերու հերթական շարքը, որուն մէջ ներառուած են «Մեր լեզուն» դասագիրքի պատմութիւններէն ընտրանի մը, հեղինակներ` Լիզա Կապուտեան, Սոնա Վարդապետեան եւ Ալիս Վարդապետեան:
Վարչութեան նպատակն է այս տեսաշարքին միջոցով արեւմտահայերէնի ուսուցումը աւելի գրաւիչ եւ մատչելի դարձնել նոր սերունդի համար:
ՀՕՄ-ի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Քարոլին Շմաւոնեան դիտել տուաւ, որ դաստիարակչական տեսանիւթերու այս շարքը լաւագոյն առիթն է` նոր սերունդը կապելու մայրենի լեզուին եւ ամրապնդելու իրենց հայոց լեզուի հմտութիւնը:
Տեսանիւթերը բծախնդրութեամբ պատրաստուած են արեւմտահայերէն կրթական յայտնի տեղեկատուական կայքի`Armlands.com-ի եւ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ YouTube ալիքի հիմնադիր-խմբագիր Նայիրի Մկրտիչեանի կողմէ:
Տեսանիւթերը կրնաք դիտել այցելելով` https://arseastusa.org/education-corne /?fbclid=IwY2xjawEgEK1leHRuA2FlbQIxMAABHaabHajz8q8IwVAKbkkxIk_yG_Uf2kSB81JuJunsyNl9L2irPk_T5llFTg_aem_BxpKS5aAvslTNmttrTqtmA&sfnsn=wa
Նոր Խաչ Ս. Վարդան Եկեղեցւոյ Գմբէթին Վրայ
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ս. Վարդան մայր եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները թեւակոխած են ոգեշունչ փուլ մը, եւ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ զետեղուած է նոր խաչ մը:
Արդարեւ, 30 յունիսին թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Պարսամեան մատուցեց սուրբ պատարագ եւ աւարտին օրհնեց նոր խաչը եկեղեցւոյ բացօթեայ գաւիթ-հրապարակին վրայ: Առաջնորդ սրբազանը ամփոփ կէտերու մէջ բացատրութիւն տուաւ այս պատմական առիթին մասին` անդրադառնալով Ս. Խաչին իմաստին եւ դերակատարութեան մեր կեանքէն ներս: Քաղաքապետարանին շինարարական ապահովութեան տնօրինութիւններուն համաձայն, խաչը զետեղուեցաւ գմբէթին վրայ նոյն օրը երեկոյեան, խումբ մը հաւատացեալներու ներկայութեամբ:
Ատրպատական
Միջմասնաճիւղային Խաղերու Ջահը Վառեցաւ Թաւրիզի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ
Նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի, 21 յուլիսին Թաւրիզի Լիլաւայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած ս. պատարագի աւարտին, սրբազան հօր ձեռամբ եկեղեցւոյ խորանէն բոցավառեցաւ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի միջմասնաճիւղային խաղերու ջահը եւ ապա յանձնուեցաւ ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի բազմամեայ անդամ Էդիկ Վիլքիի:
Սրբազան հայրը իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն, յատկապէս` կազմակերպութեան անդամներուն, որոնք հաւաքական աշխատանքով կը պատրաստուէին միջմասնաճիւղային սպասուած խաղերուն:
Այնուհետեւ, ջահը փոխադրուեցաւ «Արարատ»-ի Թաւրիզի մասնաճիւղ:
ՀՄԱԿ–ի 38-րդ Միջմասնաճիւղային Խաղերու Բացում
Նախագահութեամբ սրբազան հօր, հովանաւորութեամբ Թեմական խորհուրդին եւ նախաձեռնութեամբ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Թաւրիզի մասնաճիւղին 25 յուլիսին սոյն կազմակերպութեան Թաւրիզի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ 38-րդ միջմասնաճիւղային մարզախաղերու պաշտօնական բացումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Թեհրանէն, Շիրազէն, Սպահանէն, Ուրմիայէն, Գեարդաբադէն եւ Թաւրիզէն մեծ թիւով մարզիկներ:
Բացման խօսքը հայերէն եւ պարսկերէն լեզուներով արտասանեցին Կարէն Սարգիսեան եւ Արսինէ Բաբայեան, որմէ ետք ելոյթ ունեցան մասնաճիւղի ատենապետ Նժդիկ Աբրահամեան եւ ՀՄԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սոֆի Ջաղարբէգեան, որոնք շեշտեցին կազմակերպութեան 80 տարիներու ներդրումը իրանահայութեան կեանքին մէջ, որ կը շարունակուի նոյն խանդավառութեամբ, հակառակ աշխարհի մէջ տիրող բազմաթիւ դժուարութիւններուն: Պաշտօնական իր խօսքը արտասանեց նաեւ Իրանի Իսլամական խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Արա Շահվերդեան, որ գնահատեց պետական եւ ազգային կառոյցները` իրենց զօրակցութեան համար, «Արարատ» կազմակերպութեան բոլոր մասնաճիւղերուն:
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ առաջին հերթին շեշտեց երիտասարդութեան զօրեղ ներկայութիւնը ազգային կեանքին մէջ: Ան բարձր գնահատեց Նժդիկ Աբրահամեանը, որ բծախնդրութեամբ կը հովանաւորէ կազմակերպութեան բոլոր աշխատանքները եւ Թեմական խորհուրդին ու իր անունով յատուկ յուշանուէրով պատուեց զայն` երկարատեւ գործունէութիւն մաղթելով անոր:
Այնուհետեւ Նժդիկ Աբրահամեան վարչութեան պատրաստած յուշանուէրները յանձնեց պետական ու ազգային պատասխանատուներուն, իսկ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սոֆի Ջաղարբէգեան կազմակերպութեան յատուկ շքանշանով պատուեց սրբազան հայրը` երախտագիտութիւն յայտնելով անոր, ՀՄԱԿ-ի մասնաճիւղերու նկատմամբ հայրական հոգածութեան համար:
Լիզպոնի 41-Ամեակի Ոգեկոչումներ
Միացեալ Նահանգներ
Կազմակերպութեամբ Պոսթընի ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին, 27 յուլիսին շրջանի «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ նշուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 41-ամեակը:
Բացման խօսքը արտասանեց Վարանդ Չիլոյեան, այնուհետեւ նախապէս պատրաստուած տեսերիզով խօսք առին յաջորդաբար ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Համբիկ Սասունեան, որոնք շեշտեցին, թէ հինգ անձնազոհները, պայթեցնելով իրենք զիրենք, պայթեցուցին Հայ դատի հետապնդման նոր փուլ` հայրենիքի, ամբո՛ղջ հայրենիքի ազատագրման նոր ճանապարհ բանալով, եւ շարունակելով նախնիներու երթը` անոնք ցոյց տուին համայն աշխարհին ու հայութեան, որ ամուր է կամքը, յարատեւ է պայքարը, կարելի է անկարելին կարելի դարձնել, երբ կան` հաւատք, մարտունակութիւն, ուժ եւ անձնազոհութեան խիզախութիւն: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աւարտին խօսք առաւ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Արա Նազարեան, որ իր կարգին շեշետեց, թէ 41 տարի առաջ հայութեան նկատմամբ կատարուած թրքական ոճիրը անտեսող քաղաքակրթուած աշխարհը ցնցուեցաւ Լիզպոնի մէջ անձնազոհութեան բացառիկ գործողութեամբ, երբ հինգ հայ հերոսներ գիտակից մահով ընտրեցին նահատակութեան ուղին` որակական նոր մղում տալով Հայ դատի հետզհետէ ծաւալող ուժական պայքարին:
Ֆրանսա
Կազմակերպութեամբ Փարիզի «Արմէն Գարօ» ենթակոմիտէին եւ Ալֆորվիլի «Սարգիս Մինասեան» կոմիտէին, 21 յուլիսին Ալֆորվիլի ակումբին մէջ հոգեճաշով մը նշուեցաւ Լիզպոնի հերոսական արարքին 41-ամեակը:
Բացման խօսքը արտասանեց Ալֆորվիլի «Սարգիս Մինասեան» կոմիտէութեան անդամ Վահրամ Մկրտիչեան: Այնուհետեւ օրուան խորհուրդը ներկայացուց «Արմէն Գարօ» ենթակոմիտէութեան անդամ, Լիզպոնի հերոսական արարքի անձնազոհ Սարգիս Աբրահամեանի եղբօր զաւակը` Սարգիս Աբրահամեան: Ան դիտել տուաւ, որ Լիզպոնի հինգը չակերտեալ խենթեր էին, որոնք 41 տարիներ առաջ կատարեցին ամէնէն մեծ սխրագործութիւնը եւ դարձան հերոսներ, աւելցնելով, որ անոնք բոլորիս նման իրաւունք ունէին ապրելու, ընտանիք կազմելու եւ կեանքի բոլոր վայելքներէն օգտուելու, սակայն հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի ցաւն ու տառապանքը իրենց համար ամէն բանէ վեր էր: Աբրահամեան շեշտեց, որ այսօր, 41 տարիներ անց, բան մը փոխուած չէ, նկատել տալով, որ կը նշենք անոնց յիշատակը բաւական թէժ պայմաններու մէջ, այնպիսի ատեն, երբ նոյն պահուն թշնամին ազատօրէն ցեղասպանութիւն կը գործէ, երբ ամբողջութեամբ գրաւած է Արցախ աշխարհը, որ հայաթափուած եւ ժողովուրդը տեղահանուած է, եւ այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու Հայաստանի պետութեան իսկ կողմէ Հայաստանի հողերու զիջումը` վասն, այսպէս կոչուած, խաղաղութեան:
Բանախօսը հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այսօր խաղաղութեան եւ հաշտութեան պայմանագիր կնքել թուրքին հետ, երբ ան կ՛ուզէ քեզ ջնջել աշխարհի քարտԷսէն, որ` աւելի քան մէկ միլիոն հայ բնաջնջեց, եւ նոյնքան մըն ալ տեղահանեց իրենց հայրենի բնօրրանէն եւ ուղարկեց դէպի Տէր Զօրի անապատները, որ` Արցախի մեր հայրենակիցները ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան ենթարկեց` գործածելով միջազգայնօրէն արգիլուած զէնքեր, որ` գլխատեց անզէն ծերունիները, որ` պղծեց եւ բզկտեց հերոս նահատակներու մարմինները, շեշտելով, որ մենք չենք կրնար կրաւորական կեցուածք որդեգրել ականատես ըլլալով այս բոլորին եւ իբրեւ սփիւռք` լուռ եւ անտարբեր մնալու իրաւունք չունինք այս բոլորին դիմաց:
Ակնարկելով Լիզպոնի հերոսներուն` ան ըսաւ, որ 41 տարիներ անց իրենց գործողութեան իմաստը աւելիով կը հասկնանք, եւ կարեւորագոյնը այն է, որ անոնք մեզի սորվեցուցին երբե՛ք չյուսահատիլ եւ չյուսալքուիլ, որքան ալ դժուար պայմաններուն մէջ ենք: Անդրադառնալով իր հօրեղբօր, որ Սագօ Աբրահամեանն էր, ան հաստատեց, որ փոքր տարիքէն մեծ հպարտութիւն զգացած է, բայց նաեւ` խոր ու ծանր պատասխանատուութիւն, աւելցնելով, որ փոքր տարիքէն իր հայրը միշտ պատմած էր Սագոյին մասին, եւ ներկաներու միջոցով ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Սարգիս Աբրահամեանի կենսագրական տուեալները, ունեցած գործունէութիւնը եւ նախքան Լիզպոն մեկնիլը` վերջին օրերու իր կեանքի հանգրուանները:
«Մինչեւ օրս կ՛ապրիմ այդ հոգեվիճակը, միշտ փափաք ունեցած եմ ծանօթանալու հօրեղբօրս: Միշտ հպարտութիւն զգացած եմ հօրեղբօրս քաջագործութեամբ եւ անձնազոհութեամբ, բայց նաեւ` տխրութեամբ պատած հոգեվիճակ, որ առիթը չեմ ունեցած զայն ֆիզիքապէս զգալու ու ճանչնալու: Իմ մխիթարութիւնը կը մնայ այն, որ ան իր անձը նուիրած էր ազնիւ դատի մը համար: Եկած եմ այն համոզումին, որ Սագոն պսակուեցաւ իր գաղափարին հետ, եւ այդ անսահման հպարտութիւն է, երբ ունիս հերոս հօրեղբայր, որուն անունը ծանր պատասխանատուութեամբ կը կրեմ ես ինքս», եզրափակեց Սարգիս Աբրահամեան:
Ապա նախապէս պատրաստուած տեսերիզով խօսք առին Լիբանանէն Վաչէ Տաղլեանի եղբայրը` Ժագ Տաղլեան, եւ Սիմոն Եահնիեանի քոյրը` Մարալ Եահնիեան-Թորոյեան, որոնք պատմեցին կարգ մը դրուագներ երկու հերոսներուն մասին:
Սրտի խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեան եւ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, Փարիզի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Թալին Թաշճեան, որոնք շեշտը դրին յանուն հայրենիքի ազատութեան հինգ հերոսներու անձնազոհութեան վրայ, որոնք յարգեցին իրենց խոստումը, նաեւ` թէ ինչպէ՛ս ՀՅԴ 41 տարի անց կը նշէ եւ յաւիտեան պիտի նշէ հինգ հերոսներու անմար յիշատակը:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Յարութ Լափաճեան: