Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 22, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնին Առիթով Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ Եպիսկոպոսական Պատարագ Եւ Խաղողօրհնէք

Կիրակի, 18 օգոստոս 2024-ին, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան սուրբ պատարագ մատուցեց, իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին եւ խաղողօրհնէք կատարեց Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Իր քարոզին մէջ սրբազանը անդրադարձաւ Աստուածամօր առաքինի կենցաղին, մաքրամաքուր սրբութեան եւ անբծութեան:

Ան յատկապէս շեշտեց, որ ճանչնանք զԱստուած եւ Անոր առաւել եւս մօտենանք` իբրեւ հարազատ որդիներ: Ան աւելցուց` ըսելով, որ ապրինք Աստուծոյ եւ ոչ մեր կամքին համաձայն:

Ան կոչ ուղղեց բարերարներուն` օժանդակելու եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն, որպէսզի Հայ եկեղեցին միշտ մնայ պայծառ:

Մակար սրբազան ցնծալի այս տօնին առիթով շնորհաւորեց ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս` Մարիամ անունը կրողները:

Խօսքի աւարտին սրբազան հայրը աղօթեց մեր հայրենիքին` Հայաստանի եւ Արցախի համար: Աղօթեց Միջին Արեւելքի, Լիբանանի, ծննդավայր Սուրիոյ համար` մաղթելով, որ Ամենակալը, Աստուածամօր բարեխօսութեամբ, իմաստութեամբ եւ շնորհքով լեցնէ, մարդասիրութեամբ եւ եղբայրասիրութեամբ կռանէ, ինչպէս նաեւ հայրենասիրութեամբ եւ հողասիրութեամբ թրծէ անոնց սրտերն ու հոգիները:

Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւն` ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտներու ներկայութեամբ:

Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազան հօր հովանաւորութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին նուիրուած ՀՄԸՄ-ի աւանդական տողանցք` Քեսապի, Հալէպի եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղերու փողերախումբերուն եւ սկաուտներուն մասնակցութեամբ: Տողանցքը ընթացք առաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն` Քեսապի հոգեւոր տեսուչ  Եսայի վրդ. Էօրտեքեանի գլխաւորութեամբ:

Արաբերէն եւ հայերէն խօսքեր արտասանուեցան: ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը իր խանդավառող նուագով տօնական մթնոլորտ ստեղծեց:

Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը ուղղեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը կամրջեց ՀՄԸՄ-ի աւանդական տողանցքին. զոյգ առիթներ, որոնք կու գան տօնական մթնոլորտի մէջ մեր սրտերն ու հոգիները ուրախութեամբ լեցնելու եւ մեզ գօտեպնդելու:

Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնները տալով` գնահատեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, որ Քեսապի մէջ տարիներու աւանդութիւնը պահելով` նոր աւիւն եւ յոյս կը ներշնչէ նոր սերունդի զաւակներուն:

Աւանդական Ուխտի Օր Հայաբնակ Արամօ Գիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով այս տարի եւս յիշատակուեցաւ Լաթաքիոյ նահանգի մէջ գտնուող հայաբնակ Արամօ գիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ ուխտի օրը, շաբաթ, 17 օգոստոս 2024-ի վաղ առաւօտուն: Գիւղի հաւատացեալները, գլխաւորութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեանին եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ վարչութեան, մեծ ուրախութեամբ գիւղի հրապարակին մէջ դիմաւորեցին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք Աշգարեանը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ:

Առաջնորդ սրբազան հայրը օրհնեց իրեն ընծայուած աղն ու հացը, նաեւ օրհնեց ներկաները: Այնուհետեւ բոլորը ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ սրահ, ուր գիւղի վարչութեան ատենապետ Տիգրան Գազանճի բարի գալուստ մաղթեց պատուիրակութեան:

Սուրբ պատարագ մատուցեց առաջնորդի օգնական Մանուկ վրդ. Պարիխանեանը: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը:

Ապա սրբազան հօր գլխաւորութեամբ կազմուեցաւ թափօր, որ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր ան աւանդական մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք կատարեց, ապա ժողովուրդին ուղղեց իր հայրական պատգամը, որուն ընդմէջէն ան պարզաբանեց Աստուածամօր վերափոխման հրաշալի դրուագը եւ անոր հոգեւոր իմաստը: Ան անդրադարձաւ Աստուածամօր արժանիքներուն` սրբութեան եւ մաքրակենցաղ կեանքին, ան շեշտեց այն մեծ եւ հրաշալի դէպքը, երբ Միածինը երկինքէն իջաւ եւ իր մօր անշնչացած դիակը վերակենդանացնելով`  զայն փոխադրեց դէպի երկինք: Ան անդրադարձաւ նաեւ խաղողօրհնէքի աւանդութեան` ըսելով, որ Տէրը Ինք կը պահանջէ հրեայ ժողովուրդէն, որ տարուան առաջին երախայրիքը` խաղողի ողկոյզը, նուիրէ Իրեն. նոյն սկզբունքին հետեւելով` Հայ եկեղեցին Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին օրը կ՛օրհնէ խաղողը` որպէս գոհունակութիւն Տիրոջ` Իր զաւակներուն ընծայած բոլոր բարիքներուն համար: Խաղողը, Նոր կտակարանի հասկացողութեամբ, հոգեւոր պտուղն է բոլոր այն հաւատացեալներուն, որոնք հաստատուած են որթատունկին, այսինքն` Քրիստոսին վրայ` Տիրոջ խօսած օրինակին համաձայն:

Անկէ ետք Արամօ հայաբնակ գիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ վարչութիւնն ու տիկնանց յանձնախումբը սրահին մէջ պատրաստած էին սիրոյ սեղան: Ընթացքին Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց իր եւ համայն Արամօ գիւղի հայորդիներուն կողմէ` ուղղուած առաջնորդ սրբազան հօր եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան, գոհունակութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց ներկայութեան եւ գիւղի ժողովուրդին հետ ուխտակից դառնալնուն համար:

Խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Ռէիսեան, որ անդրադարձաւ գիւղին առնչուող ապագայ ծրագիրներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բնակիչներու ջերմ հիւրընկալութեան համար: Աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը ներկաներուն ուղղեց իր հայրական խօսքը` յայտնելով իր ուրախութիւնը գիւղի բնակիչներուն բծախնդրութեան եւ գիւղը պահպանելու ի խնդիր անոնց կատարած աշխատանքներուն համար: Սրբազան հայրը պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն տեսակէտով զօրավիգ կանգնելու գիւղի հայորդիներուն:

Յունաստան

Ողջերթի Ճաշկերոյթ

Կազմակերպութեամբ Ազգային վարչութեան, 31 յուլիսին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ողջերթի ճաշկերոյթ` ի պատիւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին:

Սրբազան հայրը ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առնելով` բացատրեց Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ ընտրուելու պայմաններն ու գործընթացը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանի հայոց թեմի անցեալի իր գործակից կառոյցներու պատասխանատուներուն, որոնք իր առաջնորդութեան եօթը տարիներու ընթացքին փոխադարձ յարգանքի ու սերտ գործակցութեան հիման վրայ միասնաբար առաջ տարին գաղութի աշխատանքները:

Սրբազան հայրը դարձեալ շեշտեց հոգեւորականի իր առաքելութեան ընթացքին յունահայ գաղութի կարեւորութիւնն ու իր վրայ ձգած յատուկ տպաւորութիւնը: Ան նախապէս տասը տարիներ որպէս հովիւ ծառայած էր նաեւ Թեսաղոնիկէի հայ համայնքէն ներս: Ան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի կառոյցներուն, աշխատանքներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին:

Ապա խօսք առին` վեր. Վիգէն Չոլաքեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, որոնք գնահատեցին Գեղամ արք. Խաչերեանի գաղութէն ներս առաջնորդական ծառայութիւնը եւ յանուն յունահայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեանին, Ազգային վարչութեան ու Կրօնական ժողովին`  քաջառողջութիւն ու բեղուն ծառայութիւն մաղթեցին անոր:

Գնահատանքի ու նորանոր յաջողութեան բարեմաղթական խօսքերով հանդէս եկան նաեւ`   ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Հայ կապոյտ խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լիզա Աւագեան, թեմի Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Արա Մանկոյեան եւ տոքթ. Արմէն Տէրեան:

Պաշտօնական ճաշկերոյթի աւարտին Ազգային վարչութիւնը յուշանուէր մը յանձնեց Գեղամ արք. Խաչերեանին:

Իրան

 Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Տարածքին Մէջ Պիտի Կառուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Յուշարձան

Շուրջ երկու տարիէ ի վեր Հայ մշակութային «Սարդարապատ» միութեան կարգ մը միութենականներու մտայղացումով ցանկութիւն յառաջացաւ քաղաքամասի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ տարածքին մէջ կառուցել յուշարձան կոթող մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ բոլոր հայ նահատակներու յաւերժ յիշատակին, որովհետեւ Սարդարապատը համայնքին միակ հայկական թաղն է, որ չունի նման  յուշակոթող մը: Այս նպատակով կեանքի կոչուեցաւ յանձնախումբ մը, որ առաջին հերթին  դիմեց  Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին, որ տուաւ իր օրհնութիւնը, ապա  համաձայնութիւնը առաւ նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր  Արա Շահվերդեանին եւ  Թեմական խորհուրդին:  Այնուհետեւ յանձնախումբը գործի անցնելով` հրաւիրեց սոյն գործի ատակ ճարտարապետ Շերլի Աւետեանը, որ ներկայացուց  իր առաջարկները եւ գաղափարները:

Յանձնախումբը աշխատանքի համար դիմեց եւ հրաւիրեց նաեւ Իրանի Հայ ճարտարապետներու եւ Ճարտարագէտներու միութեան վարչութիւնը, որոնք մեծ ուրախութեամբ եւ աջակցութեամբ ընդունեցին հրաւէրը եւ հանդիպում ունեցան յանձնախումբին հետ:

Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանի Տնօրէնին Այցելութիւնը Նոր Ջուղայի Հայոց Երաժշտական Թանգարան

1 օգոստոսին Իրանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի տնօրէն Սայիտ Մոհամմատիփանահ, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, այցելեց Նոր Ջուղայի հայոց Երաժշտական թանգարան:

Այցելութեան ընթացքին Երաժշտական թանգարանի տնօրէն Չոյա Խաչատուրեան բացատրութիւններ տուաւ կեդրոնին մէջ ցուցադրուած իրերուն, ինչպէս նաեւ իրականացուող բազմաթիւ աշխատանքներու մասին, ապա արծարծուեցաւ հետագայ փոխհամագործակցութիւններու շուրջ:

Յայտնենք, որ Մոհամմատիփանահ գիրք մը նուիրած է Նոր Ջուղայի հայոց Երաժշտական թանգարանի գրադարան-ձայնադարանին:

Միացեալ Նահանգներ

Փասատինայի Հայ Դատը Կ՛աջակցի Ճենիֆըր Հոլ Լիի` Փասատինայի Միացեալ Վարժարաններու Ուսումնական Վարչութեան Պաշտօնի Թեկնածութեան

Հայ դատի յանձնախումբի Փասատինայի մասնաճիւղը կ՛աջակցի, Փասատինայի Միացեալ վարժարաններու Ուսումնական վարչութեան երկրորդ թաղամասի ներկայացուցիչ Ճենիֆըր Հոլ Լիի թեկնածութեան` նոյեմբեր 2024-ի ընդհանուր ընտրութիւններուն:

Հայ դատի յանձնախումբի Փասատինայի մասնաճիւղի ատենադպիր Մարիա Էզիքեան յայտնեց, որ Լի լաւատեղեակ է վարժարաններուն մէջ իրադարձութիւններէն եւ ունի խոր ըմբռնում աշակերտներուն, ներառեալ հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներուն առօրեայ խոչընդոտներուն եւ անոնց փարատումի աշխատանքին դժուարութիւններուն ու անհրաժեշտութիւններուն, աւելցնելով, որ ան ունի այդ տեսլականը քայլ առ քայլ բարելաւելու իրավիճակը եւ լուծելու հիմնական հարցերը:

Ճենիֆըր Հոլ Լի յայտնեց, որ ինք փառաւորուած կը զգայ` ունենալով Հայ դատի Փասատինայի մասնաճիւղի աջակցութիւնը եւ կը ձգտի բոլոր աշակերտներուն յաջողութեան, ինչպէս նաեւ` Հայկական միութիւններուն Պլեր եւ Ուէպսթըր վարժարաններուն յարկին տակ գտնուող աշակերտներուն:

Ալթատինայի քաղաքացի Ճենիֆըր Հոլ Լի քաղաքական կեանքի սեղանին կը բերէ հարուստ գիտելիքներու պաշարներ, զորս ամբարած է երկարամեայ փորձառութեամբ` հանրային եւ անձնական աշխատանքներու մէջ: Անոր տեսլականը այդ վարչութեան համար կը բաղկանայ զանազան անկիւնադարձային յատկանիշներէ, ինչպէս` աշակերտներու մակարդակի կատարելագործում, մարզում, կալուածներու կարգաւորում եւ ապահովութիւն:

Ռումանիա

 «Հայկական Փողոց» Փառատօնի 8-րդ Ձեռնարկը

2-4 օգոստոսին, երկրորդ տարին ըլլալով, Պուքրեշի Բուսաբանական այգիին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական փողոց» փառատօնին 8-րդ նախաձեռնութիւնը, որուն բնաբանը հայկական սփիւռքն էր: Փառատօնը հարուստ էր քննարկումներով եւ միտքերու փոխանակութեամբ, որ տեղի կ՛ունենար փառատօնի գրադարանին մէջ` նախաձեռնութեամբ «Արարատ» հրատարակութեան ու Հայկական մշակութային կեդրոնին: Ներկայացուեցաւ «Հայկական եւ փոփ մշակոյթ» նիւթը` բանախօսութեամբ Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Գալստեանի, Օանա Սուչուն, Հրանդ Ջաղինեանն եւ Լիճիա-Վերգին Քէշիշեանն, իսկ Վարուժան Ոսկանեան, Վարուժան Փամբուկճեան եւ Միհայ-Ստեփան Կազազեան  ներկայացուցին Հայկական թաղամասի մասին հետաքրքրաշարժ պատմութիւններ` եզակի տեղեկութիւններ տալով հայ համայնքի պատմութեան եւ մշակոյթին վերաբերեալ: Քննարկուեցան շարժապատկերի մեծագոյն վարպետ Սերգեյ Փարաջանովի ժապաւէնները: Քննարկման բանախօսներ Արմինէ Ոսկանեան եւ Լիճիա-Վերգին Քէշիշեան անդրադարձան Փարաջանովի գեղարուեստական ժառանգութեան: Ապա «Փոքրիկ Հայաստաններ» գիրքի հեղինակ Ռուբէն Կուլակսեզեան անդրադարձաւ իր կատարած  ճամբորդութիւններուն` հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան մասին: Փառատօնի  ծիրին մէջ, տօնավաճառի կողքին, կազմակերպուեցան նաեւ աւանդական սերամիքի, ասեղնագործութեան եւ տուֆ քարէ քանդակագործութեան դասընթացքներ: Հայաստանէն ժամանած հիւրերէն Նարինէ Փոլատեան առաջին կինն էր, որ ստեղծած է խաչքարային ոճով քարէ քանդակներ, որոնց մասին տուաւ բացատրութիւններ եւ բացայայտեց հայկական այս հնագոյն արհեստի գաղտնիքները: «Տէրեան» մշակութային կեդրոնը եւ «Սթեֆանզ փրեստ Ֆլաուըրզ»-ը նոյնպէս տուին հետաքրքրական եւ իւրօրինակ դասեր բոլոր փափաքողներուն համար:

Փառատօնին ծրագիրը, գեղարուեստական յայտագիրի կողքին, կ՛ընդգրկէր նաեւ հայկական աւանդական պարերու ուսուցում` ղեկավարութեամբ «Կարին» (Երեւան) եւ «Վարդավառ» (Պուքրեշ) պարային համոյթներուն:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հայ Կին Շեֆերու Յաջողութիւնները. «Վոկ» Ամսաթերթը Յօդուած Նուիրած Է Հայ Կին Շեֆ Խոհարարուհիներուն

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ռուսիա-Ուքրանիա Ճակատամարտը

RelatedPosts

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 3, 2025
Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի
Գաղութէ Գաղութ

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Յունիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?