Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ներկայացուցիչին Հանդիպումները Վատիկանի Մէջ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ներկայացուցիչին Հանդիպումները Վատիկանի Մէջ

Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր եւ Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2023-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանը Վատիկանի մէջ հետեւեալ պաշտօնական հանդիպումները ունեցաւ.- ա) Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, սրբազան հայրը ընդունուեցաւ Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին կողմէ եւ Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյնները փոխանցելէ ու պատշաճ խօսք մը արտասանելէ ետք, Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց իր հեղինակած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Խրատ Ուղիղ Հաւատքի...

Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Հոգեհանգիստ Մահացած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու Հոգիին Կիրակի, 10 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, տօնական օրերու ընդառաջ, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ եւ աւուր պատշաճի քարոզեց սիրոյ մասին՝ բնաբան ունենալով Ա. Յովհաննէսի 4-րդ գլուխին 20-րդ համարը, ուր գրուած է. «Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել...

Երուսաղէմի Հայ Համայնքը Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Համախմբել Է Հայկական Բոլոր Ուժերին` Մէկ Դրօշի Ներքոյ

Երուսաղէմի Հայ Համայնքը Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Համախմբել Է Հայկական Բոլոր Ուժերին` Մէկ Դրօշի Ներքոյ

Երուսաղէմի հայկական թաղամասի պաշտպանութեան եւ պահպանման շարժումը (SavetheArQ ) պատմական է որակել Երուսաղէմի լատինական պատրիարք կարտինալ Փիերպաթիսթա Փիցցապալլայի հետ հանդիպումը: SavetheArQ-ին իր X-ի միքրոպլոկում գրել է, որ դեկտեմբերի 5-ին շարժման, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան (ՀՅԴ), Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ), Երուսաղէմի Հայկական բարեգործական միութեան (AGBU), Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ), ՀԵՄ ակումբի եւ ՀՄԸՄ ակումբի անդամները հանդիպել են լատինական Երուսաղէմի պատրիարք կարտինալ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Գամիշլիի Մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` ՀՄԸՄ-ի Ննջեցեալներու Յիշատակին 26 նոյեմբերին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ սուրբ պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ՀՄԸՄ-ի հին եւ նոր ննջեցեալներու յիշատակին: Պատարագը մատուցեց Բերիոյ հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ.Եղիայեանը:  Աւարտին ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի ընտանիքը եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ հոգեսուրճ հիւրասիրեց ներկաներուն: Համազգայինի Հիմնադրութեան 95-Ամեակի Եւ Համազգայինի Լաթաքիոյ «Վահան Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եզրափակեց Միացեալ Նահանգներ Տուած Հայրապետական Այցելութիւնները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եզրափակեց Միացեալ Նահանգներ Տուած Հայրապետական Այցելութիւնները

Հիւսիսային Ամերիկային Արեւելեան շրջանին տուած հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ, 15 նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան Արամ Ա. կաթողիկոս Նիւ Ճըրզիէն մեկնեցաւ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Թրոյ քաղաքը: Հայ համայնքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մուտքին համախմբուած գաղութի զաւակները դիմաւորեցին իրենց հովուապետը, եւ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք: Կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ սիրոյ հրամայականին վրայ` նշելով, որ եկեղեցին սիրոյ համայնք է. Քրիստոս...

Քուէյթահայ Ազգային Բարերար, Գործարար, Հասարակական Գործիչ, Մտաւորական՝ Ասպետ Կիրակիոս Գույումճեանի «Երթս Երկաթին Հետ》Արաբերէն Նորատիպ Գիրքի Մակագրութիւնը

«Գիրքերը աշխարհի արտացոլանքն են, որոնք կը պարունակեն անոր անսահման խորութիւնը, բազմազանութիւնն ու անկանխատեսելիութիւնը» Ժան Փօլ Սարդր։ Ահա այս պարզ, բայց այնքան խորիմաստ սկզբունքէն մեկնած, Քուէյթի արուեստի եւ գրականութեան խորհուրդը, ամէն տարի Քուէյթի《Արտ Ալ Մաարէտ》ցուցասրահներէն ներս, կը կազմակերպէ գիրքերու ընդարձակ եւ ճոխ ցուցահանդէս մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, ծոցի երկիրներու եւ տարածաշրջանի զանազան երկիրներ։ Շարունակելով նշեալ աւանադոյթը, Չորեքշաբթի 22 Նոյեմբեր...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Մակար Եպս. Աշգարեան Լաթաքիա Այցելեց Շաբաթ, 11 նոյեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան այցելեց Լաթաքիոյ զոյգ ակումբներ: ՀԲԸՄ-ի ակումբի մուտքին դիմաւորուեցաւ փողերախումբին կողմէ: Այնուհետեւ ՀԲԸՄ-ի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Նիկոլ Մէտէնի բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ըսաւ. «Յարգանքի եւ երախտագիտութեան պարտք կը զգանք խոնարհելու դիմացը հայրենիքի ազատամարտիկներուն, որոնք նահատակուեցան յանուն Արցախի: Հայրենիքը մեր բացակայութիւնը...

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Նիւ Եորքի Մէջ Վատիկանի Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկեց Արցախահայութեան Առնչուած Հարցեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Նիւ Եորքի Մէջ Վատիկանի Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկեց Արցախահայութեան Առնչուած Հարցեր

Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2023-ին, նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Վատիկանի ներկայացուցիչ Կապրիէլ Գաչիա Արքեպիսկոպոսը։ Հայրապետին մօտէն ծանօթ ըլլալով, Վատիկանի ներկայացուցիչին հանդիպումը Նորին Սրբութեան հետ տեւեց շուրջ երկու ժամ, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ Քննարկումներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեցին Արցախի հարցը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի սերտ...

Կլոր Սեղան-Զրոյց Աթէնքի Մէջ` «Թուրքիոյ Կործանարար Մնայուն Քաղաքականութիւնը Պալքաններու, Միջին Արեւելքի, Միջագետքի Եւ Հայաստանի Հանդէպ» Նիւթով

Կլոր Սեղան-Զրոյց Աթէնքի Մէջ` «Թուրքիոյ Կործանարար Մնայուն Քաղաքականութիւնը Պալքաններու, Միջին Արեւելքի, Միջագետքի Եւ Հայաստանի Հանդէպ» Նիւթով

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի, «Արմենիքա» պարբերաթերթի, Սուրմենայի Պոնտական միութեան եւ Ասորիներու համահելլէնական միութեան համակազմակերպութեամբ, կիրակի, 19 նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան Աթէնքի հին խորհրդարանի շէնքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան զրոյց` նիւթ ունենալով «Թուրքիոյ կործանարար մնայուն քաղաքականութիւնը Պալքաններու, Միջին Արեւելքի, Միջագետքի եւ Հայաստանի հանդէպ»: Երեք տարբեր զեկուցաբերներ ներկայացուցին Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը` սկսեալ 19-րդ դարէն, հասնելով մինչեւ մեր օրերը, մանրամասնօրէն ներկայացնելով Արեւելքի...

Համազգայինի Եւրոպայի Երիտասարդական 2023-ի Հաւաքը Նուիրուեցաւ Արցախին Եւ Կայացաւ Մարսէյի Մէջ

Համազգայինի Եւրոպայի Երիտասարդական 2023-ի Հաւաքը Նուիրուեցաւ Արցախին Եւ Կայացաւ Մարսէյի Մէջ

Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական (եութլինքս) եռօրեայ հաւաքը տեղի ունեցաւ 3,4 եւ 5 նոյեմբերին, Մարսէյի մէջ: Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին մէջ աշխարհի տարբեր անկիւններէն 10 ուսանողներ (Արցախ, Պոլիս, Փարիզ եւ Մարսէյ) այդ երեք օրերուն մասնակցեցան այս հաւաքին` նախ իրարու ծանօթանալու, մտերմիկ ու հարազատ մթնոլորտի մէջ միասին քանի մը օր անցընելու, ապա` հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներուն վերաբերող հետաքրքրական աշխատանոցներու մասնակցելու: Առաջին օրը մասնակիցները ծանօթացան...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնները Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնները Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Ուաշինկթըն տուած հովուապետական այցելութենէն ետք, 13 նոյեմբեր 2023-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. հասաւ Ֆիլատելֆիա, դիմաւորուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր արտասանած իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ արժէքներու կարեւորութեան` թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական կեանքին մէջ: Առանց արժէքի` մարդկային կեանքը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, իմաստն ու նապատակը, ըսաւ ան` ընդգծելով առաւելաբար հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքները: Իւրաքանչիւրին մասին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան «Aurora՛S Sunrise» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւն Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, համագործակցութեամբ Cine Doc (KinderDocs) բաժինի եւ աջակցութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, 21 հոկտեմբերին  Յունաստանի Պենաքի թանգարանի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իննա Սահակեանի  բեմադրած «Aurora’s Sunrise»` Արշալոյս Մերտիկանեանի կեանքին  նուիրուած ժապաւէնի անդրանիկ  ցուցադրութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր հարցազրոյցներու հարուստ հաւաքածոյի մը վրայ հիմնուած այս գործը վաւերագրական ժապաւէն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շարունակէ Հանդիպումները Ուաշինկթընի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շարունակէ Հանդիպումները Ուաշինկթընի Մէջ

Այցելութիւն` Լիբանանի Դեսպանատուն Հովուապետական այցելութեամբ Ուաշինկթըն գտնուող Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպան Ուաէլ Հաշեմի հետ` ներկայութեամբ դեսպանատան անձնակազմին, ինչպէս նաեւ` Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած հայ թէ լիբանանցի անձնաւորութիւններու: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Լիբանանը յուզող հարցերուն, ինչպէս նաեւ` հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ շարունակուող յարձակումներուն: Վեհափառ հայրապետին ընկերակցեցան` Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Ուաշինկթըն Կ՛այցելէ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Ուաշինկթըն Կ՛այցելէ

«Սփիւռքի տարի Բ. - Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում» այս տարուան հայրապետական հռչակագիրին լոյսին տակ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այս տարուան ընթացքին Յունաստանի, Կիպրոսի, Քուէյթի, Քանատայի ու Լիբանանի թեմեր այցելելէ ետք, նպատակ ունենալով մեր թեմերուն ընդմէջէն սփիւռքի կեանքը վերակազմակերպել, 6 նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան հասաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն: Հոգեւորականաց Համագումար Չորեքշաբթի, 8 նոյեմբեր 2023-ին Ուաշինկթընի մէջ գումարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան եւ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանի 55-Ամեակի Տօնախմբութիւնը` Շրջանային «Անտուն» Վարչութեան Նոր Կեդրոնի Հիմնաքար Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան, 17 սեպտեմբերին Հոլիվուտի «Տաղլեան» մշակութային համալիրի ընդարձակ կառոյցին մէջ, սկիզբ առաւ շրջանի հիմնադրութեան 55-ամեակին նուիրուած յոբելենական խրախճանքը: Օրուան հանդիսավարներ Արա Եագուպեան եւ Վերժինի Թուլումեան մերթ ընդ մերթ երկլեզու խօսքերով ստեղծեցին քաղցր յիշատակներով լեցուն պահեր: Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի...

ՀԱՀԽ-ի Յայտարարութիւնը` Ի Խնդիր Արցախահայութեան

ՀԱՀԽ-ի Յայտարարութիւնը` Ի Խնդիր Արցախահայութեան

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Գործադիր տնօրէն Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի Առաջին շարք, ձախէն աջ` վեր. Ալպերթ Փայտեան, վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, Զաւէն Խանճեան եւ վեր. Յովել Միքայէլեան: Երկրորդ շարք, ձախէն աջ` վեր. Կալվին Սաղըրեան, վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, վեր. դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան եւ վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան: Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի (ՀԱՀԽ) գործադիր...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հալէպի Պետական Համալսարանին Մէջ` «Հայկական Մշակութային Շաբաթ» Հովանաւորութեամբ Հալէպի համալսարանի «Պաաս» կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտի, օրհնութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան, գործակցութեամբ Հալէպի համալսարանի Ուսանողական ընկերակցութեան, 22 հոկտեմբերին Հալէպի պետական համալսարանի «Ապու Պաքր ալ-Ռազի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական մշակութային շաբթուան» ցուցահանդէսի բացումը : Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան` հայ ժողովուրդի պատմութեան...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Իրաք Հիւրասիրութիւն` Ի Պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Համագործակցութեամբ Ռեճինէ աւանդապահութեան գործադիր վարչութեան եւ Ազգային ծերանոցի խնամակալ յանձնախումբին, 20 հոկտեմբերին Ազգային ծերանոցի սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ բարի գալուստի եւ շնորհաւորանքի երեկոյթ` ի պատիւ թեմի առաջնորդ Օշական նորօծ եպս. Կիւլկիւլեանի: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ փոխանակուեցան շնորհաւորանքի եւ շնորհակալութեան խօսքեր, որուն ընթացքին աւանդապահութեան կողմէ սրբազան հօր նուիրուեցաւ պանակէ մը եւ լանջախաչ: Այս առիթով...

Յատու Ձեռնարկով Նշուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ 60-Ամեակը. «Կիլիկեա Ասպետ» Շքանշանի Յանձնում Տիար Ծերոն Թիթիզեանի

Յատու Ձեռնարկով Նշուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ 60-Ամեակը. «Կիլիկեա Ասպետ» Շքանշանի Յանձնում Տիար Ծերոն Թիթիզեանի

Շաբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-րդ ամեակին նուիրուած հանգանակային յատուկ ճաշկերոյթ, նախագահութեամբ՝ բարերար Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանի, իրենց տան մէջ հիւրընկալութեամբ՝ բարերար եւ Ազգ. երեսփոխան Տէր  եւ Տիկին Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեաններու: Ճաշկերոյթին ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ...

Թարգմանչաց Տօնախմբութիւն Օրէնճ Քաունթիի Մէջ

Թարգմանչաց Տօնախմբութիւն Օրէնճ Քաունթիի Մէջ

Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Ս. Թարգմանչաց Տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, հովուական այցելութիւն մը շնորհեց Օրէնճ Քաունթիի համայնքին եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց, ապա փոխանցեց տօնին յատուկ պատգամ մը։ Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը։ Սրբոց Քառասնից Մանկանց...

Page 13 of 43 1 12 13 14 43

Արխիւներ