Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 11, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Առաջնորդը Պատուիրակութեամբ Մը Այցելեց Սուրիոյ Կրօնական Կալուածներու Նախարարին

29 յունիսին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Արմէն աբղ. Գալաճեանի, Բերիոյ հայոց թեմի Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչին եւ Ազգային վարչութեան անդամներու, այցելեց Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարար դոկտ. շէյխ Մոհամետ Ապտուլ Սաթթար Սէյիտին, Թարթուսի իր գրասենեակին մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը կարեւոր համարելով Ազգային առաջնորդարան-կրօնական կալուածներու նախարարութիւն յարաբերութիւնը` փափաք յայտնեցին պարբերական փոխադարձ հանդիպումներով զարգացնել զայն:

Սրբազան հայրը շեշտեց, որ Սուրիան քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօններու խաղաղ գոյակցութեան երկիր է, ուր կը տիրէ փոխադարձ յարգանքի եւ գործակցութեան առողջ մթնոլորտ:

Կողմերը իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին երկրին մէջ ընթացք առած տնտեսական բարեփոխումներուն առիթով, մաղթելով, որ այս բարեփոխումները դրականօրէն անդրադառնան ժողովուրդի առօրեային ու երկրի բարգաւաճման վրայ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Քալիֆորնիոյ Թիւ 101 Մայրուղիին Հատուած Մը  Պիտի Կոչուի Խաչօ Աշաճեանի Անունով

30 յունիսին տեղի ունեցած պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին Քալիֆորնիոյ թիւ 101 մայրուղիին Կեդրոնական Քալիֆորնիայէն անցնող հատուած մը, որ կը միացնէ Փիզմօ Պիչ եւ Արոյօ Կրանտէ քաղաքները, կոչուեցաւ հանգուցեալ ամերիկահայ քաղաքական գործիչ Խաչօ Աշաճեանի անունով, ինչ որ աննախընթաց իրողութիւն մըն է:

Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ դարձած Խաչօ Աշաճեանի քաղաքական ասպարէզը «Ամերիկեան երազ»-ին մարմնացումը կը հանդիսանայ:

Լիբանանի Շթորա գիւղաքաղաքը ծնած Խաչօ Աշաճեան իսկական հայրենասէր մըն էր եւ շրջանի հայ համայնքի գործօն անդամներէն մէկը: Ան կարեւոր աշխատանք տարած էր քաղաքական ասպարէզ մտնել փափաքող հայ երիտասարդներու զօրակցելու եւ անոնց համար օրինակելի տիպար մը հանդիսացած էր` միշտ կարեւոր համարելով իր հայկական արմատները, նոյն ատեն լաւապէս ներկայացնելով Սան Լուի Օպիսպոյի եւ մօտակայ շրջաններու բնակչութեան իրաւունքները Սան Լուի Օպիսպոյի Վերահսկիչներու խորհուրդին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ:

Ան 2010-ին ընտրուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ` հանդիսանալով առաջին ներգաղթող հայը, որ այդ մարմինին անդամ կ՛ընտրուի: Նահանգային խորհրդարանին մէջ ան ապահովեց հաստատումը շարք մը հայանպաստ բանաձեւերու, որոնց շարքին էին` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող, հանրային վարժարաններու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումը կարելի դարձնող, Թուրքիայէն նահանգային ներդրումները ետ քաշելուն վերաբերող, Արցախի ինքնորոշման ճանաչումը ջատագովող, Թուրքիոյ բռնագրաւած հայկական եկեղեցիներու վերադարձը պահանջող եւ Հայաստանի ու Արցախի դէմ ազրպէյճանական բռնարարքները դատապարտող բանաձեւեր:

2013-ին ան մաս կազմած էր դէպի Հայաստան եւ Արցախ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած` Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներու շրջապտոյտին եւ վերադարձին կազմեց Քալիֆորնիոյ հայկական օրէնսդրական համախմբումը:

Խաչօ Աշաճեան արժանացած է Արցախի նախագահական եւ Մխիթար Գօշի անուան երախտագիտութեան շքանշանին ու 2013-ին` Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի «Տարուան օրէնսդիրը» մրցանակին: Ան իր պաշտօնավարութեան ընթացքին միշտ նեցուկ կանգնած էր մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ Հայ դատի զօրակցութեան տարեկան ձեռնարկներուն եւ նպաստած էր Հայ դատի այլ նախաձեռնութիւններու:

Ան մեծապէս յարգուած քաղաքական գործիչ մըն էր, որուն փաստերէն մէկը այն էր, որ հանրապետական ըլլալով հանդերձ, խորհրդարանական յանձնախումբի մը ատենապետ նշանակուած էր դեմոկրատներուն կողմէ: Նաեւ նշենք, որ Խաչօ եւ Արաքսի Աշաճեան ամոլը 2016-ին ստանձնած էր ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 41-րդ մարզախաղերուն պատուոյ նախագահութիւնը:

Յունաստան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վաւերացուց Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Ընտրութիւնը

Երկուշաբթի, 1 յուլիս 2024-ի երեկոյեան, Յունաստանի հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովը արտակարգ նիստ գումարեց` օրակարգ ունենալով նոր առաջնորդի ընտրութիւն:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պաշտօնական նամակը` ուղղուած ժողովին, ընթերցուելէ ետք ժողովին ներկայացուեցաւ կաթողիկոսին կողմէ ղրկուած ընտրելիներու ցանկը` բաղկացած երեք միաբան հայրերէ: Ապա կայացաւ առաջնորդի ընտրութիւն եւ ձայներու մեծամասնութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան:

Արդարեւ, Երեսփոխանական ժողովի դիւանը պաշտօնական նամակով մը կաթողիկոսը տեղեակ պահեց ընտրութեան արդիւնքներուն մասին` հայցելով նոր առաջնորդի ընտրութեան վաւերացումը: Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական 1 յուլիս պաշտօնագրով իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ ժողովական անդամներուն եւ վաւերացնելով առաջնորդական ընտրութիւնը` յաջողութիւն մաղթեց առաջնորդ հայր սուրբին եւ թեմին կողմէ իրագործելի ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:

Սահակ ծ. վարդապետ ծնած է Երեւան, 1983-ին: Աւազանի անունով` Ռազմիկ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Լուսառատի միջնակարգ դպրոցին մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք մուտք գործած է 1997-ին: Մայիս 2004-ին կը ձեռնադրուի սարկաւագ եւ ութամեայ շրջանը բոլորելով` կուսակրօն քահանայ կ՛օծուի 14 մայիս 2006-ին` ձեռամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի: Վարդապետական գաւազան կրելու իրաւունք կը ստանայ դեկտեմբեր 2010-ին: 8 օգոստոս 2012-ին վեհափառ հայրապետը իրեն կը շնորհէ վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք: 29 մայիս 2016-ին կը ստանայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները:

Հայր սուրբը, կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար կը մեկնի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմ: Նախքան Ամերիկա մեկնիլը` հայր Սահակ կաթողիկոսարանին մէջ վարած է հետեւեալ պաշտօնները. արխիւատան տեսուչի օգնական, երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ, ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու, ուսուցիչ դպրեվանքի ժառանգաւորաց ու ընծայարանական բաժիններուն եւ հոգեւոր հովիւ Թեսաղոնիկէի:

Լիբանանի մէջ հետեւած է անգլերէն լեզուի դասընթացքներու` American Language Center-ին մէջ. իսկ Թեսաղոնիկէի մէջ` Արիստոստէլեան համալսարանի (Aristotelian University) արդի յունարէն լեզուի: 2013-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ: Համալսարանական ուսման կողքին, հոգեւոր պաշտօններ կը վարէ նոյն թեմէն ներս: Կը նշանակուի հոգեւոր հովիւ Ուսթըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ: 2018-ին Պոսթընի համալսարանէն (Boston College) կը ստանայ մագիստրոս աստուածաբանութեան եւ հովութեան վկայականը (M.A.T.M.): 2021-էն ի վեր կը շարունակէ բարձրագոյն ուսումը Ֆորտհամ (Fordham University) համալսարանէն ներս` հետեւելով փիլիսոփայութեան դոկտոր ծրագրին (Ph.D. in Administration and Leadership):

1 յուլիս 2024-ին կ՛ընտրուի առաջնորդ Յունաստանի հայոց թեմին:

Իրան

Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդի Յարգանքի Տուրքը` Ցեղասպանութեան Ընթացքին Հայ Որբերը Խնամած Մարիա «Մամա» Ճէյքըպսընին

Շաբաթ, 6 յուլիսին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան, որ յատուկ առաքելութեամբ կը գտնուի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայոց թեմին մէջ, այցելեց Հարաւային Քալիֆորնիոյ Սոլվենկ գիւղաքաղաքը, ուր 1911-էն ի վեր հաստատուած է ու կ՛ապրի դանիական համայնք` կառուցելով իր եկեղեցիներն ու դպրոցները, որոնք մինչ օրս կը գործեն համայնքային բացառիկ աշխուժութեամբ:

Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէին անոր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան կնքահայրութիւնը ստանձնած ամոլը` Հրայր եւ Գոհար Ճերմակեանները, ինչպէս նաեւ` տիրամայր Շուշան Չիֆթճեանը:

Գիւղաքաղաքին մէջ 1928-ին կառուցուած «Բեթանիա» մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Հրաշափառ»-ի արարողութիւն, եւ «Հայր մեր»-ի երգեցողութեամբ գոհաբանութիւն մատուցուեցաւ Ամենակալ Աստուծոյ` Լոս Անճելըսէն շուրջ երեք ժամ հեռաւորութեամբ գտնուող սոյն գիւղաքաղաք սրբազան հօր ժամանման առիթով:

Եկեղեցին կառուցուած է 12-14-րդ դարերու դանիական եկեղեցիներու ոճով, իսկ ներսի կեդրոնական առաստաղէն կախուած նաւը կը խորհրդանշէ երկնային անդորրութիւնը` մատուցուած հաւատացեալներուն, այս ալեկոծ կեանքին դիմաց` որպէս փրկութիւն: Նման հեռանկարով հոգեւոր ծառայութեան կոչուած սոյն համայնքը իր նպաստը կը բերէ սովէ եւ այլ կարիքներէ տառապող անհատներուն:

Եկեղեցւոյ կողքին, հիւսիսային պարտէզին մէջ կայ բացառիկ յուշարձան մը, որ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան դաժան օրերուն մեր ժողովուրդի զաւակներուն օգտակար հանդիսացած նշանաւոր անձի` Մարիա Ճէյքըպսընի կիսանդրին է: Համայնքին հետ համադրելով սոյն կիսանդրիին տեղադրումը, անոր քանդակումը հովանաւորած են  Քեւին եւ Միաղէն Մաթոսեանները, իսկ տեղադրման հովանաւոր եղած է Նուպար եւ Հուրի Արոյեան զոյգը:

Կիսանդրիին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն` սրբազան հօր նախագահութեամբ, յիշելով հազարաւոր հայ որբերու անձնուէր «Մամա»-ն: Ան իր շատ երիտասարդ հասակէն` 18 տարեկանէն սկսեալ Խարբերդէն մինչեւ այլ քաղաքներ, Սուրիա եւ ի վերջոյ Լիբանան տեղափոխած է հազարաւոր հայ որբեր, հարազատ մօր նման խնամած զանոնք, մեծցուցած: Ան իր սեփական կամքով փափաքած էր իր կերտած հայոց որբանոցին` «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ թաղուիլ, սակայն հազարաւոր մղոններ հեռու, Ամերիկայի Արեւմտեան ափին վրայ դանիական այս գիւղին մէջ դարձեալ վերյիշուած է, եւ անոր կիսանդրին տեղադրուած է եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ` կուրծքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ժամանակակից հայրապետներէն Զարեհ Ա. կաթողիկոսի ընծայաբերած շքանշանով:

ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի Մասնաճիւղի Վարչութեան Հանդիպումները Թեհրանի Մէջ

15 յունիսին Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութեան նախագահ Նժդիկ Աբրահամեան, ընկերակցութեամբ վարչութեան անդամ Վահիկ Բաղդասարեանի եւ մասնաճիւղի բազմամեայ անդամ եւ Ատրպատականի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ներկայ կազմի անդամ Հենրիկ Աբրահամեանի, մեկնեցաւ Թեհրան եւ հանդիպում ունեցաւ Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Արա Շահվերդեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի, համայնքային եւ ազգային հարցերու շուրջ: Մասնաճիւղի վարչութիւնը իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց պատգամաւորին, խորհրդարանի մէջ կատարած չորս տարուան աշխատանքներուն համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր վերընտրուելուն առիթով:

Այնուհետեւ վարչութիւնը այցելեց յայտնի գործարար եւ ծագումով թաւրիզեցի Սմբատ Յակոբեանի գրասենեակը եւ մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց անոր` առ ի երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն` Թաւրիզի մասնաճիւղի մասնակցութեան նիւթականը հովանաւորելու, 2023-ին Հայաստանի Համահայկական խաղերուն:

Նոյն օրը երեկոյեան Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանին մէջ հանդիպում կայացաւ Կեդրոնական վարչութեան հետ` նախագահութեամբ կազմակերպութեան նախագահ Սոֆի Ջաղարբէգեանի: Թաւրիզի մասնաճիւղի նախագահ Նժդիկ Աբրահամեան զեկուցեց շրջանի ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն, առկայ մտահոգութիւններուն եւ կարգ մը դժուարութիւններուն մասին:

Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ ՀՄԱԿ-ի հիմնադրման 80-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Հենրիկ Խալոյեան եւ խօսուեցաւ միջմասնաճիւղային խաղերու ծրագրաւորման աշխատանքներու ուղղութեամբ եւ քննարկուեցան հնարաւոր միասնական աշխատանքներու նախագիծերը:

Իրաք

Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի Այցը Երկրի Քրիստոնէական, Եզիտի Եւ Այլ Կրօններու Աւանդապահութեան Կեդրոն

* 26 յունիսին թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի, այցելեց  Իրաքի Քրիստոնէութեան, եզիտի եւ այլ յարանուանութեանց տնօրէնութիւն եւ ընդունուեցաւ աւանդապահութեան  նախագահ  դոկտ. Ռամի Ժոզեֆ Աղաճանիի կողմէ:

Նշենք, որ 6 ապրիլին դոկտ. Ռամի այցելած էր Ազգ. առաջնորդարան եւ մտերմիկ հանդիպում ունեցած` սրբազան հօր հետ:

* 30 յունիսին Օշական եպս. Կիւլկիւլեան Ազգային ծերանոցի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրաքի Հանրապետութեան վարչապետի գրասենեակի խորհրդական Ալ-Շէյխ Սատամ Զամըլ Ալ-Աթուանին եւ Ասորական Դեմոկրատ կուսակցութեան քարտուղար Մունիր Նիսանին: Իրաքի եւ յատկապէս իրաքահայութեան հետ առնչուող հարցեր քննարկելէ առաջ` սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց հիւրին եւ շնորհաւորեց զայն նոր պաշտօնը ստանձնելու համար: Հանդիպման ներկայ եղաւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեան:

Վրաստան

«Ջաւախքի Կանչը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

1 յուլիսին Ախալքալաքի մէջ տեղի ունեցաւ աշուղ Ալիք Ջաւախքի «Ջաւախքի կանչը» գիրքին շնորհահանդէսը: Երգարանը տպագրուած էր ֆինանսական աջակցութեամբ` մոսկուաբնակ, ծնունդով Ախալքալաքի Մերենիա գիւղէն` Ռոպերթ, Մարտուն եւ Գէորգի Պապոյեան եղբայրներու, աշխատասիրութեամբ Թովմաս Պօղոսեանի, հրատարակուած էր հայ աշուղական երգերու «Գանձարան» մատենաշարի մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական դերասան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի  փրոֆեսէօր, «Սայաթ Նովա» մշակութային միութեան նախագահ Թովմաս Պօղոսեան իր բացման խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ հայ աշուղական արուեստը երկար տարիներու պատմութիւն ունի եւ այս ասպարէզին մէջ տուած է բազմաթիւ մեծութիւններ, աւելցնելով, որ Ալիք Ջաւախք կը տարբերի այլ աշուղներէն իր մեծ յատկանիշով, որ ինք Ջաւախք աշխարհի մշակութային գործիչն է եւ անոր շնորհիւ Ջաւախք աշխարհի մեր հայութիւնը ամուր կապուած է հայրենի հողին հետ եւ անսասան է իր դիրքերը չզիջելու մէջ: Իր խօսքի աւարտին Պօղոսեան յուշանուէր մը յանձնեց Ալիք Ջաւախքի:

Շնորհաւորական ելոյթներով հանդէս եկան Աշուղ Լէյլի, Ախալքալաքի Հայկական երիտասարդական կեդրոնի պատասխանատու Կարինէ Թադեւոսեան եւ Սակրեպուլոյի պատգամաւոր Համլետ Մովսիսեան, որ նշեց, թէ Աշուղ Ալիքի նման անձեր պէտք է մեծարել իրենց կենդանութեան ժամանակ, աւելցնելով, որ հարկ է նշանակել աշուղի օր, որ աւանդութիւն կը դառայ եւ կը նշուի ամէն տարի:

Շնորհահանդէսի աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Աշուղ Ալիքը:

Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Չեխիա

Աշոտ Առաքելեանի Եւ Հայ Նկարիչներու Ցուցահանդէսի Բացում

28 յունիսին չեխական Պուչլովայս քաղաքի «Փոտհրատի» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Չեխիա բնակող գեղանկարիչ Աշոտ Առաքելեանի եւ հայաստանցի հինգ նկարիչներու ցուցահանդէսին բացումը, որոնց մէջ է նաեւ ժողովրդական նկարիչ Տիգրան Մատուլեան: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Առաքելեանի շուրջ 40 եւ հայ նկարիչներու շուրջ 15 աշխատանքներ: Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց թանգարանին տնօրէնը, իսկ «Դենիկ» օրաթերթի փոխխմբագիր Մարտին Նեւիյէլ անդրադարձաւ Աշոտ Առաքելեանի ստեղծագործութեան` բարձր գնահատելով հայ-չեխական մշակութային կապերը:

Ցուցահանդէսի նշանակութեան մասին անդրադարձաւ գեղանկարիչ Վլաստիմիլ Մահտալ:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Աշոտ Առաքելեան:

Ձեռնարկի ընթացքին երաժշտական կատարումներով ելոյթ ունեցաւ Պուխլովիցէի նուագախումբը:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի երկարի մինչեւ 28 յուլիս:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Բարեկազմ Երեխաները` Աւելի՞ Խելացի…

Յաջորդը

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Կազմակերպած «Տոհմիկ Օր»-ը Ձօնուեցաւ Լիբանանի Հայ Գաղութին

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?